ԱՄԵՐԻԿԱ ԸՆՏՐԵ՞Ց ԹԷ` ՉԸՆՏՐԵՑ ԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Վերջին չորս տարիներուն ամերիկեան կեանքի բեւեռացումը դրսեւորուեցաւ Նոյեմբեր 3ին կայացած նախագահական ընտրութեան առիթով: Թէեւ Ամերիկայի քաղաքական կեանքին մէջ նոյնքան նշանակալից են Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու Տան ընտրութիւնները, որոնք կը կատարուէին նախագահական ընտրութեան զուգահեռ, անցան գրեթէ աննշմար նախագահական ընտրութեան թոհ ու բոհին մէջ:

Կ’ըսուի թէ պատմականօրէն աննախընթաց եղած է քուէարկութեան մասնակցողներուն թիւը, որովհետեւ այնքան բուռն էր հակամարտութիւնը երկու ճակատներուն միջեւ: Աւելի ճիշդ բնորոշում է ըսել երկու կողմեր փոխան Դեմոկրատ եւ Հանրապետական կուսակցութեանց, որովհետեւ շատ մը հանրապետականներ զօրակցեցան դեմոկրատներու թեկնածու Ճօ Պայտընին, հակադրուելու համար նախագահ Տոնալտ Թրամփի թեկնածութեան:

Այս պահուն երբ կ’արձանագրուին այս տողերը, տակաւին յաղթական կողմ մը չէ յայտնուած, որովհետեւ կը հաշուուին միլիոնաւոր քուէներ: Թէ քուէներու բազմութիւնը եւ թէ քուէարկելու ձեւը պատճառ դարձան ընտրութեան արդիւնքին երկարաձգման: Արդարեւ, Քորոնա համաճարակի պատճառաւ գրեթէ հարիւր միլիոն քուէներ առաքուեցան թղթատարով:

Ամերիկայի մէջ ժողովուրդի քուէն քաղաքական գերագոյն արժէքն է. այսուհանդերձ քուէները հաշուելու կերպը այնքան ալ ժողովրդավար չի թուիր ըլլալ: Ուրեմն, ժողովրդային քուէներու թիւին ետին գոյութիւն ունի նաեւ ընտրողական յանձնաժողով մը (electoral college). իւրաքանչիւր նահանգ տարբեր համեմատութիւններով թիւեր ունի այդ հարթակի վրայ: Նախագահ կ’ընտրուի այն թեկնածուն որ կ’ապահովէ 270 քուէ այդ յանձնաժողովէն (electoral vote): Կրնայ պատահիլ որ թեկնածու մը ապահովէ 270 քուէն սակայն ժողովրդային նուազ քուէներ ստանայ. ան կ’ընտրուի նախագահ, ինչպէս պատահեցաւ 2016ի ընտրութեան երբ Հիլըրի Քլինթըն 3 միլիոն ժողովրդային քուէ աւելի ստացաւ Տանըլտ Թրամփէն, սակայն վերջինս ընտրուեցաւ նախագահ, որովհետեւ ապահոված էր 270 քուէն:

Հաւանաբար մինչեւ մեր այս համարին լոյս ընծայումը կը պարզուի վերջնականապէս յաղթական կողմէ: Սակայն, այժմէն իսկ, երբ տակաւին աւարտած չէ քուէներու հաշուարկումը, պարզ նախատեսումներ կան որ յաղթական պիտի հանդիսանան Ճօ Պայտընն ու Քամելա Հերիսը, իբրեւ նախագահ եւ փոխ նախագահ:

Կողմերու քուէներուն թիւերը շատ մօտ են մասնաւորաբար չորս նահանգներու մէջ. Նեվատա, Ճորճիա, Արիզոնա եւ Փենսիլվանիա, ուր կը թուի թէ պիտի կատարուին քուէներու նոր հաշուարկումներ: Այդ չորս նահանգներէն երեքին մէջ, բացի Փենսիլվանիայէն քուէները առաւելութիւն մը կու տան Պայտընին:

Նախագահ Տանըլտ Թրամփ – որ հաւանաբար պիտի կորսնցնէ ընտրութիւնը – զոհն է Քորոնա համաճարակին: Իր օրով աննախընթաց յաջողութիւն արձանագրած էր տնտեսութիւնը եւ ամէնէն ցած թիւին հասած էր գործազրկութիւնը: Ոչ մէկ փաստ գոյութիւն ունի որ տարբեր նախագահ մը կամ իշխանութիւն մը աւելի յաջող կերպով պիտի կառավարէր երկիրը` համաճարակի պայմաններուն տակ: Սակայն, համաճարակի զսպումին եղանակը անբաւարար նկատուեցաւ դեմոկրատներու կողմէ եւ իբրեւ խաղաքարտ օգտագործուեցաւ նախագահ Թրամփի դէմ, ընտրապայքարի ընթացքին: Նոյնպէս տնտեսական անկումը, որ հետեւանքն էր համաճարակին, փաթթուեցաւ Թրամփի վիզին:

Այս տուեալները բաւական զօրաւոր ազդակներ էին, որ ունեցան ծանր ներազդեցութիւն ընտրապայքարին մէջ:

Նախագահ Թրամփի արտաքին քաղաքականութիւնը եւս չգնահատուեցաւ ըստ արժանւոյն: Ան ամէնէն աղմկալից կերպով կը սպառնար թշնամիներուն. մասնաւորաբար Հիւսիսային Քորէային եւ Իրանին: Ուրիշ ոեւէ նախագահ նման սպառնալիքներէն վերջ, արդէն կը սկսէր պատերազմի, ինչպէս պատահեցաւ Պուշ հայր եւ որդի նախագահներու օրով: Սակայն Թրամփի որոտումէն ետք կարկուտ չտեղաց. այլ` իջաւ խաղաղութիւնը:

Թրամփ նոյնպէս խոստացած էր խուսափիլ անվերջանալի պատերազմներէն: Եւ սկսած էր արդէն զինուորներուն մեծամասնութիւնը հեռացնել Աֆղանիստանէն: Չմոռնանք որ նախագահ Պարաք Օպաման որ այնքան օգտագործած էր Կուանթանամոյի արգելարանը իբրեւ անմարդկային դրութեան վայր, իր ութ տարիներու իշխանութեան օրով չյաջողեցաւ փակել:

Նախագահ Թրամփի իշխանութիւնը սկսած էր իր ոյժերը հեռացնել Թուրքիոյ Ինճիրլիքի ռազմակայանէն եւ որոշած էր այդ ոյժերը փոխադրել յունական կղզիներ կամ Յորդանան: Հիմա կարելի չէ գուշակել թէ Պայտընի իշխանութիւնը քաջութիւնը պիտի ունենա՞յ այդ քաղաքականութիւնը իր լրումին հասցնելու:

Տանըլտ Թրամփ պատմութեան պիտի անցնի իբրեւ ամէնէն գունագեղ նախագահներէն մէկը, յատկապէս իր աննախատեսելի արարքներով եւ պետական դէմքերը անվայել կերպով անարգելով: Օրինակ, Գանատան ամէնէն հաւատարիմ դաշնակիցն է Միացեալ Նահանգներուն, սակայն նախագահ Թրամփ չվարանեցաւ հեգնելու այդ երկրի վարչապետը` Ճասթըն Թրուտոն:

Թրամփի իշխանութիւնը որոշ չափով սկսաւ կիրարկել հին ժամանակուան մեկուսացման Մոնրոյի քաղաքականութիւնը. անսաստելով ՆԱԹՕ-ի պաշտօնակիցները որ աւելի մեծ գումարներով մասնակցին ՆԱԹՕ-ի պիւտճէին: Ան Ամերիկան հեռացուց Փարիզի համաձայնագրէն որ աշխարհը կը պաշտպանէ կենսաոլորտի աղէտներուն դէմ: Նոյնպէս հեռացուց համաշխարհային Առողջապահական կազմակերպութենէն (WHO): Սուր կերպով քննադատեց Օպամայի իշխանութեան օրով առեւտրական համաձայնութիւնները Մեքսիքոյի եւ Գանատայի հետ (NAFTA) սակայն, իր կնքած համաձայնագիրը պարզ տարբերակն էր NAFTA-ին: Ան ամերիկան հրաժարեցուց Իրանի հետ կնքուած հիւլէական համաձայնագրէն (ի հաճոյս Պենճամին Նեթանիահուին) խզուելով միւս պաշտօնակիցներէն որոնք շարունակեցին տէրը կանգնիլ իրենց ստորագրութեան. այդ հրաժարումը նաեւ արտօնեց Իրանին որ շարունակէ հիւլէական ռումբ պատրաստելու իր ծրագիրը:

Ներքին քաղաքականութեան մէջ նախագահ Թրամփ չորս տարիներ ամբողջ քննադատեց նախագահ Օպամայի առողջապահական ծրագիրը (Օպամաքէր), սակայն չյաջողեցաւ զայն նորով մը փոխարինել:

Նախագահ Թրամփի իշխանութիւնը բնապահպանութեան բարեկամ մը չդարձաւ, այլ յեղաշրջեց շատ մը օրէնքներ որոնք սահմանուած էին բնապահպանութեան ու քաջալերեց որ ճարտարարուեստականները անսաստեն այդ օրէնքները:

Թրամփի մնայուն ժառանգութիւններէն մէկը պիտի մնայ Գերագոյն Դատարանի պահպանողական կազմը: Իր օրով բախտը բերաւ, որ այդ դատարանը երեք բացեր ունենայ որոնք համալրուեցան պահպանողական դատաւորներով, որոնք երկար տարիներ պիտի շարունակեն պահել այդ դատարանին պահպանողական ուղեգիծը:

Դեռ երկար պիտի գրուի եւ խօսուի նախագահ Թրամփի անձին ու գործունէութեան մասին: Որովհետեւ ան սովորական նախագահ մը չեղաւ. ունեցաւ ծայրայեղօրէն նուիրուած զանգուած մը եւ նոյնքան բուռն հակառակորդներու խմբաւորում մը:

Ի՞նչ պիտի բերէ նախագահ Ճօ Պայտըն, երբ ընտրուի: Երեւութապէս, աւելի հանդարտութիւն – խորքային կերպով` շատ քիչ տարբերութիւն:

Մինչեւ այս գրութեան լոյս ընծայումը ընթերցողը հաւանաբար պատասխանը կ’ունենայ մեր վերնագրին – Ամերիկա ընտրե՞ց թէ` չընտրեց իր նախագահը:

«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ