Հայաստանի իշխանութեանց դիմագրաւած տագնապալից բազմաթիւ հարցերու շարքին Արցախեան հիմնախնդիրը իր ազգային տարողութեամբ ամենախրթին եւ մտահոգիչ հարցն է այսօր:
Փաշինեանին գլխաւորած իշխանութեան աշխատաձեւին հետեւողին համար, ամենավհատեցուցիչ երեւոյթը այն է որ Արցախեան հարցով յստակ ուղղութեան բացակայութիւն կը տիրէ այնտեղ յատկապէս 44-օրեայ պատերազմէն ետք:
Անորոշութիւն եւ յաճախ պարտուողականութիւն դրսեւորող այս կեցուածքը աւելի եւս ահազանգային դարձաւ երբ վարչապետ Փաշինեան Ապրիլի 13-ին Ազգային Ժողովին մէջ իր ունեցած երկար ելոյթով ընդհանուր ընդվզում ստեղծեց բացայայտօրէն յայտարարելով թէ հայ ժողովուրդը պէտք է վարժուի համակերպուիլ այն իրականութեան հետ թէ Արցախը պիտի վերադարձուի Ատրպէյճանին:
Սպասուած համատարած ազգային դատապարտութեան ալիքին ճնշման տակ Փաշինեան յաջորդող օրերուն՝ սկսաւ անյաջող ձեւերով ջանալ դրժել այն ինչ որ ըսած էր իր ելոյթին մէջ…:
Մէկ խօսքով յայտնի է թէ ինք եւս Արցախի հարցով շուարած է:
Ընդդիմութիւնը այս առիթը բնականաբար առաւելագոյն չափով օգտագործեց Ազգային ժողովին մէջ իր ստեղծած ամօթալի քաոսը գագաթնակէտին հասցնելով: Ապրիլի 25-ին մինչ պոռչտուքներու մէջ բոլորը մէկ ոտքի ելած կ’ուղղուէին դէպի փողոց, Փաշինեան իրենց ետեւէն աղաղակեց «Մնացէք այստեղ որպէսզի ձեր աչքերուն նայելով բացայայտեմ թէ Արցախը Ատրպէյճանին յանձնելու յանցագործութեան պատասխանատուները դուք էք եւ ձեր ղեկավարներն են…»: Ընդդիմադիրները արդէն իսկ փողոցն էին եւ տակաւին հոն են, իրենց անհեռանկար եւ անծրագիր ապարդիւն ցոյցերով:
Ահա այս խորապէս մտահոգիչ համայնապատկերին մէջ է, որ վերջապէս, յանկարծ մի քանի օր առաջ Մայիսի 25-ին՝ վարչապետ Փաշինեան, Ազգային ժողովին մէջ, ընդդիմութեան պարապ աթոռներուն առջեւ՝ կատարեց իր վերը խոստացած եւ սպառնացած բացայայտումը: Ան սկսաւ ըսելով «Այն ինչ պէտք է ասեմ՝ երկար ժամանակ ձեռնպահ էի մնում…»: Փաշինեան բացայայտման իր այս նոր ելոյթով, առաջին անգամ ըլլալով կատարեց տրամաբանական յաջորդական թուարկումներ: Ան սկսաւ Արցախեան 1994-ի զինադադարէն, եւ թուարկելով անոր յաջորդող բոլոր հանգրուանները եւ համաձայնագրերը, փաստեց թէ այդ օրերու Քոչարեանական ղեկավարութիւնը, որ նաեւ ղեկավարութիւնն է այսօրուայ ընդդիմութեան, իր դիւանագիտական ձախաւեր քայլերով, ինքն է պատասխանատուն Արցախը Ատրպէյճանին յանձնելու յանցագործութեան մէջ:
Մէկ խօսքով Փաշինեան ջանաց եզրակացնել թէ ինք պարզապէս ժառանգորդն է նախորդներուն կողմէ կատարուած այդ սխալներուն, եւ վերջ:
«Հակիրճ» ըլլալ ջանալով հանդերձ գլխաւոր այս տուեալներուն «երկար» վերաքաղը անհրաժեշտ է որ հասնինք այս յօդուածին գլխաւոր կիզակէտին որն է Արցախեան խնդիրը եւ Փաշինեանը այս անելէն դուրս քաշելու համար առաջարկել հանգուցալուծման առաջնորդող տրամաբանական միակ ուղին:
Առաջին հերթին, գնահատելի է վարչապետ Փաշինեանին կատարած այս ջանքը ուր առաջին անգամ ըլլալով ան յստակ կերպով կը բացատրէ Արցախեան հարցին հետապնդման մէջ իր դիմագրաւած դժուարութիւնը, որուն նաեւ հետեւանքն է որ մեզի համար մինչեւ այսօր անյայտ եւ անհասկնալի կը մնար իր ցուցաբերած Արցախեան անհետեւողական ռազմավարութիւնը: Վերադառնանք ուրեմն Մայիս 25-ին Ազգային Ժողովին մէջ իր «բացատրողական բացայայտման»: Փաշինեան սկսաւ ճշգրտօրէն վերյիշեցնել թէ Արցախը իր անկախութեան իրաւունքը եւ վաւերականութիւնը անժխտելիօրէն հիմնած է, 1991 Դեկտեմբեր 10-ին ընդունուած բոլոր օրէնքներուն համաձայն կայացուցած հանրաքուէին յաջող արդիւնքին վրայ:
Արդարեւ այսօրուան Ատրպէյճանը անկախ հռչակուած է 1991 Դեկտեմբերի 24-ին երբ այլեւս Արցախ օրինաւոր կերպով մաս չէր կազմեր անոր: Ահա թէ ինչու ներկայ Ատրպէյճանը ակնյայտօրէն տարածքային ոչ մէկ օրինական իրաւունք ունի եւ կամ կրնայ ունենալ Արցախին նկատմամբ:
Միջազգային այս յստակ հասկացողութեան հիման վրայ է որ Արցախ որպէս անկախ եւ անջատ երկիր ստորագրած է 1994-ի զինադադարը: Նոյնպէս աւելի վերջ, որպէս անկախ երկիր է որ ան կը մասնակցէր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի, յաջորդող բանակցութեանց նստելով անոնց հետ նոյն կլոր սեղանին շուրջ:
Ձախաւերութիւնը եւ դիւանագիտական հիմնական սխալը եւ յանցանքը կատարուած է երբ Քոչարեանի համաձայնութեամբ եւ իր նախագահութեան օրերուն յանկարծ Արցախ դուրս ձգուած է բանակցութեանց գործընթացէն եւ այդպիսով աստիճանաբար անոր անկախ երկրի նկարագիրը մնացած է շուքի մէջ եւ ի վերջոյ անյայտացած…
Փաշինեան իր «բացատրական բացայայտումներուն» մէջ նոյնպէս ճշգրտօրէն մատնանշեց թէ Քոչարեանի նախագահութեան օրերուն է որ Մատրիտեան համաձայնագիրը վերջին հարուածը տուած է Արցախին անկախութեան հասկացողութեան, երբ այդ համաձայնագրին մէջ Ատրպէյճան սպրդեցուցած է պայմանը որ կը նախատեսէ Արցախի մէջ նոր հանրաքուէ մը կատարել՝ նոյն ինքն Ատրպէյճանի հսկողութեան ներքեւ… Այդպէսով 1991 Դեկտեմբեր 10-ի օրինական հանրաքուէն որ կեդրոնական հիմնաքարն է Արցախի այլապէս կայացած անկախութեան, չէզոքացած է հաչս Ատրպէյճանին եւ Մատրիտեան համաձայնագրի միւս ստորագրողներուն…:
Կարելի չէ ժխտել թէ կատարուածը դիւանագիտական հսկայական սխալ մըն է: Հետեւաբար հասկնալի է թէ ինչու Մայիս 25-ի իր «բացատրական բացայայտումներուն» վերջաւորութեան, Փաշինեան կրկնակի կերպով բացագանչեց թէ այս բոլորը կը փաստեն թէ իրեն փոխանցուած Արցախեան հարցին ներկայ տագնապալից վիճակը անվիճելիօրէն արդիւնքն է ընդդիմադիր Հայաստան դաշինքին Քոչարեանական ղեկավարութեան ձախաւեր սխալներուն:
Այս հանգրուանին է սակայն, որ կ’ուզենք մատնանշել Փաշինեանին թէ իր եզրակացութիւնը սխալ է երբ կը շարունակէ յայտարարել թէ ինք ստիպողաբար կ’ենթարկուի նախկիններուն սխալներուն հետեւանքներուն:
Արդարեւ ճիշդ այստեղ է Արցախեան անելին հանգուցալուծման բանալին:
Փաշինեան եւ իր գլխաւորած իշխանութիւնը իրաւականօրէն պէտք է պատճառաբանեն թէ իրենք բնական շարունակութիւնը չեն իրենց նախորդող սխալական համակարգերուն: Իրենք յեղափոխութեամբ է որ ձեռք առին իշխանութիւնը, յստակ յայտարարուած ուղեգիծ ունենալով թէ իրենք պիտի շրջեն նախկիններուն սխալները: Հետեւաբար սխալներէն մեծագոյնը հանդիսացող անոնց Արցախեան քաղաքականութիւնը եւս իրենք ազատ պէտք է զգան սրբագրելու:
Փաշինեանի յեղափոխական իշխանութիւնը պէտք է պահանջէ վերադառնալ 1994-ի զինադադարի դիրքորոշումներուն, այսինքն Արցախը՝ իր 1991-ի հանրաքուէին ոյժով որպէս անկախ երկիր՝ ետ բերել բանակցութեան սեղանին շուրջ գրաւելու իր թափուր աթոռը: Նոյնպէս Փաշինեանի իշխանութիւնը ինքզինք ձերբազատուած պէտք է նկատէ նախորդ իշխանութիւններու որոշ համաձայնութիւններէն որոնց շարքին է Մատրիտեան համաձայնագրին այն յօդուածը ուր կ’ակնարկուի Արցախի մէջ նոր հանրաքուէ մը կատարելուն:
Բնականաբար այս բոլորը կ’ենթադրեն եւ կը պահանջեն Հայաստանեան դիւանագիտական բացառաբար կարող, արհեստավարժ եւ ինքնավստահ անձնակազմ մը:
Արցախեան հարցին այսօրուան ցաւոտ, չըսելու համար յուսահատական վիճակը, արդիւնքն է անոր նկատմամբ հայկական յստակ կեցուածքի եւ քաղաքականութեան մը ակնյայտ բացակայութեան:
Այդ կեցուածքը պարտադրաբար պէտք է կատարելապէս համադրուած ըլլայ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ: Որոշ է նաեւ թէ Արցախ երբեւիցէ չի կրնար անգամ մը եւս ենթարկուիլ Ատրպէյճանին: Ի վերջոյ երբ հայկական կողմը կատարեալ յստակութեամբ եւ վստահութեամբ աշխարհին չներկայացնէ իր արդարացուած կեցուածքը, կարելի չէ երբեք ակնկալել որ այդ հարցին առնչուող միւս կողմերը որեւէ կերպ հայոց համար նպաստաւոր դիրք որդեգրեն:
Այսպէս ուրեմն եզրակացնելով, Հայաստան պէտք է ինքնավստահ ըլլայ երբ կը յայտարարէ թէ իր քաղաքականութիւնը բացարձակ խաղաղութեան քաղաքականութիւն է, որովհետեւ ինչ կը վերաբերի հայկական Լեռնային Ղարաբաղին՝ այսինքն Արցախին, անոր անկախութիւնը օրինաւոր է նոյնիսկ հաչս Ատրպէյճանին, միջազգային բոլոր օրէնքներու ոյժով, ինչպէս բազմիցս հաստատուած է, հիմնաքար ունենալով 1991 Դեկտեմբեր 10-ի հանրաքուէի արդիւնքը:
Այս բոլորին վրայ կ’աւելնայ Քօսովօ-ի միջազգայնօրէն ընդունուած նախադէպը որ աւելի եւս անկարելի կը դարձնէ Արցախի որեւէ ձեւով վերադարձը Ատրպէյճանին:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ իր իշխանութիւնը որպէս 2018-ի գուցէ Թաւշեայ՝ սակայն ամենայն դէպս՝ յաջող յեղափոխութեամբ Հայաստանի ղեկավարութիւնը ստանձնողներ, ձերբազատուած կրնան ըլլալ եւ պէտք է յայտարարեն, նախորդ իշխանութիւններու բոլոր սխալները:
Միայն օրինականօրէն արդարանալի այս ուղին որդեգրելով է որ անոնք կրնան, եւ պէտք է, ձերբազատուին այսօրուան իրենց Արցախեան անել կացութենէն:
Մոնթրէալ