ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՉՍԿՍԱԾ` ԺԱՄԱՆԱԿԸ ՉԷ ԿԱՆԽԱՎՃԱՐՆԵՐՈՒ

Հայաստան-Թուրքիա բանակցութեանց մեկնարկէն իսկ առաջ կը հաստատուին կարգ մը կատարուած իրողութիւններ որոնք կրնան դիւրացնել կամ ապարդիւն ընծայել այդ բանակցութիւնները:

Մեր ժողովուրդը, Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ, դրուած է հարցականի առջեւ. պէ՞տք են այս բանակցութիւնները թէ ոչ. ի՞նչ արդիւնքներ կ’ակնկալենք անոնց ելքէն եւ ի՞նչ պայմաններով պէտք է նստիլ բանակցութեանց սեղանին առջեւ: Այս հարցումներուն պատասխանները միանշանակ չեն, եւ գոյութիւն ունին տարակարծութիւններ:

Միակ հարցը որուն շուրջ ընդհանուր համաձայնութիւն գոյացած այն թէ պէտք է նստիլ մեր դարաւոր թշնամիին հետ դէմ առ դէմ եւ բանակցիլ:

Երբ կը նստինք բանակցութեան սեղանին առջեւ` պէտք է մեր հետ այդ սեղանին շուրջ նստի նաեւ պատմութիւնը, մեր պատմութիւնը որպէսզի կարենանք ճշդորոշել թէ որո՞նք են թշնամիին նպատակները եւ որո՛նք են մեր նպատակները:

Թուրքիոյ, այսինքն մեր ազգի թշնամիին, նպատակները կը բխին անոր ծրագիրներէն: Այս պարագային` Թուրքիոյ ծաւալապաշտական նպատակները, թուրանական ծրագիրը, կը պահանջեն որ այդ ծրագրի ճամբուն վրայ գոյութիւն չունենայ ինքնիշխան հայկական պետութիւն: Այդ դրուածքը գոյութիւն ունէր անցեալին եւ կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ այսօր:

Թուրքիան յաջողեցաւ խափանել Կիլիկեան անկախ պետականութեան մը գոյառումը 1920ին երբ Մուսթաֆա Քեմալ սկսաւ զէնք ու մթերք ապահովել նորաստեղծ պոլշեւիկեան իշխանութենէն եւ իր սաղմին մէջ խեղդել հայերու եւ յոյներու պատմական իրաւունքներուն վերականգնումը համապատասխան հողային տարածքներու վրայ:

Նոյնը պատահեցաւ Արեւելեան Հայաստանի պարագային, երբ Քազիմ Քարապեքիրի ոյժերը գրաւելով Ալեքսանդրաբոլը, մեր երկրին պարտադրեցին Ալեքսանդրաբոլի դաշնագիրը (1920), որով Հայաստան կը վերածուէր վասալ ու կախեալ պետական կմախքի մը:

Այս բոլորը պատմական անհրաժեշտութիւններ են Թուրքիոյ համար, ինչ որ մեզ կը բերէ հասցնելու ներկայ ժամանակներուն, ուր եւս Թուրքիոյ պետական նպատակները կը մնան միեւնոյնը եւ, հետեւաբար, այդ նպատակներով պայմանաւորուող անհրաժեշտութիւնը հայկական պետականութիւնը արմատախիլ ընելու:

Թրքական կողմին պատմական անհրաժեշտութեան եւ այսօրուան քաղաքականութեան նպատակներուն դիմաց հայկական կողմին անհրաժեշտութիւնն է պաշտպանել Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութիւնը` դիւանագիտական միջոցներով, հզօրացնել զայն տնտեսապէս եւ ռազմական կառոյցով եւ այդ ընթացքին ապահովել դաշնակիցներ որոնց քաղաքականութիւնն ու գոյութենական պայքարները կը համընկնին Հայաստանի գոյութենական պայքարին:

Երբ կը դիրքաւորուինք Հայաստան-Թուրքիա բանակցութեանց նկատմամբ մեր դատողութիւնները երբեք պէտք չէ անձնականացնենք: Օրինակ, վերջերս Եւրոպական Խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին, Յունուար 27ի հայանպաստ բանաձեւին դէմ քուէարկած են Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչները, որոնց միացած է ընդդիմադիր պատգամաւոր Հայկ Մամիջանեանը, արդարանալ փորձելով որ բանաձեւը «նիկոլանպաստ» էր:

Դժբախտաբար, ասիկա եզակի երեւոյթ մը չէ, յատկապէս Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ, ուրկէ եւս ան կը հասնի սփիւռքին. եւ այդ ձեւի դատողութեամբ քաղաքական արարքները կ’անձնաւորուին: Մինչդեռ այդ դատողութիւնները պէտք է շրջանցեն անձնաւորութիւնները եւ յանգին այն կէտին ուր պէտք է պարզուի ոեւէ արարքի կամ գաղափարի հայանպաստ կամ հակահայաստանեան ըլլալը:

Գաղափարները անձերով խորհրդանշելն ու անոնցմով դիրքորոշում բանաձեւելը մեզ կը տանին անհատի պաշտամունքի դրութեան որուն ցաւալի հետեւանքները կը կրէ մեր հայրենիքը մինչեւ այսօր:

Այսօր, երբ Թուրքիան կը պարտաւորուի Հայաստանի հետ բանակցութեան նստելու` կը նշանակէ որ շրջանի աշխարհաքաղաքականութեան մէջ փոխուած բան մը կայ: Հայաստան, հակառակ պարտուած ըլլալուն, ունի նպաստաւոր տուեալներ, անկախ իր կամքէն: Հետեւեալ տուեալները կը գործեն Հայաստանի ի նպաստ, եւ պէտք չէ ան ի սկզբանէ բանակցութեանց մօտենար պարտեալի հոգեբանութեամբ:

Ա. Թուրքիոյ տնտեսական տագնապը պարտադրած է այդ երկրի իշխանութեանց հրաժարելու, գուցէ ժամանակաւորապէս, ռազմատենչ քաղաքականութենէ եւ դիմելու աւելի հաշտուողական վարքագիծի մը: Ասիկա ոչ միայն Հայաստանի նկատմամբ, այլ կարգ մը այլ շրջանային երկիրներու նկատմամբ:

Բ. Նախագահ Պայտընի պահանջը` Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին` յստակ է եւ կատարուած է հրապարակային կերպով: Եւ այնտեղ Հայաստանի պարագան նշուած է յստակ կերպով: Ուրեմն, եթէ Թուրքիա կը ցանկայ իր յարաբերութիւնները բարելաւել Ամերիկայի ներկայ վարչակազմին հետ` պարտի գոհացնել այդ իշխանութեան առաջադրանքները:

Պէտք չէ անտես առնել այն փաստը որ պետութիւններ, առանց քաղաքական յետին նպատակի, բարեսիրական նպատակներով որոշումներ չեն կայացներ: Այնպէս որ նախագահ Պայտընի կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչումն ու Էրտողանին բանակցելու պահանջ ներկայացնելը կը միտին Հայաստանը հեռացնել Ռուսաստանէն: Իսկ Թուրքիոյ կողմէ նախագահ Պայտընի թելադրանքին ընթացք տալը նոյնպէս կը բխի ՆԱԹՕի անդամ ըլլալու իր հանգամանքէն եւ կը համընկնի նախագահ Պայտընի դիտաւորութեան հետ:

Գ. Ցեղասպանութիւնը եւ անոր ճանաչման խնդիրը, անկախ Հայաստանի կամքէն, դարձած են միջազգային քաղաքական ազդակներ, որոնց դիմաց պարտաւորութիւն ունի Թուրքիան քաղաքակիրթ աշխարհի դիմաց: Ու նաեւ քաղաքականութեան էութենէն բխող տուեալ մըն է – այն որ Թուրքիոյ հետ հաշիւ ունեցող ոեւէ երկիր յանկարծ անոր դէմ կը ցցէ ցեղասպանութեան խնդիրը:

Հետեւաբար, երբ թուրքին հետ բանակցութեան կը նստինք` մեր նահատակներուն ժառանգութիւնն ու ձայնը մեզի հետ են: Անոնք կրնան աննիւթական տուեալներ թուիլ` սակայն քաղաքական ազդակներ են:

Չմոռնանք որ այս բանակցութիւնները որքան անհրաժեշտ են հայկական կողմին համար, նոյնքան անհրաժեշտ են թրքական կողմին. հետեւաբար չփորձուինք մերկանալ` տակաւին ջուրը չտեսած, ժողովրդային բարբառով:

Սակայն, այնպէս կ’երեւի որ Հայաստանի իշխանութիւնները սկսած են կանխավճարներ կատարել` առանց գիտնալու թէ ի՞նչ պիտի կրնան ստանալ բանակցութեանց արդիւնքով:

Այսպէս`

Ա. Առաջին կանխավճարը թուրքական ապրանքներու ներածման դէմ դրուած արգելքին վերացումն էր այս տարուան սկիզբին: Թէեւ Թուրքիոյ տնտեսութեան համար աննշան արարք մըն էր, սակայն, անհրաժեշտ խորհրդանշական նախաձեռնութիւն` դիմացի կողմին վրայ տրամադրութիւններ ստեղծելու:

Բ. Այս մէկը կանխավճար մըն էր Ատրպէյճանին` երբ վարչապետ Փաշինեան հրապարակաւ հրաժարեցաւ տիրութիւն ընելէ Արցախին, երբ իր մամլոյ ասուլիսին մէջ պարզեց որ Արցախի իրավիճակը, Ատրպէյճանի սահմաններէն ներս յանձնուած է ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդին: Այսինքն` թէ հայկական կողմը ըսելիք մը չունի այդ ուղղութեամբ: Քաղաքական այսպիսի բնորոշում մը կը դժուարացնէ նաեւ գործը Մինսքի խումբի համանախագահներուն, որոնք կը շարունակեն պնդել որ Արցախի հանրապետութեան իրավիճակը տակաւին ենթակայ է քննարկումի եւ սահմանումի, համաձայն այդ խումբի քաղաքականութեան:

Գ. Իշխանական պատգամաւոր մը կը պնդէ որ Հայաստանի ոչ մէկ իշխանութիւն կասկածի տակ չէ դրած Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ինկած սահմանը: Քանի իշխող Քաղաքացիական Պայմանագիր կուսակցութեան անդամները միաբերան կը խօսին, միեւնոյն զսպանակէն, կը նշանակէ որ անոնք կը պարզեն իշխանութեան դիրքը. եթէ այդ յայտարարութիւնը պատգամ մըն է ուղղուած Թուրքիոյ` Անգարայի դիւանագէտները իրաւունք ունին եզրակացնելու որ Կարսի պայմանագիրը կամ անոր փոփոխութիւնը նշանակութիւն մը չունին իշխանութեան, մինչդեռ հարցադրումը պէտք էր բանաձեւուած ըլլար այլ կերպով, թէ` Հայաստանի իշխանութիւնը, այսօր, պատրա՞ստ է ճանչնալու 1921ի Կարսի դաշնագիրը որ կնքուած էր Պոլշեւիկեան իշխանութեան եւ Մուսթաֆա Քեմալի Ազգային ժողովին կողմէ, որոնք այդ շրջանին միջազգայնօրէն ճանչցուած պետական միաւորներ չէին: Փաստը այն է որ հայ-թրքական նախընթաց բոլոր մերձեցումներուն առիթով խնդրոյ առարկայ դարձած է Կարսի դաշնագիրը Հայաստանի կողմէ վաւերացման ենթարկելու Թուրքիոյ ակնկալութիւնը – ուղղակի կամ անուղղակի կերպով – սակայն արժանացած է մերժումի: Այդպէս էր ֆութպոլային քաղաքականութեան ընթացքին, Ցիւրիխեան փրոթոքոլներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ ԹԱՐՔ (TARC) օրերուն:

Դ. Հայաստանի պետութեան կողմէ հայ դատը ուրանալու բացայայտ հաստատում մըն էր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին մամլոյ ասուլիսին ընթացքին կատարած բնորոշումը թէ «Հայաստանի հանրապետութիւնը երբեք Հայ Դատի քաղաքականութիւն չի վարել, իսկ ցեղասպանութեան ճանաչման լոկոմոթիվը միշտ սփիւռքն է եղե»:

Նախ հայկական դատը ունի երկու բաղադրամաս. առաջինը` մէկ ու կէս միլիոն հայերու մորթատումն է որ ՄԱԿի սահմանումով կը կոչուի ցեղասպանութիւն. իսկ երկրորդ բաղադրիչը հայրենիքի հողի կորուստն է:

Նախագահ Էրտողանի խօսնակ Իպրահիմ Քալըն, վերջերս Շիքակոյի մէջ յայտարարած էր որ Հայաստանի դիրքաւորումով պիտի փլուզուի սփիւռքահայութեան թէզը. հաւանաբար այս մասին էր անոր ակնարկութիւնը` ինչ խօսք որ թրքական մամուլը այսօր ցնծութեան մէջ է, մեկնաբանելով որ Հայաստանի իշխանութիւնները կը հրաժարին ցեղասպանութեան ճանաչման տիրոյթներէն: Այստեղ Նիկոլը սիրելու կամ չսիրելու խնդիր չկայ այլ գոյութիւն ունի ցեղին ժառանգութեան տէր կանգնելու եւ չկանգնելու հարց:

Ի դէպ, հայկական ցեղասպանութիւնը պետականօրէն ուրանալու մենաշնորհը չի պատկանիր Նիկոլ Փաշինեանին. նախագահ Սերժ Սարգսեան, իր հերթին զանգահարած է այն ատենուան փոխ-նախագահ Ճօ Պայտընին, իմացնելու համար որ Հայաստանի համար կարեւոր չէ հայկական ցեղասպանութեան ճանաչումը Ամերիկայի կողմէ: Այս փաստը բացայայտուեցաւ վերջերս տեսաերիզի վրայ արձանագրուած դէպքով մը, նախագահ Պայտընի բերնով:

Հաւանաբար Սերժ Սարգսեան այդ քայլին դիմած էր յաջողցնելու համար ֆութպոլային քաղաքականութիւնը: Հաստատումը ճիշդ չէ որ Հայաստանի պետութիւնը չէ պաշտպանած Հայ Դատը: Արդարեւ, երբ Քոչարեանի իշխանութեան օրով ցեղասպանութեան խնդիրը արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ դրուեցաւ` սկսան օտար պետութիւններ յաջորդաբար ճանչնալ զայն:

Հայաստանի պետական դէմքերը, եթէ տէր են իրենց պետական կոչումին, իրաւունք չունին ժամանակաւոր յաջողութեանց հաշւոյն պատմական ծանրակշիռ պարտամուրհակներ վատնելու:

Պիտի յայտնենք բարձրաձայն թէ կը սիրենք Նիկոլը, բայց ճշմարտութիւնը` աւելի: Կատարուածը անորակելի արարք մըն է որքան Փաշինեանի պարագային, նոյնքան նաեւ Սերժ Սարգսեանի: Չունի՞ն անոնք տարողութիւնը մտածելու որ եթէ Հայաստանի պետական առաջին դէմքերուն համար կարեւորութիւն չունի ցեղասպանութեան ճանաչումը, այն ատեն ինչո՞ւ այդ հարցը շահեկան պէտք է մնայ նախագահ Պայտընին եւ իր կառավարութեան:

Ե. Յունուար 28ին պէտք էր նշուէր հայկական բանակի կազմութեան 30-ամեակը. բանակի օրը կը նշուի յատուկ զօրահանդէսներով ուր կը ցուցադրուին երկրին զինամթերքն ու արդիական ձեռքբերումները: Երեսնամեակը հանգրուանային տարեդարձ մըն էր երբ աւելի մեծ հանդիսութեամբ պէտք էր կատարուէր այդ տօնին նշումը: Սակայն, յանկարծ Նիկոլ Փաշինեան եւ իր զինուորական հրամանատարութեան պետերը վարակուեցան քովիտով: Արդեօք զուգադիպութիւն մըն էր այս որ պատճառ հանդիսացաւ բանակի օրուան նշումի ջնջումին:

Իրաւունք ունի՞նք ենթադրելու որ այս որոշումը կապ ունի վերջերս Ալիեւի կատարած մէկ սպառնալիքին հետ: Արդարեւ, Ալիեւ զգուշացուց Հայաստանը վերազինուել եւ սպառնաց ըսելով որ ռեվանշիզմի ոեւէ վտանգ Հայաստանի մէջ պիտ չեզոքացնենք, որքան որ ալ խորունկ պահուած ըլլայ ան:

Կ’ենթադրենք որ այս որոշումով Հայաստան խուսափեցաւ ցուցադրելէ իր ունեցած նոր զինատեսակները:

Այսօր, երբ կը գտնուինք առանց նախապայմաններու բանակցութիւններ կատարելու սեմին` ալ ի՞նչ նախապայման կրնայ առաջադրել թրքական կողմը, երբ Հայաստանի իշխանութիւնները այդ նախապայմանները շրջանձած են, ուղղակի կամ անուղղակի միջոցներով:

Բայց անոնք որ կը ճանչնան թուրքը գիտեն թէ անոր դիմաց ի՛նչ զիջողութիւն որ ալ կատարուի` ան պիտի շարունակէ պահանջել աւելին:

Արդէն Թուրքիա թաքուն նախապայմաններով սկսած էր բանակցութեանց նախաձեռնութեան, յայտարարելով որ բանակցութեանց մէջ ամէն համաձայնութիւն պիտի համադրէ Ատրպէյճանի իշխանութեանց հետ: Ատիկա արդէն նախապայման մը չէ՞ որ վտանգի առաջ կը դնէ այս անգամ նաեւ Զանգեզուրի միջանցքը:

 

«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ