Մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ ամէնէն աւերիչ դերը կատարած է բացարձակապաշտութիւնը (maximalism), դիմացինին կամ հակառակորդին տրամաբանութեան կամ շահերուն անզիջում անտեսուիլը: Եւ այս բացարձակապաշտութիւնն է որ առաջնորդած է բեւեռացման, ամէն անգամ որ կարիքն ունեցած ենք համախոհութեան եւ համագործակցութեան: Եւ այս երեւոյթը իր դրսեւորումը ունեցած է ամէն անգամ որ հայութիւնը ազատութիւնն ունեցած է իր ճակատագիրը տնօրինելու:
Պատկերացուցէք առաջին հանրապետութեան օրերը երբ դաշնակցականները ինչպիսի արիւնալի հաշուեյարդարներ կը կատարէին իրենց քաղաքական հակառակորդներուն նկատմամբ: Այսօր նժդեհապաշտներ պէտք է յիշեն թէ որքան հայու արիւն կար իրենց հերոսի ձեռքերուն վրայ. արդարեւ ան էր որ աւելի քան 200 հայ երիտասարդներու ձեռքերը կապելով վար նետեց Տաթեւի լերան բարձրունքէն: Նժդեհի անձը պէտք չէ սահմանել միայն Սիւնիքի ճակատագրին պաշտպանութեամբ:
Նոյնքան դաժան էին պոլշեւիկները երբ ձեռք անցուցին Հայաստանի իշխանութիւնը, դաւադրաբար ուրանալով Դրօ-Տէրտէրեանի հետ կնքուած պայմանագիրը Յեղափոխական կոմիտէին շուրջ, որ միջանկեալ կառավարութեան դերը պիտի կատարէր: Անոնք կացինահարեցին դաշնակցական ղեկավարներ եւ պարզ հաւատաւորներ եւ ուրիշներ ալ նետեցին խոնաւ զնտանները` մահուան առաջնորդելու համար զանոնք: Նուազ դաժան չգտնուեցան նաեւ արմենականներուն ու Ժողովրդական կուսակցութեան անդամներուն նկատմամբ, որոնք կողմնակիցներ էին խաղաղ ու հանգիստ ոյժին, հաւասարակշռութեան եւ մտացի (rational) գործունէութեան:
Ի՞նչ էր պատճառը այդքան վայրագ վերաբերումի մը իրենց նմաններուն եւ իրենց հայ եղբայրներուն հանդէպ. հայրենիքին ծառայելու նպատա՞կը թէ ոյժի տիրապետութեան մարմաջը:
Սակայն, օտար տիրապետութեան ներքեւ երբ ազատութիւնները կը սահմանափակուին, յանկարծ ընդյատակը կ’անցնին այդ մարմաջները: Այդպէս ալ պատահեցաւ Սովետական իշխանութեան եօթանասուն տարիներուն: Որքան ալ ատելի էր սովետական տիրապետութիւնը` գոնէ առաւելութիւնը ունեցաւ զսպելու հայոց մօտ ծայրայեղականութեան եւ հակառակորդը զգետնելու բնազդները: Ազատազրկումի ուրիշ մէկ «բարիք»ը հանդիսացաւ հայուն ոտքերը իր հարազատ հողին վրայ պահելու ազգային անհրաժեշտութիւնը:
Հայը իբրեւ իմացական գաղափարական տարր այդ գործօնները պէտք է ստեղծած ըլլար ինք իրեն համար իբրեւ ազգային անհրաժեշտութիւն, բայց թոյլ տուաւ որ օտարը գար այդ բոլորը պարտադրելու` ոչ անպայման հայութեան բարիքի սիրոյն, այլ իբրեւ գաղափարական անհրաժեշտութիւն:
Հիմա որ սովետի ծանր լուծը հեռացած է Հայաստանի գլխուն վրայէն` դարձեալ գլուխ ցցած են անհամերաշխութիւնը, բացարձակապաշտութիւնը եւ անհանդուրժողութիւնը` առաջնորդելով Հայաստանի բնակչութիւնը դէպի բեւեռացում:
Երկու տարիներ առաջ տեղի ունեցաւ թաւշեայ յեղափոխութիւն, իշխանութեան գլուխ բերելով երիտասարդ սերունդ մը. այսօր կառավարական կազմին եւ Ազգային Ժողովի անդամներուն մէջ հատ ու կենտ են սպիտակամազ դէմքեր: Մեծ մասամբ ուսեալ եւ արդիական մտածելակերպով սերունդ մը որ տուեալները ունի արդի աշխարհին մէջ կերտելու համահունչ տուեալներով երկիր մը: Մեր անհանդարտ, անիշխանական ժողովուրդին համար անհրաժեշտ էր հաշտուիլ իրականութեան հետ եւ լաւագոյն արդիւնաւէտութեան հասցնել նոր իշխանութեան թարմ տուեալները: Այդպէս չեղաւ սակայն եւ պարտուողները չկրցան հաշտուիլ իրենց պարտութեան հետ եւ դիմեցին հակահարուածի: Նոր իշխանաւորներուն անփորձութիւնը եւս հնարաւորութիւն չտուաւ ազգային համերաշխութեան: Յաղթողը հարցերը պէտք էր դիտէր վերէն եւ տէրը կանգնիլ իր խոստումին որ վրէժխնդրութիւն չըլլայ: Նոր իշխանաւորները, պետական ոյժը ձեռք ձգելէ ետք ալ շարունակեցին նախկիններուն նկատմամբ վերաբերուիլ ընդդիմադիրի մախանքով ու գործելակերպով, առիթ չթողելով հիներուն որ ապահով զգան իրենք զիրենք երկրին մէջ եւ ի վերջոյ հաշտուին իրենց անդառնալի պարտութեան հետ:
Այսօր քաղաքական շերտաւորումները բազում են կարենալ յստակ սահմանագծումներ կատարելու համար: Խրամատը հիներու եւ նորերու միջեւ չէ միայն. այլ կան այլ շերտաւորումներ աւելի խայտաբղէտ դարձնելու համար քաղաքական համայնապատկերը:
Այս համայնապատկերին մէջ կարելի է ուրուագծել երեք յստակ խմբաւորումներ, իրենց ենթախումբերով.
ա) նոր իշխանութիւնը` «իմ քայլական»ներու առաջնորդութեամբ,
բ) յեղափոխութեան կողմնակիցներ եւ յեղափոխութեան հայրութիւն ընելու ցանկութիւն ունեցողներ` աւելի ծայրայեղական հայեացքներով, եւ
գ) ընդդիմութիւն որ չունի միակտուր դիմագիծ կամ նոյնիսկ համադրուած քաղաքականութիւն, շահերու եւ գաղափարախօսութեան տարբերութիւններով մանրամասնուած:
Այսօր Հայաստանի մէջ վատամարդ ըլլալու ամէնէն ազդու միջոցը յայտարարելն է որ բոլոր կողմերն ալ տալիք ունին Հայաստանի` պայմանաւ որ անոնց տալիքը համադրուած ըլլայ գաղափարախօսութեան մը շուրջ: Այնքան ատելավառ կեցուածք ունին կողմերը որ նման համադրական կեցուածք մը համազօր կը նկատուի դաւաճանութեան:
Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած իշխանութիւնը յաջողեցաւ առաջին անգամ ըլլալով կայացնել արդար ընտրութիւններ, առանց խարդախութիւններու եւ առանց կաշառքի. ոչ մէկ կողմ – Հայաստանի մէջ թէ արտասահմանի – կասկածի տակ առաւ այդ ընտրութեանց արդիւնքները, որոնց հետեւանքով ալ կազմուեցան օրինաւոր իշխանութիւններ:
Յաջորդ իրողութիւնը այն է որ նոր դրութեան մէջ ժողովուրդը զգաց օրէնքի գերակայութիւնը եւ դատաւորները կամ հրաժարեցան կաշառքէն եւ կամ ալ սկսան ամօթանքով օգտուիլ կաշառքէն:
Ծայրայեղական ոյժերը որոշ յուսախաբութիւն ունեցան որ Փաշինեանի իշխանութիւնը փոխանակ «ասֆալտին խփելու» բոլոր դատաւորները եւ դատարանները, որոշեց հանրաքուէով փոխել օրէնքը եւ բարենորոգել դատական համակարգը:
Իսկ գալով ապօրինի հարստացման պարագային` անցեալի օրէնքները թոյլատու էին ճարպիկ մարդոց համար արագ հարստանալու խարդախ միջոցներով: Երբ օրէնքները փոխուին` կողոպուտի առիթները եւս կ’անհետանան:
Այդպէս չեղաւ սակայն. սովետական ձեւերով կուլակաթափութեան մոլուցք մը յառաջացաւ. եւ դեռ խորհրդարանի մէջ ապօրինի հարստացման դէմ օրէնքը չկիրարկուած` սկսան կամայական ձերբակալութիւնները, ինչքերու գրաւումները, հալածանքը, բանտարկութիւնները, որոնք արդարութիւնը հաստատելէ աւելի պատճառ կը դառնան գործարար տարրին հեռացման եւ դրամագլուխի կորուստին:
Անողոք եւ անհաշտ պատերազմ մը շղթայազերծուած է հիներու դէմ բոլորը գունաւորելով մէկ ածականի տակ – թալանչիներ: Զանազանութիւն չկայ այլ թալանչիներու մէջ. թէ` հարստացողը իր պետական պաշտօնը շահագործելո՞վ հարստացած է թէ յաջող գործավարութեամբ: Այս կոյր հալածանքը պաշտպանողականի կը մղէ հալածեալները արդարացնելով այդ տարրին պատճառաբանութիւնը թէ պետութիւնը իր անճարակութիւնը պարտկելու համար կը դիմէ համատարած հալածանքի:
Դրամագլուխի փախուստը եւ գործարար մարդոց հեռացումը ամէնէն ուժեղ հարուածները կու տան տնտեսութեան: Տնտեսական այս պարզ տեսութիւնը դժուար է հասկցնել ընչաքաղցներուն որոնք իրենց ձեռքերով դեռ չեն կրցած յաջողիլ տնտեսավարութեան մէջ:
Մէկ խօսքով` «վանտեթթա» չկայ. խոստումը այնքան ալ տեսանելի չէ բոլորին:
Հայաստանի քաղաքական եռանկիւնին երկրորդ շերտը իշխանութենէն դուրս մնացող յեղափոխութեան պաշտպաններն են որոնք իրենց կարգին ունին աւելի մանր շերտաւորումներ: Այս խմբաւորման մէջ ամէնէն ծայրայեղ տարրը Սասնայ Ծռեր կուսակցութիւնն է որ անցեալին, երբ իր տեսակէտները հաւանութեան չարժանացաւ` չվարանեցաւ այս խումբը զէնքի դիմելու եւ արիւն թափելու, գրաւելով ոստիկանատունը: Եւ այսօր ալ, այս խմբաւորման ակնկալութիւնը այն էր – եւ` է – որ յեղափոխական իշխանութիւնը արիւնալի յաշուեյարդար տեսնէ հիներուն հետ: Ծռերու քաղաքական տեսաբանն է պատմաբան եւ դիւանագէտ Արա Բաբեան: Ղեկավարութիւնը ունի հասուն ու մտացի տարրեր – ինչպէս Վարուժան Աւետիսեան եւ Գարեգին Չուքասզեան – սակայն խօսնակի պաշտօնը տրուած է նախկին հերոս Ժիրայր Սեֆիլեանին, որ ամէնէն «սեֆիլ» դատողութիւնը ունի եւ կը պահանջէ որ պետութիւնը ամէն քայլափոխին իր հաւանութիւնը առնէ:
Յեղափոխութեան շարքերուն մէջ գեր-յեղափոխականներ կարելի է նկատել քաղաքագէտ Լեւոն Շիրինեան, Դանիէլ Իոնիսեան, Արման Բաբաջանեան, Ստիոբա Սաֆարեան եւ շարք մը ուրիշներ որոնց վարքագիծը կը բնորոշուին ծայրայեղ հակառուսութեամբ. դժուար է հաստատել թէ այս վերջիններուն քաղաքական կեցուածքը կը թելադրուի հայրենասիրութենէ՞ն, թէ արտաքին աղբիւրներէ:
Յատուկ ուշադրութիւն պէտք է դարձնել Արման Բաբաջանեանին, որ արտասահմանէն վերադարձած է լրատուամիջոցներու ճոխութեամբ: Ան Էտմոն Մարուքեանի «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան փէշերուն կախուած մտաւ խորհրդարան, սակայն, շուտով հրաժարելով այդ խմբակցութենէն ինքզինք հռչակեց անկախ պատգամաւոր. եւ արդէն անհատ պատգամաւորի հանգամանքէն անդին կազմակերպութեան մը հովերն առած է. ինքն իրեն պաշտօններ կը սահմանէ` այցելելով բանտ եւ զրուցելու Նայիրի Յունանեանի հետ. անհատական ծրագիրներ ու հետազօտութիւններ կը կատարէ: Օտար աղբիւրներէ վճարուած բոլոր լրատու սպասարկութիւններուն լուսարձակը իր վրան են: Կը խօսի, կը պատգամէ եւ քիչ կը մնայ ըսել` «Եթէ յեղափոխութիւնը ձախողի` ես հոս եմ»: Ինքն է որ փորձեց համախմբում մը ձեւաւորել ստեղծելով ֆորում մը, ուր պակաս չէին «նաֆթալին»էն հանուած քանի մը հին քաղաքագէտներ: Այս ֆորումը կազմուեցաւ յատկապէս հակադարձելու Վազգէն Մանուկեանի կազմած «Վերնատուն»ին, որ հին ոյժերը համախմբելու նպատակ մը ունէր:
Եռոտանիին երրորդ շերտը ընդդիմութիւնն է իր խառն եւ հակընդդէմ տարրերով:
Փաստօրէն գոյութիւն չունի կազմակերպուած ընդդիմութիւն, իր գաղափարաբանութեամբ ու կառոյցով. եթէ Հայաստանի ժողովրդավարութիւնը պիտի փորձէ նմանիլ Եւրոպային` այդ պարագային ընդդիմութեան դիրքը գրաւած պիտի ըլլար Սերժ Սարգսեանի փետրաթափ Հանրապետական կուսակցութիւնը. սակայն, քանի համարեա կազմալուծուած է այդ կուսակցութիւնը, Հայաստանի քաղաքական աւանդութեան, ան իրաւազրկուած է բարձրացնելու ընդդիմութեան դրօշը:
Հայաստանի մէջ քաղաքական իմաստով կուսակցութիւն կազմելու մշակոյթը դեռ չէ զարգացած. կուսակցութիւնները կը կազմուին զօրաւոր անհատներու կամ անոնց քսակին շուրջ, եւ կը կազմաքանդուին այն արագութեամբ որ կազմուած էին այդ զօրաւոր ղեկավարին անկումով ինչպէս պատահեցաւ Հայոց Համազգային Շարժումին` Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հրաժարումէն ետք:
Հայաստանի մէջ ընդդիմութիւնը գլուխ կը ցցէ տարբեր անուններով ու դիմակներով` ֆինանսաւորուած նախկին իշխանաւորներուն կողմէ, ժողովուրդէն կողոպտուած գումարներով: Ընդդիմութիւնը իր պայքարը կը մղէ ներկայ իշխանաւորներուն դէմ լրատու միջոցներով – մամուլ, հեռուստացոյց, առցանց լրատուութիւն, դիմատետր (face book) եւ այլ եւ յաճախ կը վարձէ գործազուրկ մամլոյ վաստակաւորներ: Ազդու լրատուական միջոցներ ունին նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան (Թիւ 5 հեռուստալիք), Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեանի քոյրը` Անժելա Թովմասեան (Հայելու առաջ), Սերժ Սարգսեանի փեսան` Միքայէլ Մինասեան (Միշիկ) եւ բազում ուրիշներ:
Իշխանութիւնն ալ իր հերթին, բացի պետական պաշտօնական աղբիւրներէն, ունի իր թմբկահարները, որոնք օրն ի բուն կը հարուածեն պաշտօնանկ թալանչիներն ու կորումպացուած տարրերը:
Տարօրինակը այն է որ գոյութիւն չունի ոսկեայ միջին մը, կամ` լսարան մը ուր կողմերու ներկայացուցիչները մրցին իրենց գաղափարներով, թողելով իրաւունքը հասարակ քաղաքացին կազմելու իր անկախ կարծիքը: Այս միակողմանի արշաւներուն հետեւանքը հասարակութեան ծայրայեղ բեւեռացումն է:
Բացի հին ու տարտղնուած իշխանաւորներէն ընդդիմութեան մէջ Միքայէլ Մինասեանը, Գագիկ Խաչատրեանը եւ բազմաթիւ այլ օլիկարխներ, որոնք, առաւել չափով հեռացած են երկրէն եւ իրենց տեղակալներով ու սեփական լրատու միջոցով կը պայքարին նոր իշխանութեան դէմ:
Նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, հակառակ բանտի մէջ ըլլալուն` չէ հրաժարած իր քաղաքական յաւակնութիւններէն, ու կը պայքարի իշխանութեանց դէմ ոչ միայն իր մամուլով այլեւ իր նախկին դաշնակիցներով, որոնք իր օրով առաւելագոյնս օգտուած են պետական կերակրատաշտէն. առաջինը` Հայաստանի դաշնակցականները որոնք իրենց գործունէութեամբ անյարմար վիճակի մատնած են սփիւռքի անկաշառ դաշնակցականները. Հրանդ Մարգարեան, Արուստամեան, Արծուիկ Մինասեան, Աղուան Վարդանեան եւ ուրիշներ Քոչարեանի հաշւոյն դարձած են փոքր օլիկարխեր:
Ի դէպ, Քոչարեան Քրեմլինի համար դարձած է Հայաստանի մէջ ռուսամէտութեան եւ հակառուսութեան ջերմաչափը: Իշխանութիւնները քանի կը խայտառակեն Քոչարեանը բանտով ու դատարանով` մէկ աչքով ալ կը նային դէպի Արեւմուտք` վարձատրութեան ակնկալութեամբ. վերջերս այդ վարձատրութեան ակնկալութիւնը չափով մը արդարացաւ, երբ Ամերիկայի Պետական Քարտուղարի տեղակալ Ճորճ Քենթ հրապարակաւ ընդդիմացաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Լաւրովի, որուն մէկ աննըպաստ յայտարարութիւնը Արցախի հիմնահարցին մասին ցնցած էր ամբողջ Հայաստանը:
Ընդդիմադիր շարքերու ամէնէն աղմկալի տարրերը այլասերած անունով «ատեկուաթ»ներն են, որոնք իրենց համազգեստներով եւ համաչափ մօրուքներով շատ նման են կրթեալ թալիպաններու: Անոնց ընդդիմադրութիւնը, վերջերս, դուրս եկաւ խօսքի սահմանէն` վերածուելու համար բռնամարտի: (Յիշենք Ալէն Սիմոնեանի եւ Արթուր Դանիէլեանի կռիւը, փողոցին մէջ):
Հայաստանի քաղաքական համայնապատկերը կը ցոլայ նաեւ Արցախի մէջ: Արցախի վերջին ընտրութիւնները վերածուեցան Սերժ Սարգսեան, Փաշինեանական Սասնայ Ծռերու հակամարտութեան մարտավայրի: Ծռերը միշտ կը գանգատին որ յեղափոխութիւնը չէր հասած Արցախ. հետեւաբար, առանց նկատի առնելու պատերազմական իրավիճակը կ’ուզէին տապալել տեղւոյն իշխանութիւնը եւ հաւանաբար Բակօ Սահակեան սահմանել Ռոպերթ Քոչարեանի բանտախցիկին: Այնտեղ բոլոր խմբաւորումները լռելեայն համագործակցեցան պարտութեան մատնելու Վիտալի Բալասանեանը որ օրհնութիւնն ունէր ռուսական կողմին ու Սերժ Սարգսեանին:
Իսկ Նիկոլ Փաշինեան, հաւանաբար հաշուի առնելով որ յեղափոխութիւնը տակաւին չէր ամրացած Հայաստանի մէջ, հետեւաբար քաղաքականօրէն իմաստուն պիտի չըլլար ապակայունացնել Արցախը, որոշեց կացութիւնը պահպանել յարելով թեկնածուի մը` յանձին Արայիկ Յարութիւնեանի, որ, ոմանց բառարանին մէջ տակաւին օլիկարխ կը դասուի:
Այսօր, թէեւ համաճարակը խառնած է բոլոր քաղաքական քարտերը` լարուածութիւնը կը շարունակուի պառակտելով երկիրը: Իշխանութիւնները չափազանց զգայուն են բոլոր քննադատութեանց նկատմամբ եւ պատրաստ` ուժգին հակահարուած տալու: Կը թուի թէ ինքնավստահութիւնը կը պակսի եւ` անկէ բխելիք վեհանձնութիւնը նոյնպէս:
Իշխանութիւնը կամ բոլոր ոյժերը տրամադրելով պիտի պայքարի դեր ու դէմ, միշտ ետեւ նայելով, կամ պիտի կերտէ երկիրը առաջ նայելով եւ կամ պիտի գտնէ միջին ճամբայ մը` երկու ուղղութիւնները համադրելով:
«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ