Խմբագրական
Ամէն բաժանում եւ հակամարտութիւն անտեսելով քորոնա վիրուսի համաճարակը կը հարուածէ ազգերն ու համայն մարդկութիւնը, իր անտեսանելի եւ իր անպարտելի զէնքերով: Այս պայմաններուն ներքեւ երբ ճակատումը համաճարակի եւ մարդկութեան միջեւ է` անհեթեթ եւ անիմաստ կը դառնան մարդոց եւ պետութեանց միջեւ գոյութիւն ունեցող ճակատումները: Գերագոյն իմաստութիւնը կը պահանջէ ոյժերը լարել. համախմբուիլ ու մարտնչել համաճարակին դէմ: Օրակարգը` վերապրումն է:
Երբ պետական յեղաշրջում մը կը կատարուի երկրի մը մէջ` շարունակւող պայքարները, վրէժխնդրութիւնները հասարակութեան մէջ արգելք կը դառնան կայուն քաղաքական իրավիճակի մը կայացման եւ այդ կերպով ալ կ’արգիլուի նոյնինքն յեղափոխութեան նպատակներուն իրագործումը:
Այս սիւնակներուն մէջ քանիցս անդրադարձած ենք Հարաւային Ափրիկէի պարագային ուր Աֆրիքան ցեղապաշտներ ստեղծած էին ՙափարթայտ՚ դրութիւնը իրաւազրկելով սեւամորթ մեծամասնութիւնը: Երբ ամբողջ աշխարհի ճնշումով տապալեցաւ այդ անջատողական դրութիւնը` բնական էր որ սեւամորթ մեծամասնութիւնը սնուցանէր վրէժխնդրական տրամադրութիւններ. սակայն, պետականօրէն մտածող քաղաքական դէմքեր առաջադրեցին կազմել Իրականութեան եւ Հաշտութեան յանձնախումբեր (Truth and Reconciliation Committee) կանխելու համար վրէժխնդրական անսանձ արարքները, ոյժերը կեդրոնացնելով պետականաշինութեան շուրջ: Մինչդեռ հարեւան Զիմպապուէի (Ռոտեզիա) երբ իշխանութեան գլուխ եկաւ երիտասարդ, իտէալապաշտ Ռոպերթ Մուկապէն, ուրացաւ սպիտակամորթ կալուածատէրերու հետ իր կնքած պայմանագիրները եւ երկիրը առաջնորդեց սնանկացման:
Մեր պատմութեան մէջ եւս գոյութիւն ունին համերաշխութեան փորձի նախընթացներ, դժբախտաբար ոչ ցանկալի արդիւնքներով: Այսպէս, երբ հռչակուեցաւ հայկական անկախ պետութիւնը 1918ին, տիրապետող ոյժը Դաշնակցութիւնն էր. սակայն պետական լուրջ դէմքերով օժտուած Ժողովրդական կուսակցութիւնը իր ուժերն ու նիւթական հնարաւորութիւնները տրամադրեց նոր կազմուող պետութեան: Երբ, 1919ին պետութիւնը դարձաւ միակուսակցական իշխանութիւն եւ լուսանցքի վրայ մնացին Էնֆիէճեաններու, Պապաջանեաններու, Յարութիւնեաններու նման պայծառ դէմքեր: Հակառակ այդ իրողութեան ժողովրդականները շարունակեցին սատարել պետականութեան, քաջալերելով նաեւ սփիւռքի իրենց գործակիցները – վերակազմեալներն ու ռամկավարները թիկունք կանգնելու նորակազմ երկրին. Խատիսեանի հանգանակութեան առաքելութիւնը Կ. Պոլիս եւ Աղեքսանդրիա, ինչպէս նաեւ 20 ռազմական օդանաւերու գնումը օրինակներ են այդ շարժումին:
Սակայն, այս անգամ ալ, համաճարակի փոխարէն պոլշեւիկները եկան ամէն քաղաքական տարանջատում անիմաստ դարձնելու:
Ահաւասիկ, շուրջ երկու տարիներէ ի վեր Հայաստանի մէջ իշխանութեան եկած է երիտասարդ եւ ուժական պետական նոր կազմ մը: Շատ հասկնալի է դառնութիւնը նախկին իշխանաւորներուն եւ վրէժխնդրութեան դիմելու ձգտումը:
Սակայն, որպէսզի յեղափոխութիւնը կարենայ կենսագործել իր նպատակները, անհրաժեշտ է որ կայունութիւն ստեղծուի հասարակութեան մօտ:
Յեղափոխութեան առաջնորդը` Նիկոլ Փաշինեան, իշխանութեան գլուխը անցնելէ վերջ, շատ շուտ անդրադարձաւ ընդդիմութեան պարիքատներու ետին գործելն ու երկիր կառավարելը տարբեր բաներ են: Արդէն համարեա, գլխիվայր շրջած է իր հակառուսական ելոյթները նոյնպէս, իբրեւ համարատու եւրոպական կառոյցներուն կը փորձէ երկրին ներքին փոփոխութիւնները իրագործել օրինական ճամբով:
Սակայն, այն զանգուածը որ ինք ոտքի հանած էր յեղափոխութիւնը իրականացնելու` կը շարունակէ նոյն ծայրայեղ տրամադրութիւններով գործել: Այս վերջնոյն համար կարծէք երկրորդական դարձած է ընթացքի մէջ եղող պետականութեան ամրապնդումը, եւ կը շարունակէ հաճոյանալ Ռոպերտ Քոչարեանի բանտարկութեամբ եւ դատավարութեամբ եւ Սերժ Սարգսեանի երկօրեայ պատերազմի Փաստահաւաք Յանձնաժողովի հարցաքննութեամբ:
Միւս կողմէ նախորդ իշխանութեան գլխաւոր դէմքերը, իրենց դիզած հսկայ հնարաւորութիւններով տէր դարձած են հզօր լրատուամիջոցներու` հանրութեան մօտ կասկած եւ անվստահութիւն յառաջացնելու նոր իշխանութեան դէմ. իշխանութիւն` որ օժտուած է երիտասարդ, աշխարհ տեսած ոյժերով, որ սակայն կարիքն ունի պետական փորձի, հակամէտ է սխալներ թոյլ տալու, իր արտորանքին մէջ:
Այլապէս ալ Հայաստան ներքին անդորրութեան եւ ոյժերու լարումի կարիքը ունի իր նոր պետութիւնը կերտելու, Ատրպէյճանի սադրանքներու դիմակայելու եւ այլ մարտահրաւէրներու պատասխանելու. սակայն ահա կը հասնի համաճարակը ամէն ինչ ստուերելու: Այս պայմաններու ներքեւ հին մտածողութեամբ գործելը ամէնէն վտանգաւոր ընթացքն է: Սակայն, կը տեսնենք թէ բեւեռացումները կը շարունակուին միեւնոյն թափով` կենսական գործարքները երկրորդական գիծի վրայ թողելով:
Կացութիւնը ճգնաժամային է, եւ պետական հասուն դէմքերու ձայնը լսելի դարձնելու ժամանակն է:
2016ին, Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի օրերուն, երբ նման ճգնաժամային իրավիճակ մը ստեղծուած էր` երկրի առաջին նախագահը` Լեւոն Տէր Պետրոսեան հանդէս եկաւ կոչ ընելով այդ ճգնաժամային պահուն համախմբուիլ պետութեան շուրջ եւ ոյժերը լարել թշնամիին դէմ: Վստահաբար այդ կոչը թելադրուած չէր Տէր Պետրոսեանի ունեցած համակրանքէն … Սերժ Սարգսեանին նկատմամբ:
Այսօրուան ճգնաժամային պայմաններէն ելլելով` դարձեալ հրապարակ ելած է Տէր Պետրոսեան, որ հակամէտ է երկար շրջաններ լուռ մնալու զարգացող քաղաքական երեւոյթներուն դիմաց:
Տէր Պետրոսեանի կոչը կը սկսի հետեւեալ բնաբանով – ՙՊատերազմների ժամանակ, ներքաղաքական պայքարները, գրուած թէ չգրուած օրէնքներով սառեցւում են` հնարաւորութիւն տալով իշխանութիւններին կեդրոնանալու բացառապէս իրավիճակի վերահսկողութեան եւ յաղթահարման վրայ՚:
Այս կոչը իր ընծայաբերած պատգամով միայն պիտի դատուէր եւ ոչ անպայման պատգամաբերին նկատմամբ տածուած դրական կամ բացասական վերաբերումով: Սակայն, նախ անդրադառնանք պատգամի բովանդակութեան: Արդ, պատգամը կ’առաջնորդէ`
- Կատարել պարետի հրահանգները,
- Դադրեցնել իշխանութիւններու նկատմամբ անվստահութիւն եւ ատելութիւն սերմանելու քարոզչութիւնը,
- Հակավարակային միջոցառումներն ու անոնցմէ ծագած խնդիրները հասցէագրել բուն տէրերուն եւ ոչ թէ հրապարակային վէճի նիւթ դարձնել:
Եւ որպէսզի իր պատգամը ունենայ հաւասարակշռեալ բնոյթ` միւս կողմէ կ’առաջարկէ`
- Սառեցնել Ապրիլեան պատերազմի հանգամանքներու յետաքննութեան սահմանուած խորհըրդարանական Յանձնաժողովի աշխատանքները:
Ի դէպ յայտնենք որ այս Յանձնաժողովի առաջին վկայութիւն տալու հրաւիրուած են Զօր. Եուրի Խաչատուրովն ու նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Առաջինը մերժած է ներկայանալ, իսկ երկրորդը` համաձայնած է որոշ պայմաններով:
- Վերջ տալ Արցախի ընտրութեանց քննարկման եւ շուտափոյթ կազմել նոր կառավարութիւնը:
- ՙՅուսալ որ Հայաստանի երկրորդ եւ երրորդ նախագահներն իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող լրամիջոցներին կը կարգադրեն անմիջապէս դադարեցնել իշխանութիւնների դէմ վերջիններին կատաղի պայքարը եւ այդ ու չեն կորցնի պետական այրի վայել վարք դրսեւորելու պատեհութիւնից՚: Այս հատուածին ծանրութեան կեդրոնը վերջին նախադասութեան մէջ է:
Անկախ եւ անկաշառ կերպով քննելու համար այս պատգամը, եւ նոյնիսկ զայն դիտելով տարբեր երկրի մը պայմաններուն տակ պէտք է ըսել թէ պատգամին մասին կատարուած թեր ու դէմ արձագանգները պիտի գան սահմանել տուեալ հասարակութեան քաղաքական հասունութիւնը:
Սակայն, հետեւելով հայաստանեան լրամիջոցներուն եւ պաշտօնական շրջանակներու արձագանգներուն, կրնանք հետեւցնել որ այս պատգամի նկատմամբ գոյութիւն չունի հաւասարակշռեալ վերաբերում: Այլ պատգամը եկած է միայն բացայայտելու գոյութիւն ունեցող բեւեռացումները:
Այս բնաւորութիւնը մեր ժողովուրդին յատուկ երեւոյթ մըն է, որ յաճախ, պատմական պահերու պատճառ դարձած է ճակատագրական կորուստներու:
Ցաւալի է որ նոյնիսկ ներկայի ծանր պայմաններուն տակ գերակշիռ են կիրքերն ու ճակատումը շարունակելու տրամադրութիւնները:
Միայն ափսոսանքով կարելի է անդրադառնալ Տէր Պետրոսեանի եզրափակիչ լաւատեսութեան որ կ’ըսէ – ՙԵս հաւատում եմ մեր ժողովրդի ողջախոհութեանը եւ փորձութեան ժամին բազմիցս դրսեւորած համախմբուելու ունակութեանը՚:
Տէր Պետրոսեանի պատգամը փոխանակ խոհականութիւն եւ հաւասարակշռութիւն յառաջացնելու` կարծէք աւելի բորբոքած է կիրքերը: Ոմանք ալ առիթը գտած են դրսեւորելու Տէր Պետրոսեանի անձին դէմ ունեցած իրեն բացասական վերաբերումը:
Այդ արձագանգներուն մէջ կ’արժէ լսել բազմահմուտ վերլուծաբան Լեւոն Շիրինեանի թնդանօթաձգութիւնը Տէր Պետրոսեանի դէմ եւ ՙհունից դուրս՚ մեկնաբանութիւնները: Շիրինեանը, անշուշտ, յեղափոխութեան ամէնէն յեղափոխական մեկնաբաններէն է: Իսկ հիներու շեփորահար Արմէն Աշոտեանի մեկնաբանութիւնները նուազ կողմնակալ չեն քան Շիրինեանի արտայայտութիւնները:
Նոյնիսկ նախկին լեւոնական Անդրանիկ Քոչարեան հեգնանքով դիմաւորած է իր վարպետին ելոյթը: Անդրանիկ Քոչարեան նախագահն է խորհրդարանական այն յանձնաժողովին որ պիտի քննարկէ Ապրիլեան պատերազմի տուեալները: Սերժ Սարգսեանի գրասենեակը նաեւ պետական շրջանակները դէմ արտայայտուած են Տէր Պետրոսեանի նախաձեռնութեան:
Պիտի ուզէինք բաժնած ըլլալ Տէր Պետրոսեանի լաւատեսութիւնը. սակայն իր պատգամին արձագանգները շատ հեռու են ներշնչելէ այդ լաւատեսութիւնը:
Այս ժողովուրդը Եղեռնէն, պատերազմէն եւ համաճարակներէն վերջ` քանի՞ ուրիշ աղէտի պէտք է հանդիպի որ խելամտի: Ու դարձեալ կրկնենք` Արդեօք ժամանակը հասած չէ՞ազգային համերաշխութեան:
«Պայքար» շաբաթաթերթ