Հեղինակաւոր transfermarkt.com կայքը ներկայացուցած է պատմութեան մէջ տեղափոխութիւններու համար ամենաշատ վճարուած 30 ֆութպոլիստներու ցանկը:
Ցուցակը կը գլխաւորէ ՊՍԺ-ի պրազիլցի յարձակող Նեյմարը, որու ասպարէզի ընթացքին կայացած երկու տեղափոխութիւններու համար վճարած են 310 միլիոն եւրօ: Երկրորդը Փորթուկալի ազգային հաւաքականի եւ «Ճուվենթուսի» յարձակող Քրիսթիանո Ռոնալտոն է, որու երեք տեղափոխութիւններուն համար վճարուած է 230 միլիոն եւրօ: Երրորդ հորիզոնականին Միլանի «Ինթըրի» նորեկ Ռոմելու Լուքաքուն է, որու հինգ տեղափոխութիւններուն համար վճարուած է 203.6 միլիոն եւրօ:
Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ «Ռոմայի» կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեանը նոյնպէս տեղ գտած է այս ցուցակին մէջ, հայ ֆութպոլիսթի ասպարէզի ընթացքին կայացած 6 տեղափոխութիւններու համար վճարուած է 112.7 միլիոն եւրօ: Այս ցուցանիշով Մխիթարեանը հանգրուանուած է 23-րդ տեղը:
Ցուցակին մէջ տեղ գտած են նաեւ արդէն ասպարէզը աւարտած ֆութպոլիսթներ, որոնցմէ ամենաբարձր՝ 14-րդ տեղը գրաւած է Նիքոլա Անելքան, որուն ութ տեղափոխութիւններու համար վճարուած է 127 միլիոն եւրօ: Ցուցակին մէջ են նաեւ Էռնան Քրեսփոն՝ 17-րդ հորիզոնակն (122.9 մլն եւրօ) եւ Խուան Սեպասթիան Վեռոնը՝ 19-րդ հորզոնական (119.6 մլն եւրօ):