ԱՐՑԱԽԻ ՊԱՐՏՈՒԹԵՆԷՆ ԵՏՔ՝ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ

Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան

Այն պահուն որ այս տողերը կը գրուին արդէն աւելի քան տասնըհինգ օրեր անցած են արցախեան պատերազմի տխուր աւարտէն:

Թէեւ այս անսպասելի պարտութեան հետեւանքով ցնցուած է ամբողջ Հայ աշխարհը եւ մանաւանդ Հայաստան-Արցախը, սակայն ոչ կարելի է, եւ ոչ ալ արտօնելի որ Հայոց պետականութիւնը, սկիզբի անխուսափելի ընկճուածութենէն ետք, շարունակէ մնալ անդամալոյծ վիճակի մէջ:

Ամէն ազգ եւ պետութիւն կրնայ իր պատմութեան ընթացքին անցնիլ դժուար հանգրուաններէ, յատկապէս պատերազմներու մասնակցելէ վերջ. կրնայ ենթարկուիլ խոշոր պարտութեանց, սակայն ան ստիպուած է արագօրէն ինքնամփոփուիլ եւ սկսիլ իր վերականգնումին եւ վերաշինութեան: Բազմաթիւ են այսպիսի պարագաներ եւ աւելորդ է մէկ առ մէկ այս տողերուն մէջ  մատնանշել այդ ազգերը,  շնորհիւ իրենց իմաստուն նախաձեռնութիւններուն, աւելի վերջ դարձած են նոյնիսկ աւելի եւս յաջողած երկիրներ քան այն երկիրները որոնք պարտութեան մատնած են զիրենք:

Այսօր ամբողջ Սփիւռքի տարածքին, խոր մտահոգութեամբ եւ անհամբերութեամբ մեր աչքերը ուղղած ենք դէպի Հայաստան եւ Արցախ եւ կ’ուզենք առաջին հերթին տեսնել պետութեան վերակազմակերպման նախաձեռնութիւններուն սկիզբը: Այդ նախաձեռնութիւնները նախ եւ առաջ պէտք է սկսին յոյս ներշնչել Հայաստանի եւ Արցախի բնակչութեան որ եթէ երկիրը անխուսափելիօրէն պիտի անցնի դժուար շրջանէ մը, այնուհանդերձ ամէն օր քայլ մը կ’առնուի դէպի առաջ որպէսզի աստիճանաբար վերադառնան լաւ օրերը: Անյետաձգելի է նաեւ որ պետութիւնը իր արագ վերականգնումով ցոյց տայ իր թշնամիներուն, հակառակորդներուն, դրացիներուն եւ բարեկամներուն թէ բոլորն ալ պարտին նկատել թէ Հայաստանը կը վերագտնէ իր կարողականութիւնը եւ թէ ի վերջոյ պէտք է հաշուի նստին անոր հետ, մինչ ամէն օր յետ պատերազմեան քաղաքական եւ աշխարհագրական լուծումներ կը ձեւաւորուին ի հաշիւ Հայաստանի եւ մանաւանդ Արցախի տարածքներուն:

Հայրենաբնակ մեր ժողովուրդի գործօն տարրերէն կ’ակնկալուի եւ նաեւ կը պահանջուի այլեւս դադրիլ երեւակայական աշխարհի մը մէջ կծկուած մնալէ եւ կամ ընդհակառակն յոխորտալէ. կ’ակնկալուի եւ կը պահանջուի իմաստութեամբ, իրատեսութեամբ, համեստութեամբ եւ սակայն արագութեամբ կազմակերպուիլ որպէսզի Հայոց հայրենիքը դրուի հաստատ իրականութեանց համապատասխանող քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական հաստատուն կառոյցներու վրայ:

Այս աշխատանքը կարելի է յաջողցնել եթէ ուղղամտօրէն գործածուին հայրենաբնակ եւ աշխարհատարած հայութեան բոլոր արդիւնաւետ միջոցները, ինչպէս նաեւ իմաստութեամբ օգտագործուի տարիներուն ընթացքին հայոց ապահոված բարի վաստակը բարեկամ երկիրներու եւ շրջանակներու մէջ:

Վերոյիշեալ ընթացքը չորդեգրելու պարագային խիստ լուրջ են հետեւանքները, քանի որ հայոց երկիրը կը մատնուի աւելի եւս տխուր վիճակի մը. կարելի է նոյնիսկ կորսնցնել այն փոքրը ինչ որ փրկուած է այսօր, տխրահռչակ քառասնօրեայ պատերազմին աւարտին՝ շնորհիւ Ռուսական զինուորական միջամտութեան:

Զինադադարէն քանի մը շաբաթներ անցած են արդէն եւ սակայն այս օրերուն քաջալերական չեն երբեք Հայաստան-Արցախի տարածքին տեղի ունեցող զարգացումները:

Որեւէ բարիք պիտի չիջնէ երկինքէն, կամ «բարեսիրտ» դրացի կամ հեռաւոր երկիրներու կողմէ, մեր երկրին վրայ…

Հետեւաբար առաջնահերթ եւ անմիջական անհրաժեշտութիւն է որ երկիրը վերականգնէ եւ ստեղծէ վստահելի եւ ոյժական պետական կառոյց մը:

Անցնող օրերուն ընթացքին, ըսուեցաւ արդէն թէ լուրջ եւ գիտակից որեւէ շրջանակ այսօր առաջնահերթ չի նկատեր եւ չ’ուզեր կատարուած խայտառակութեան պատասխանատուները հետապնդելու, գտնելու եւ պատժելու անպտուղ աշխատանքին ձեռնարկելու:

Աւելի վերջ, անխուսափելիօրէն  պիտի գայ անշուշտ անոր կարգը:

Այսօր նաեւ անիմաստ հարց է թէ ով Փաշինեանի հետ է կամ դէմ է անոր:

Անվիճելի եւ սառն իրականութիւնը այն է որ դժբախտաբար Փաշինեանը եւ իր կառավարութիւնը պետութեան գլուխը կը գտնուէին երբ երկիրը կրեց ահաւոր պարտութիւն մը: Հետեւաբար այնպէս ինչպէս պիտի պատահէր որեւէ այլ երկրի մը պարագային, ձախողած կառավարութիւնը համեստօրէն եւ լուրջ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ՝ պարտի քաշուիլ եւ արագօրէն տեղ տալ նոր իշխանութեան մը ձեւաւորման:

Անընդունելի է Փաշինեանի եւ անոր կառավարութեան այսօր որդեգրած դիրքը բացի քանի մը անհետեւանք մեղայականներէ, աթոռներու կառչած մնալու յամառութիւնը:

Որքան անիմաստ է երբ մէկը միւսին ետեւէն տասնեակ նախարարներ՝  հաւանաբար նախարարաց խորհուրդի մեծամասնութիւնը, կը հրաժարին կամ կը հրաժարեցուին իրենց պաշտօններէն եւ սակայն վարչապետը կը մնայ իր դիրքին վրայ:

Արդեօք ըսել կ’ուզէ թէ ին՞քն է միայն որ արժանի չէ հրաժարելու…:

Յաջորդ անարդարանալի եւ անընդունելի քաղաքական երեւոյթը, այսպէս կոչուած 17 կուսակցութիւններու «փրկարար» նոր կառավարութիւն կազմելու յաւակնութիւնն է:

Այս պարագային եւս լրջանալու կոչ կ’ուղղենք:

Երկրագունդին վրայ չկայ ուրիշ որեւէ երկիր, բացի հազիւ երկու միլիոն բնակչութեամբ Հայաստանէն, որ ունենայ եւ խօսի 17 կուսակցութիւններու անունով… եւ այն ալ ի՜նչ կուսակցութիւններ… Երբեմն երկու, չորս կամ հինգ անդամ ունեցող միաւորներ. ոչ մէկ քաղաքական պատմութիւն, ոչ մէկ իսկական գաղափարական դաւանանք ունեցող լոկ մէկ անհատի մը անունով եւ պատկերով բնորոշուած բջիջներ: Այս իմաստով այդ 17-ին մէջ բոլորէն տարբերուողը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն է: Սակայն այս վերջինն ալ իր 125-ամեայ պատմութեան ընթացքին թէեւ ունեցած է ազգայնական եւ յեղափոխական որոշ սխրագործութիւններ, սակայն դժբախտաբար այդ բոլորէն իրեն գալիք վաստակը աւելիով կորսնցուցած է իր յաջորդական, ազգավնաս լուրջ արկածախնդրական դրուագներուն պատճառաւ: Յաջորդաբար, գործակցելով նացի ֆաշիստներուն հետ, յետոյ ամերիկեան  CIA-ին հետ, եւ ի վերջոյ նոյնիսկ համայնավար KGB-ին հետ…, եւ մանաւանդ որպէս ծրագրողը և մինչև այսօր քաջալերողը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աղէտալի բաժանումին. բացի ամբոխավարական ելոյթներու իր աւանդութիւնէն՝ ան ոչ մէկ հաւաստիք կրնայ տալ այսօր թէ արժանի է Հայ ժողովուրդի կարեւոր հատուածի մը վստահութեան, մանաւանդ նախկին իշխանութեանց հետ ունեցած իր հաշուենկատ գործակցութենէն վերջ:

Այս բոլորէն ետք, ի վերջոյ կայ՞ արդեօք այսօր առողջ պետականութեան մը ստեղծման յոյսի որեւէ աղբիւր:

Բարեբախտաբար դրական է այս հարցումին պատասխանը: Արդարեւ, ակնյայտօրէն ան նոյն ինքն այսօրուան Նախագահ Արմէն Սարգսեանն է:

Գիտակից բազմաթիւ շրջանակներու համար այս պարագան ակնյայտ ըլլալով հանդերձ կասկած մը կար թէ Արմէն Սարգսեան տարբեր նկատումներով, ներառեալ իր առողջական տուեալները, կրնար հեռու մնալ այսպիսի մարտահրաւէրի մը պատասխանելու փորձութենէն: Սակայն ահա օրեր առաջ ան իր գիտական մտքի զմայլելի յստակութեամբ, ազնիւ եւ համեստ հայու նոյնքան զմայլելի ջերմութեամբ, փորձառու դիւանագէտի եւ գործարարի տպաւորիչ վստահութեամբ, հանդէս եկաւ լրջագոյն յայտարարութեամբ մը որ կը պարփակէր այս տողերուն մէջ շեշտուած եւ յետպատերազմական Հայաստան- Արցախին համար պահանջուած քաղաքական եւ տնտեսական վերակազմակերպման ամբողջական ուղեցոյցը:

Մանաւանդ յատկապէս ոգեւորիչ եւ քաջալերական էին աւելի վերջ, Նախագահ Արմէն Սարգսեանին «Առաւօտ» թերթին տուած հարցազրոյցին մանրամասնութիւնները ուր ան յստակօրէն յայտնեց թէ ինք որեւէ երկար ժամկէտով քաղաքական ծրագիրներ եւ յաւակնութիւններ չունենալով հանդերձ պատրաստ էր այսօր իսկ գլխաւորելու ժամանակաւոր կառավարութիւն մը, մինչեւ կայանալիք մօտալուտ արտահերթ ընտրութիւնները : Նախագահը նոյնիսկ նախաձեռնութիւնը առած է դիմելու Հայաստանի համար այնքան կենսական մեծ ներդրումներ ապահովելու բարեկամ արաբական երկիրներէն :

Այս պայմաններուն տակ անհասկանալի եւ անարդարանալի պիտի ըլլայ եթէ որեւէ պատճառաբանութեամբ հայրենիքէն ներս թէ դուրս բոլոր գործօն մասնիկները իրենց ամբողջական գործակցութիւնը եւ զօրավիգը չտան այս նախախնամական պատեհութեան: Աւելին՝  կարծէք թմբիրի մէջ ընկղմած՝ եթէ այս վերջինները խանդավառութեամբ չշրջապատեն այսօր Նախագահը եւ բարոյապէս կամ այլ կերպով եթէ չստիպեն օրուան իշխանութիւնը ընթացք տալու այս գործընթացին, անոնք պիտի դասուին այս շրջանի յանցագործներու կարգին:

Հայաստան եւ Արցախ այսօր անհրաժեշտութիւնը ունին բարձր եւ մաքուր գոյավիճակ ունեցող իշխանութեան մը որ տէր կանգնի ամէն օր ձեռքէ ձեռք յափշտակուող Արցախի գիւղերուն եւ քաղաքներուն: Անոնք անհրաժեշտութիւնը ունին հայոց բանակը բարձրագոյն թէքնիքական մակարդակի վրայ դնելու կարող իշխանութեան մը: Վերջապէս, նաեւ այսպիսի պայմաններու մէջ է միայն որ լայնատարած Սփիւռքը՝ անգամ մը եւս կրնայ պատրաստ ըլլալ նիւթական թէ մարդկային իր կարողութիւնները, վերահաստատուած վստահութեամբ տրամադրելու հայրենիքի վերակառուցման:

Այլապէս դժուար թէ պարզ երազներով, չհիմնաւորուած խոստումներով, նկարագրականներով եւ ամբոխավարական կուռ ելոյթներով, այսուհետեւ որեւէ լուրջ օժանդակութիւն տրամադրուի Հայաստանին:

   Այսօր լրջութիւն կը պահանջուի անոնցմէ որոնք կը ներկայանան որպէս հայրենիքի ղեկավարներ:

 

Մոնթրէալ

 

   Յ.Գ.  Այս յօդուածիս մէկ հատուածին մէջ յիշած «հազիւ երկու միլիոն բնակչութիւն ունեցող Հայաստան» ակնարկութիւնս որ պարզապէս յարաբերական չափերու անդրադարձ մըն է, ըստ երեւոյթի շատ վիրաւորական գտած է մեր թերթի ընթերցողներէն մէկը:

Իմ յանձնարարական պատասխանս իրեն՝ կամ թերեւս նաեւ ուրիշ նման գերզգայուն տրամադրութիւն ունեցողի մը համար, այն է թէ կ’երեւի ինք պէտք է կրկին կեդրոնացած ուշադրութեամբ կարդայ այդ յօդուածը, քանի որ այնտեղ արծարծուած են ազգային գոյութենական, հիմնական եւ ճակատագրական խնդիրներ, որոնք լրջագոյն հարցեր են մեր ազգին համար, եւ երբեք կախեալ չեն Հայաստանի բնակչութեան ճիշդ՝ 2 թէ 3, թէ 4 միլիոն ըլլալու՝դժբախտաբար ընդհանրապէս շատ փոքր թիւէն…:

Հայաստանի բնակչութեան թիւին մասին կատարուած նկատողութիւն մը երբ կը հասնի այլանդակ մեկնաբանութիւններու՝ կը նշանակէ որ այդ ընթերցողը կանխատրամադրութիւն մը ունի իր կուտակուած մաղձը թափելու:  Եւ կը սպասէ առիթին:

Ճիշտ պարագան է ըսելու որ Պ. Եղիայեան եւ իրեն արձագանգող գերզգայո՜ւն եւ պատուախնդիր անձերը կը միտին խաղող ուտելու փոխարէն այգեպանը ծեծելու ապարդիւն փորձ ընել :

Ա.Կ.