Արցախեան պատերազմը իր տուած մարդկային եւ հողային կորուստներէն անկախ պատճառ դարձած էր հայ քաղաքական միտքի եւ կամքի անդամալուծման: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան սկսած էր հլու հնազանդ ստորագրել միջազգային պարտամուրհակներ որոնք Հայաստանը կը դնէին գոյութենական վտանգի առջեւ. այս կամակատարութիւնը կը բխէր Հայաստանի վարչապետին ենթագիտակցական այն պարտաւորութենէն որ Ռուսաստանի նախագահը` Վլատիմիր Փութին Հայաստանը փրկած էր աւելի աղէտալի ճակատագիրէ մը եւ հետեւաբար անոր ցուցմունքներուն կամ հրահանգներուն ենթարկուիլը այդ փրկարար գործին շարունակման երաշխիքը կրնար հանդիսանալ: Նոյնիսկ ստորագրուած պայմանագիրներէն անտեղեակ կը մնային վարչապետի դահլիճի անդամները, եւ մասնաւորաբար արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարները: Ալ ո՛ւր կը մնան ժողովրդային զանգուածներուն տեղեկացուածութիւն ու համամտութիւնը: Փաշինեան յատկապէս երախտապարտ կը մնար Փութինին որ փրկած էր իր սեփական իշխանութիւնը. որովհետեւ, պատմական ու միջազգային աւանդութեամբ այդպիսի ահաւոր պարտութեան մը պատասխանատուն ինքնաբերաբար հեռացուած պիտի ըլլար իշխանութենէն:
Հոգեբանական այդ շշմածութեան մթնոլորտին մէջ Ատրպէյճանի նախագահը` Իլհամ Ալիեւ կը դառնար աւելի եւ աւելի պահանջկոտ Հայաստանի նկատմամբ, օգտագործելով Փաշինեանի շուարումը ու Փութինի ամենաթողութիւնը:
Իր այս աճապարանքին մէջ է որ Ալիեւ սկսաւ պահանջ պահանջի վրայ աւելցնելով ու գերազանցելով պայմանները այն փութկոտ յայտարարութեան որ կը կրէր եռակողմ ստորագրութիւն: Ալիեւի կողմէ հայ ռազմագերիները չվերադարձնելու յամառութիւնը, Հայաստանի հողէն ներս թափանցելու լկտիութիւնը եւ այդ թափանցումէն վերջ նոր ռազմագերիներ առեւանգելու սանձարձակութիւնը պայմաններ դարձան իր գլխաւոր նպատակին` Զանգեզուրի միջանցքին իրագործման պահանջին:
Անշուշտ Հայաստանի բնակչութեան եւ քաղաքական շրջանակներուն անհանգստութիւնը ի տես այս զարգացումներուն, հասկնալի են: Սակայն հետզհետէ կը պարզուի որ Ալիեւի մերժումը Նոյեմբեր 9ի պայմանները գործադրելու առիթ դարձաւ որ Հայաստանի իշխանութիւնները որոշ չափով սթափին պատերազմի ահաւոր հարուածէն, եւ միւս կողմէ ալ միջազգային հանրութիւնը հետզհետէ իրազեկ դառնայ Կովկասի մէջ կատարուածին, եւ մանաւանդ Մոսկուայի եւ Անգարայի միջեւ կայացած փութկոտ հասկացողութեան եւ կարգադրութիւններուն եւ սկսի հակազդել անոնց:
Գալով Զանգեզուրի միջանցքի հարցին` Ալիեւի պահանջն է տիրանալ հողաշերտի մը Զանգեզուրի մէջ ուր, Հայաստանի ինքնիշխանութեան սկզբունքները ոտնակոխելով Ատրպէյճանի մայր ցամաքամասը միացնել Նախիջեւանին: Արդէն, Սեւ լիճի ափին ազերիներու ռազմական կեդրոնացումները խորհրդանշական կերպով իրարու կը մօտեցնեն Ատրպէյճանի մայր ցամաքն ու Նախիջեւանը իբրեւ ամէնէն մօտիկ կէտեր, 40 քիլոմեթրի հեռաւորութեամբ: Ըստ Ատրպէյճանի նաեւ այդ միջանցքին վերահսկողութիւնը պիտի կատարէին ռուսական զինուորներ, փաստօրէն կիսելով Սիւնիքի հողամասը եւ Հայաստանի կեդրոնական կառավարութեան վերահսկողութենէն դուրս պահելով Հայաստանի հարաւը, ինչ որ կը նշանակէր Հայաստանի կենսական սահմանը փակել Իրանի հետ եւ նոյն ատեն Հայաստանը զրկել իր հանքային գլխաւոր հարստութենէն` մոլիպթենէն, որ կը պեղուի ու կը մշակուի հարաւային այդ հատուածին մէջ:
Ինչպէս ծանօթ է` Ալիեւ նաեւ յայտարարած էր որ ի հարկին զինու ոյժով պիտի պարտադրէր Հայաստանին զիջիլ այդ միջանցքը:
Մինչ Ալիեւ կը շարունակէ մնալ իր պնդումին մէջ, միջազգային զարգացումները կը յառաջանան այլ ուղղութեամբ. օրինակ ան, վերջերս օգտագործելով Թուրքիոյ Փոխադրութեան նախարարին` Ատիլ Քարաիսմայելօղլուի այցը Պաքու` յայտարարած էր – «Ինչպէս գիտէք, պատերազմէն ետք, առաջին հանգրուանին Հայաստան բողոքած էր ծրագրին դէմ: Այսուհանդերձ տեղեկացայ որ հայկական կողմը արդէն սկսած է ճիշդ կերպով վերլուծել հարցը եւ անդրադառնալ այս միջանցքի անխուսափելիութեան, եւ լաւ արդիւնքներ կան»:
Միւս կողմէ Հայաստանի փոխ վարչապետ Մհեր Գրիգորեան, որ իր ազերի եւ ռուս պաշտօնակիցներուն հետ պարտականութիւնն ունէր Նոյեմբեր 9ի յայտարարութեան պայմանները գործադրելու, յայտարարած է – «Եթէ միջանցք անուանելով ինչ որ մարդիկ ունեն տրանսպորտային ուղիներ` դա մի հարց է, բայց միջանցք ասելով մարդիկ նկատի ունեն սուվերէնութեան հետ կապուած որեւէ հանգամանք` կրկին վստահեցնում եմ դա բացառւում է իմ քննարկումների օրակարգում»:
Արդէն Մհեր Գրիգորեանի մաս կազմած եռակողմ յանձնաժողովը դադրեցուցած է իր աշխատանքները, որովհետեւ, ի վերջոյ Հայաստան համարձակութիւնն ունեցած է պնդելու թէ ճամբաներու եւ հաղորդակցութեան միջոցներու ապարգելումը կարելի չէ քննարկել այնքան ատեն որ Ատրպէյճան իր զօրքերը չէ հեռացուցած Հայաստանի սահմաններէն:
Հայաստանի սահմաններուն անբռնաբարելիութեան մասին յայտարարած է նաեւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը, աւելցնելով որ իր կառավարութեան համար կարմիր գիծ է ատիկա:
Ռազմագերիներու վերադարձին եւ սահմաններու բռնաբարման մասին յայտարարութիւններ ըրին նաեւ Եւրոպական Միութիւնն ու Մինսքի խումբի համանախագահները:
Թուրքիան հակառուսական քաղաքականութեան իր հաւաստիքները վաճառելով Արեւմուտքին, երկար ատենէ ի վեր կը գործածէր ՆԱԹՕ-ի հովանին եւ Արեւմուտքի զինական հզօր կարողութիւնները, իր սեփական շահերը հետապնդելու: Սակայն, Արեւմուտքը սկսած է անդրադառնալ այդ շահատակութեան եւ հաստատել որ Կովկասի մէջ իրականացուած վերջին ռուս-թրքական համաձայնագիրը – որուն զոհը դարձան Հայաստանն ու Արցախը – այնքան ալ չեն բխիր Արեւմուտքի շահերէն: Այդ իմաստով կրկնապէս նշանակալից է Եւրոպական Միութեան նախագահին յայտարարութիւնը յատկապէս Յունիս 2էն առաջ, երբ ան պիտի հանդիպէր Նիկոլ Փաշինեանին. արդարեւ Շարլ Միշէլ յայտարարած է. «Մենք միամիտ չենք: Թուրքիան հարեւան երկիր է, ան ՆԱԹՕ-ի անդամ է, սակայն Եւրոմիութեան համար հիմնարար է համոզուիլ, որ այդ երկիրը դրական որոշում ունենայ եւրոպական շահերու նկատմամբ … անցեալին այս հակամարտութիւններու վերաբերեալ Թուրքիոյ դիրքորոշումը չէր բխեր Եւրոմիութեան շահերէն: Մենք պատրաստ ենք մեր զինանոցի մէջ գտնուող բոլոր գործիքները օգտագործել Թուրքիոյ վարքագծին վրայ ազդելու»:
Քիչ մը ուշ` սակայն, Եւրոպական Միութիւնը սկսած է անդրադառնալ թէ Թուրքիան ինչպիսի՛ անպարկեշտութեամբ շահարկած է իր յարաբերութիւնները Արեւմուտքին հետ:
Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան, Շարլ Միշէլի հանդիպելէն օր մը առաջ, սիրալիր հիւրընկալութեանը արժանացած էր Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի, որ անկաշկանդ զօրակցութիւն յայտնած էր Հայաստանի: Նախագահ Մաքրոն, ամէնէն գործօն եւ հայանպաստ առաջարկներ ներկայացուցած է Մինսքի խումբի կազմէն ներս: Ան էր որ նախաձեռնած էր Արցախի հարցը տանիլ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին, եւ անոր հովանիով ռազմական օժանդակութիւն ցոյց տալ Հայաստանին: Այդ նախաձեռնութիւնը վստահաբար պիտի հանդիպէր Մոսկուայի վեթոյին, որովհետեւ նման նախաձեռնութիւն մը պիտի նշանակէր ռուս-թրքական կարգադրութիւնները խանգարել Կովկասի մէջ:
Երբ Ֆրանսա հայանպաստ յայտարարութիւններ կը կատարէ, պէտք չէ ժամանակի մեր հայ ղեկավարներուն նման թիւրախաբութիւն ունենալ որ այդ երկիրը հայասէր է: Բնականաբար, ինչպէս միւս երկիրները, Ֆրանսան եւս մրցումի մէջ է միւս մեծ երկիրներու նման իր սեփական շահերը հետապնդելու, մանաւանդ երբ Անգլիա իր քարիւղին շահերը խարսխած է Ատրպէյճանի մէջ, իսկ Ամերիկա կը փորձէ մշակել Վրաստանը իբրեւ ՆԱԹՕ-ի հաւանական անդամ: Հետեւաբար հասկնալի կը դառնայ որ Ֆրանսան ալ մօտենայ անտէր մնացած Հայաստանին: Սակայն, աւելորդ պիտի չըլլայ այստեղ նշել նաեւ պատմական այլ ազդակ մը եւս: Կ’ենթադրենք որ Ֆրանսա պատմական պարտքի մը տակ կը զգայ ինքզինք որ 1920ի Օգոստոսին հայկական Կիլիկիան յանձնեց քեմալական Թուրքիոյ. իսկ այսօր, երբ Թուրքիա դարձեալ նստած է Հայաստանի սահմանին` Ֆրանսա պիտի չուզէր կրկին բաժնեկից դառնալ նման աղէտալի գործարքի մը:
Նախագահ Ալիեւի մտասեւեռումը եւ յամառութիւնը անպայման իրականացնելու Զանգեզուրի միջանցքը կասեցուցած են քաղաքական զարգացումները Կովկասի մէջ: Այդ միջանցքը որքան գոյութենական վտանգ է Հայաստանի համար, նոյնքան կենսական նշանակութիւն ունի Ատրպէյճանի համար, մինչ Թուրքիոյ համար դարաւոր երազի մը անկիւնաքարը կրնայ դառնալ` ճամբայ բանալով իր թուրանական կայսրութեան ծրագիրներուն. սակայն, ժամանակը կը յառաջանայ եւ նոր զարգացումները կրնան նաեւ աննպաստ ըլլալ թուրքական կողմին:
Թուրքիա եւ Ամերիկա բազմաթիւ խնդիրներ ունին լուծելիք, սակայն, զարմանալիօրէն անոնց միջեւ կը պարզուի նաեւ հայկական գործօնը:
Նախագահ Էրտողան երկար ատեն անհամբեր կը սպասէր հանդիպելու Ամերիկայի նախագահ Ճօ Պայտընի, վերահաստատելու համար Թրամփի օրերու երանելի՜ յարաբերութիւնները: Երկու երկիրներու միջեւ լարուածութեան պատճառներէն մէկը ռուսական S-400 հրթիռներու գնումն էր Անգարայի կողմէ: Հակառակ որ Ուաշինկթըն պատժամիջոցներու դիմեց Անգարայի դէմ, զայն դուրս թողելով 100 F-30 կործանիչ-օդանաւներ ապահովելու ծրագրէն` Թուրքիա յամառօրէն կառչեցաւ իր դիրքերուն որ ինք անկախ երկիր է եւ ազատ է գնելու ռուսական զինատեսակը:
Արդէն յայտարարուած է որ Յունիսի 14ին պիտի կայանայ Պայտըն-Էրտողան հանդիպումը եւ Անգարա կը պատրաստուի դիրքաւորելու այդ հանդիպման համար, մանաւանդ` հոգեբանական մթնոլորտ ստեղծելով: Այս պատրաստութեան մէջ պէտք է նշմարել որ Թուրքիա ինչպիսի շախմատային դիւանագիտութեան կը հետեւի: Ի պատրաստութիւն այդ հանդիպման, Էրտողան հրապարակ կը նետէ Պայտընի կողմէ ճանչցուած Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը, կասկածի տակ առնելով Ամերիկայի նախագահին դատողութիւնը` հարց տալով որ Պայտընի նախորդները անոր չափ խելք չունէի՞ն որ խուսափեցան «Ցեղասպանութիւն» եզրէն, բաւականանալով հայկական «Եղեռնը» գործածելով: Ապա, աւելի յոխորտալով կը յայտնէ թէ Թուրքիան հզօր երկիր է եւ կարելի չէ անոր հետ վարուիլ, ինչպէս կը վարուին երկրորդական երկրի մը հետ:
Այդ կերպով Էրտողան ձեռնոցը նետած եղաւ Պայտընին: Միւս կողմէ սակարկութեան քաղաքական ուրիշ կշռաքար մը նետելով հրապարակ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը Մեվլուտ Չավուշօղլու կը յայտարարէ թէ Անգարա պատրաստ է տուն ղրկելու այն ռուս մասնագէտները որոնք կը գտնուին Թուրքիոյ մէջ, ռուսական զինատեսակը մատակարարելու: Հետեւաբար, դիւանագիտական հսկայ հմտութեան կարիք չկայ` տեսնելու համար թէ Հայոց Ցեղասպանութեան խնդիրը քաղաքական ինչպիսի կշռաքարի մը տարողութիւնը ունի դիւանագիտական աշխարհին մէջ: Այս կը նշանակէ որ Անգարայի կողմէ այնքան յամառութեամբ պաշտպանուած ռուսական զէնքերու խնդիրը կարելի է Թուրքիոյ կողմէ շրջուիլ` եթէ պատահի որ նախագահ Պայտըն հրաժարի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն:
Հայաստան չունի իսկական հարստութիւններ, ոչ ալ քաղաքական ու ռազմական կշիռ. իր դիւանագիտական գլխաւոր խաղաքարտը ցեղասպանութեան պատմական եւ բարոյական տարողութիւնն է, որ թուրքերը մեզմէ աւելի լաւ կը հասկնան ու կը գործածեն: Միայն Հայաստանի բանգէտները չկրցան հասկնալ անոր տարողութիւնը, ոչ անցեալին եւ ոչ ալ այսօր, միշտ կարծելով որ ցեղասպանութեան խնդիրը սփիւռքին համար յուզական հարց մըն է միայն:
Ինչպէս կը տեսնուի մեծերու այդ գագաթի ժողովին օրակարգերէն մէկն ալ մեր ազգին ճակատագիրը պիտի ըլլայ:
Եւրոպական Միութեան դիրքորշումը, Ֆրանսայի նախագահին բարեկամական զարգացումները եւ այսօր Պյտըն-Էրտողան բանավէճը քաղաքական զարգացումներ են, որոնք անկախ մեզմէ, կրնան նպաստաւոր պայմաններ ստեղծել Հայաստանի համար: Կը բաւէ հետեւիլ այդ զարգացումներուն եւ օգտուիլ դիւանագիտական առիթներէն:
Եթէ Հայաստանի քաղաքական ընտրանին պահ մը դադրի փողոցային կռիւներէն եւ փորձէ կիրարկել իրական դիւանագիտութիւն, գուցէ հետզհետէ ժամանակավրէպ կը դառնայ Ալիեւին ակնկալութիւնը եւ կարելի կ’ըլլայ այս դառն բաժակը հեռացնել Հայաստանի սահմաններէն:
«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ