Սեպտեմբեր 27ին սկսած յարձակումը Արցախի վրայ կը շարունակուի միեւնոյն թափով: Յաջորդաբար հրադուլներ յայտարարուեցան եւ չյարգուեցան: Հոկտեմբեր 30ին Ժընեւի մէջ կայացած հանդիպումը եւս ունեցաւ միեւնոյն ճակատագիրը. այս վերջին հանդիպման կողմերը պայմանաւորուած էին չկրակել քաղաքացիներու եւ քաղաքացիական բնոյթի կառոյցներուն վրայ: Սակայն, պայմանաւորումէն ժամեր անց հրթիռներ եկան Ստեփանակերտի եւ Շուշիի վրայ:
Եթէ այս պատերազմը Ատրպէյճանի պատերազմը ըլլար, ռուսական կողմի ճնշումով ան արդէն դադրած կրնար ըլլալ: Այս պատերազմը Թուրքիոյ ճակատումն է Ռուսաստանի հետ եւ այդ ճակատումին ոտքի տակ կ’երթան Հայաստանն ու Արցախը: Արդարեւ, ազդանշանը արդէն հորիզոնին վրայ էր. երբ Թուրքիա զօրքեր մտցուց Ատրպէյճան եւ Նախիջեւան, իբրեւ թէ ռազմափորձեր կատարելու, եւ ռազմամթերքին մեծ մասը թողուց Ատրպէյճանի հողին վրայ` արդէն ատիկա սպառնալիք մըն էր եւ ազդարարութիւն մը Ռուսաստանին: Ռուսաստանը, զգուշացնելու համար Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը` կազմակերպեց Քավքազ 2020 ռազմախաղերը, հիւլէական հրթիռներու եւ արդիական այլ զէնքերու ցուցադրութեամբ:
Սակայն, այս զգուշացումը ոչ մէկ արժէք ունեցաւ որովհետեւ, ռազմախաղերու աւարտման յաջորդ օրն իսկ, Սեպտեմբեր 27ին Պաքու շղթայազերծեց պատերազմը Արցախի դէմ: Նախագահ Իլհամ Ալիեւ կորսնցուցած է իր ոյժն ու հեղինակութիւնը երկրին մէջ, իսկ բանակի վրայ երբեք չունի հեղինակութիւն:
Թուրքիա ոչ միայն կը վայելէ պաշտպանութիւնը ՆԱԹՕ-ի այլ կը գործածէ այդ կառոյցին զէնքերը հայկական ոյժերուն դէմ: Ժընեւի հանդիպումէն ետք թուրք-ատրպէյճանական կողմը սկսաւ միջազգայնօրէն արգիլուած զինատեսակներ գործածել, յատկապէս ֆոսֆորային զէնքեր, որոնք ոչ միայն մահացու են մարդոց նկատմամբ, այլեւ աւերիչ են բնութեան համար. այդ զէնքերը թունաւոր հրդեհներ կը յառաջացնեն անտառներու մէջ, որոնք անմշակելի կը մնան երկար ժամանակ:
Այս ֆոսֆորային զէնքերու գործածութեան պատճառը այն է որ ատրպէյճանական բանակը որոշ յառաջացումներ արձանագրած է դաշտային մարզերու մէջ եւ լեռնային անտառները անառիկ պաշտպանութիւն ունին հայկական ոյժերուն համար: Արդէն Թուրքիա Ատրպէյճան բերած էր յատուկ գունդեր որոնք մարզուած են կռուելու լեռնային շրջաններուն քիւրտ ազատամարտիկներու դէմ: Ուրեմն, ֆոսֆորային զէնքերու յաւելումն ալ կ’ամբողջացնէ ռազմական տրամաբանութիւնը այդ ծրագրին:
Հիւկօ Տանթէ յօդուած մը հրատարակած է The National Interest-ի Հոկտեմբեր 30, 2020 համարին մէջ: Այդ յօդուածին վերնագիրը արդէն կ’ըսէ ամէն ինչ. «Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցները կրնան իջեցնել լարուածութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ»: Յօդուածը կը սկսի հետեւեալ պարբերութեամբ – «Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը ունի միջոցներ նուազեցնելու լարուածութիւնը. սակայն Ատրպէյճան եւ Թուրքիա կը փորձեն չեզոքացնել քննադատութիւնները խումբ մը քոնկրէսականներուն որոնք երկու կուսակցութիւններու կողմէ դատապարտած են ոյժի գործածութիւնը: Սակայն, Ուաշինկթըն հակամէտ չէ միանալու այդ քննադատութեանց շատ հաւանաբար Ատրպէյճանի ապակողմնորոշիչ լուրերուն եւ լոպիինկի ազդեցութեան տակ: Ուաշինկթընի քաղաքականութիւնը գուցէ նաեւ կ’ազդուի Թուրքիոյ անդամակցութենէն ՆԱԹՕ-ին եւ այդ կառոյցին ունեցած կարգ մը ծրագիրներէն եւ յարաբերութիւններէն, այս աշխարհամասին մէջ»:
Եւ արդէն այստեղ է թաղուած շան գլուխը. Ուաշինկթընի ծրագիրն է Ռուսաստանի շրջափակումը` չթողելու համար որ ան վերադառնայ իր նախկին հզօրութեան: Այդ պատճառաւ ալ Ուաշինկթըն ձեռնարկած է Ռուսաստանի պարփակման (containment) քաղաքականութեան մը: Հակառակ նախագահ Ռեկընի կողմէ Կորպաչեւի տրուած երաշխաւորութեան` Ամերիկա ընդարձակեց NATO-ն, մինչեւ անգամ հիւլէական զէնքեր տեղադրելով Լեհաստանի մէջ, ռուսական սահմանին վրայ: Ռուսաստանի շուրջ բռնկած զանազան հրդեհները եւս համալրումն են այդ քաղաքականութեան. այսպէս` Ռուսաստանը կ’արիւնոտի Ուքրանիոյ մէջ, Պելառուսը ըմբոստացումի մէջ է. վերջերս Քըրքըստանի մէջ ծագեցան խլրտումներ, ընտրութիւններէն ետք. ռուսական երկրորդ խարիսխը, իր հողամասէն դուրս կը գտնուի այդ երկրին մէջ, միւսը ըլլալով Հայաստանի մէջ: Այս բոլոր զարգացումները չեն կրնար ըլլալ պատահականութեան արդիւնք. անոնք հետեւանքն են յատուկ ծրագրի մը, որուն հեղինակը` Ուաշինկթըն արդէն չ’ուրանար:
Ուրեմն, կրակի օղակին մէկ այլ հանգոյցն է Կովկասը: Նախագահ Էրտողան հակառակ իր գաւառական կոշտութեան` ունի քաղաքական սուր հոտառութիւն. ու տեսնելով այս պատեհութիւնը` պիտի չուզէր բաց թողուլ առիթը, ՆԱԹՕ-ի հովանաւորութեամբ: Իսկ Ռուսաստան, նկատելով լարուող թակարդը, զգուշաւոր վերաբերում մը ունի այս բոլորին նկատմամբ: Հայաստանի մէջ քաղաքական մեկնաբաններ, լրագրողներ եւ նոյնիսկ հասարակ քաղաքացիներ հարց կու տան թէ Ռուսաստան ե՞րբ պիտի գործադրէ իր դաշնակիցի պարտաւորութիւնները Հայաստանի նկատմամբ: Ոմանք ալ այդ դանդաղկոտութիւնը կը վերագրեն Փաշինեանի կարգ մը դաշնակիցներուն անխոհեմ ռուսատեացութեան: Վստահաբար այս վերջինը նուազ դեր մը ունի Ռուսաստանի որոշումին վրայ քան Թուրքիոյ հետ ռազմական բախումի մը հաւանականութիւնը:
Ռուսաստան արդէն չափուեցաւ Թուրքիոյ հետ Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ եւ գիտակից է թէ այդ ճակատումին կարմիր գիծերը ո՞ւր կը գտնուին: Երբ Կասպից ծովու մէջ Ռուսիոյ ռազմափորձերը, հիւլէական զէնքերով, վախ մը չթողուցին նախագահ Էրտողանի վրայ` Մոսկուա կ’անդրադառնայ որ Թուրքիոյ համարձակութիւնը սահմանուած չէ իր սեփական ոյժով, այլ ան ոյժի ցուցադրութիւնը կը կատարէ` յենած իրմէ աւելի հզօր դաշնակիցներու:
Քրեմլին գիտակից է որ Թուրքիա եկած է խարիսխ նետելու Կովկասի մէջ, հակակշռելու համար Ռուսաստանի եւ Իրանի ազդեցութիւնը այդ աշխարհամասին մէջ: Երբ Թուրքիա այդպիսի ծառայութիւն մը կը մատուցէ Արեւմուտքին, ալ այս վերջինը հաշուի չի նստիր Թուրքիոյ հետ թէ ուրիշ ի՛նչ ծրագիրներ կը հետապնդէ ան. եւ Թուրքիա իր հերթին գործադրութեան կը դնէ նաեւ իր համաթուրանական ծրագիրները:
Եթէ ակնարկ մը նետենք վերջին 30 տարիներու պատմութեան վրայ, պիտի նշմարենք որ 1994ի հրադադարը, ինչպէս 2016ի քառօրեայ պատերազմինը իրականացած են կողմերու վրայ ունեցած Ռուսիոյ հեղինակութեան եւ ազդեցութեան պատճառաւ. նոյնիսկ անցեալ Յուլիսի Տաւուշի բախումն ալ կարելի է տեսնել այս ծիրին մէջ. սակայն, այս անգամ Ատրպէյճանի անտեսումը Ռուսաստանին եւ անսաստումը Մինսքի խումբի միւս համանախագահներուն կը կրէ ամբարտաւանութեան կնիքը Էրտողանի քաղաքականութեան:
Նախագահ Փութին անդրադարձած է որ Թուրքիա թափանցած է Կովկաս Ռուսաստանի դէմ ճակատելու եւ այդ կռիւը կը մղէ Ատրպէյճանի միջոցաւ. իսկ Ռուսաստանն ալ իր հերթին կը հակադարձէր զինելով Հայաստանը, քանի որ Ատրպէյճանը ամբողջութեամբ դուրս ելած է իր հակակշիռէն:
Շարունակուող պատերազմը արդէն ազդանշանը տուած է թէ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան որոշած են անցնիլ կարմիր գիծերը: Մոսկուայի եւ Երեւանի վերջին քայլերը պատրաստութիւններ են այդ մարտահրաւէրը դիմագրաւելու:
Վարչապետ Փաշինեան պաշտօնական նամակով դիմած է նախագահ Փութինի որ սկսի գործադրութեան դնել Բարեկամութեան եւ Փոխադարձ Օգնութեան Դաշինքի պայմանները: Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակած է հաստատելով որ, ի պատասխան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի նամակին, նախագահ Փութին սկսած է խորհրդակցութեանց` բնորոշելու համար որակն ու տեսակը այն օգնութեան զոր Հայաստան պէտք ունի իր պաշտպանութեան համար. հաղորդագրութիւնը կ’աւելցնէ. «Կը հաստատենք Ռուսաստանի Դաշնութեան յանձնառութիւնը` իր պարտաւորութեանց հանդէպ Հայաստանի Հանրապետութեան , ներառեալ այն պարտաւորութիւնները որոնք կը բխին Ուխտէն Բարեկամութեան, Համագործակցութեան եւ Փոխադարձ Օգնութեան, կնքուած Օգոստոս 27, 1997, ի մէջ Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան»:
Ըստ վարչապետի ռազմական խորհրդական Վաղարշակ Յարութիւնեանի, Տաւուշի, Վարդենիսի եւ Սիւնիքի վրայ ինկած հրթիռներէն իսկ առաջ, երբ կողմերը ոեւէ սպառնալիք կը նկատեն` պարտաւոր են գործադրութեան դնելու Ուխտի պայմանները:
Արցախէն վերջ նաեւ պատրաստութիւններ կը տեսնուին Հայաստանի մէջ քաղաքացիութեան պաշտպանութեան, յայտարարելով ազդանշաններն ու նկուղային յարկերը, իբրեւ պատրաստութիւն:
Պատերազմի առաջին օրէն այս սիւնակներուն մէջ աղաղակելով շեշտուած է քաղաքական տարողութիւնը ցեղասպանութեան: Արեւմտեան երկիրները – ուր հայերը զանգուածաբար կ’ապրին – քաղաքական եւ տնտեսական շահեր ունին Թուրքիոյ հետ. միակ հակակշռողը կրնայ բարոյական ոյժը ըլլալ ցեղասպանութեան, որուն դիմաց այնքան խոցելի է Թուրքիան. նախագահ Էրտողան հսկայ գումարներ կը ծախսէ եւ անձամբ ծրագիրներ կը մշակէ ցեղասպանութեան ուրացման, գիտակցելով անոր քաղաքական տարողութեան:
Միայն վերջերս Հայաստանի նախագահն ու վարչապետը սկսած են այդ ազդու զէնքը գործածել իրենց ելոյթներուն մէջ. նուազ չափով նաեւ` արտաքին գործոց նախարարը` Զօհրապ Մնացականեան: Մենք այդ դասը սորվելու պէտք չունէինք հրեաներէն – այսուհանդերձ մէջբերենք շատ կարեւոր հաստատում մը. այսպէս Զեւ Չաֆէց Bloomberg.net-ի մէջ յօդուած մը հրատարակած է ուր կ’ըսէ. «Ամենամեծ նմանութիւնը, ի հարկէ, այն փաստն է որ հրեաներն ու հայերը, երկուքն ալ զոհերն են 20րդ դարու ցեղասպանութեանց. սակայն այդ փաստը փոխանակ զիրենք իրարու մօտեցնելու դարձած է կռուախնձոր մը: Իսրայէլ գիտակից է զոհուած ըլլալու ոյժին եւ Ողջակիզումը (Holocaust) վերածած է իբրեւ կիզակէտը իր դիւանագիտութեանն 1948էն ի վեր. ատոր շահաւէտութիւնը պարզ է. այդ ձեւով Իսրայէլ նիւթական հատուցումներ ստացած է Գերմանիայէն եւ եւրոպական ցեղասպան այլ երկիրներէն. եւ ատիկա Իսրայէլին շնորհած է գործելու ազատութիւն մը որ այլապէս զլացուած է այդպիսի փոքր երկիրներուն. ատիկա նոյնպէս հանդիսացած է քաղաքական խաղաքարտ մը Ողջակիզումը ժխտողներուն դէմ, ինչպիսիք են Իրանն ու պաղեստինցիները»:
Իսկապէս ալ ցեղասպանութեան ուրուականը կրկին կը պարզուի մեր ժողովուրդին դիմաց. նախագահն ու վարչապետը յիշեցուցած են որ 1915ին մէկ ու կէս միլիոն զոհ տուինք, որովհետեւ անզէն էինք. այսօր ունինք արդիական բանակ եւ թոյլ պիտի չտանք որ կրկնուի ցեղասպանութիւնը:
Երիտասարդ զոհերը բազմացած են եւ թշնամին որոշ յառաջխաղացք ունեցած է, եթէ նոյնիսկ չէ յաջողած իրականացնել իր ծրագիրը ամբողջութեամբ:
Բայց ո՞ւր է սահմանը մեր մարտունակութեան ու դիմադրականութեան:
«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ