ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՏԱԳՆԱՊԸ` Ի ԽՆԴԻՐ ՆՈՐ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ

Նախագահ Թրամփ տնտեսական յաջողութեան նժոյգին վրայ նստած կ’արշաւէր դէպի նախագահական ընտրութիւն, վստահ ըլլալով որ յաջորդ չորս տարիներն ալ պիտի շարունակէր իշխել Սպիտակ Տան մէջ: Գործազրկութիւնը իջած էր գրեթէ երեք տոկոսի. աննախընթաց վիճակ մը: Արժէթուղթերու շուկան (stock market) անվերջ կը բարձրանար: Ասոնք տնտեսական տուեալներ են որոնք կը կողմնորոշեն քուէարկող քաղաքացիները իրենց ընտրութիւնը կատարելու. եւ Պրն. Թրամփ այդ յաջողութիւնները կը վերագրէր իր անձին եւ վարչակարգին: Այդ տուեալներով ալ ոգեւորուած կը հաւատար որ իր յաղթանակը ապահովուած պիտի ըլլար, մանաւանդ որ դիմացի տեմոքրատ կուսակցութիւնը Ճօ Պայտընէն աւելի ուժական թեկնածու մը չէր կարողացած առաջադրել:

Սակայն, աշխարհ գլխիվայր դարձաւ քորոնա ժահրի համաճարակին պատճառաւ եւ նոյնիսկ ցնցեց Ամերիկայի նման ամրակուռ բերդ մը: Ոչ ոք նախատեսած էր նման համաշխարհային աղէտ մը: 1917ին սպանական համաճարակը 100 միլիոնէ աւելի զոհ արձանագրած էր. սակայն, ան առաւելաբար մնաց Եւրոպայի մէջ: Տարբեր աշխարհամասեր նոյնքան չազդուեցան այդ աղէտէն:

Համաշխարհայնացումը, փոխադրութեան միջոցներու կատարելագործումը եւ մարդկային զանգուածներու առաւել շփումները քորոնա ժահրի համաճարակը տարածեցին ամբողջ երկրագունդին վրայ: Չկայ երկիր մը որ տուժած չըլլայ: Իսկ, ամէնէն սարսափելին այն է որ գալիք օրը մնացած է անորոշ: Ոչ ոք ի վիճակի է գուշակելու թէ ի՞նչ վերապահուած է վաղուան:

Երբ մարդիկ դատապարտուեցան մնալու տուներէ ներս, յանկարծ սառեցաւ տնտեսութիւնը: Ամերիկայի մէջ 50 միլիոն գործազուրկներ մնացին անպաշտպան: Թէեւ Ամերիկա ունի ընկերային ապահովութեան որոշ օրէնքներ եւ համապատասխան հարստութիւն, սակայն այնքան զանգուածային հարուած մը անբաւարար պիտի դարձնէ զանոնք կարճ ժամանակի մէջ:

Տնտեսական ուղենիշներու անկումին հետեւանքով տուժած կը թուի ըլլալ նախագահ Թրամփի վարկանիշը: Կարգ մը հարցախոյզներ մինչեւ տասը կէտի տարբերութիւն կը գտնեն իր եւ իր մրցակիցին միջեւ: Բնականաբար յառաջիկայ չորս ամիսները կրնան շատ բան փոխել, սակայն, առ այժմ կացութիւնը յուսալի չի թուիր նախագահ Թրամփի վերընտրութեան:

Համաճարակը, մարդոց շարժումներու կաշկանդումները եւ անորոշ ապագան հոգեբանական փոփոխութիւններ բերած են զանգուածներուն: Մէկ կողմէ մարդիկ ճակատագրապաշտօրէն սկսան դուրս գալ տուներէն, եւ նախագահ Թրամփ ալ ուզեց տնտեսութիւնը «բանալ», որովհետեւ իր ճակատագիրը կախուած է տնտեսութեան բարելաւումէն, սակայն համաճարակի նոր թափ ստանալը ցոյց տուաւ որ այդ նախաձեռնութիւնները շատ կանուխ առնուած էին: Յուսահատութիւնը կու գայ այն փաստէն որ մարդկութիւնը տակաւին դեղ մը կամ դարման մը չէ գտած համաճարակին: Դեղագործական տասնեակ ընկերութիւններ կ’աշխատին շիճուկի մը պատրաստութեան վրայ: Այդ ճակատին վրայ ալ տակաւին խոստմնալի տուեալներ չեն երեւցած:

Անհամբերութիւնը կարծէք հասած է իր պայթումի աստիճանին: Համաճարակի հետեւանքով այս զարգացումները հասած են տեղ մը ուր գոյութենական հարցադրումներ կը ծագին մարդկութեան դիմաց: Ամէն մարդ համոզուած է թէ համաճարակէն վերջ կեանքը միեւնոյնը պիտի չմնայ: Մարդկային ընկերութիւնը հիմնական փոփոխութիւններու պիտի ենթարկուի: Սկսած են մարդկային արժէքները փոխուիլ ու պիտի շարունակեն դեռ կերպարանափոխուիլ: Չենք գիտեր թէ վաղը ինչպիսի՞ աշխարհի մը մէջ պիտի ապրինք` եթէ ապրինք:

Ամերիկեան ընկերութիւնը երեւեփումի մէջ է: Ընկերային արդարութեան օրէնքները կը փոխուին եւ ցեղապաշտութիւնը կը նահանջէ: Ամերիկայի մէջ խոր արմատներ ունեցած է ցեղապաշտ խտրականութիւնը, մանաւանդ սեւամորթներու նկատմամբ: Անոնք իբրեւ գերիներ բերուած էին Ափրիկէէն իբրեւ աժան աշխատոյժ, յատկապէս հարաւի ցանքերու համար: Քաղաքացիական պատերազմը (1861-65) սկզբունքով վերջ տուաւ գերեվաճառութեան: Սակայն վերջ մը չբերաւ ցեղային խտրականութեան: Պարբերական ըմբոստութիւններով, ցոյցերով եւ այլ արարքներով սեւամորթները յաջողեցան կարգ մը օրէնքներ մտցնել` ջնջելու համար խտրականութիւնը որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր:

Մարթին Լութըր Քինկի մէկ միլիոննոց 1963ի «խաղաղութեան արշաւը» դէպի Ուաշինկթըն շատ բան փոխեց մարդոց մտածումներուն մէջ: 1968ին Շիքակոյի մէջ տեղի ունեցան հսկայ ցոյցեր եւ քանդումներ. ուրիշ հանգրուան մըն ալ հանդիսացաւ Շիքակոն, որուն հետեւանքով նոր օրէնքներ որդեգրուեցան ընկերային արդարութեան:

Ամէն անգամ որ սեւամորթ մը կը սպաննուի կամ խոշտանգումի կ’ենթարկուի` ոստիկանութեան կողմէ ծայր կ’առնեն ցոյցեր: Հետզհետէ այդ ցոյցերուն կը մասնակցին սպիտակամորթները` ընկերային արդարութեան ի խնդիր:

Ամերիկայի մէջ ամէնէն զանգուածային փոքրամասնութիւնը կը ներկայացնեն սպանական ծագում ունեցող (Hispanic) քաղաքացիները որոնք կը կազմեն 18.3 տոկոսը ընդհանուր բնակչութեան. այսինքն` 59.8 միլիոն: Իսկ սեւամորթները կը կազմեն 13 տոկոսը բնակչութեան (38.9 միլիոն), սակայն ըմբոստութիւնները միշտ կը ծրագրուին սեւամորթներու կողմէ, կամ, ի պաշտպանութիւն անոնց:

Ցոյցերը, քանդումները, քաղաքական կոչերը ցարդ կ’ունենային տեղական բնոյթ, ինչպէս պատահեցաւ 1991ին Ռոտնի Քինկի պարագային, երբ ան խոշտանգումի ենթարկուած էր Լոս Անճելըսի ոստիկանութեան կողմէ:

Սակայն այս տարուան Մայիս 25ին Ճորճ Ֆլոյտի սպանութիւնը Մինիափոլիսի ոստիկանութեան կողմէ ծայր տուաւ համազգային ըմբոստութեան: Քիչ անգամ ամբողջ Ամերիկան ոտքի ելած էր մէկ անձի սպանութեան պատճառաւ: Վստահաբար սեւամորթ զոհին անձնական արժանիքները չէին պատճառը այս համատարած պոռթկումին: Ռոտնի Քինկ թմրամոլ մըն էր որ մէկ օրէն միւսը դարձաւ ազգային հերոս: Ինչպէս Ճորճ Ֆլոյտ, նոյնպէս միւս զոհերը ընդհանրապէս ընկերութեան լուսանցքին ինկած անհատներ են, սակայն, իրենց դէմ գործուած ոճիրը կը վերածուի ցեղային խտրականութեան արարք, կը դառնան խորհրդանիշ` զօրաշարժի ենթարկելով զանգուածները:

Ֆլոյտի պարագային, անհամեմատօրէն համատարած պոռթկումը պատահեցաւ, որովհետեւ ինչպէս ըսուեցաւ, ժողովուրդին զայրոյթը հասած էր իր գագաթնակէտին, ընկերութեան մէջ արմատացած ցեղային խտրականութեան դասակարգային բնոյթին պատճառաւ (systemic racism): Թէեւ լոզունգները ընդհանրապէս ուղղուած էին ցեղասպանութեան դէմ, սակայն յստակ էր թէ անոնց մէկ մասը վերապահուած էին նախագահ Թրամփին իր խտրական միտումներուն պատճառով:

Արդէն ընկերային օրէնքները որդեգրուած էին, որոնք կը գործէին ի նպաստ ցեղապաշտութեան զոհերուն. այս անգամ պայքարը վերացական արժէքներու համար էր. միտքերու մէջ արմատական փոփոխութիւն ներարկելու փորձ մըն էր: Եւ այդ փորձին մէջ պարզուեցաւ որ ամերիկեան հասարակութիւնը կը շարունակէ ապրիլ` ապրեցնելով խտրականութեան խորհրդանիշները: Մինչեւ այսօր ալ հարաւի դրօշը (confederate flag) նկատուած է խորհրդանիշ գերեվաճառութեան: Երկար ատեն պայքար տարուեցաւ այդ դրօշը թանգարանի վերապահելու համար: Այս ցոյցերուն առիթով ալ զոհ գնաց Նասքարի (Nascar) խորհրդանիշ դրօշը որ նմանակն էր Հարաւի քոնֆետերէյշնին:

Սակայն, ամէնէն ահաւորն էր արձաններու տապալումը, բոլոր այն նախագահներն ու զինուորականները որոնք սեւամորթներու նկատմամբ նախապաշարում ցոյց տուած էին` զոհ գացին արձաններու կոտորածին: Ուրեմն պայքարը հասած էր միտքերու լուացման: Սակայն ամերիկեան զանգուածը որ խորապէս ծանօթ չէ իր պատմութեան (ինչպէս են եւրոպական երկիրներու քաղաքացիները) թացերուն հետ այրեցին նաեւ չորերը: Մայրաքաղաք Ուաշինկթընի սրտին վրայ (Lincoln memorial) Լինքընի արձանը ներկուելով անճանաչելի դարձաւ Լինքըն, Ամերիկայի 16րդ նախագահը, որ կորով եւ սկզբունքայնութիւն ցուցաբերեց վերջ տալով գերեվաճառութեան: Արդարեւ ինքն էր որ քաղաքացիական պատերազմին պարտութեան մատնեց հարաւը: Նոյն վերաբերումին արժանացաւ 18րդ նախագահին` Եուլիսիս Կրենթի արձանը Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ: Կրենթ եւս կարեկից եղած էր սեւամորթներուն: Այս վերաբերումին պատճառը այն էր որ պոռթկումը տարերային բնոյթ ունէր եւ Մարթին Լութըր Քինկի նման ուսեալ առաջնորդներ չունէր:

Ինչպէս կը տեսնուի` մեր աչքերուն առջեւ կը սրբագրուի Ամերիկայի պատմութիւնը, ու դեռ պիտի շարունակէ սրբագրուիլ` երբեմն արձանագրելով ծայրայեղութիւններ:

Հայաստանի մէջ եւս կատարուեցան ու կը շարունակեն կատարել սրբագրութիւններ, բաւական գիտակից կերպով, որովհետեւ հայ ժողովուրդը կ’ապրի իր պատմութեամբ: Ընդհանրապէս Հայաստանի միջին քաղաքացին աւելի գիտակ է իր ազգի պատմութեան, քան ամերիկացի քաղաքացին, հակառակ որ երկրի ամբողջ կրթական համակարգը կը պարտադրէ ամերիկեան պատմութեան ուսուցումը:

Հայաստանի մէջ ընդվզում եղաւ Անաստաս Միկոյեանի արձանը կանգնեցնելու նախաձեռնութեան դէմ, որովհետեւ ան իր բարձր դիրքով, սովետի նուիրապետութեան մէջ, չըրաւ կամ չկրցաւ ընել այն ինչ Հայտար Ալիեւ ըրած էր Ատրպէյճանի համար: Իսկ Նժդեհի եւ Դրոյի յուշարձաններու կանգնումին պատճառը այն է որ հայերս քիչ մի հիւանդագին աստիճանով կ’ապրինք մեր պատմութեան հետ:

Համաճարակը պատճառ դարձաւ ընկերային ընդվզումներու, յատկապէս Ամերիկայի մէջ ուր հին վէրքեր բացուեցան ու արձաններ գլորեցան:

Եթէ խորհինք այն յեղաշրջումներուն մասին կ’անդրադառնանք թէ մտած ենք դարաշրջանէ մը ներս ուր նոր մտածողութիւն, նոր արժէքներ կը փայլատակեն հորիզոնին վրայ` վաղը դարբնելու համար ընկերութեան կառավարման նոր օրէնքները:

«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ