ՄԱԿ-ը 20 Յուլիսը Հռչակեց Ճատրակի Միջազգային Օր

ՄԱԿ-ի որոշումով այսուհետեւ 20 յուլիսը պիտի ըլլայ Ճատրակի միջազգային օր:

Ճատրակի միջազգային օրը, որ առաջարկուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ, հռչակուեցաւ միաձայնութեամբ:

Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի մէջ ճատրակը լայն ճանաչում ստացաւ նախկին Խրոհրդային Միութեան տարիներուն, մանաւանդ երբ Տիգրան Պետրոսեան հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան:

Շուրջ 3 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Հայաստանը կը նկատուի աշխարհի ճատրակի ամէնէն զօրաւոր երկիրներէն մէկը:

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումէն ետք, տղոց ճատրակի հաւաքականը հանդիսացաւ Եւրոպայի (1999) եւ աշխարհի (2011) ախոյեան, ինչպէս նաեւ միջազգային ողիմպիականի ախոյեան (2006, 2008, 2012), իսկ աղջկանց հաւաքականը հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան (2003):