ԱԼԵԿՈԾՈՒՄՆԵՐ ՀԱՅ-ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ՄԷՋ

Ռուսաստանը, աւանդական կերպով, միշտ ռազմաքաղաքական դեր ունեցած է Հայաստանի պատմութեան մէջ: Տարբեր ժամանակներ տարբեր ձեւակերպումներ ունեցած են երկու ժողովուրդներու յարաբերութիւնները իբրեւ հետք թողելով մարդոց մտայնութեան մէջ որոշ կարծրատիպեր: Օրինակ, Խաչատուր Աբովեանի համար «օրհնուի էն սահատը որ ռուսի ոտը դրուեց Հայաստանի հողին»: Շատ հասկնալի էր այս վերաբերումը որ հարազատ դրսեւորումն էր պարսկական լուծէն նոր ազատագրուած ժողովուրդի հոգեբանութեան:

Այսօրուան պայմանները բոլորովին տարբեր բնոյթ մը տուած են երկու ժողովուրդներու յարաբերութեան: Եօթանասուն տարիներ սովետական լուծին տակ ապրած ժողովուրդի մը համար` Ռուսաստանը կը շարունակէ այդ վարչակարգի խորհրդանիշը մնալ, մանաւանդ որ այդ վարչակարգի օրերուն սովետական «եղբայրութեան» կարգախօսին ներքեւ ռուսացման ընդյատակեայ քաղաքականութիւն մը կը գործադրուէր:

Մշակութային, բարեկամական եւ հոգեբանական ազդակները մէկ կողմ դնելէ ետք կը մնայ մէկ մերկապարանոց երեւոյթ – կողմերու ազգային շահերը: Դժբախտաբար երկու կողմի վրայ ալ ազգային այդ շահերը շփոթուած են միւս ազդակներուն հետ եւ հայերու պարագային ռուսամէտութիւնն ու հակառուսութիւնը սահմանուած են այդ ազդակներով, մինչդեռ եթէ կիզակէտի վրայ պահպանուած ըլլար, քաղաքականօրէն իրապաշտ, ազգային շահերու համադրութիւնը, դժուար պիտի ըլլար բարդութիւններ ստեղծել մէկ կամ միւս կողմին համար:

Այսօր Հայաստանի մէջ ռուսամէտութեան եւ հակառուսութեան խաղ մը կայ որ սկսած է պղտորել երկկողմանի յարաբերութիւնները: Այդ չի նշանակեր սակայն, որ թիւրիմացութիւնները Հայաստանի մէջ են միայն: Ռուսական կողմին վրայ ալ գոյութիւն ունին ժիրինովսքիներ եւ Սոլովիեւներ, որոնք ունին իրենց ներազդեցութիւնը:

Ռուսաստանը 6.6 միլիոն մղոն տարածքով երկրագունդի ամենամեծ երկիրն է եւ իր սահմաններուն վրայ ունի 14 դրացի երկիրներ, որոնց հետ ունի խնդիրներ ու յարաբերութիւններ. չափազանցութիւն չ’ըլլար եթէ ընդգծենք որ Ռուսաստանի ամէնէն բարդ յարաբերութիւնները Կովկասի մէջ են, որուն հանգուցակապին վրայ կը գտնուի նաեւ Հայաստանը:

Սովետական կայսրութեան փլուզումէն վերջ, Ռուսաստան ռազմական ներկայութիւն ունէր կովկասեան երեք երկիրներու մէջ: Սակայն, երբ Պաքու եւ Թպիլիսի պահանջեցին հեռացնել ռուսական այդ ռազմական ոյժերը, Մոսկուա տեղի տուաւ անմիջապէս: Պատմական ահաւոր ժառանգութեան մը ստուերին ներքեւ Հայաստան ոչ միայն նոյն պահանջը չներկայացուց, այլ Կիւմրիի 102րդ ռուսական ռազմախարիսխին համար պայմանագիրը երկարեց 25տարիով: Այսօր այդ ռազմախարիսխը վերածուած է քաղաքական ոտնագնդակի որովհետեւ Հայաստանի մէջ շատ սակաւ է քաղաքագէտներուն ու մեկնաբաններուն թիւը որոնք այդ ռազմախարիսխին կարեւորութեան կ’անդրադառնան շահերու համադրութեան ծիրէն ներս:

Ոչխարամտութիւն պիտի ըլլայ եզրակացնել որ Ռուսաստանը այդ խարիսխը զետեղած է Հայաստանի հողին վրայ, միայն մեր երկիրը պաշտպանելու համար թուրքերու դէմ: Նոյնպէս քաղաքական շահատակութիւն պիտի ըլլայ պնդել որ Ռուսաստան միայն իր սեփական նպատակներով կը պահէ այդ ռազմախարիսխը, որ դեր մը չունի թուրքերը հեռու պահելու մեր սահմաններէն: Արա Բաբեանի նման հմուտ պատմաբան մը եւ դիւանագէտ մը ստրկութիւն կը տեսնէ այն փաստին մէջ որ Ռուսաստան կը վերահսկէ Հայաստանի սահմանները եւ«ներս կ’արտօնէ այն որ կը ցանկայ»:

Հայաստան իր անկախութեան օրերուն պահ մը հաւատաց թէ կրնար վերապրիլ եւ բոլորովին անկախ քաղաքականութիւն մշակել ու գործադրել, առանց Ռուսաստանի: Այդ մտայնութեան հետեւանքն էր Լեւոն Տէր Պետրոսեանի եւ իր իշխանութեան քաղաքական մղիչ փիլիսոփայութիւնը` «երրորդ ոյժի բացառմա»: Այսինքն թէ` Հայաստան, ի հարկին կրնար Ռուսաստանը փոխարինել Թուրքիայով: Այդ քաղաքականութեան հետեւանքը այն եղաւ որ Մոսկուա օժանդակեց խարխլած Ատրպէյճանին, 1990ականներուն, գրաւելու Արցախի տարածութեան երկու երրորդը: Միայն այդ քաղաքականութեան յեղաշրջումով եւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կողմէ Պորիս Ելցինի անձնական յարաբերութեանց մշակումով է որ հայկական ոյժերը յաղթական դուրս եկան Արցախի ազատագրական պայքարին մէջ:

Այսօր դարձեալ փորձարկումի տակ են հայ-ռուսական յարաբերութիւնները, մանաւանդ, թաւշեայ յեղափոխութենէն ի վեր: Իբրեւ ընդդիմադիր Նիկոլ Փաշինեան բուռն կերպով դէմ էր ռուսական ռազմախարիսխին, սակայն, երբ իշխանութեան գլուխն անցաւ եւ կրցաւ խորապէս ուսումնասիրել շրջանի աշխարհաքաղաքական եւ ռազմավարական իրավիճակները, իր քաղաքականութիւնը սկսաւ չափել շահերու համադրութեան կշիռով: Սակայն, յեղափոխական ոյժերուն մէջ եւ «իմ քայլ»ականներուն շուրջ գոյութիւն ունին տարրեր որոնք ռուսական ռազմախարիսխը, եւ ընդհանրապէս Ռուսաստանը կը տեսնեն ու կը ներկայացնեն սատանայի կերպարով: Չվարանինք տալու անուններ – քանի իրենք չեն ծածկեր իրենց կողմնորոշումը – օրինակ. Արման Բաբաջանեան, Լուսաւոր Հայաստանի նախկին պատգամաւոր եւ այժմ Յանուն Հանրապետութեան շարժումի գլխաւորը: Ինչպէս նաեւ Դանիէլ Իոնիսեան եւ քանի մը ուրիշներ: Իսկ յեղափոխութեան կողմնակից մեկնաբաններուն շարքին բաւական հսկայ է թիւը հակառուս վերլուծաբաններու ինչպէս, Ա. Արշակեան, Արամ Ամատունի ծածկանունին ներքեւ ծուարած (հաւանաբար) իշխանաւոր մը եւ Եւրոպական Կուսակցութեան հիմնադիր եւ ֆիլմարտադրող Տիգրան Խզմալեան, որ կարծէք Ուաշինկթըն նստած կը դիտէ Հայաստանի իրականութիւնը: Ամէնէն լուրջ վերլուծաբաններէն Յակոբ Բադալեան, իր ամէն մէկ սիւնակին մէջ կը կանխատեսէ Ռուսաստանի մօտալուտ փլուզումը: Յակոբ Բադալեան կը պնդէ թէ Մոսկուային հաճոյ չէ թուած թաւշեայ յեղափոխութիւնը եւ մինչեւ անգամ կը հաւաստէ թէ Մոսկուա իրեն դէմ ուղղուած դաւադրութիւն կը նկատէ այդ յեղափոխութիւնը: Կ’արժէ ներկայացնել թէ ան ինչպիսի պարունակի մէջ կը տեսնէ այդ յարաբերութիւնները երբ կը գրէ – «եւ որքան անցնում է այդ յեղափոխութիւնից, այնքան Ռուսաստանում կառավարական շրջանակներում եւ խմբերում ահագնանում է [են] տագնապն ու անհանդուրժողութիւնը դրա նկատմամբ, բխելով այն զգացումից որ Հայաստանը ռուսական կայսրութեան «ծայրամասից» վերածուել է այն «ծայրին», որից քանդւում է համակարգային ամբողջ կծիկը մինչեւ Մոսկուա»:

Բնականաբար, Մոսկուան, իր հերթին, կասկածով կը դիտէ քաղաքական ամէն շարժում որ տեղի կ’ունենայ Հայաստանի մէջ, եթէ չի հակազդեր միշտ ամէն մէկ արարքի:

Վերջերս տեղի ունեցան կարգ մը դէպքեր, որոնք աւելի ալեկոծեցին երկու երկիրներու յարաբերութիւնները: Անոնցմէ մէկը երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կալանաւորումն էր: Նախագահ Փութին, անձամբ ազդանշաններ տուաւ որ այդ ձերբակալութիւնը վրդովեցուցիչ է իրեն համար: Փաշինեանի իշխանութեան մէջ կարգ մը ծայրայեղ տարրեր ուզեցին դաս տալ Փութինին թէ` Հայաստան ինքնիշխան (սուվերէն) պետութիւն մըն է:

Որքան որ ալ պնդէ իշխանութիւնը թէ դատական իրաւակարգը անկախ է եւ ենթակայ չէ քաղաքական ճնշումի` փաստերը հակառակը կ’ապացուցանեն: Քոչարեանի ազատ արձակումը, անկասկած, քաղաքական ժեստ մըն էր Հայաստանի իշխանութեան կողմէ: Նոյնպէս նաեւ` Գագիկ Ծառուկեանի չձերբակալուիլը: Սակայն, հակառակ անոր, Ծառուկեան ինք կ’ամբաստանէ Հայաստանի իշխանութիւնները հակառուսական տրամադրութեամբ: Իր խորհրդարանական անձեռնմխելիութեան վերացումէն ետք Ծառուկեանի քաղաքական խմբաւորումը` Բարգաւաճ Հայաստան, ցուցական կերպով այցելեց ռուսական դեսպանատուն` բողոքելու համար «քերիի մօտ»:

Որքան հակառուս տարրերը կը պղտորեն երկու երկիրներու յարաբերութիւնները, նոյնքան նաեւ` ռուսասիրութեան դրօշակակիրները: Օրինակ, Փաշինեանի հրաժարումը Բ. Աշխարհամարտի յաղթանակի 75ամեակին մասնակցելէ, մեկնաբանուեցաւ իբրեւ համակամութիւն արեւմտեան երկիրներու պետերուն, որոնք փաստօրէն պոյքոթի ենթարկեցին Փութինի հանրաքուէի նախօրէին կայացող քաղաքական մեծ զօրահանդէսը:

Իսկ աւելի փոթորկալից բնոյթ ստացաւ ռուսական հանրաքուէին առիթով Հայաստանի պետական հեռուստակայանի (Հ1) հաւասարակշռուած հաղորդումը ուր որքան ժամանակ տրամադրուած էր նախագահ Փութինին նոյնքան ալ տրուեցաւ ընդդիմադիր Ալեքսէյ Նավալնիին: Այդ հաղորդումը մատի փաթթոց եղաւ Մոսկուայի մէջ հաղորդավար Սոլովիեւի կողմէ որ սկսաւ սադրել Հայաստանի իշխանութեանց դէմ զանոնք պիտակելով իբրեւ հակափութինականներ: Իսկ Ծառուկեան չուզեց առիթը փախցնել իշխանութիւնները քննադատելու եւ յայտարարեց որ զօրաւոր հակառուսական հոսանք գոյութիւն ունի Հայաստանի մէջ եւ ինք պիտի պայքարի այդ շարժումին դէմ մինչեւ վերջ: Քաղաքական արկածախնդրութիւն:

Այս կապակցութեամբ Հայաստանի քաղաքագէտներու միութեան նախագահը` Հմայեակ Յովհաննիսեան ըսած է -«Այդ յայտարարութեան նպատակն է ներքաղաքական պայքարի մէջ ներքաշել Ռուսաստանը եւ օգտագործել ռուսական գործօնը Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնը տապալելու համար»:

Հայաստան այսօր կը դիմագրաւէ շատ լուրջ քաղաքական պայմաններ: Չափազանցութիւն պիտի չըլլայ ըսել` գոյութենական տագնապներ: Պատերազմի վտանգը սահմանին վրայ եւ Քորոնա ժահրի սարսափը ամէնուրեք. եւ այս իրարանցումին մէջ քաղաքական փոթորիկներ յարուցանելը շատ հեռու է հայրենասիրութենէ: Ռուսամէտներն ու հակառուսերը որոնք այդ յարաբերութիւնները կը դիտեն երկու երկիրներու ազգային շահերէն դուրս, կը վնասեն երկու երկիրներուն ալ հաւասարապէս, եւ մասնաւորաբար հայկական կողմին, որ աւելի խոցելի է:

Այս փոթորիկը յարուցողները վստահաբար ունին անձնական հաշիւներ եւ հաւանաբար դուրսէն թելադրուած պատուէրներ:

Այս կացութեան մէջ ծանր պատասխանատուութեան առջեւ է վարչապետը` կարենալ վեր բարձրանալու եսակեդրոն այս կացութենէն եւ հորիզոնին վրայ տարածելու հայրենիքի վերապրումին օրակարգն ու տեսիլքը:

 

«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ