Հայաստանն ու համայն հայութիւնը Սեպտեմբեր 21-ին կը նշեն 1991-ի հանրաքուէով եւ օրուան Գերագոյն Խորհուրդին (Ազգային Ժողով) որոշումով հռչակուած ու պատմական անկիւնաքար նկատուող Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 30-ամեակը: Նոր անկախացած Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ ընտրուած էր Լեւոն Տէր Պետրոսեան: Անկէ ի վեր, Սեպտեմբեր 21-ը աշխարհի հայութեան համար դարձած է կարեւոր թուական մը, երբ անկախութեան տարեդարձի մեծ կամ փոքր տօնակատարութիւններ տեղի կ’ունենան մինչև այսօր, արդարացի հպարտութեամբ եւ հրճուանքով:
Արդարեւ, վեց դարերու անկախութեան կորուստէն ետք, 1915-ի ցեղասպանութենէն, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան անկումէն եւ անոր յաջորդած եօթը տասնեակ տարիներու խորհրդայնացումէն ետք, Հայաստան 1991-ին վերջապէս կը թեւակոխէր իսկական անկախութեան խոստմնալից ժամանակաշրջան մը:
Պատմութիւն Եւ Յոյսեր
Այդ թուականին Հայաստան տակաւին կը դիմագրաւէր մարդասիրական եւ քաղաքական մեծ մարտահրաւէրներ: Ան նոր սթափած էր 1988-ի քանդիչ երկրաշարժի ցնցումէն: Սովետական Միութեան փլուզումով Հայաստանի եւ դրացի Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ միջեւ ստեղծուած էին թշնամական սուր յարաբերութիւններ, յատկապէս Արցախի հայոց՝ իբրեւ հետեւանք Ատրպէյճանէն անկախանալու արդարացի պատմական որոշումի յայտարարութեան, հայերը առաջնորդելով դէպի ազատագրական պատերազմ:
Հակառակ այսպիսի դժուարութեանց, հայոց մէջ խանդավառ լաւատեսութիւն կը տիրէր: Իբրեւ Սովետական Հայաստանի Հանրապետութեան շարունակութիւն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը ժառանգած էր զօրաւոր ենթակառոյց մը: Արդարեւ, հակառակ նախորդող եօթանասուն տարիներու համայնավարական ճնշիչ համակարգին, Հայաստան ամէն տեսակէտով ինքնաբաւ պետութիւն մը դարձած էր, գնահատանքի արժանի իր բոլոր ոլորտներով՝ վստահելի պետութիւն մը: Հայաստան կարեւոր ճարտարարուեստ ունէր: Գիտութեան եւ հետազօտութեան ոլորտին մէջ Հայաստան ազդեցիկ ու պատուաբեր դիրք ունէր միջազգային բարձր մակարդակներով: Հայաստան՝ այլեւս գոյութիւն չունեցող Խորհրդային Միութեան իբրեւ ամենէն արդիւնաւէտ զինուորական շրջաններէն մէկը, բարձր մակարդակի ռազմական գիտութիւն, փորձառութիւն եւ կարողութիւններ ամբարած էր: Հայկական Սփիւռքը, Հայոց Ցեղասպանութենէն մօտ հարիւր տարի ետք, դարձած էր բազմաթիւ միլիոններու հասնող հայ ազդեցիկ մարդկային եւ ֆինանսական աղբիւրներու հաւաքականութիւն մը, որ իր մայր Հայրենիքին յանկարծակի անկախացման դիմաց զարմացած ու խանդավառուած, պատրաստ կամեցող եւ տենչացող էր օգնելու իր Հայրենիքին:
Այժմ երբ մեր աչքերը կը սեւեռենք շուտով գալիք անկախութեան 30-ամեակի նշումի օրուան, մեր աչքերուն առջեւէն արագօրէն կը սահին անցեալի տարիները: Հայաստան այլևս իբրեւ ամբողջովին անկախ երկիր, տէրն ու տիրականն է իր ճակատագրին եւ անոր իրագործած յաջողութիւնները, բացի իրմէ, ոչ մէկուն կը վերագրուին ու հաւասարապէս ան առանձին այպանելի է գործած իր սխալներուն ու թերութիւններուն համար:
Միջին հետաքրքրութեամբ հայուն համար մինչեւ Արցախի երկրորդ եւ կործանիչ պատերազմը, որ սկսաւ 2020-ի Սեպտեմբերին, Հայաստան կը թուէր ըլլալ ջանադիր եւ իբրեւ յետ խորհրդային շրջանի գոյատեւող երիտասարդ երկիր՝ ինքզինք կերտելու մէջ տրամաբանականօրէն յաջողակ: Յստակ է թէ, Հայաստան անցած էր խռովալից ելեւէջներէ եւ կառավարական փոփոխութիւններէ: Լեւոն Տէր Պետրոսեան փոխարինուեցաւ Ռոպերթ Քոչարեանով, որուն յաջորդեց անյաղթելի թուող Սերժ Սարգսեանը, որ սակայն զարմանալի արագութեամբ տեղի տուաւ Նիկոլ Փաշինեանի՝ «Ամէն ինչ մաքրել խոստացող Թաւշեայ յեղափոխութեան» առջեւ, որ սկիզբի օրերուն յոյսեր ներշնչեց համայն հայութեան:
Այսպէսով Հայաստան՝ ինչպէս այլ նախկին սովետական հանրապետութիւններ, ծաւալուն փտածութենէ ձերբազատուելով, վերջապէս կը մտնէր ժամանակակից իրաւ պետութիւն դառնալու հունին մէջ, որով որեւէ հայ պիտի հպարտանար ու ապահով զգար Հայաստանի մէջ ներդրում ընելու եւ նոյնիսկ հոն ապրելու: Արդարեւ մինչ այդ տիրող տխրահռչակ փտածութեան հետեւանքով, դժբախտաբար երկիրը բաւականաչափ քանակով իր տաղանդաւոր բնակչութենէն պարպուեցաւ:
Արցախ Եւ Ապահովութիւն
Անցնող 30 տարիներուն ընթացքին, Հայաստանի մէջ քիչ թէ շատ բնական պայմաններու մէջ ընթացող օրերուն, Արցախի հարցը կը նկատուէր իբրեւ կատարուած իրողութիւն: Հայոց ենթագիտակցութեան մէջ այլևս Արցախը պատկերացուած էր իբրև անսակարկօրէն հայկական հող, ուր հայերը յաջող գործառութիւն կ’ընէին ու կ’ապրէին բնութեան դրախտային գեղեցկութեան պայմաններուն մէջ: Սահմաններու վրայ Ատրպէյճանի հետ մնայուն հակամարտութիւնն ու միջադէպերը աննշան դարձած էին: Պէտք էր հաշտուիլ անոնց հետ… :
Կարծէք այլևս Հայաստանի ապահովութեան մտահոգութիւն գոյութիւն չունէր եւ հետեւաբար Նոր Հայաստանի անբաժանելի մաս նկատուող Արցախի ապահովութիւնը ևս կ’առնուէր որպէս տուեալ իրողութիւն: Ապահովութեան մասին այս տեսակի կեցուածքը արդիւնք էր իւրաքանչիւր հայու ունեցած եւ սխալ առաջնորդուած անփոյթ այն վստահութեան՝ թէ Հայաստան «շրջանի ամենէն զօրաւոր բանակը ունեցող երկիրն էր»…:
Ահաւասիկ թէ ինչպէս 44-օրուան աղէտալի պատերազմը յանկարծ քօղազերծեց Նոր Հայաստանի շատ տխուր իրականութիւնները:
Ցաւալիօրէն, յանկարծ ի յայտ եկաւ թէ անկախութեան յաջորդող նախորդ երեսուն տարիներուն ընթացքին, Հայաստանի յաջորդական կառավարութիւնները անպատասխանատու եւ անհոգ գտնուած էին՝ չգիտակցելով թէ իրենց առաջնահերթ մտահոգութիւնը պէտք է եղած ըլլար հայոց կռուելու կարողութեան ոյժը եւ բանակը օժտել ժամանակակից ամենաարդիական և երկրին պայմաններուն յարմարագոյն պատերազմական սարքերով: Յստակ է թէ Հայաստանի ղեկավարութիւնը ակնյայտօրէն պէտք էր գիտակցեր թէ Հայաստան շրջապատուած է պատմական թշնամիներով, որոնց մեծ մասը կը ձգտէին անոր կատարեալ ոչնչացումին: Հետեւաբար հացի, կարագի եւ ջուրի չափ կարևոր է երկիրը մնայուն կերպով ապահովել բարձր որակով բանակով մը ի գին ամէն տեսակ զոհողութեան:
Համեմատութիւնները պահելով հանդերձ, թշնամի դրացիներով շրջապատուած Իսրայէլի օրինակը յայտնի է ամբողջ աշխարհին, եւ հայերը հետամուտ պէտք է ըլլան շատ մը հարցերու մէջ հետեւելու անոր օրինակին: 1948-ի իր կազմութեան դժուարագոյն օրերէն սկսեալ, Իսրայէլի ամբողջ ժողովուրդը միշտ եղած է ռազմականօրէն պատրաստ վիճակի մէջ: Բոլոր այրերն ու կիները մարզուած են: Ինչո՞ւ նոյնը չընել Հայաստանի մէջ: Տարիներու ընթացքին Իսրայէլ կառուցած է աշխարհի պատերազմական լաւագոյն ճարտարարուեստներէն մէկը: Պէտք չկայ նոյնքան ակնկալել Հայաստանէն: Ինչո՞ւ Հայաստան ջանք չթափեց պահպանելու համար այն ինչ որ ժառանգած էր Սովետական համակարգէն, ինչո՞ւ ան չզարգացուց իր կարողութիւնները, մանաւանդ լէյզըրներու, անօդաչու սարքերու եւ այլ պահանջուած զէնքերու վերաբերեալ ճարտարարուեստներ ստեղծելով: Այս քանի մը հարցումները կը մատնանշեն Հայաստանի յաջորդական կառավարական շրջանակներու եւ վերնախաւի անպատասխանատուութիւնն ու անհոգութիւնը, մինչ միայն «կենաց»ներով կը ձգտէին ապահովութիւն ներշնչել և անկախութեան տարեդարձներ նշել…:
Սփիւռքի մէջ մենք ևս մեղադրելի ենք: Այս խորունկ անպատասխանատուութեան կեցուածքը մենք ընդունեցինք դիւրահաւատ միամտութեամբ: Մօտիկ անցեալին, մինչեւ 44-օրեայ պատերազմը, մենք ալ ոչխարներու պէս յուսացինք և հաւատացինք որ Հայաստանի բանակը կարող էր եւ իսկապէս ալ լաւագոյն ձեւով ու յաղթականօրէն դէմ կը դնեն Թուրք-Ատրպէյճանցի յարձակողներուն:
Տխրահռչակ 9 Նոյեմբեր 2020-ի հայոց յանկարծակի եւ աղիտաբեր անձնատուութիւնը բոլորովին տարբեր եւ տխուր իրականութիւն մը քօղազերծեց: Յանկարծ ի յայտ եկաւ Հայաստանի պետական կառոյցին մէջ առկայ տկարութեանց ամբողջ շղթայ մը: Նոյնպէս մինչև օրս հետազօտութեան վստահելի ընթացքի բացակայութեան պատճառով մեր պարտութեան իսկական տուեալները և պատճառները տակաւին յայտնուած չեն: Աւելին՝ պարտութենէն մօտաւորապէս տարի մը ետք եւ, ձախաւեր ու վատ կերպով պատրաստուած ընտրութիւններէն ետք, Ազգային Ժողովը այսօր կը գտնուի ամօթալի և խայտառակ վիճակի մէջ, մինչ իշխանութիւնը երկիրը թողած է անպաշտպան և ուղեկորոյս վիճակի մը մէջ:
Հայաստանը որպէս երկիր, և հայ ժողովուրդը կը գտնուին իրենց գոյութեան դէմ այնպիսի սպառնալիքներու դիմաց որոնք այլևս չեն կրնար անտեսուիլ:
Հիմա, երբ կը գտնուինք անկախութեան 30-ամեակի տարեդարձի նախօրեակին, նկատի առնելով վերևը տրուած նախորդ երեսուն տարիներու մութ հաշուեյարդարը, որևէ գիտակից և մտահոգ հայ՝ Հայաստանի, Արցախի թէ Սփիւռքի մէջ, անկախութիւնը տօնելու տրամադրութեան մէջ չէ բնաւ: Փոխարէնը, ան ունի իր մէջ լուրջ խոկումներ եւ անսակարկելի խստագոյն պահանջներ:
Հայաստանի այժմու քաղաքական համայնապատկերը անկասկած քաոսային եւ քանդիչ է, ըլլայ խորհրդարանէն ներս թէ անկէ դուրս: Քոչարեան / Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն / Սերժ Սարգսեան՝ այսպէս կոչուած ընդդիմադիր ոյժերը կը գտնուին քաղաքական անպատասխանատուութեան գագաթնակէտին, քանի որ դոյզն չափով իսկ շինիչ առաջարկներ չեն ընէր Փաշինեանի մեծամասնական կառավարութեան առաջարկած ծրագիրներուն դիմաց: Վերջինս որ իր կարգին մեծամասնութեան տիրացած է միայն այն պատճառով որ նախկին համակարգին հանդէպ գոյութիւն ունէր ընդհանուր ժխտական կեցուածք մը, ինքն ալ անսրբագրելիօրէն, ինչպէս նախկին երեք տարիներուն որոնք յանգեցան աղիտաբեր պարտութեան՝ կը գործէ նոյն յոխորտանքով, վստահելով միայն ինքն իր վրայ եւ իր անմիջական հետևորդներուն:
Դէպի Առաջ Ճանապարհը
Ներկայ իշխանութիւնը հետեւողականօրէն ոչ մէկ ջանք թափեց քաղաքական եւ մտաւորական տաղանդներ փնտռելու իր բարեկամներու եւ հետեւորդներու նեղ շրջանակէն դուրս: Այսպիսի նեղմտութիւն ո՛չ ընդունելի է եւ ո՛չ ալ հանդուրժելի Հայաստանի համար: Այսօր բացայայտօրէն կը պահանջենք Հայաստանի մնացեալ լայն շրջանակներու քաղաքական եւ մտաւորական տարրերէն որպէսզի մուտք գործեն գործունէութեան դաշտէն ներս եւ ձեռք առնեն Հայաստանի ճակատագրին կերտումի աշխատանքը: «Երրորդ Ոյժ» կոչուած հաւաքականութիւնը, ուր որ թաքնուած է ներկայիս, պէտք է ընդառաջ երթայ արգիլելու համար կատարեալ փլուզում մը եւ Հայ Ազգի կորուստը: Ներկայի 25 կուսակցութիւն անունը ինքզինքնուն կպցուցած փոքր խմբակները, կեդրոնական տինամիք մէկ անձի շուրջ հաւաքուած պատկերազարդ անուններով խմբակներ են լոկ, որոնք եթէ երկիրը այսօր ահազանգային վիճակի մէջ չգտնուէր, պարզապէս կատակի նիւթ դարձած պիտի ըլլային:
Հեգնական է երբ նկատենք թէ վերջին արտահերթ ընտրութիւններէն հազիւ քանի մը ամիս ետք, արդէն լուրջ խօսակցութիւններ կը շրջին «նոր արտահերթ ընտրութիւններու» մասին: Եթէ երբեք հասնինք մինչև հոն, նախորդ տխուր կատակերգութեան կրկնութիւնը այլևս անթոյլատրելի եւ անհանդուրժելի է: Արդէն իսկ ներկայիս, բոլոր հոսանքները ընդգրկող ազդեցիկ «երրորդ ոյժ» մը պէտք է ձեւաւորուի, որպէսզի ազգին ճակատագիրը ձեռք առնէ եւ «Ազգային Փրկութեան» կառավարութիւն մը կազմէ: Սփիւռքը նաև, որ ցարդ մեկուսացուած մնաց վերջին ցնցիչ բոլոր դէպքերէն, առնուազն պէտք է մասնակցի այս կառավարութեան կազմին իր կարող անձնաւորութիւններու կարողութիւնը ի սպաս դնելով վերակառուցողական աշխատանքին:
Ազգային Փրկութեան այդպիսի կառավարութենէն, կամ որեւէ պատասխանատու կառավարութենէն, առաջնահերթ պահանջ է անմիջապէս ի գործ դնել ազգային վերակերտումի ծրագիր մը, ստեղծելով անկախ զօրաւոր ազգի մը կերտումին համար անհրաժեշտ կարեւոր բաղադրիչները:
Այս ուղղութեամբ ներկայիս ամենէն կարեւոր պահանջը կը կայանայ վերականգնել վնասուած հայկական ռազմական համակարգի կարողութիւնները: Այս կը նշանակէ բանակի կատարեալ վերակազմակերպումը՝ բարձրացնելու համար զինուորներուն բարոյականը ինչպէս նաեւ օժտել բանակը ժամանակակից զէնքերով եւ սարքերով: Այս գործը կը պահանջէ վերականգնել ռազմարդիւնաբերութեան նախկին աւանդը, պատրաստելու համար տեղական զէնքեր: Նոյնպէս պէտք է նոր զէնքեր գնել բարեկամ կամ այլ երկիրներէ: Առանց այս պահանջին իրագործման, ունայն է հետապնդել ազգը վերականգնելու այլ ծրագիրներ:
Երբ ազգին պաշտպանութիւնը ապահովուած է, յաջորդ կենսական քայլը կը կայանայ Հայաստանի ֆինանսական, ճարտարարուեստական, կրթական եւ մշակութային ենթակառոյցները վերականգնելու գործին մէջ: Այս մէկը կը պահանջէ հայ թէ օտար որակաւոր մասնագէտներու մասնակցութիւնը: Սփիւռքը կարող է եւ պէտք է օգնէ այս բոլորին:
Վերոյիշեալ պահանջներու իրագործումը պիտի օգնէ վերականգնելու ազգին բարոյականը, առաջնորդելով այնուհետև ամէն տեսակ դրական արդիւնքի:
Իբրեւ եզրակացութիւն, Հայաստանի անկախութեան 30-ամեակի նշումը, մեր ժողովուրդին վերջին տարուան ընթացքին ապրած ողբերգութեան մթնոլորտին մէջ, կրնայ միայն իսկապէս իմաստաւորուիլ եթէ բոլոր հայերը, Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարածքին, վստահ և ապահով ըլլան թէ վերոյիշեալ պահանջները պիտի անպայման իրագործուին Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ կամ որևէ ղեկավարութեան կողմէ: