ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎՏԱՐԱՆԴԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

Նախորդ շաբաթ azg.am-ի մէջ հրապարակուեր էր «Ստեղծել Արցախի Հանրապետութեան վտարանդի կառավարութիւն» վերնագիրով յօդուածս` իբրեւ առաջարկ, յորդոր եւ պահանջ առաջին հերթին ուղղուած Հայաստանի Հանրապետութիւն բռնագաղթած արցախահայութեան, երկրորդ` համայն հայութեան` քաջալերելու եւ օժանդակելու այդ նախաձեռնութիւնը: Նոյն հետայն համացանցին մէջ գոհունակութեամբ հանդիպեցայ նոյն յառաջադրանքով այլ գրութիւններու, ինչ որ կը փաստէ, որ այդ կամ նման նախաձեռնութիւն մը կրնայ հանրային բազմաձայն պահանջ դառնալ, քանզի Ստեփանակերտի եւ Արցախի միւս տարածքներու«յանձնումէն» ետք ստեղծուած կացութիւնը, աւելի քան 100 հազար արցախահայերու դժնի կացութիւնը, անոնց իրաւունքներու հետագայ պաշտպանութեան հարցերը, ինչպէս նաեւ` արդէն իսկ նշմարուող արտաքին ու ներքին տխուր երեւոյթները կը մնան առկախ` օդէն, հրատապ եւ կազմակերպուած լուծումներ գտնելու ստիպողութեամբ:

Առաջարկը, որ խտացուած է վերնագրիս մէջ, արցախահայութիւնը ներկայացուցչական բարձրագոյն մարմինով մը օժտելն է, նախընտրաբար վտարանդի կառավարութեան կարգավիճակով, նկատի ունենալով ստիպողական այն պարագան, որ այդպիսի կամ նման մարմին մը պէտք է միջազգային յարաբերութիւններ,- պետութիւններ, ՄԱԿ, վերջինիս ենթակառոյցներ, ազգային եւ օտար կազմակերպութիւններ, մամուլ եւլն.,- մշակելու եւ գործադրելու, վերջապէս` արցախահայութեան շահերը պաշտպանելու, Հայաստանի պետական մարմիններու, տեղական կազմակերպութիւններու եւ անհատներու հետ համագործակցելու համար: Ներկայացուցչական այդպիսի մարմինի մը գոյութիւնը խիստ անհրաժեշտ է նաեւ սփիւռքահայկական կազմակերպութիւններու եւ անհատ բարեգործներու համար, որոնց 30 տարուան վաստակը շատ է մեծ Արցախի վերակառուցման, ենթակառոյցներու, դպրոցական ցանցի ստեղծման համար: Աւելի քան վստահ եմ, արդէն իսկ ապացոյցները կան, որ սփիւռքահայութիւնը աւելի քան պատրաստակամ է թէ՛ քաղաքական, թէ՛ քարոզչական, թէ՛ ֆինանսական օժանդակութիւն տրամադրելու արցախահայութեան եւ անոր/մեր դատին:

Ի զուր չօգտագործեցի դատ բառը: Ճիշդ հիմա, անյապաղ, ամենալուրջ կարիքը ունինք դատական համազարկ բանալու ընդդէմ Ալիեւի եւ Ատրպէյճանի, ընդդէմ յանցակիցներուն: Առաջին հերթին` ի պաշտպանութիւն Արցախի Հանրապետութեան գերեվարուած պետական գործիչներուն, որոնք խոշտանգումի եւ նուաստացումի կ’ենթարկուին ազերիական բանտերու մէջ: Անոնք ներկայիս բոլորովին լքուած են Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ, Ռուսիոյ նախագահին առիթ տալով վկայակոչելու պաշտօնական Երեւանի չկամութիւնը անոնց նկատմամբ եւ այդպիսով ինքզինք ազատ զգալու այդ ուղղութեամբ,  պարտականութիւնները չնկատելու, որեւէ քայլ չկատարելու:

Երկրորդ եւ աւելի հիմնականը` դատական գործ յարուցելու Ալիեւի վարչակարգի դէմ Լա Հէյի Միջազգային դատարանի կրկնակ վճիռները չկատարելու, 9 ամիս շարունակ 120 հազար արցախցիները շրջափակման տակ պահելու եւ ապա սովահար բնակչութեան վրայ ժամանակակից զէնքերով յարձակում գործելու եւ կոտորած սարքելու համար:

Երրորդ` բազմաթիւ են վկայութիւնները, նաեւ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու կողմէ, արցախցի անհատ քաղաքացիներու դէմ կատարուած վայրագութեանց, մորթոտումներու եւ սահմռկեցնող այլ արարքներու վերաբերեալ: Միայն պետական լիազօրութիւններով օժտուած մարմին մը կրնայ վկաներու եւ վկայութիւններու հաւաքման, դատական պատշաճ փաստաթուղթեր պատրաստելու եւ դատարան ներկայացնելու ծանր աշխատանքը կազմակերպել:

Երրորդ` նուազ կարեւոր չէ պետական, հանրային եւ անձնական կալուածներու, անշարժ եւ շարժական ունեցուածքներու փաստահաւաքութեան documentation-ը պատրաստելը: Այդպիսի տքնաջան պարտականութիւն մը կրնայ ստանձնել միայն պետական վերին մարմինը:

Ու տակաւին կան կատարելիք այլ գործեր, նոյնքան եւ աւելի էական, ինչպէս բռնագաղթեալներու տեղաւորման, սնունդի, առողջապահութեան ու խնամքի, ինչպէս նաեւ աշխատանքով ապահովելու, արտաքին ու ներքին նուիրատուութիւններու ընդունման եւ յարակից մարզերու մէջ:

Նշուած ու դեռ չնշուած բազմաթիւ աշխատանքները կ’ենթադրեն նիւթական ահռելի միջոցներ: Ո՞ւրկէ պիտի հայթայթուին այդ միջոցները, որեւէ սենթ մնացա՞ծ է Արցախի պետական գանձարանին մէջ, չե՞ն ծախսուած առաջին անհրաժեշտութեան պէտքերու համար, եւ ընդհանրապէս` ի՞նչ միջոցներով պիտի գործէ նորաստեղծ այդ կառոյցը: Հարց` որուն պատասխանը թերեւս կրնան տալ, գոնէ սկզբնական շրջանի համար, մեծահարուստ հայերը ի Հայաստան եւ Սփիւռս աշխարհի:

Հաւանաբար ոմանք մատնացոյց ընեն Հայաստանի պետութիւնը, որ վերջերս ստացաւ, արցախահայութեան օգնելու պայմանով, Մ. Նահանգներէն խեղճուկ, ողորմելի աղքատաբաժին 11,5 միլիոն տոլար, իսկ Եւրոպական Միութենէն պիտի ստանայ ընդամէնը 24 միլիոն եւրօ: Ի՞նչպէս պիտի հասնի բոլոր կարիքներուն, որոնք կը պահանջեն հարիւրաւոր միլիոններու յատկացում:

Բաց աստի, վտարանդի կառավարութեան մը ստեղծումին գլխաւոր խոչընդոտը վստահաբար պիտի ըլլայ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը, որ վերջին 5 տարիներուն բնաւ չէ հանդուրժած իրմէ դուրս կազմակերպ որեւէ մարմնի գոյութիւնը: Մինչդեռ խելամիտ կառավարութիւն մը առաջինը ի՛նք պիտի ըլլար նախաձեռնողը այդպիսի մարմնի մը կազմութեան, որ, իբրեւ բուն եւ բնական պահանջատէր պիտի օգտագործուէր միջազգային հարթակներու վրայ:

Այսուհանդերձ բնաւ պէտք չէ ընկրկիլ վերոյիշեալ եւ բազում այլ խոչընդոտներու դիմաց: Ինչպէս բոլոր կառավարութիւնները, այս կառավարութիւնն ալ վերջ պիտի ունենայ ուշ կամ կանուխ, որքան կանուխ` այդքան լաւ մեր ժողովուրդին եւ պետութեան համար:

Չմոռնանք նաեւ, որ Արցախի Հանրապետութիւնը ունէր եւ պիտի շարունակէ ունենալ պետութեան մը համար անհրաժեշտ բոլոր կառոյցներն ու խորհրդանիշերը որպէս չճանչցուած, բայց defacto գործող իշխանութիւն, ինչպէս շատ ուրիշ մարմիններ աշխարհի շուրջը:

Արցախի էջը չէ փակուած: Այդ էջը բաց պահողը պիտի ըլլայ արցախահայութիւնը իր ներկայացուցչական` թէեւ առայժմ վտարանդի կառավարութեամբ, համայն հայութեան ջանքերով:

ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ

Երեւան

«Պայքար» շաբաթաթերթ