ԲՈԼՈՐ ԼԾԱԿՆԵՐԸ ՄԷԿ ՄԱՐԴՈՒ ՁԵՌՔԸ, ԻՍԿ ԱՅԴ ՄԱՐԴԸ` ԲՈԼՈՐԻ ՁԵՌՔԸ

ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ

 

Հայրենաբնակ մեր ժողովուրդը, նկատի ունիմ անոր գիտակից հատուածը, վերջին հինգ տարիներու դառն փորձառութեամբ գիտէ, որ երբ ներքին ճակատի վրայ երկրորդական դէպք մը կամ իրադարձութիւն մը արհեստականօրէն կ’ուռճացուի, անպայման չարագուշակ բան մը պիտի յաջորդէ անոր արտաքին ճակատին վրայ, նկատի ունիմ հայ-ատրպէյճանական առճակատումը: Տակաւին պաշտօնի վրայ գտնուող Հայաստանի իշխանաւորները վերահաս վտանգը քօղարկելու (camoufler), կոծկելու, հանրային զգօնութիւնը թուլցնելու այդ հմտութեան իսկական վարպետներն են, իսկ ժողովուրդն ալ իր կռահումներուն մէջ դարձած է անսխալական:

Այս անգամ հրապարակ նետուած պատրոյգը (արաբները պիտի ըսէին` ֆըթեյշէ) գրգռիչ յայտարարութիւն մը կամ բացայայտում մը չէր, ինչպէս սովորաբար կ’ըլլար, այլ` իրական գործողութիւն, այն ալ` դատավարական տեսակէն: Ըսել կ’ուզեմ` շինծու գործողութիւն մը, որ եթէ չվերաբերէր 44-օրեայ պատերազմին Ռուսիայէն գալով իր կեանքը հայրենիքի պաշտպանութեան զոհած երիտասարդի մը սգաւոր մօրը` Տիկին Գայիանէին, ծաղրանքով պիտի կոչէի` «47 տարեկան տիկինը առեւանգած է 23 տարեկան երիտասարդ մը»…

Ամսուն 20-ին, Շաբաթ օրը, Երեւանի դատարաններէն մէկը, ինչպէս յայտնի է, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որդի Աշոտիկին, փաստօրէն առանց բռնութեան ու խաբէութեան իր ինքնաշարժը նստեցուցած Տիկին Գայիանէին դէմ «առերեւոյթ առեւանգման փորձ» կատարած ըլլալու ամբաստանութեամբ մէկ ամսեայ բանտարկութեան (կալանքի) վճիռ արձակեց` մէկ ամիս յետոյ կրկին դատաքննութիւն կատարելու խոստումով:

Արտառոց եւ անհեթեթ այդ վճիռը, բնականաբար, ընդվզում պատճառեց շատերուն, առաջին հերթին` պատերազմի որդեկորոյս մայրերուն քով, որոնք դատարանին որոշումը եւ Տիկին Գայիանէին բանտարկութիւնը ուղղուած համարեցին որդեկորոյս բոլոր մայրերուն, եւ կառավարութեան շէնքին առջեւ, մայթին վրայ, ամբողջօրեայ նստացոյց կազմակերպեցին` ընդունելով հազարաւոր քաղաքացիներու այցելութիւնը եւ զօրակցական խօսքերը:

Եւ ահա՛ վրայ հասաւ երկուշաբթին, Նիկոլ Փաշինեանի մամուլի ասուլիսի օրը, որ պատահական չէր ընտրուած անշուշտ:  Օր.` զգայացունց բացայայտումի, որուն «ոտնաձայն», ինչպէս պիտի ըսէր մեծ բանաստեղծը, առած էին գիտակից բոլոր հայերը, եւ որուն սպասումը ունէին որդեկորոյս մօր «դէպքէն» դեռ չբթացած բոլոր մարդիկ:

Ի՞նչ ըսաւ Նիկոլ Փաշինեանը ասուլիսին: Մէկ կողմ ձգելով Աշոտիկ-Մաշոտիկի պատմութիւնը, մէկ թէ՞ չորս թոն քոքայինի խնդիրը, նոյնիսկ` Նուպարաշէնի աղբավայրի եօթնօրեայ ծխախեղդ հրդեհէն տեղեակ չըլլալու ստախօսութիւնը, վարչապետին ըսածները կարելի է ամփոփել հետեւեալ` պարզ ու մերկ բանաձեւումներու շուրջ.

ա) Պէտք է ճանչնալ եւ ընդունիլ, որ Ատրպէյճանի անձեռնմխելի տարածութիւնը 86,600 քառ. քիլոմեթր է, իսկ Հայաստանինը` 29,800:

բ) Արցախը մաս կը կազմէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան:

գ) Ատրպէյճանը Հայաստանի սահմաններէն ներս ունի տարածքային իրաւունքներ` enclave-ներու եւ առանձին բնակավայրերու նկատմամբ:

դ) Երկու երկիրներուն զինեալ ուժերը պէտք է «հայելային»  սկզբունքով ետ քաշուին, որմէ ետք պէտք է սկսի սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացը:

ե) Պաքուն պէտք է երաշխիքներ տայ, որ պիտի չյարձակի 4 ամիսէ ի վեր շրջափակուած արցախահայութեան վրայ (այսինքն ցեղասպանութեան պիտի չենթարկէ Հայաստանի քաղաքացի հանդիսացող մեր ժողովուրդը), իսկ վերջինս ի՛նք պէտք է որոշէ իր յարաբերութիւններու կարգաւորման ձեւն ու կերպը:

զ) Իսկ ինչ կը վերաբերի ռուս խաղաղապահ զօրքին յԱրցախ եւ ի Հայաստան ներկայութեան հարցին` պէտք է մեր եւ ռուսերու միջեւ քննարկումներ սկսին:

Յատկանշական է, որ ասուլիսէն անմիջապէս յետոյ այս վերջին խնդրին առաջին արձագանգողը եղաւ Մոսկուան` նախագահ Փութինի խօսնակ Պեսքովի բերանով. իրենք պատրաստ են քննարկումներու: Ի դէպ, բազմանշանակ եւ հազիւ քօղարկուած արհամարհանքով արտասանուած այդ խօսքին նախորդեր էր, ընդամէնը մէկ օր առաջ, արտաքին գործոց նախարար Լաւրովի շեշտադրումը` «Կովկասը շա՛տ կարեւոր է Ռուսիոյ համար»…

Շատ աւելի բուռն, զայրալից եղաւ հայկական տարբեր կողմերու հակազդեցութիւնը: Բնականաբար առաջին արձագանգը, աւելի ճիշդ` ահազանգը հնչեց Ստեփանակերտէն, ուր գումարուած արտակարգ նիստին խորհրդարանը «անընդունելի եւ առ ոչինչ» համարեց Փաշինեանի յայտարարութիւնը, ուր «անտեսուած են Արցախի ինքնիշխանութիւնը, ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքը եւ դրա իրացման փաստը» եւ, հետեւաբար, Արցախի կողմէ մերժելի է այդ հիման վրայ կազմուած որեւէ փաստաթուղթ:

Մէկ օր ետք, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը, որ գրեթէ միշտ կարագ-մեղր յարաբերութեան մէջ է Փաշինեանի հետ, աւելի կոշտ բառերով կրկնեց խորհրդարանի յայտարարութիւնը:

Խօսքը անշուշտ այսպէս կոչուած «խաղաղութեան դարաշրջան» բանալու մասին փաստաթուղթին կը վերաբերի, զոր վարչապետ Փաշինեան դրօշակ դարձուցած կը ծածանէ Չեխիայէն Պելճիքա, Գերմանիայէն Ռուսիա եւ այլուր:

Երկրորդ յայտարարութիւնը հնչեց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինէն: Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը, Ամենայն հայոց հայրապետի նախագահութեամբ գումարուած ժողովէն ետք, «դատապարտելի եւ անընդունելի» նկատեց խաղաղութեան պատրուակով «հիմնաւորուող» միակողմանի զիջումները եւ զգուշացուց Հայաստանի իշխանութիւնները, որ իրենց անհեռատես քայլերով, Արցախը Ատրպէյճանին զիջելով պատճառ կրնան դառնալ տեղի բնիկ մեր ժողովուրդին բնաջնջումին:

Եղան նաեւ բազմաթիւ այլ արձագանգներ, որոնց կարգին` Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեանց նախկին 4 նախագահներունը, բացի հիմնադիր եւ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանէն, մեզի համար առայժմ անհասկնալի պատճառներով: Ոմանք ալ, ըստ իրենց ընկալեալ սովորութեան, արձագանգելու համար շարունակեցին սպասել Ռուսիոյ մայրաքաղաքէն հնչելիք ձայներուն…

Այսուհանդերձ, ի դիմաց բողոքի բոլոր արտայայտութիւններուն, քաղաքական ու սովորական ողջախոհութիւնը կը մղէ մեզ հարց տալ` արդէն բացայայտ սպառնալիքներուն եւ վտանգներուն դէմ յանդիման ի՞նչ կրնան ընել մերժումի ու բողոքի մեր ներքին ու հրապարակային յայտարարութիւնները: Ազգովին, համայն հայութեամբ, մե՛ր իսկ ընդհանուր մեղքով, զրկուած ենք օրհասական վիճակը շտկելու, գէթ` մեղմացնելու, յոռեգոյնին առաջքն առնելու լծակներէն:

Բոլոր լծակները կը գտնուին մէկ մարդու ձեռքը, իսկ այդ մարդը ինք ալ` կը գտնուի մեր բոլոր բարեկամներուն, դաշնակիցներուն եւ նոյնիսկ թշնամիներուն ձեռքը, բացի մեզմէ` բոլորին ձեռքը:

 

Երեւան