Հարաւային Քորէայի մէջ տեղի ունեցող թէյք-ուանտուի համաշխարհային ողիմպիական խաղերուն բախտը ժպտացած է յորդանանցի հայ պարմանուհի Անժելա Մազաքեանին։
Կը նշուի նաեւ, որ պարմանուհի Անժելա առաջին դիրքը գրաւած եւ ոսկեայ մետալ ստացած է։ Լուրը մեծ խանդավառութեամբ տարածուած է Ամմանի հայ եւ քրիստոնեայ շրջանակներուն, ինչպէս նաեւ պետական մարմիններու հովանաւորութեան տակ գործող մարզական ակումբներուն մէջ։