Ծանրամարտի միջազգային ֆետերասիոնը 2019 թուականի լաւագոյն ծանրորդը եւ ծանրորդուհին որոշելու համար պաշտօնական կայքին մէջ քուէարկութիւն կ՛իրականացնէ:
Յաւակնորդներուն մէջ է նաեւ Հայաստանի հաւաքականի ծանրորդ Սիմոն Մարտիրոսեան, որ 2019-ին դարձած է Եւրոպայի ու աշխարհի ախոյեան: Վերջերս ալ յայտնի դարձած է, որ 22-ամեայ հայ ծանրորդին «Ռիօ-2016»-ի ողիմպիական արծաթը կը փոխարինուի ոսկիով:
Քուէարկութիւնը պիտի աւարտի Փետրուար 10-ին:
Սիմոն Մարտիրոսեանի օգտին կրնաք քուէարկել այստեղ՝