Պիտի ըսենք Աստուծոյ
Պիտի ըսենք.- «Մեզ դժոխք, դժոխք ղրկէ անգամ մ’ալ
Չէ՞ որ զայն լաւ կը ճանչնանք, զայն ճանչցուցիր մեզ շատ լաւ
Եւ թուրքերուն յատկացո՛ւր, արքայութիւնդ անբաւ»…
ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ
Մեր ազգը դեռ տեղ ունէ՞ր ցաւ կրելու, դեռ արցունքներ ունէ՞ր նոր նահատակներու շիրիմները օծելու: Բայց կրեց ցաւը նոր եւ քարերէն արցունք քամեց անկարելի մահեր սգալու:
Եւ այսօր խուճապի, տագնապի եւ շուարումի մէջ ենք ազգովին: Փոխանակ թուրք ու ազերի նզովելու` կը նզովենք մենք մեզ եւ մեր հարազատները: Ազգերը այսպիսի շփոթ վիճակներու մէջ է որ աղէտներու կը մատնուին խուճապային որոշումներ տալով եւ կամ ընթացք տալով որ դէպքերը ընթանան ներհակ ուղիներով եւ անդառնալի կացութիւններ ստեղծելով մեր ազգին ու հայրենիքին համար:
Այսօրուան ժխորին մէջ իմաստուն ձայն մը գտնելն է մեր փրկութիւնը, ուղիղ ճամբայ որոնելն է դէպի ապահով ելք: Եթէ պիտի շարունակեն աղմուկն ու խաժամուժը տիրապետել մեր կրած պարտութիւնը աւելի ծանր աղէտներու կրնայ առաջնորդել մեզ:
Մեր զայրոյթն ու արցունքը զսպելով պէտք է փնտռենք թէ ցաւոտ իրականութիւնները թէ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ պատահեցաւ արցախեան ազատամարտի փլուզումը եւ ինչո՞ւ ստորագրուեցաւ Նոյեմբեր 10ի խաղաղութեան աղէտալի պայմանագիրը:
Անաչառ կերպով քննելով քաղաքական ու պատմական իրողութիւնները պիտի հաստատենք թէ անձ մը կամ խմբաւորում մը մեղադրելով յանգած պիտի չըլլանք հանգստացնող լուծումի մը:
Պատահածը` համաշխարհային քաղաքական իրադարձութիւններն են որ մեզ առաջնորդեցին այս հանգրուանին եւ Արցախն ու Հայաստանը ոտքի տակ գացին աւելի հզօր ոյժերու բախումին:
Թուրքիան այսօր կը գտնուի իր ռազմական, քաղաքական ու տնտեսական ոյժի գագաթնակէտին. եւ այդ ոյժի գիտակցութիւնն է որ կը ներշնչէ անոր նախագահը` Էրտողանը, երազելու եւ ծրագրելու Օսմանեան նոր կայսրութեան մը կայացման կարելիութեան մասին:
Մենք տեսանք որ Թուրքիա ճակատումներ ունեցաւ Ռուսաստանի հետ Սուրիոյ եւ Լիպիոյ ռազմադաշտերուն վրայ. եւ Ռուսաստան իր ոյժերը չափելով անդրադարձաւ որ չէր կրնար ամբողջական պատերազմի մը նախաձեռնել Թուրքիոյ դէմ, որովհետեւ այդ պիտի նշանակէր մարտնչիլ ՆԱԹՕ-ի ամբողջ կառոյցին դէմ Գ. Աշխարհամարտի մը մէջ: Հետեւաբար, Մոսկուան գտաւ համակերպումի լուծումներ:
Ռուս-թրքական հակամարտութիւնը անխուսափելիօրէն պիտի տարածուէր նաեւ Կովկասի մէջ, երկու գլխաւոր պատճառներով – Կովկասը Օսմանեան ծաւալումի ճամբուն վրայ է. իսկ երկրորդ` Անքարան այդ ճակատումը պիտի ներկայացնէր Արեւմուտքին իբրեւ մէկ մասը Ռուսաստանի շրջապատման, երաշխաւորելով Արեւմուտքի լռութիւնը, որքան ալ խժդոյժ ըլլային Թուրքիոյ օգտագործած միջոցները այդ քաղաքականութիւնը իրականացնելու:
Միւս կողմէ Ռուսաստան չափազանց ջղային դարձած էր իր սահմաններուն վրայ բռնկող կրակներուն պատճառաւ – Ուքրանիա, Չեչնիա, Պելառուս, Քիրքիզիստան եւ հիմա` Կովկաս – հետեւաբար Մոսկուա պիտի ակնկալէր անշեղ զօրակցութիւն իր դաշնակիցներէն, որոնց շարքին էր Հայաստանը:
Հայաստան կրցա՞ւ ճշգրիտ կերպով գնահատել համաշխարհային այս իրադրութիւնները եւ յաջողեցա՞ւ արդարացնել Մոսկուայի ակնկալութիւնները. հաւանաբար ոչ ամբողջութեամբ` հետեւաբար ան Հայաստանը նետեց ցեղասպան թուրքի երախին մէջ:
Հայաստանի թաւշեայ յեղափոխութիւնը համազգային ցնծութիւն յառաջացուցած էր, որովհետեւ ան կու գար վերջ տալու փտած իշխանութեան մը կողոպուտին ու չարաշահութեանց. իրապէս ալ պետական մեքենան սկսաւ գործել առանց կաշառքի եւ բանակը սկսաւ պատրաստուիլ 21րդ դարու ճարտարագիտական պատերազմներու մարտահրաւէրներուն:
Սակայն, յեղափոխութեան առաջնորդը, որ խոստացած էր իր յեղափոխութեան մէջ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգեր չներմուծել, տարուեցաւ իր այն զինակիցներով որոնք մտած էին յեղափոխութեան շարքերը մարտահրաւէր կարդալու Մոսկուային, առանց երաշխաւորելու երկրին թիկունքը այլ ոյժերու գործակցութեամբ:
Միջազգային շահերու բախումի հարթակին վրայ, այս էր նաեւ մեղանչումը մեր իշխանութեան:
Աղէտը պատահած է եւ թուրք-ազերիական ոյժերը գրաւած են Արցախն ու շրջակայ տարածքները:
Խաղաղութեան պայմանագրին ստորագրութենէն ետք մեզմէ կը պահանջուէր հողեր յանձնել հինգ օրուան մէջ. եւ ռուս խաղաղապահ ոյժերու ներկայութեան ալ հնարաւորութիւններ կը մնան հինգ տարուան մէջ քաղաքական լուծումներ որոնելու:
Եթէ այսօր արցախահայութիւնը զանգուածաբար լքէ իր տունն ու աղօթատեղին` այդ հողը կ’արժանանայ Արեւմտահայաստանի ճակատագրին: Երբ 105 տարի առաջ թուրքը արմատախիլ ըրաւ արեւմտահայութիւնը` գիտէր թէ կրնային իրաւատէրեր յայտնուիլ` եթէ ինք չդիմէր այդ ծայրայեղ միջոցին: Այսօր քրտական հարցը մնացած է կենդանի` որովհետեւ 25 միլիոն քիւրտեր կը շարունակեն ապրիլ Թուրքիոյ այժմու սահմաններէն ներս:
Հետեւաբար, պայմանաւորուելով Ռուսաստանի հետ եւ ապահովելով հայոց ֆիզիքական գոյութիւնը արցախահայութիւնը պէտք է վերստին համախմբուի իր պապենական հողին վրայ:
Բարեբախտաբար Հայաստանի կառավարութիւնը որոշած է օգնութիւն ընծայել գաղթականներուն Արցախի մէջ: Այլապէս արցախահայութեան մնայուն կեցութեան օգնութիւնը Հայաստանի մէջ պիտի նշանակէր գաղթականական նոր խնդիր Հայաստանի համար եւ հայրենալքում` Արցախի համար:
Քանի խաղաղութեան պայմանագիրը պատրաստուած է աճապարանքով, հնարաւորութիւն թողելով ապագայ բանակցութիւններու` հայկական զօրքերը Քելպաճարի մէջ եւ այլուր պէտք չէ հեշտութեամբ լքեն իրենց դիրքերը, օգտուելու համար դեռ վերջին կարելիութիւններէն:
Խաղաղութեան պայմանագրին մէջ ամէնէն անընդունելի զիջումը յատուկ կարգավիճակով ճամբայ տալն է Ատրպէյճանին, ինչ որ կը նշանակէ թուրքերուն: Թուրքերը տասնամեակներ ամբողջ երազած ու ծրագրած էին Սիւնիքի վրայով ճամբայ մը բանալու: Եթէ յարգուի ներկայ պայմանագիրը Հայաստան այդ հողամասին վրայ իր վեհապետական իրաւունքը (սուվերէն) զիջած պիտի ըլլայ Ռուսաստանին, ու փաստօրէն նաեւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանին:
Ժամանակին Լեւոն Տէր Պետրոսեան շատ բնական պատասխան մը տուած էր այդ անցքի բնոյթին մասին. ան կ’ըսէր թէ երբ խաղաղութիւն հաստատուի եւ բոլոր կողմերը բանան ճամբաները` այնպէս ինչպէս հայերը պիտի գործածեն Ատրպէյճանի ճամբաները, նոյն ձեւով ալ կրնան ատրպէյճանցիները գործածել Մեղրիի անցքը: Կ’արժէ այս մասին պնդել եւ օրինական յատուկ բնոյթ չտալ այդ անցքին:
Դժբախտաբար այս պայմանագրով Թուրքիան եւս ոտքը պիտի դնէ Արցախի հողին վրայ: Հակառակ որ ռուսական կողմը քանիցս պնդեց թէ միայն ռուս խաղաղապահներ պիտի հսկեն Արցախի հողամասն ու Լաչինի անցքը, Ալիեւ անձամբ եւ այլ ազերի պետական դէմքեր կը շարունակեն պնդել թէ Թուրքիան եւս մաս կը կազմէ խաղաղապահ ոյժերուն: Ռուսիոյ նախագահի խօսնակն ու Լաւրովի խօսնակը` Փեսքով եւ Մարիա Զախարովա` դրժելով հանդերձ որ թուրքերը մասնակից պիտի դառնան խաղաղապահ ոյժերուն, դիւանագիտական դարձդարձիկ բացատրութիւններով պարզեցին որ Թուրքիա եւ Ռուսաստան Մոնիթորինկի կեդրոն մը պիտի ստեղծեն վերահսկելու համար խաղաղապահութեան գործարքը, մանաւանդ այդ խօսնակները պնդեցին որ թուրքերը պիտի մնան Ատրպէյճանի հողերուն վրայ եւ ոչ Արցախի: Սակայն, երբ Մոսկուա Արցախի հողը կը նկատէ Ատրպէյճան, այդ բացատրութիւնները բառախաղի սահմանէն անդին չեն հասնիր:
Պարզ է որ երբ Թուրքիա ոտք դնէ ոեւէ հողամասի վրայ, անկարելի է որ հեռանայ անկէ – վկայ` Կիպրոսը, Սուրիան եւ Իրաքը:
Այսօր Հայաստան ու Արցախը սուգի մէջ են. դեռ դառն ու թարմ են վէրքերը. տակաւին մեռելները չթաղած` պէտք չէ աւարառութեան դիմել: Հրապարակը ողողուած է բորբոքած զանգուածներով: Այս բոլորը հասկնալի են եւ պէտք է թոյլ տալ որ զանգուածը դրսեւորէ իր զայրոյթը որպէսզի հանգստանայ: Անհասկնալին այն է որ ամբոխը ուղղութիւն չունի. ոմանք կը մեղադրեն վարչապետը եւ անոր հրաժարականը կը պահանջեն. իսկ ուրիշներ պարտութեան պատասխանատու կը նկատեն նախորդ իշխանութիւնները: Իսկ կան մարդիկ որ ցաւի եւ յուսախաբութեան ազդեցութեամբ կը պոռան աննպատակ:
Կարգ մը պատեհապաշտներ այս խառնիճաղանճէն օգտուելով աթոռ կը փնտռեն. իսկ կարգ մը իշխանաւորներ ալ ի գին ամէն ինչի կը փորձեն իրենց աթոռները պահել: Պարզ է թէ խախտած են բոլոր աթոռները: «Իմ քայլականները» որոնք իշխանութեան առաւելագոյն ոյժը ունին պէտք է հաւաքեն իրենց քաջութիւնը եւ ներկայանան Ազգային Ժողով: Վայր մը ուր քաղաքական հարցերը կրնան քննարկուիլ եւ խելամիտ որոշումներ կայացուիլ:
Իմաստուն իշխանութիւն մը որ վստահութիւնն ունի իր կոչումին` պիտի փորձէ որ խաղաղութիւն հաստատուի երկրին մէջ: Կայունութիւնը գլխաւոր դրամագլուխն է իշխանութեան մը: Եթէ իշխանաւորներն ալ սկսին պոռալ անպատասխանատու ընդդիմադիրներու՝ նման միայն կը սատարեն երկրի անկայունացման: Դժբախտաբար իշխանութեան մունետիկներն ալ սկսած են նոյն ոճով հակադարձել փողոցի մարդուն: Եւ արդէն յեղափոխութենէն ետք ալ իշխանութիւնները չփնտռեցին կայունացման լծակները եւ իրենց ջղաձիգ հակադարձութիւններով սատարեցին սեւի եւ սպիտակի մթնոլորտին զարգացման: Օմար Խայեամ ըսած է. «Աստուած իմ. եթէ ես մեղք գործեմ եւ դուն ալ զիս պատժես`ի՞նչ է իմ ու քու տարբերութիւնը»:
Պատմակշիռ ահաւոր աղէտի մը մատնուած է հայութիւնը. աղէտ` որ իր նախընթացները ունի Անիի անկումին` 13րդ դարուն, Կարսի յանձնումին` 1918ին եւ Կիլիկիոյ պարպումին` 1921ին մէջ:
Ցեղասպանութենէն վերջ դար մը ամբողջ տեւեց որ վերականգնի մեր ազգը եւ անկախ դառնայ Հայաստանը: Պատմութիւնը արագ կ’ընթանայ. պէտք է վեր բարձրանալ աւերակներէն, վերականգնել երկիրը եւ մանաւանդ հզօրացնել բանակը: Վաղուան մեր վերապրումի երաշխիքը արդիական բանակն է:
Այն աշխարհամասին մէջ որ կը գտնուի Հայաստանը այնտեղ տակաւին նման աղէտներ անպակաս պիտի ըլլան:
Հայաստանը պատրաստ պէտք է ըլլայ 21րդ դարու գիտական պատերազմներուն` ապահովելու համար տեւական եւ յաւիտենական խաղաղութեան:
«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ