Երկուշաբթի՝ 30 Մարտի 2020-ին իր մահկանացուն կնքեց Հայաստանի ճատրակի ախոյեան Լեւոն Արոնեանի կինը` Արիանէ Կաոիլին: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` այս մասին «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ տեղեկացուցած է Լեւոն Արոնեանը:
«Բառեր չեմ գտներ արտայայտելու իմ վիշտը տիկնոջս` Արիանէյի մահուան կապակցութեամբ: Ան խելացի, աշխատասէր եւ կենսուրախ մարդ էր, որ գեղեցիկ կեանք ապրեցաւ»,- նշած է Արոնեան:
Գրութեան տակ ցաւակցական խօսքերով պատասխանած են բազմաթիւ հանրաճանաչ շախմատիստներ, մասնաւորապէս, աշխարհի ախոյեան Մագնուս Կարլսենը, կրանտմայստըր Անիշ Կիրին եւ այլք:
Յիշեցնենք, որ Արոնեանի կինը Մարտ 15-ին` իր վարած ինքնաշարժով Սեբաստիա փողոցի վրայ զարնուած էր աղիւսէ սիւնի մը: Ան ծանր վիճակի մէջ տեղափոխուած էր հիւանդանոց: