Մահագրութիւն
Կը գուժենք Հալէպի մեր վաստակաւոր ընկերներէն, ՌԱԿ-ի, ԹՄՄ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի նուիրեալ անդամներէն ընկեր Լեւոն Պըլըխեանի յանկարծական մահը Երեւանի մէջ, որ պատահեցաւ 22 Նոյեմբեր 2022-ին:
Ան ծնած է Հալէպ 1952-ին: Հիւսիսային սուրիոյ մէջ մեծ եղած է անոր մասնակցութիւնը տեղական կեանքէն ներս: Սուրիական պատերազմի հետեւանքով ան փոխադրուած էր Երեւան, ուր եւս շարունակեց ան իր ծառայութիւնի բերել մեր կազմակերպութիւններուն:
Այս տխուր առթիւ մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի այրիին՝ ընկերուհի Սիլվային, զաւակներուն՝ ընկերներ Յակոբին, Սօսիին եւ Արամին, հարազատներուն, բարեկամներուն եւ միութենական ընկերներուն: