Արցախի խնդիրը չէ լուծուած քառորդ դարէ ի վեր եւ զարմանալու չենք եթէ նոյնքան ժամանակ կացութիւնը մնայ միեւնոյն անշարժ կէտին վրայ: Խնդրոյ առարկան Արցախի ժողովուրդի ճակատագրի տնօրինումն է, սակայն Արցախը բացակայ է բանակցութեան սեղանէն: Սկիզբը Արցախը կողմ էր այդ բանակցութեանց մէջ, սակայն շարունակուող դիւանագիտական խաղերու բերումով դուրս մնաց ան խաղէն: Այդ դերն ու բեռը վստահուեցան Հայաստանին: Սակայն ի վերջոյ Արցախի ժողովուրդը, իր պետական կառոյցին միջոցաւ պիտի ըսէր իր խօսքը, եթէ Հելսինքիի որոշումները նշանակութիւն մը ունին. այնտեղ կը հակադրուին տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքները: Այդ սկզբունքներու յարակցումը քառակուսի անիւի կը վերածէ դիւանագիտական ճիգերը, որովհետեւ մէկը կը չէզոքացնէ միւսը եւ դիւանագիտութեան սայլը իր տեղէն չի շարժիր: Ոչ մէկ կողմ ներառեալ Հայաստանի բարեկամ երկիրները – կ’ընդունին հայկական կողմին տեսակէտը, որ տարածքային ամբողջութեան սկզբունքը հաւասարութենէ դուրս կը մնայ եթէ ընդունուի պատմական ճշմարտութիւնը, որ Արցախը երբեք մաս չէ կազմած Ատրպէյճանի մայր տարածքին:
Հակառակ շրջափակման, պատերազմին եւ սպառնալիքներուն Արցախի ժողովուրդը կերտած է իր պետութիւնն ու ժողովրդավարական կառոյցները եւ կ’ապրի իր ինքնուրոյն պետական կեանքով: Ու նաեւ Արցախը կը մշակէ իր արտաքին քաղաքականութիւնը Հայաստանի հետ թէ Հայաստանէն անկախ: Միջազգային համայնքին մօտ իւրայատուկ համակրանք կը տիրէ Արցախի մարտնչող ժողովուրդին նկատմամբ, որքան ալ ճանաչում չվայելէ անոր պետական կառոյցը:
Ապացոյցը այն է, որ ցուրտ պատերազմի սաստկացող այս շրջանին Արցախի նախագահը՝ Բակօ Սահակեան, ութ հոգիներէ բաղկացած նախարարական կազմով կ’այցելէ Ուաշինկթըն դիւանագիտական շփումներ հաստատելու: Ճիշդ է թէ նախագահն ու այլ նախարարներ նախապէս այցելած են Ամերիկա, յատկապէս թելեթոններու շրջանին, սակայն այսօր առաջին անգամն է, որ Արցախը կ’այցելէ Ամերիկա՝ քաղաքական նպատակներով:
Արցախի քաղաքական ներկայացուցիչները միեւնոյն ազատութեամբ կ’այցելեն նաեւ Ֆրանսա ու կը հանդիպին պետական դէմքերու: Մինսքի խումբի համանախագահող չորս երկիրներէն միայն Ռուսաստանն ու Անգլիան է, որ այսօր ազատութիւնը չեն շնորհեր Արցախի պաշտօնական ներկայացուցիչներուն:
Ճիշդ է թէ ամերիկեան վարչակազմի պաշտօնական ներկայացուցիչներ հանդիպումներ չունեցան Արցախի նախագահին եւ անոր պատուիրակութեան հետ: Սակայն, անհատ քոնկրէսականներ եւ ծերակուտականներ, որոնք սատարած են Արցախին՝ քաղաքական ու տնտեսական բնագաւառներէ ներս խանդավառ ընտրութիւն վերապահանջեցին հիւրերուն:
Քոնկրէսականներ Ֆրենք Փալոն, Պրէտ Շըմէն, Ճէքի Սփիտ, Ատամ Շիֆ, Ճիմ Քոսթա, Տէյվիտ Վալատօ եւ ուրիշներ հանդիպեցան Բակօ Սահակեանին ու իր պատուիրակութեան հետ եւ իրենց անվերապահ նեցուկը յայտնեցին Արցախի ժողովուրդին:
Անոնցմէ ոմանք նախաձեռնողներ են քոնկրէսի յատուկ ծրագիրներու օժանդակութիւն հասցնելու Արցախին՝ տնտեսական գետնի վրայ թէ ականներու մարդասիրական ծրագիրներու:
Փաստօրէն դիւանագիտական պաշտօնական առաքելութիւն մը չէր կատարուածը – ոչ ալ այսպիսի յաւակնութիւններ կային անոր ետին – սակայն հետաքրքրական քաղաքական զարգացումներ յառաջացան խնդրին շուրջ՝ յատկապէս Ատրպէյճանի յարուցած բողոքներուն պատճառաւ: Արդարեւ, Պաքուի մէջ Ամերիկայի դեսպանը՝ պր. Ռապըրթ Սեքութա հրաւիրուեցաւ արտաքին գործոց նախարարութիւն բողոքի գիր մը փոխանցելու պետական քարտուղարութեան: Միեւնոյն բողոքը, Ատրպէյճանի Ուաշինկթընի դեսպանին կողմէ յանձնուեցաւ միեւնոյն հասցէին: Բողոքին էութիւնը այն էր, թէ նախագահ Բակօ Սահակեանին մուտքի վիզա մը տալով Ամերիկեան կառավարութիւնը անուղղակի ճանաչում կը շնորհէ «ապօրինի» հանգամանք ունեցող անձի մը: Արցախի ներկայացուցիչները եկան Ուաշինկթըն, սակայն Պաքուի ընկալումը կարծէք թէ աւելի պաշտօնականացուց այցելողներուն հանգամանքը:
Նոյնքան հետաքրքրական է պետական քարտուղարութեան պատասխանը, որ անտեսելով բողոքին էութիւնը, ըսուած է այնտեղ թէ Արցախի ժողովուրդը իրաւունքը ունի ազատ եւ խաղաղ կեանքի մը:
Այցելութեան շուրջ զարգացող ալեկոծումներուն մէջ նշանակալից արձագանգ ունեցաւ Հայաստանի մէջ Ամերիկայի նախկին դեսպան Ճան Էվանզի մէկ յօդուածը, որ կոչ կ’ուղղէր Սպիտակ Տան ճանչնալու Արցախը, ինչպէս նաեւ հրաւէր կը կարդար միջազգային հասարակութեան իր ծոցէն ներս իբրեւ օրինաւոր երկիր ընդունելու Արցախը:
Օրինականութեան ուրիշ խաւ մը կ’աւելցնէր քոնկրէսական Փալոնի մէկ յայտարարութիւնը Քոնկրէսի թիւ 697 որոշումնագրին մասին. «Պատճառը որ մենք ներկայացուցինք այդ որոշումնագրին նախագիծը այն է որ ճամբորդութիւնները դէպի Արցախ եւ հաղորդակցութիւնները այդ կառոյցին հետ շատ կարեւոր են – հակառակ որ Արցախը տակաւին չունի պետական ճանաչում: Այդ որոշումնագրին պաշտպանողներու թիւը հետզհետէ աւելնալու վրայ է Քոնկրէսին մէջ»:
Արցախի պատուիրակութեան այցը համեստ ակնկալութիւններով ճամբայ ելած էր, սակայն անոր շուրջ յառաջացած զարգացումները յակամայս աւելի մեծ տարողութիւն մը ընծայեցին անոր:
Տակաւին շաբաթ մը առաջ Մոսկուայի գլխաւորութեամբ կազմուած Հաւաքական Պաշտպանութեան դաշինքի պետը՝ Զօր. Սիտորով կը յայտարարէր, թէ դաշինքը միայն կ’ընդգրկէ Հայաստանի պաշտպանութիւնը, եւ ապա կ’աւելցնէր, մասնաւորելով Արցախը, որ եթէ ռազմական կացութիւնը թեժանայ Արցախի շուրջ՝ դաշինքը յանձնառու չէ պաշտպանելու զայն:
Յայտարարութեան դրդապատճառը տարօրինակ էր, մանաւանդ՝ անոր ծանուցման ժամանակը: Հայաստանի մէջ կարգ մը մեկնաբաններ այդ յայտարարութիւնը սեպեցին ազդանշան մը ուղղուած Պաքուին, այն պահուն, որ Ալիեւը ռազմաշունչ 8 բառեր կ’արտասանէր եւ ռազմափորձեր կը կատարէր Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններուն վրայ: Սակայն, ինչպէս ամերիկացիք կ’ըսեն.
– It was a blessing in disguise (պահուած օրհնութիւն մըն էր ան): Մէկ կողմէ լքելով մաքառէին՝ բնական կը դառնար Արցախի յարումը Ամերիկային:
Այս շրջանին Ամերիկա, ինչպէս Եւրոպա, ուղղակիօրէն կ’ուզեն առնչուիլ Կովկասի, որովհետեւ ցարդ իրենց շահերու պաշտպանութիւնը այդ աշխարհամասին մէջ վստահած էին ՆԱԹՕ-ի իրենց դաշնակիցին՝ Թուրքիոյ, սակայն, ներկայիս անդրադարձած են, որ այդ դաշնակիցը, օգտագործելով ՆԱԹՕ-ի անունը եւ Արեւմուտքի ռազմական ու քաղաքական տուեալները հետամուտ է իր նեղ շահերու հետապնդման, երբեմն, նոյնիսկ ի հեճուկս իր բարերարներու շահերուն – ինչպէս օրինակ Աֆրինի ջարդերը Սուրիոյ մէջ: Այդ պատճառաւ ալ մեծերը իրենց ձեռքերով շագանակները պիտի հանեն կրակէն, չվստահելով իրենց օսմանցի զինակիցներուն: Ուրեմն, այս կերպով կը բացատրուի արտօնութիւնը Բակօ Սահակեանի Ուաշինկթըն այցելութեան:
Արեւմուտքը, եւ յատկապէս Ուաշինկթընը ունին երկու ռազմագիտական նպատակներ Կովկասի մէջ, ըստ կարելւոյն – մեկուսացնել Մոսկուան Կովկասի մէջ, չէզոքացնելով անոր յենարանները… այդ աշխարհամասին մէջ եւ ապա, զօրացնել պատժամիջոցները Իրանի դէմ: Այս երկու նպատակներու ճամբուն վրայ խաղաքարտեր են Հայաստանն ու Արցախը:
Կը մնայ այս վերջիններուն օգտուիլ ստեղծուած միջազգային քաղաքական կացութենէն, առանց կորսնցնելու իրենց կենաց ու շնչառութեան ազդակները – Մոսկուան եւ Թեհրանը: