Երեքշաբթի՝ 10 Դեկտեմբեր 2019-ին, մարզական լրատուամիջոցները յայտնեցին, որ 2018-ին թենիսի «Եու. Էս. Օփըն»-ի աւարտականի մրցումին, զայրացած մէկ պահուն իր կոտրած ռաքեթը ամերիկացի Սերենա Ուիլիմըզ ծախած է աճուրդի մը ընթացքին:
Այդ կոտրած ռաքեթին համար «Կոլտինկ» աճուրդին ներկայ գտնուողներէն մէկը վճարած է 20.900 ամերիկեան տոլար:
Նաոմի Օսքայի դէմ իր կատարած այդ մրցումէն ետք, այդ կոտրած ռաքեթը ստացած է 22 տարեկան ուսանող Ճասթին Էրինկթըն-Հոլմզ, որ զայն ծախած է խանութպանի մը` փոխան 500 ամերիկեան տոլարի: