Հենրիխ Մխիթարեան իր խմբակիցներուն հետ այցելեց Հռոմի հիւանդանոցներէն մին

Ա. Էս. Ռոմային մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան իր խմբակիցներուն հետ բարեգործական այցելութիւն մը տուաւ Հռոմի մէջ գտնուող «Սանթա Մարիա Մատրէ տել Ռետենթորէ» հիւանդանոցը, ուր հանդիպում ունեցաւ հիւանդ երեխաներուն հետ եւ պատասխանեց անոնց կողմէ իրեն ուղղուած հարցումներուն:

Ան իր խօսքը երեխաներուն ուղղելով ըսաւ. «Լաւ ֆութպոլիստ ըլլալու համար պէտք է ամէն օր աշխատիլ եւ հաւատալ սեփական ուժերուն: Սքանչելի է տեսնել, երբ մարզադաշտը կ’ըլլայ լեցուն` նկատի ունենալով, որ ֆութպոլիստ մը աւելի լաւ ներկայացում կ’ուզէ կատարել»:

Այս այցելութիւնը տեղի ունեցաւ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն նախօրեակին: