ԴԱՐ ՄԸ ԱՄԲՈՂՋ ՍՊԱՍԵԼՈՎ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ

«Կռուէ ոսկորներովդ» եթէ ոսկորներդ ալ փշրուեցան՝ «կռուէ նահատակովդ» ըսած է Շահան Շահնուր. եւ իրօք, հայ ժողովուրդը, 1915ի Եղեռնէն ի վեր կը կռուէր իր նահատակով, մինչեւ Հայաստանի վերջին անկախութիւնը, երբ այդ նահատակի պայքարին միացաւ արդիական զէնքերու պայքարը, որ ոչ միայն կու գայ դառնալու երաշխիք մը մեր փոքրացած երկրին ապահովութեան, այլեւ խթան մը՝ թօթափելու զոհի բարոյալքող հոգեբանութիւնը:  Մեծն Տիգրանէն ի վեր զէնքը չէր եղած մեր բարեկամը ու երանի թէ շարունակէր չըլլալ մեզի միակ բարեկամը, քանի մենք յաջողած էինք վերապրիլ մեր մարդկային արժէքներով ու մշակոյթով:  Սակայն, այսօր, այս վայրենի աշխարհին մէջ խաղաղութեան երաշխիքը կը մնայ զէնքը. մեր հայրենիքը պարտաւոր է զինուիլ գերարդիական ռազմամթերքով:

Մեր ժողովուրդը ուշացած անդրադարձաւ զէնքի կարեւորութեան ու դերին՝ մեզի վերադարձնելով մեր պատմական հողին մէկ կտորը՝ Արցախը:

Մենք կը հաւատանք ու պէտք է հաւատանք – որ այսօրուան մեր Հայաստանը կռուանն  ու խարիսխն է վաղուան ամբողջական Հայաստանին:  Այդ ամբողջական Հայաստանի պայքարին մէջ մեր ժողովուրդը գրեթէ կէս դար ուշացաւ իր պատմական առաքելութիւնը դասաւորելու եւ հունաւորելու:  Արդարեւ, ցեղասպանութեան հարուածը այնքան ուժգին էր որ մեր ժողովուրդը կէս դար ամբողջ հարկադրուած էր իր վէրքերը բուժելով եւ իր համայնքային կեանքը կազմաւորելով ամբողջ երկրագունդի երեսին:  Միայն Եղեռնի յիսնամեակն է որ եկաւ ազդանշանը տալու այդ պայքարի հզօրացման եւ արդարութեան պահանջին:  1965էն սկսեալ աւելի թափ առին պահանջատիրութեան աշխատանքները աշխարհի երեսին, Երեւանէն սկսելով մինչեւ ամէնէն հեռաւոր անկիւնները երկրագունդին:  Յիսնամեակի վերազարթնումի թափով է որ 1967ին կանգնեցաւ Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիրը իբրեւ լուսաւոր փարոս աշխարհի հայութեան ու նաեւ՝ համայն մարդկութեան:

Հայութեան դիմաց կանգնող մարտահրաւէրը կը ներկայանար երեք երեսներով կամ հանգրուաններով. –

ա) Փաստագրական հաւաքման եւ հրատարակութեանց հանգրուան, փաստելու աշխարհին մոռցուիլ սկսող ցեղասպանութեան ահաւորութիւնը եւ արդարութեան վերահաստատման՝ անհրաժեշտութիւնը:

բ) Մեր զանգուածներուն քաղաքականացման գործընթացը եւ քաղաքական պայքարը միջազգային յարաբերութեանց մէջ պատեհութիւններ գտնելու նպատակով:

գ) Բանաձեւել մեր դատը միջազգային իրաւունքի չափանիշներով, միշտ զգօն մնալով որ իրաւունքները ինքնին չեն արժեւորուիր, եթէ անոնք պաշտպանուած չըլլան քաղաքական նեցուկով եւ զէնքի ոյժով:

Վերջին տարիներուն տեսութիւններ հրապարակ կը նետուին ցեղասպանութեան ճանաչումը բաւարարուած նկատելու եւ անցնելու պահանջատիրութեան հանգրուանին. սակայն, տակաւին երկար ճամբայ ունինք ճանաչման հանգրուանը ամբողջացած նկատելու ու մանաւանդ ատենը չէ մէկը միւսով փոխարինելու, որովհետեւ մէկը միւսին հիմքն է, կամ խարիսխը – մէկը միւսով կը զօրանայ եւ կ’ամբողջանայ. հետեւաբար պէտք է զանոնք շարունակել զուգահեռ ուղիներով՝ ճանաչման գործը հետապնդելով երբ օրինական գետին կը պատրաստենք մեր դատին միջազգային իրաւունքի բնագաւառէն ներս:

Եղեռնի 50ամեակին առիթով կարեւոր անկիւնաքար մըն էր Գերսամ Ահարոնեանի հրատարակած Եղեռնի Յուշամատեանը, եթէ ոչ ակադեմական կշիռով, այլ թելադրական կոչով, թէ որքան կենսական է փաստագրութեան հաւաքումն ու հրատարակութիւնը մեր դատին համար:  Բարեբախտաբար 50ամեակէն վերջ թափ առաւ փաստահաւաքութեան աշխատանքը ու մանաւանդ ծաւալ ստացան ակադեմական հրատարակութիւնները, սկսելով Վահագն Տատրեանէն, որուն աշխատանքներն ու հրատարակութիւնները գտան միջազգային արձագանգներ ակադեմական շրջանակներէ ներս:

Տարօրինակ, այլ ողջունելի երեւոյթը այն էր որ ակադեմականներէն հանդէս եկող գիտնականներուն կարեւոր մէկ մասը օտարներ էին – միջազգային հեղինակութիւններ – Թանէր Աքչամ, Հալիլ Պերքթայ, Թեսա Հոֆման, Իվ Թերնոն, Կ. Կուսթ, Եայիր Օրոն եւ ուրիշներ:

Ծանօթացման գծով նշանակալից դարձան նաեւ աշխարհի երեսին սփռուած բազմաթիւ յուշարձաններն ու թանգարանները. գլխաւորը, բնականաբար, Ծիծեռնակաբերդի Յուշարձան-թանգարանն է՝ որ իր կառոյցով ու մթնոլորտով կը սփռէ ուղիղ պատգամ մը սակայն ան շատ հեռու է բաղդատութեան դրուելէ Իսրայէլի  Եատ Վաշէմին կամ ողջակիզման հրէական թանգարաններուն հետ:

Իսկ ամէնէն ամօթալին այն էր որ նուիրեալ հայեր գումարներ տրամադրեցին Ուաշինկթընի մէջ, Սպիտակ Տան հարեւանութեամբ ցեղասպանութեան թանգարան մը կառուցանելու. այդ թանգարանը Թուրքիոյ համար ամօթի պատ մը պիտի հանդիսանար աշխարհի ամէնէն բանուկ քաղաքական քարուղիին վրայ:  Սակայն ան զոհ գնաց յիմար դաւերու. բայց, անկարելի է բացառել քաղաքական խարդաւանքի  վարկածը, որ ձախողութեան մատնեց ծրագիրը:  Ծրագրին ձախողութեան չափ ամօթալի էր ամերիկահայ գաղութին ոչխարային լռութիւնը:

Անշուշտ Հայկական Համագումարի Armenian National Institute-ը կերպով մը կը շարունակէ թանգարանին առաքելութիւնը, առանց զայն փոխարինել կարենալու:  Արժէքաւոր գործ կը կատարէ նաեւ Զօրեան Հիմնարկը:

Սակայն, հայերս, որ մեր ազգին երկու երրորդը կորսնցուցինք, մեր պատմական հայրենիքին հետ, տակաւին այդ կորուստներուն համապատասխան կշիռով չունինք ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան կեդրոն մը, ցեղասպանութեան մասնագէտներու հզօր հոյլով մը ամբողջացած:

Ցեղասպանութեան ծանօթացման արշաւը կը շարունակուի եւ արդէն 30 երկիրներ տարբեր բնոյթի ճանաչումներ ընծայած են ցեղասպանութեան. վերջին մխիթարական ճանաչումը անցեալ տարի եկաւ Ամերիկեան Քոնկրէսէն:  Անշուշտ հայկական կազմակերպութեանց ծանօթացման արշաւը իր դերը կատարած էր՝ հարցը արծարծ պահելու քաղաքական հարթակի վրայ, սակայն այդ յաջողութիւնը կը պարտինք թուրք-ամերիկեան լարուածութեան. ինչ որ կը թելադրէ շարունակել պայքարը եւ առիթը չփախցնել նման քաղաքական զարգացումներէ:

Հայկական Դատի ծանօթացման գծով նշանակալից դարձաւ նաեւ ուրիշ ազդակ մը. անկախ անկէ թէ անձ մը ի՛նչ վերաբերում ունի քաղաքական ահաբեկչութեան մասին՝ ան չի կրնար ուրանալ այն փաստը որ 1970ականներու զինեալ պայքարը իր դերը ունեցաւ ծանօթացման պայքարին:  Շուրջ 70 թուրք դիւանագէտներու ահաբեկումը փաստօրէն ցնցեց հզօր Թուրքիան եւ քաղաքական թատերաբեմին վրայ դրաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը:

Զինեալ պայքարի հետեւանքներուն մէջ կ’արժէ յիշել երկու պարագայ ուր ճակատագրի հեգնանքով մարդիկ կ’անդրադառնան ցեղասպանութեան իրողութեան. առաջինը սպանացի լրագրող Խոզէ Անթոնիօ Կուրրիարանի պարագան է. ան զոհ դարձած էր հայ ահաբեկիչներու մէկ ռումբին, պարզապէս սխալ պահուն գտնուելով սխալ տեղ մը եւ այդ պատճառով կորսնցուցած էր իր մէկ ոտքը:  Սակայն, այդ կորուստը զինք մղած էր հասկնալու այդ արարքին բուն պատճառը եւ ան հրատարակեց գործ մը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին՝ La Bomba վերնագրով. ան մինչեւ իր կեանքի վախճանը ջատագով մը մնաց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման:

Միւս օրինակը թրքական ծագումով անգլիագիր վիպասան Էլիֆ Շաֆաքն է որ զաւակն է թուրք դիւանագէտ ընտանիքի. ան իր ընտանեկան շրջանակին մէջ միշտ զարհուրանքով իմացած էր հայկական ահաբեկչութեան մասին:  Սակայն, հետաքրքրուելով իմացած էր այդ արարքներուն բուն պատճառը՝ ցեղասպանութիւնը:  Անուանի վիպագիրը իր վէպերէն մէկուն մէջ – The Bastard of Istanbul – անդրադարձած էր ցեղասպանութեան, զայրացնելով թուրք իշխանութիւնները որոնք դատի տուին զինք:

Պայքարը կը շարունակուի բոլոր ճակատներու վրայ. այդ պայքարի ուղիին վրայ յաջորդ հանգրուանը Սեւրի դաշնագրի հարիւրամեակի նշումն է Օգոստոս 10, 2020ին:

Սեւրի դաշնագիրը պարտամուրհակ մըն է որ միջազգային հասարակութիւնը տուած է հայութեան:  Ան նուիրականացած է նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռով:

Սեւրի դաշնագիրը մղձաւանջ մը եղած է եւ կը մնայ Թուրքիոյ համար. որովհետեւ, բացի հայերէ, այնտեղ խոստումներ կան նաեւ քիւրտերու. եւ քիւրտերը այսօր կը գտնուին այդ պատմական հողերուն վրայ եւ կը շարունակեն արիւնալի պայքար մը մղել ի խնդիր իրենց ինքնավարութեան եւ անկախութեան:  Իթթիհատական դահիճները ճիշդ այդ հեռանկարը աչքի առջեւ ունենալով է որ կատարեցին ազգագրական մաքրագործումը հայոց դէմ:  Այսօր 25 միլիոն ըմբոստ քիւրտեր կը բնակին Թուրքիոյ սահմաններէն ներս:  Թալաթներ նախատեսեցին որ կրնայ 20 միլիոն հայութիւն մը գոյանալ քիւրտերու կողքին ու պահանջել իր ազգային ինքնորոշումը:  Այդ խոստովանութիւնը կատարեց Եւրոպայի մէջ Թուրքիոյ նախկին պաշտպանութեան նախարարը հարց տալով թէ Թուրքիան կ’ունենա՞ր այսօրուան իր տարածքը եթէ մաքրագործած չըլլար հայերն ու յոյները:

Սեւրէն վերջ յաջորդ հանգրուանը Կարսի դաշնագիրը (1921), որ խախուտ օրինական գետնի վրայ է:

Պարբերաբար Մոսկուայի մէջ առաջարկներ կը լսուին վերատեսութեան ենթարկելու Կարսի դաշնագիրը, որ կրնայ փոփոխութեան ենթարկել Հայաստանի ներկայ սահմանները Թուրքիոյ հետ:  Վերատեսութիւնը կրնայ իրականութիւն դառնալ թուրք-ռուսական յարաբերութեանց զարգացումներէն. իսկ հայերս կրնանք օգտուիլ նման պատեհութենէ մը այն պարագային որ բարւոք յարաբերութիւններ ունենանք Մոսկուայի հետ:  Այսօրուան անխոհեմ ճակատումը Մոսկուայի հետ շատ լաւատեսութիւն չի ներշնչեր այս պահուն:

Հայութիւնը 105 տարուան տառապալի ճամբայ մը անցաւ որուն ընթացքին վերականգնեց իր սփիւռքը, տիրացաւ իր անկախութեան եւ ազատագրեց Արցախը:

Հայաստանը կրնայ շրջանային պատերազմներ շահիլ Կովկասի մէջ սակայն չի կրնար մեծ պետութեանց քաղաքականութեան մէջ դեր մը կատարել:

Պէտք է զօրացնել բանակը Ատրպէյճանի նման թշնամիները հեռու պահելու Հայաստանի սահմաններէն:  Սակայն խոհեմ քաղաքականութիւն է հարկաւոր մեծերու հետ չափուելու եւ մեծերէն օգտուելու համար:

Եղեռնը սգալէն անդին՝ եթէ սորվինք պատմութեան դասերը, աւելի գործնական կերպով նշած կ’ըլլանք Եղեռնի 105րդ տարեդարձը:

«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ