ԱՄԵՐԻԿԱ` ՀՐՈՅ ՃԱՐԱԿ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ՄԷՋ

Քորոնավիրուսի համաճարակը եւ անոր գործած աւերածութիւնը երկրագունդի երեսին երկար տարիներու ուսումնասիրութեան նիւթ պիտի հայթայթեն վարակաբաններուն, պատմաբաններուն եւ տնտեսագէտներուն: Աշխարհի ամէնէն յառաջացեալ երկիրը` Միացեալ Նահանգները առաւելագոյն թիւով զոհեր տուաւ համաճարակին եւ դեռ պիտի շարունակէ տալ:

Քանի մը ամսուան մէջ Ամերիկայի հզօր տնտեսութիւնը գրեթէ տապալեցաւ իր ամէնէն կատարելագործուած հանգրուանին: Նախագահ Թրամփ արդարօրէն կը հպարտանար որ իր իշխանութեան օրով գործազրկութիւնը իջած էր ամէնէն բարենպաստ վիճակին, չըսելու համար որ համարեա անհետացած էր ան: Սակայն, համաճարակի հարուածով տնտեսութիւնը տապալեցաւ թաւալգլոր` արձանագրելով շուրջ 20 տոկոսի գործազրկութեան չափանիշ մը:

Համաճարակի սահմանափակումները անդամալուծեցին ամբողջ բնակչութիւնը. կացութիւն մը որուն վարժուած չէ Ամերիկայի ժողովուրդը: Գործազրկութիւնը, տնտեսական վերիվայրումները առաւել կամ նուազ չափով ճակատագրին մաս կը կազմեն շատ մը երկիրներուն: Ամերիկացի ժողովուրդը միշտ վարժուած է բարօր կեցութեան, ու փոքր զրկանք մը կրնայ պատճառ դառնալ ընկերային ցնցիչ ալեկոծումներու: Հին սերունդը տակաւին սարսափով կը յիշէ 1933ի տնտեսական տագնապը (Depression) երբ իրենց դրամագլուխը կորսնցուցած դրամատէրեր պատշգամներէն վար ցատկելով անձնասպան եղած էին:

Այսպիսի իրավիճակով եւ հոգեվիճակով ժողովուրդի մը համար դժուար ըմբռնելի կը մնան աշխարհի այլ երկիրներուն մէջ տիրող աղքատութիւնը, սովը, հիւանդութիւններն ու յուսահատութիւնը:

Համաճարակին ինքնութիւնն ու տարողութիւնը դեռ կը մնան քննելի: Սակայն ամերիկացի ժողովուրդին համբերութիւնը հատած կը թուի: Ժողովուրդին անհամբերութիւնը սկսած է շահագործուիլ նախագահ Թրամփի կողմէ, որովհետեւ Նոյեմբերին կայանալիք նախագահական ընտրութեան ելքը մեծապէս կախեալ է տնտեսութեան վիճակէն: Ուոլ Սթրիթը գլուխը առած վազքի մէջ էր. տնտեսական չափանիշները ամբողջութեամբ ուղղուած էին դէպի լաւատեսութիւն. եւ նախագահ Թրամփ կը հաւատար որ այդպիսի բարօր տնտեսութեամբ իր յաղթանակը ապահովուած պիտի սեպուէր: Եւ այսօր նախագահին աճապարանքը պայմանաւորուած է ընտրութեան հաշիւներով. իսկ ժողովուրդն ալ անորոշութեան մէջ, շուարումի մատնուած, կ’ուզէր բանալ տնտեսութիւնը, արհամարհելով համաճարակի վտանգները:

Սակայն, ժողովուրդին ընդվզումը պայթեցաւ այլ պատճառաւ եւ այլ տեղէ եւ համակեց երկիրը ըմբոստական ցոյցերով, քանդումներով, հրկիզումներով եւ բազմիմաստ կոչերով: Մէկ օրէն միւսը համաճարակի ճիրաններուն մէջ տուայտող Ամերիկան հրոյ ճարակ դարձաւ: Առ այսօր կը շարունակուին ցոյցերը` անելի մատնելով կառավարութիւնը: Ոստիկանութիւնը, Ազգային կայազօրքը (National Guard) անզօր կը թուին ըլլալ կասեցնելու ցոյցերն ու ըմբոստութիւնը. այն աստիճան որ նախագահը կը սպառնայ բանակը իջեցնել ըմբոստացող քաղաքացիներուն դէմ, մինչ իրաւագէտներ ու քաղաքագէտներ կը զգուշացնեն նախագահը որ այդպիսի լիազօրութիւն մը չունի:

Այս համաժողովրդական պայթումը կը յայտնաբերէ երկու գլխաւոր խնդիր. առաջինը` լրատու միջոցներու եւ ընկերային ցանցերու անկապտելի հզօրութիւնը եւ երկրորդը` Ամերիկայի չլուծուած ընկերային մէկ խնդիրը` լուռ ցեղապաշտութիւնը:

Այսօր լրատուութեան մենաշնորհը եւ գաղափարներ կաղապարելու հնարաւորութիւնը դուրս են եկած պետութիւններու հակակշիռէն եւ վտանգաւոր կերպով ենթակայ են սադրանքներու:

Այն ինչ որ կը սարքեն մեծ պետութիւնները փոքր երկիրներու գլխուն, այդ միեւնոյն խաղը Կէօթէի աշկերտին անճարակութեան նման իր կամքին տակ առած է նոյնինքն կախարդը:

Մինչեւ դեռ երէկ, մեծ պետութիւնները, կամ անոնց ենթակայ սպասարկութիւններ, ընկերային ցանցերը զօրաշարժի ենթարկելով, կը տապալէին փոքր երկիրներու իշխանութիւնները, որոնց ճարտարագիտական հնարքները ետ կը մնան մեծ պետութիւններէն: Այս կերպով, դուրսէն աշխատելով հանրային կարծիք կը ձեւաւորեն մեծերը եւ փոքր երկիրներուն ժողովրդավարութիւն բերելու ընդունելի պատրուակով կը տապալեն օրուան իշխանութիւնները: Ամբողջ աշխարհի առջեւ այդպէս տապալեցաւ Ուքրանիոյ կառավարութիւնը գունաւոր յեղափոխութեամբ: Նոյնպէս` Վրաստանի իշխանութիւնը` վարդերու յեղափոխութեամբ: Ոմանք նոյնիսկ յանգիտութիւններ կ’ուզեն տեսնել Հայաստանի թաւշեայ յեղափոխութեան եւ վերոյիշեալ պարագաներուն միջեւ:

Երբ Փութին արգիլեց այդպիսի սպասարկութեանց գործունէութիւնը Ռուսաստանի մէջ, ամբաստանուեցաւ որ ան դէմ կը կանգնի ժողովրդավարութեան զարգացման:

Ուրեմն, ինչպէս կը տեսնուի` այն խաղը որ մեծերը կը սարքեն փոքրերու գլխուն, վերադարձած է եւ կը հարուածէ նոյնինքն այդ մեծերը:

Այս երեւոյթը կը պարզուի այն պոռթկումով, որ դրսեւորուեցաւ Ամերիկայի մէջ, ուր ոչ կոչեր հնչեցին մամուլի եւ հեռուստացոյցի միջոցաւ ոչ ալ կոչեր արձակուեցան կուսակցական պետերէ: Ընկերային ցանցերը արդէն զօրաշարժի ենթարկած էին ժողովրդային զանգուածներու տրամադրութիւնները եւ կը սպասէին միայն կայծի մը` պայթելու համար:

Եւ այդ կայծը հանդիսացաւ սեւամորթ Ճորճ Ֆլոյտի խեղդամահութիւնը, սպիտակ ոստիկաններու ձեռքով:

Այս ձեւով ալ կափարիչը կը բացուի երկրորդ երեւոյթին վրայ. եւ կը բացուի շատ լայն կերպով:

Ամերիկայի մէջ ցեղային խտրականութեան խնդիրը ընկերային ախտերէն մէկը հանդիսացած է գերեվաճառութեան օրերէն մինչեւ այսօր:

Ամերիկայի քաղաքացիական պատերազմը (Civil War) որ տեւեց 1861էն 65, արգիլելու համար գերեվաճառութիւնը, չկրցաւ լուծել ցեղային խտրականութիւնը: Անհաւասարութիւնը, խտրականութիւնը, անարգանքը սեւերու նկատմամբ շարունակեցին իրենց տիրապետութիւնը հասարակութեան մէջ, յաճախ ըմբոստութիւններ եւ արիւնալի բախումներ յառաջացնելով երկրին մէջ, մինչեւ որ 1964ին ամերիկեան Քոնկրէսը որդեգրեց Ընկերային Իրաւանց օրէնքը (Civil Rights law): Բայց մէկ հարց է օրէնքը արձանագրել գիրքերու մէջ սակայն այլ հարց` հասարակութեան վերաբերումը, որուն հետեւանքով ալ սեւամորթները կը շարունակեն մնալ աղքատներու դասակարգին մէջ:

Մանաւանդ վերջին յիսուն տարիներուն Ամերիկայի մէջ ունեւորներու եւ աղքատներու միջեւ գոյութիւն ունեցող անջրպետը աւելի լայնցաւ եւ բնականաբար սեւամորթները առաւել չափով մնացին չքաւորներու շարքին:

Սեւերը կը կազմեն Ամերիկայի բնակչութեան 14 տոկոսը (42 միլիոն), սակայն բանտարկեալներու 60 տոկոսը: Բանտարկեալները, բնականաբար, հրեշտակներ չեն, սակայն զոհն են իրենց ընկերային կեցութեան – սնունդի եւ դաստիարակութեան պակաս, առողջապահական միջոցներու բացակայութիւն, ընտանիքներու քայքայում եւայլն:

Այնպէս որ դժգոհութեան ալիքը բարձրացած կը սպասէր պայթումի մը. եւ այդ պայթումը յառաջացաւ Ճորճ Ֆլոյտի սպաննութեամբ. անոր արտաբերած վերջին խօսքերը եղան` «Չեմ կրնար շնչել». եւ այդ բառերը դարձան կարգախօս ցուցարարներուն: Սեւամորթներուն միացան նաեւ ընկերային արդարութեան ու հաւասարութեան հաւատացող այլ սպիտակներ եւս եւ ամբողջ երկիրը բռնկեցաւ ցոյցերով, քանդումով, կողոպուտով: Կողոպուտները, բնականաբար չէին թելադրուած ազնուական նպատակներէ, այլ, խուլիգաններ առիթը գտած էին չարաշահելու խառնաշփոթութիւնը:

Ամերիկայէն դուրս գտնուող մարդիկ գուցէ զարմանան թէ ինչպէս մէկ անձի սպանութիւնը կրնայ այդքան ընդվզում յառաջացնել, երբ Իրաքի մէջ մէկ միլիոնէ աւելի քաղաքացիներուն մահը հաշուի անգամ չառնուեցաւ: Անոնք զոհն էին Պուշ-Չէինի քաղաքական զոյգին ռազմամոլութեան ինչպէս Սուրիոյ եւ Լիպիոյ միլիոնաւոր կորուստները զոհերը դարձան Տիկին Հիլըրի Քլինթընին: Այս վերջինը, իբրեւ պետական քարտուղար հրահրեց այդ կայուն երկիրներու պատերազմները եւ Wikileaks-ի գաղտնազերծած հեռագիրներէն մէկուն մէջ Տիկին Քլինթըն կ’ըսէ. «Կործանենք Սուրիան, Իսրայէլի համար»:

Այո, Ամերիկայի սովորական քաղաքացիին համար նշանակութիւն չունին այս թիւերը, որովհետեւ անոնք լուր չունին որ իրենց կառավարութիւնը, իրենց անունով եւ իրենց տուրքերու հաշւոյն ինչպիսի աղէտներ կը տեղայ այլ երկիրներու գլխուն:

Ամերիկայի մէջ ընկերային հաւասարութեան պայքարը երկար ճամբայ կտրեց եւ այդ ճամբուն վրայ տուաւ զոհեր ու նահատակներ ինչպէս Մարթին Լութըր Քինկ, Մելքըմ Էքս,Մետկըր Էվըրզ եւ ուրիշներ. այսուհանդերձ կը շարունակուի անհաւասարութիւնը: Այս ցոյցերուն առիթով բազում մեկնաբանութիւններ եղան. նախկին նախագահ Պարաք Օպամա ըսաւ. «Մենք պէտք է յիշենք որ միլիոնաւոր ամերիկացիներուն համար ցեղային խտրականութիւնը կը շարունակէ «բնական» երեւոյթ ըլլալ` ողբերգականօրէն, ցաւալիօրէն, խենթացնելու աստիճան»:

Օրուան նախագահը` Տանըլտ Թրամփ շարունակեց իր բարեացակամ վերաբերումը ցեղապաշտներուն նկատմամբ, քանի մը աւուր պատշաճի խօսքեր շռայլելէ ետք Ճորճ Ֆլոյտի ընտանիքին:

Ցոյցերը կը շարունակուին տակաւին ամբողջ Ամերիկայի տարածքին. քանդումները կարծէք հակակշռուած են արդէն. ըմբոստութիւնն ու տողանցքներն ալ ստացած են գաղափարական բնոյթ, քիչ մը խառնաշփոթ կերպով: Բայց մէկ պատգամ որ ունին այս պոռթկումները այն է թէ ընկերային անհաւասարութիւնը կը շարունակէ աւերներ գործել երկրին մէջ:

Երբ փշրուած ապակիները նորոգուին, երբ մոխիրները մաքրուին, երբ ցոյցերը դադրին եւ ամերիկացիք վերադառնան առօրեային, ամբողջ երկիրը պիտի նստի հաշուեյարդարի մը, հաստատելու համար թէ ի՛նչ պատահեցաւ եւ ի՛նչ դասեր կարելի է քաղել ընկերային շարժումի այս հսկայ հեղեղէն:

«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ