ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱԶԴԱՆՇԱՆԸ ԱՐՑԱԽԻՆ

Տարիներէ ի վեր Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը իր արտաքին օժանդակութեան ծրագրին ծիրին մէջ յատուկ գումար կը յատկացնէր Արցախին, իրականացնելու համար մարդասիրական ծրագիրներ. եւ այդ յատուկ գումարը կը տրամադրուէր ականազերծելու համար Արցախի ռազմագօտիները: Իրօք ալ, Արցախի ազգաբնակչութիւնը բազում զոհեր տուած է ընդերքի մէջ մնացած ականներուն: Ուրեմն, երախտաշատ գործ մը կը կատարուէր Արցախի մէջ ամերիկեան օժանդակութեամբ:

Բացի մարդասիրական նպատակներէ` յատկացումը ունէր – եւ տակաւին ունի – քաղաքական նշանակութիւն, յատկապէս երբ նկատի ունենանք որ Ուաշինկթըն չի ճանչնար Արցախը իբրեւ անկախ պետութիւն:

Ներկայիս կը պարզուի որ Ուաշինկթըն 2021ի իր արտաքին օժանդակութեան ցանկէն զանց առած է Արցախի օժանդակութիւնը:

Գումարը, ինքնին մեծ տարողութիւն չունի. 1.5 միլիոն ամերիկեան տոլար. սակայն աւելի տարողունակ է անոր քաղաքական նշանակութիւնը: Ականազերծման գործը միւս կողմէ կը կատարուի նաեւ հասարակական կազմակերպութեանց օժանդակութեամբ, յատկապէս Լէյտի Քոքսի գլխաւորած անգլիական խմբաւորման միջոցներով:

Ամերիկայի 2021ի արտաքին օժանդակութեան պիւտճէին մէջ 16 միլիոն տոլարի յատկացում մը նախատեսուած է Հայաստանին. սակայն, Արցախի տրուած գումարին զանցումը տեղի տուած է բազմաթիւ մեկնաբանութիւններու եւ ենթադրութիւններու: Թէեւ Ուաշինկթընի հայկական լոպիինկի խմբաւորումներու կարծիքով տակաւին վերջնականօրէն չէ ճշդուած Արցախի վերապահուած օժանդակութիւնը: Պէտք է նկատի ունենալ որ պիւտճէն պատրաստուած է գործադիր իշխանութեան կողմէ եւ դեռ պէտք է քուէարկուի Քոնկրէսին կողմէ: Անցեալ տարի ալ կատարուած էր փորձ մը, սակայն, գումարը վերահաստատուեցաւ, երբ 90 քոնկրէսականներ նամակ մը ստորագրեցին պահանջելով այդ գումարին վերահաստատումը: Առ այսօր 75 քոնկրէսականներ վերստին դիմած են ի նպաստ այդ գումարին յատկացումին եւ դեռ յոյս կայ որ ան կրնայ վերականգնուիլ:

Նոյնիսկ եթէ յատկացումը կատարուի` այդ ուղղութեամբ կատարուած քաղաքական մեկնաբանութիւնները պիտի շարունակուին: Որովհետեւ, արարքը ինքնին քաղաքական նշանակութիւն ունի, մասնաւորապէս Հայաստանի Թաւշեայ Յեղափոխութեան լոյսին տակ. յեղափոխութիւն` որ ոչ միայն ներ-հայաստանեան նշանակութիւն մը ունէր, այլ նաեւ Կովկասի մէջ ոյժերու վերադասաւորման ազդանշանն էր, ոչ միայն Ռուսաստանի համար, այլ նաեւ` Արեւմուտքի:

«Հայաստանում որոշ շրջանակներ յամառօրէն լուրեր են տարածում, որ ԱՄՆ վարչակազմը իբր դժգոհ է Հայաստանի իշխանութիւններից եւ մտադիր է պատժել Արցախին» կը գրէ քաղաքական մեկնաբան Նայիրա Յարութիւնեան:

Նման մեկնաբանութիւններ աւելի ծանրակշիռ կը դառնան, մանաւանդ երբ արտայայտութիւն կը գտնեն Արցախի նախագահական ընտրութիւններու նախօրէին:

Ամերիկեան Քոնկրէսին համար տակաւին ի զօրու է 1992ին որդեգրուած Freedom Support

Act-ը որուն 905րդ յօդուածը կ’արգիլէր ռազմական օժանդակութիւն յատկացնել Ատրպէյճանին: Սակայն, այդ որոշումնագրի որդեգրումէն ի վեր բոլոր նախագահները շրջանցած են Ատրպէյճանի վերաբերող պայմանը, օգտագործելով իրենց գործադիր իշխանութեան մենաշնորհը: Շրջանցած են զայն` որովհետեւ Ատրպէյճան հետզհետէ կարեւոր կշիռ ստացած է Ուաշինկթընի արտաքին քաղաքականութեան մէջ, ոչ միայն ուժանիւթի աղբիւր, այլ նաեւ` իբրեւ կռուան Ռուսաստանի ազդեցութիւնը նուազեցնելու այդ աշխարհին մէջ եւ մանաւանդ` իբրեւ լծորդ եւ կցորդ Իսրայէլի գործօնին որ հսկայ նշանակութիւն ունի Ուաշինկթընի:

1992ի ամերիկեան որոշումնագիրը որ կը սահմանափակէր Ատրպէյճանին տրուելիք օժանդակութիւնը, խորքին մէջ Սովետական Միութեան նախկին հանրապետութիւնները դէպի ժողովրդավարութիւն առաջնորդելու ծրագիր մըն էր: Սակայն, այդ թուականէն ի վեր Ատրպէյճանը մնաց ու կը շարունակէ մնալ իբրեւ բռնատիրական երկիր. իշխանութիւնը Հայտար Ալիեւէն փոխանցուեցաւ որդւոյն` Իլհամ Ալիեւի եւ այս օրերուն ալ օրուան նախագահը կը փորձէ այդ իշխանութիւնը փոխանցել իր կնոջ` Մեհրիպան Ալիեւայի: Խորհրդարանական վերջին ընտրութիւնները կայացան բռնի եւ ապօրինի պայմաններու ներքեւ. ներկայիս ալ նախագահ Ալիեւ Քորոնա ժահրի ստեղծած արտակարգ պայմանները կ’օգտագործէ հալածելու եւ լռեցնելու համար երկրին քաղաքական ընդդիմութիւնը:

Այս բոլորը ոչ մէկ կերպով անդրադարձած են Կովկասի մէջ ժողովրդավարութիւնը տարածելու եւ ամրացնելու ամերիկեան քաղաքականութեան վրայ: Եւրոպական Միութիւնն ալ բերանացի յանդիմանութիւններու սահմանէն անդին չէ անցած ալիեւեան իշխանութեան բռնատիրական արարքներու մասին: Վերջերս դարձեալ քննադատութիւններ եւ Եւրոպական խորհուրդէն վտարումներու սպառնալիքներ հնչեցին Պաքուի իշխանութեանց նկատմամբ, սակայն առանց հետեւանքի:

Ըստ հայաստանցի մեկնաբաններու Ուաշինկթընի դիրքի փոփոխութիւնը Արցախի նկատմամբ յառաջացած է ԵԱԽԿի (Մինսքի) խումբի համանախագահներուն հանդիպումէն ետք Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեվլութ Չավուշօղլուի հետ: Ծանօթ է թէ երեք համանախագահներէն մէկը ամերիկացի է:

Ըստ քաղաքական մեկնաբան Ստեփան Գրիգորեանի Հայաստանի որդեգրած քաղաքականութիւնը ՄԱԿի քուէարկութեանց մէջ իր դերը ունեցած է ամերիկեան քաղաքականութեան վրայ: Այսօր Ամերիկա ի վիճակի է պատժելու կամ վարձատրելու այն երկիրները որոնք ՄԱԿի մէջ իր առաջադրած նախաձեռնութիւններուն կ’ընդդիմանան կամ` կը հետեւին: Ուաշինկթըն յատկապէս Ուքրանիոյ կամ Վրաստանի մասին քաղաքական նախաձեռնութիւններ կը վերցնէ ՄԱԿի մէջ, յատկապէս պատժելու համար Մոսկուան: Հայաստան քիչ անգամ ձեռնպահ կը մնայ ՄԱԿի այդ քուէարկութեանց ընթացքին, յաճախ ռուսամէտ դիրքորոշումներ դրսեւորելով եւ Ուաշինկթընն ալ իր հերթին կը ձեւակերպէ իր կովկասեան քաղաքականութիւնը:

Երբ Ամերիկա նախաձեռնութիւնը վերցուց Պաղտատի մէջ սպաննելու Իրանի Քուտս Ոյժերու պետը Քասեմ Սուլէյմանին, կարգ մը պետութիւններ սուր քննադատութիւններով անդրադարձան կատարուած արարքին: Սակայն, անոնց դիրքորոշումը անպայման յատուկ վերաբերումի չ’արժանանար Ուաշինկթընի կողմէ: Բայց Հայաստան եւ Արցախ կը գտնուին զգայուն վիճակներու մէջ: Կ’ըսուի թէ Արցախի իշխանութեանց քննադատութիւնները կրնան անդրադարձած ըլլալ Ամերիկայի վերջին որոշումին վրայ:

Հաւանաբար Ուաշինկթընի մէջ ակնկալութիւնը այն էր որ Հայաստան իր Թաւշեայ Յեղափոխութենէն վերջ, որդեգրէր Քիեւի կամ Թիֆլիսի նման ՆԱԹՕի ի նպաստ քաղաքականութիւն մը: Կարգ մը տարրեր որոնք մասնակցեցան այդ շարժումին ունէին այդ դիտաւորութիւնը, սակայն Հայաստանի ռազմագիտական դիրքն ու հաշուառումները անկարելի դարձուցին նման ամբողջական շրջադարձ մը: Հետեւաբար ան պիտի հաշտուի իր որդեգրած քաղաքականութեան հետեւանքներուն հետ:

Երբ Հայաստանը անկախացաւ եւ առաջին օրէն բախումի մէջ մտաւ Ատրպէյճանի հետ, բազմաթիւ լաւատես մեկնաբաններ Հայաստանի մէջ իրենց գրաւը դրած էին սփիւռքի վրայ, ըսելով` «Եթէ Ատրպէյճանը քարիւղ ունի, Հայաստանն ալ ունի սփիւռքը». այսօր ոչ ոք կը շարունակէ այդ միամտութեան մէջ մնալ:

Արցախը Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքականութեան մէկ ածանցումն է: Հայ քաղաքական միտքը որքան ալ աղմուկ յարուցանէ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ, շատ համեստ ազդեցութիւն մը միայն կրնայ ունենալ այդ երկիրներու արտաքին քաղաքականութեան վրայ:

Ատրպէյճանի քարիւղն ու կազը ունին որոշ ազդեցութիւն Արեւմուտքի մէջ: Սակայն անոնց նուազումը եւ այս օրերուն գիներու անկումը շատ բան կը զեղչեն անոնց տարողութենէն իբրեւ քաղաքական ազդակ: Աւելի Ատրպէյճանի աշխարհագրական դիրքն ու վարած քաղաքականութիւնն է որ հաշուի կ’առնուին Ուաշինկթընի արտաքին քաղաքականութեան մէջ:

Երկար ատեն Թուրքիան էր Ամերիկայի կռուանը Միջին Արեւելքի մէջ, նախ իբրեւ միջնաբերդ ցուրտ պատերազմի եւ ապա` հետզհետէ իբրեւ յենարան Իսրայէլի. արդարեւ, Թուրքիա միակ իսլամական երկիրն էր որ կը գործակցէր Իսրայէլի հետ: Չխոստովանուած քաղաքականութիւն մը ի զօրու է Ուաշինկթընի Պետական քարտուղարութեան մօտ: Կարեւոր չէ թէ երկիր մը որքան բարեկամութիւն ցոյց կու տայ Ուաշինկթընի, այնքան կշիռ չունի` եթէ նոյն ջերմութիւնը չվերապահէ Իսրայէլի:

Թուրքիոյ աստղը պղտորեցաւ Ուաշինկթընի մէջ, երբ անոր յարաբերութիւնները լարուեցան Իսրայէլի հետ. որուն իբրեւ հետեւանք ալ վարձատրուեցան հայերը` ճանաչումով ցեղասպանութեան:

Պէտք է պատկերացնել Ամերիկայի համար համեմատական նշանակութիւնը ոեւէ երկրի ընտրած ուղիներուն: Օրինակ Ամերիկայի համար գլխաւոր հակամարտ ոյժը Ռուսաստանն է որուն ազդեցութիւնը զսպելու համար ան պատրաստ է ամէնէն ազդու միջոցները գործադրելու: Այդ լոյսին տակ դիտելով Անգարայի կողմէ ռուսական S-400 հրթիռներու ձեռք բերումը հսկայ մարտահրաւէր մըն էր: Բաւական լուրջ քննադատութիւններէ վերջ Ուաշինկթըն համակերպեցաւ Անգարայի խիզախ քայլին հետ եւ «օրինական թուզի տերեւ» մը գտաւ արդարացնելու համար այդ մեղանչումը ըսելով. «Եթէ այդ հրթիռները գործածութեան չդրուին` արտօնելի են»:

Սակայն միւս կողմէ Ուաշինկթըն չներեց նախագահ Էրտողանի ճակատումը Իսրայէլի հետ:

Այսօր թուրք-ամերիկեան յարաբերութեանց ցրտացումով` առաջ մղուած է Ատրպէյճանի բախտը: Այս վերջինը իր փեթրօ-տոլարներու պաշարը կը յատկացնէ Իսրայէլի արդիական զէնքեր գնելու: Աւելին` իր հողամասը տրամադրած է անոր ռազմափորձերու համար: Իսկ ամէնէն կարեւորը` Ատրպէյճանի սահմանակից ըլլալն է Իրանի որ Ամերիկայի եւ Իսրայէլի ռազմագիտական թիւ մէկ թիրախն է:

Հետեւաբար, բոլոր ազդակները առաւել կամ նուազ չափով կ’ազդեն ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան վրայ: Սակայն այդ քաղաքականութեան կիզակէտին սատարող յարաբերութիւններն են որ կը զգենուն առաւելագոյն կշիռը:

«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ