ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ ՅԱՆԿԱՐԾ ԹԱՆԿԱԳԻՆ ԳԱՆՁ

Արեւմտահայերէնը տէր ու տեղ չունի Հայաստանի մէջ. չունի տէր նաեւ Սփիւռքի մէջ, զանգուածին այլուրացումով, դպրոցներու խաւարումով եւ ընդհանրապէս այդ զանգուածներուն ապամշակութացումով (acculturation):

Լեզուն արժէք մըն է առանձինն, բայց նաեւ՝ բանալին աւելի սուղ գանձերու, այդ լեզուով ստեղծագործուած գրականութեան եւ իմաստասիրական նկրտումներուն:

Այս էջերուն մէջ քանիցս փորձուած է ներկայացնել արեւելահայ-արեւմտահայ լեզուներու եւ զանգուածներու բնութագիրը՝ մէջբերելով Պերնարտ Շոյի մէկ դիպուկ պատկերացումը որ կ’ըսէ.- «Անգլիացիներն ու ամերիկացիները միեւնոյն ազգն են՝ բաժնուած միեւնոյն լեզուով». Այսինքն, ճիշդ այնպէս ինչպէս որ են իրար նկատմամբ արեւելահայերէնն ու արեւմտահայերէնը, իրենց համապատասխան զանգուածներով:

Անշուշտ սրտապատառ երեւոյթներ են արեւմտահայերէնի անկումն ու կորուստի հեռանկարներ. Եւ մղուած այդ հեռանկարներու սարսափէն կը կատարուին  կարգ մը փորձեր՝ կասեցնելու այդ անկումը եւ հեռացնելու կորուստի հաւանականութիւնը: Սակայն, տակաւին յայտնի չէ թէ ինչպիսի տրամաբանութեամբ եւ գիտական մօտեցումով կը կազմակերպուին ու կը գործադրուին այդ ծրագիրները, կարենալ խորաչափելու համար անոնց յաջողութեան հաւանականութիւնները:

Մեզի համար հայ լեզուն դաւանանքի եւ զգացական ապրումներու գործօն մըն է եւ այդ պատճառաւ ալ կը տագնապինք անոր խաթարման ու կորուստին հաւանականութեամբ: Սակայն, զգացումի գործօնէն անկախ, զուտ գիտական եւ ազգագրական մտահոգութիւններով օտարներ իսկ տագնապած են արեւմտահայերէնի ճակատագրով. ատոր փաստը ունեցանք երբ UNESCO-ն արեւմտահայերէնը դասեց իբրեւ կորստեան դատապարտուած լեզու. մեր սեփական զաւակը օտարներն ալ մտահոգեց որ օգնութեան ձեռք երկարեցին: Նոյնպէս Եւրոպական Միութիւնը միեւնոյն մտահոգութիւններով ընդունեց զայն իբրեւ պաշտպանելի լեզուներէն մէկը. սակայն ո՞ր օճախին, ո՞ր հնոցին մէջ պիտի պաշտպանուէր այդ լեզուն Եւրոպական Միութեան եւ միակ բնական օճախը կրնար դառնալ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը եւ այդ կերպով կրնար արեւմտահայերէնը վայելել համապետական պաշտպանութիւն եւ բնականաբար՝ անհրաժեշտ ֆինանսաւորում: Սակայն դիւանագիտական սին յաւակնութիւններով փակուեցաւ Մելգոնեանը եւ գործուեցաւ ազգային դաւադրութիւն մը: Ալ ինչո՞ւ բնովենք թուրքերը որոնց մեղքերուն շարքին էր հայերէն լեզուի հանդէպ թշնամութիւնը: Այո, ինչո՜ւ մեղադրել թուրքը որ Ատանայի մէջ, Տիլ Թեփէ կոչուած բարձրունքին վրայ, կը կտրէր լեզուները այն հայերուն, որոնք կը փորձէին հայերէն խօսիլ: Պատասխանատուները օր մը պիտի առերեսուին պատմութեան հետ:

Մղձաւանջային հեռանկար մը ճակատագրուած է արեւմտահայերէնին, սփիւռքի մէջ, տարբեր պատճառով մը եւս. արդարեւ, երբ արեւմտահայերէնը կը նահանջէ՝ հայրենաբնակ զանգուածներու հաստատումովը արեւմտեան  երկիրներու մէջ, արեւելահայերէնը տակաւ կը դառնայ «պետական լեզու» նաեւ սփիւռքի մէջ: Արդէն քաղաքական մեկնաբանութիւններու եւ պատկերացումներու մէջ յանկարծ սփիւռքը արեւելահայերէն սկսաւ խօսիլ: Այս պատկերը պարզուեցաւ մասնաւորաբար այն օրերուն երբ թաւշեայ յեղափոխութիւնը ծաւալ ստացաւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ. ամէն անգամ որ Հայաստանէն տեսերիզներ սփռուեցան աշխարհի տարածքին «սփիւռքը ոտքի կանգնած է» ըսելով, տեսաերիզները անխուսափելիօրէն խօսեցան արեւելահայերէն:

Ի դէպ, Հայաստանի սահմանադրութիւնը կը հաստատէ որ երկրի պետական լեզուն հայերէնն է. սակայն, ոչ ոք բնորոշած է (եւ աւելի լաւ է որ չբնորոշուի) թէ արեւմտահայերէ՞նն է պետական լեզուն, թէ արեւելահայերէնը, որովհետեւ, ամէն հատուած իր միտքին եւ համոզման մէջ բնորոշած է արդէն: Հայ լեզուի եւ հայ լեզուաբանութեան ճարտարապետը Հրաչեայ Աճառեան հարց կու տար արդարացիօրէն թէ ինչո՞ւ արեւելահայերը հասկնար մեր լեզուն երբ մենք այնքան դիւրութեամբ կը հասկնանք իրենց լեզուն:

Տակաւին կանուխ է քաղաքական արժեւորումը կատարել թաւշեայ յեղափոխութեան. Սակայն, պարզ դարձած է արդէն, որ կաշկանդումներէ ձերբազատ՝ արժէքներուն նայելու նոր մօտեցում մը դրսեւորուած է արդէն: Արդարեւ, Ազգային Ժողովին փոխ-նախագահ Ալէն Սիմոնեան քաղաքական հարթակի վրայ դրաւ երկրին պետական հիմնը փոխելու փշոտ հարցը, գիտնալով հանդերձ որ այնքան քաղաքականացուած եւ կուսակցականացուած է այդ խնդիրը:

Այս օրերուն ուրիշ համարձակ քայլով մը հանդէս կու գայ Ազգային Ժողովի ուրիշ մէկ երիտասարդ անդամը յանձին Նարինէ Թուխիկեանի որ պատգամաւոր մըն է «Իմ քայլը» խմբակցութենէն: Ան առաջադրած է՝ «Պատրաստւում եմ հանդէս գալ արեւմտահայերէնի մասին օրէնսդրական նախաձեռնութեամբ: Արեւմտահայերէնը UNESCO-ն ճանչցել է որպէս վտանգուած լեզու. ես կարծում եմ, որ Հայաստանն է արեւմտահայերէնի պահպանման ու տարածման երաշխաւորողը, ոչ թէ սփիւռքը: Մենք ունենք պետութիւնը, որ պարտաւոր է իր մշակութային գանձերը պաշտպանել իսկ ամենամեծ եւ ամենաթանկագին գանձը լեզուն է»:

Իսկապէս, աղէտը այնքան է սարսափելի եւ հեռանկարը այնքան վհատելի որ սփիւռքի կիսամիջոցները ալ անբաւարար չեն գահավիժումը կասեցնելու. պետական միջոցներ են հարկաւոր զանգուածային դաստիարակութեան համար: Պետական միջոցներ՝ հայրենիքի մէջ եւ պետական միջոցներ՝ Եւրոպական Միութեան մէջ եթէ հնարաւորութիւն դառնար (կամ՝ դառնայ) արեւմտահայերէնի փրկագործութիւնը:

Ինչպէս նշուեցաւ վերեւը, լեզուն ինքնին գործօն մըն է որ պէտք է պահպանուի առողջ վիճակին մէջ, սակայն այդ լեզուով ստեղծագործուած արժէքները աւելի եւս կը պաշտպանեն ու կը շեշտեն լեզուն կենդանի պահելու պահանջը: Պատգամաւորը անդրադառնալով այդ արժէքներուն, կ’աւելցնէ, իր հարցազրոյցին մէջ. «Չմոռնանք, որ արեւմտահայերէնով հրաշալի գրականութիւն կայ, որը եթէ լեզուն կորցնում ենք, կորցնում ենք նաեւ այդ գրականութիւնը վայելելու հնարաւորութիւնը»:

Մտադրութիւնը եւ մտածողութիւնը ուղիղ եւ կառուցողական ընթացքի մը մէջ է. մինչեւ այսօր երբ խօսք դառնար Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէն սորվելու կամ լեզուին այդ ճիւղը փրկելու՝ յանկարծ կը լարուէին առճակատումի տրամադրութիւնները, կարծէք արեւմտահայերէնը պիտի պաշտպանուէր ի հաշիւ արեւելահայերէնի այստեղ սակայն, լրացումի, միացման, ամբողջացման ենթախորքը կայ: Ինչո՞ւ չէ՝ պէտք է նաեւ տեսնել այդ դիտաւորութեան ետին ազգային միասնութեան առողջ բնազդը:

Խօսելով արեւմտահայ գրականութեան արժէքներուն մասին պէտք է ընդվզումով ընդգծել որ Հայաստանի դպրոցական ծրագիրներուն մէջ չէ ընդունուած Վահան Թէքէեանի նման գրող մը:

Աճառեանի հարցումին մէջ գոյութիւն ունէր նաեւ այդ հարցումին պատասխանը թէ՝ երկու հատուածներու խզումին եւ անճատումին մէջ խնդրոյ առարկայ չեն միայն լեզուին երկու բաժանումները, որովհետեւ անոնց ետին խորացած են նաեւ ազգագրական, մշակութաբանական, մարդաբանական եւ նոյնիսկ կենցաղային խզումներ՝ մէկ հատուածը օտարացնելով միւսէն:

Արեւմտահայերէնը իր կառոյցին մէջ կարծրացած է ադամանդի նման եւ այն կառոյցներուն վրայ կորսնցուցած է առօրեայ գործածութեան իր ճկունութիւնը: Վերստին շրջագայութեան դրուելով Հայաստանի մէջ պիտի վերստին շահի իր առօրեականութիւնը: Սակայն, մեծ շահողը պիտի ըլլայ նոյնինքն արեւելահայերէնը ընտանիացումովը արեւմտահայերէնի հարուստ բառապաշարին, բայց մանաւանդ՝ լեզուական կարգապահութեան:

Փանտորրային ուրիշ տուփ մըն է արեւելահայերէնին անզսպելի աղճատումը. այն աստիճան որ կարծէք ժամանակը հասած է արեւելահայերէնը ազատելու արեւելահայուն ձեռքէն: Խորհրդարանի մէջ, քաղաքական խօսակցութեանց ընթացքին եւ յատկապէս մամուլի ծաւալով, լեզուի ջարդարարութիւնը գլուխը առած սրնթաց կ’արշաւէ. լեզուն կ’աղճատուի ու կը վիրաւորուի ոչ միայն օտար բառերու անհարկի եւ տխմար գործածութեամբ այլ կ’ենթարկուի անհարազատ լեզուամտածողութեան մը, որ, քիչ կը մնայ որ զարմացնէ Աճառեանը՝ ազգին երկու հատուածներն ալ հեռացնելով արեւելահայերէնէն: Արեւմտահայերէնին համար անհրաժեշտ է բժիշկ մը՝ զայն կենդանացնելու համար. իսկ արեւելահայերէնին՝ ոստիկան մը լեզուական կարգապահութիւն երաշխաւորելու:

Լեզուն մեր գանձն է երկու ճակատներու վրայ. եւ մեր փրկութեան միասնական լաստը՝ աշխարհի փոթորկոտ ովկիանոսներուն վրայ: Թուխիկեանով եւ թուխիկեաններով ապահով պիտի մնայ այդ լաստը եւ ուղղէ մեզ դէպի միասնականութիւն. ոչ միայն լեզուի այլ նաեւ ազգային կեանքի, եւ հոգիի սրբութիւններուն մէջ:

«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ