ԱՖՂԱՆԻՍՏԱՆԻ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ` ՆՈՐ ՊԱՏԵՀՈՒԹԻՒՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ

Խմբագրական

Այս օրերուն քաղաքական լուրերու հրապարակը ողողուած է Աֆղանիստանի մէջ ստեղծուած նոր կացութեան մանրամասնութիւններով, մանաւանդ երբ քաղաքական զարգացումները կը զուգորդուին ահաբեկչական արիւնալի արարքներով:

Հարց կրնայ ծագիլ թէ ինչո՞ւ, մենք` հայերս պէտք է հետաքրքրուինք կամ մտահոգուինք Աֆղանիստանի հարցերով: Նախ անոր համար որ փոխկապակցուած աշխարհի մը մէջ ամէնէն հեռաւոր երկրի մը մէջ պատահած դէպքերը կրնան իրենց անդրադարձը ունենալ այլ երկիրներու կեանքին վրայ. սակայն, այս պարագային Աֆղանիստանի մէջ ստեղծըւած կացութիւնը լայն ասպարէզ կը բանայ մեր թշնամի երկրին` Թուրքիոյ որ աւելի հզօրանալով կրնայ ճակատագրականօրէն ազդել Հայաստանի վրայ:

Այսօր ամերիկացիներու փախուստը Աֆղանիստանէն կրկնօրինակն է Վիեթնամի եւ Քորէայի պատերազմներու արդիւնքին: Այդ աշխարհամասին մէջ հսկայ քանակութեամբ արիւն թափելէ ետք` ամերիկեան ոյժերը դիմեցին խուճապային փախուստի: Քսան տարի առաջ Ամերիկա մուտք գործեց Աֆղանիստան չէզոքացնելու համար այդ երկրին ահաբեկչական օճախները: Այնտեղ է որ ապաւէն գտած էին 2001ին Նիւ Եորքի Ուորլտ Թրէյտ Սենթըրի կործանման ահաբեկիչները, Պէն Լատընի գլխաւորութեամբ: Ամերիկա մտաւ Աֆղանիստան, տապալեց Թալիպաններու ահաբեկչական իշխանութիւնը եւ ի վերջոյ գտաւ նաեւ Պէն Լատընի թագստոցը Փաքիստանի մէջ եւ սպաննեց զայն: Սակայն, չբաւարարուելով այդքանով` իր վրայ պարտականութիւն վերցուց պետականութիւն կառուցանելու: Ամերիկա եւ Եւրոպա թիւր ըմբռնումներ ունին երկիր եւ ժողովուրդ կառավարելու եւ պետականութեան արեւմըտեան չափանիշները առած կը փորձեն Աֆղանիստանի մը նման վայրենի երկիր մը կարգի բերել: Արդիւնքը կ’ըլլայ – եւ` եղաւ – ան որ Աֆղանիստանի մէջ կազմուեցաւ արուեստական պետութիւն մը ամերիկեան զէնքի եւ ներկայութեան ապաւինած. սակայն հազիւ նախագահ Պայտըն յայտարարեց որ վերջ պիտի տայ յաւիտենական պատերազմներուն եւ Նիւ Եորքի ահաբեկչութեան քսանամեակին պիտի հեռացնէ ամերիկեան ոյժերը Աֆղանիստանէն, ժամանակէն առաջ փուլ եկաւ թրածոյ կառավարութիւնը եւ թալիպանները նախնական զգեստներով եւ թեթեւ զէնքերով գրաւեցին երկիրը եւ ձեռք առին իշխանութիւնը:

Երբ տակաւին նախագահ Պայտըն յոյս կը տածէր որ կրնայ ատեն մը եւս ոտքի մնալ այդ երկրի դրածոյ կառավարութիւնը` հրաւիրած էր Թուրքիան որ վերահսկողութիւնը կատարէ Քապուլի օդակայանին. սակայն այդ երկրի կառավարութեան ամբողջական փլուզումով` աւելի լայն ասպարէզ բացուեցաւ Թուրքիոյ:

Էրտողանի կառավարութիւնը իսլամական մետրեսէներ կառուցանելով Ծայրագոյն Արեւելքի եւ Միջին Ասիոյ մէջ կը հրահրէ իսլամական ծայրայեղականութիւնը եւ կրօնքը զէնքի վերածելով կը տարածէ իր աշխարհակալութիւնը: Ան անմիջապէս պատրաստ դաշնակից մը գտաւ թալիպաններու ծայրայեղ իսլամական քաղաքականութեան մէջ, որով կը փորձեն ընկերութիւնները վերադարձնել դէպի մութ միջնադար, ստըրկացնելով կիներն ու հաստատելով կրօնական բիրտ իշխանութիւններ:

Թուրք լրագրող Ուզայ Պուլութ Jihad Watch-ի Օգոստոս 20ի համարին մէջ կը գրէ որ Էրտողան իբրեւ ծայրայեղ իսլամապաշտ դաւանակից է թալիպաններու ահաբեկչական գաղափարաբանութեան. ան կը գրէ. ՙԷրտողան կ’ըսէ հակասական ոչ մէկ բան ունինք թալիպաններու հաւատքին հետ. հետեւաբար մենք պիտի քննարկենք եւ համաձայնինք այս հարցերուն մէջ՚:

Տարբեր հարցազրոյցի մը ընթացքին Էրտողան աւելցուցած է. ՙԹուրքիոյ պատկան կառոյցները այս պահուն կ’աշխատին բանակցութիւններ իրականացնելու. թերեւս նաեւ մօտ օրէն ի վիճակի կ’ըլլամ հանդիպելու իրենցմէ ներկայացուցիչի մը որ կը հանդիսանայ թալիպաններու ղեկավարը՚:

Թուրքիոյ հետ գործակցելու ցանկութիւնը մեծ է նաեւ թալիպաններու մօտ. անոնց հիմնադիրներէն մէկը` Սուհէյլ Շահին, որ նաեւ այժմու խօսնակն է այդ կազմակերպութեան ըսած է. ՙՄենք շատ պէտք ունինք Թուրքիոյ` կառուցանելու համար Աֆղանիստանը: Աֆղանիստանը ընդյատակեայ հարուստ գանձեր ունի, բայց չի կրնար զանոնք շահագործել. մենք Թուրքիոյ կարիքն ունինք՚:

Եթէ Թուրքիոյ գործակցութիւնը Աֆղանիստանի թալիպաններուն հետ սահմանափակուած ըլլար միայն շինարարութեան եւ տնտեսական զարգացման մէջ, Թուրքիոյ ազդեցութեան գօտիներու ընդլայնումը սահմանափակուած կ’ըլլար. սակայն այդ գործակցութեան ստեղծած աշխարհաքաղաքական հետեւանքներն են որ վտանգաւոր են այդ աշխարհամասին եւ անգամ` Հայաստանին համար:

Թուրքիոյ զօրացումը Աֆղանիստանի մէջ պիտի սատարէ իր միջին-ասիական թուրանական ծրագիրներուն. որովհետեւ մէկ կողմէ Թուրքիա հաստատուելով Ատրպէյճանի մէջ կը ջանայ օղակի մէջ առնել Հայաստանն ու Իրանը: Արդէն Աֆղանիստանի մէջ ու շուրջ ստեղծուած ապահովական վտանգները իրենց անդրադարձը ունեցած էին Տաճիկիստանի վրայ որ ՀԱՊԿի գիծով դաշնակիցն է Հայաստանին: Ի դէպ մօտ ատենէն Հայաստանն է որ պիտի ստանձնէ հերթական ղեկավարութիւնը Ռուսաստանի ստեղծած Հաւաքական Ապահովական Կազմակերպութեան եւ առաջին հերթին պիտի դիմակալէ թուրք ծաւալապաշտութիւնը Աֆղանիստանի եւ Միջին Ասիոյ մէջ:

Բացի աստի, Ռուսաստանի բանակն ու ՀԱՊԿը հազիւ թէ ի վիճակի կ’ըլլան կայունութիւն ստեղծել Կովկասի մէջ: Սակայն, եթէ ապակայունացման կեդրոնները փոխադրուին Միջին Ասիա` Մոսկուա իր ուշադրութիւնն ու ռազմական հնարաւորութիւնները պիտի փոխադրէ Միջին Ասիա, աւելի եւս անտէր թողելով Կովկասը Ատրպէյճանի ռազմական ախորժակներուն դիմաց:

Ի դէպ, Թուրքիա, կարգ մը աշխարհամասերու մէջ պայմանաւորուելով հանդերձ Ռուսաստանի հետ (Սուրիա, Ատրպէյճան, Լիպիա), բացայայտ թշնամական քաղաքականութիւն կը վարէ Ռուսաստանի դէմ. օրինակ, ան կը զինէ Ուքրանիան եւ կը յայտնէ որ պիտի աջակցի անոր ազատագրելու համար Խրիմը: Արեւմուտքին համար իր պիտանիութիւնը հաստատելու համար միեւնոյն գրգռիչ դերը պիտի կատարէ նաեւ Ռուսաստանի հարաւը, թրքացեղ երկիրներու մէջ, ուր արդէն հաստատած է իր ռազմական ներկայութիւնը:

Եւ քանի Ռուսաստան մտահոգուի այլուր իր սահմաններուն պաշտպանութեամբ, նոյն համեմատութեամբ ալ պիտի հրաժարի իր դաշնակիցները պաշտպանելու պարտաւորութենէն Կովկասի մէջ:

Թուրքիա-Ռուսաստան-Հայաստան հակասութիւնները տակաւին միայն մէկ երեսը կը ներկայացնեն Աֆղանիստանի ճամբով Թուրքիոյ դիմաց բացուող վտանգաւոր նոր հորիզոններուն: Քանի Թուրքիան կրօնքը վերածած է քաղաքական զէնքի` այդ ուղղութեամբ եւս Անքարա կ’աշխատի տարածել իր ազդեցութեան գօտիները: Անքարա նախ ստեղծած էր կառոյց մը` համախմբելով Թուրքիան, Փաքիստանը եւ Մալէյզիան. ատոր վրայ աւելցաւ Թուրքիա-Ատրպէյճան կառոյցը: Այսօր այդ կառույցին կը միանայ Աֆղանիստանը:

Հեռանկարը այն է որ ստեղծուի իսլամական հսկայ համադաշնակցութիւն մը առաջնորդութեամբը Թուրքիոյ, ընդգրկելով Փաքիստանը, Քաթարը, Աֆղանիստանը, Մալէյզիան եւ Ատրպէյճանը:

Ինչպէս կը տեսնուի, Հայաստանէն շատ հեռու երկիրներ, որոնք ոչ մէկ խնդիր ունին Հայաստանի հետ, դաշնակցելով Թուրքիոյ` թշնամի կը դառնան Հայաստանին: Այս պարագան շատ յստակ դարձաւ երբ Փաքիստանի օդային ոյժը մասնակցեցաւ 44-օրեայ պատերազմին, մարտնչելով Ատրպէյճանի կողքին: Ի վերջոյ նոյն դիրքաւորումը պիտի որդեգրեն Թուրքիոյ հետ դաշնակից դարձող միւս երկիրները, ընդլայնելով վտանգի հորիզոնը Հայաստանին համար:

Այսօր Հայաստանի բնակչութիւնը եւ ամբողջ հայութիւնը ահաբեկած են որ Ատրպէյճանը փակած է Կորիս-Ղափան ճամբան, անջատելով Սիւնիքը եւ անդամահատելով Հայաստանը:

Սակայն, եթէ աւելի ընդարձակենք մեր հայեացքը եւ դիտենք աշխարհաքաղաքական զարգացումները Աֆղանիստանի մէջ եւ անոր շուրջ` ահաբեկուելու աւելի լուրջ պատճառներ պիտի ունենանք:

Ահա թէ ինչո՞ւ Աֆղանիստանը այնքան հեռու է, եւ այնքան … մօտիկ:

 

Պայքար շաբաթաթերթ