ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՃԱԿԱՏՈՒՄԸ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻ ՀԵՏ

Թուրքիոյ նախագահը` Ռեճիպ Թայյիպ Էրտողան ինքզինք այնքան ուժեղ կը զգայ որ մարտահրաւէրներ կ’ուղղէ Ամերիկայի եւ ընդհանրապէս Արեւմուտքին:  Միջազգային բեմի վրայ ան ամբարտաւան է. կը խօսի Սուլթան Սուլէյմանի համարձակութեամբ. եւ քանի որ դիւանագիտական շրջանակները չեն պատասխաներ նման լեզուով` Էրտողան կը հերոսանայ իր ժողովուրդին աչքին իբրեւ յաղթական հերոս:

Էրտողանի ճակատումը Արեւմուտքի հետ ունի քաղաքակրթական բնոյթ. Թուրքիոյ վարչապետը, որ տարիներով օգտուած է Արեւմուտքի օժանդակութենէն – տնտեսական ու ռազմական բնագաւառներու մէջ – ինքզինք ինքնաբաւ եւ ուժեղ կը նկատէ հետապնդելու իր քաղաքական ու գաղափարական նպատակները վերստին կերտելու Օսմանեան կայսրութիւն մը հիմնուած այլ ժողովուրդներու արեան վրայ եւ հաւասարէ հաւասար խօսելու իր երէկուան բարերարներուն հետ, որոնց նկատմամբ հակոտնեայ դիրքի վրայ է քաղաքակրթական ու գաղափարական իմաստներով:

Թուրքիոյ եւ Էրտողանի այս յաւակնութիւնները երկընտրանքի առջեւ դրած են Արեւմտեան քաղաքակրթութեան գլխաւոր պետութիւնները:  Արեւմուտքը օգտագործած է Թուրքիան իր քաղաքական կեղտոտ գործարքները իրականացնելու Քորէայի պատերազմէն մինչեւ Միջին Արեւելքի «Արաբական գարուն»ը:  Օգտուելով Արեւմուտքի աջակցութենէն` Թուրքիա հասած է ինքնաբաւութեան մակարդակի մը:  Իսկ Արեւմուտքը կ’ուզէ Թուրքիան տեսնել քաղաքակրթութեան իր մակարդակին վրայ, գործակցիլ շարունակելու համար անոր հետ:

Հիմնականին մէջ այս կէտն է լարուածութեան գլխաւոր պատճառը որ կը գտնուի քաղաքական կարգ մը զարգացումներու ետին:  Օսման Քաւալայի այդ խնդիրէն ալ առաջ Թուրքիա եւ յատկապէս Էրտողան ճակատումի մէջ էին Ամերիկայի եւ յատկապէս նախագահ Պայտընի հետ:  Հետեւաբար Օսման Քաւալայի խնդիրը աւելի հրապարակայնացուց այդ լարուածութիւնը:

Ըսենք միջանկեալ կերպով որ նախագահ Պայտըն պարբերաբար կը դրսեւորէ վճռակամութիւն մը` միջազգային ամբարտաւան քաղաքական ղեկավարներու հանդէպ, որ կը պակսէր իր նախորդներուն մօտ:  Օրինակ, ան յայտարարած էր թէ Էրտողան բռնատէր մըն է եւ պէտք է թիկունք կանգնիլ Թուրքիոյ ընդդիմութեան տապալելու համար զինք:  Միւս կողմէ ան վերջերս զգուշացուց իսրայէլեան իշխանութիւնները որ ինք «ուժեղ կերպով պիտի ընդդիմանայ» Արեւմտեան Ափի նոր գրաւումներուն (West Bank Settlements) մինչ նախագահ Թրամփ յայտարարած էր որ այս  գրաւումները ապօրինի չեն նկատուիր իր վարչակարգին կողմէ:

Էրտողանի վերջին ճակատումին պատճառը Օսման Քաւալայի ազատ արձակման խնդրանքն էր Թուրքիոյ մէջ գործող տասը դեսպաններուն կողմէ:

Օսման Քաւալա մարդկային իրաւանց պաշտպան անձնաւորութիւն մըն է: Յայտնի բարերար է եւ հաստատած է Անատոլու Քիւլթիւր հաստատութիւնը` վերարժեւորելու Թուրքիոյ փոքրամասնութեանց ժառանգութիւնները: Ան կը հաւատայ ու կը ցանկայ տեսնել քաղաքակրթեալ Թուրքիա մը: Այսինքն, գաղափարապէս ճիշդ հակառակը նախագահ Էրտողանի տեսիլքին որ կ’ուզէ տանիլ Թուրքիան դէպի միջնադարեան միապետութիւն եւ այդ պատճառաւ ալ կը ձգտի զօրացնել կրօնքի կշիռը, աւելի հեշտ կառավարելի դարձնելու զանգուածները:

Երբ դեսպանները հանդէս եկան յայտարարութեամբ մը ազատ արձակելու Օսման Քաւալան – որ ստապատիր ամբաստանութիւններով բանտարկուած էր  2017էն ի վեր – այդ զայրացուց նախագահ Էրտողանը եւ ան հրահանգեց իր արտաքին գործոց նախարար Մեվլուտ Չաւուշօղլուին որ երկրէն արտաքսէ այդ տասը դեսպանները:

Այդ առիթով բաւական լպիրշ էր Էրտողանի յայտարարութիւնը թէ Թուրքիան գաղութային երկիր մը չէ որ Արեւմուտքը այդքան հեշտօրէն միջամտէ անոր ներքին գործերուն:

Տարբեր հարց որ Էրտողան ինքզինք ազատ կը զգայ միջամտելու այլ երկիրներու ներքին գործերուն. ան քաղաքականօրէն ու ռազմական ոյժով կը միջամտէ Սուրիոյ, Իրաքի, Լիբանանի, Լիպիոյ, Կիպրոսի, Սոմալիի ներքին գործերուն եւ կը փորձէ իշխանութիւններ փոխել:

Ճակատումը սուր էր Թուրքիոյ եւ այդ տասը երկիրներու միջեւ. Էրտողան յանձն առաւ վտանգը` ասպարէզ կարդալով այդ տասը երկիրներուն, հակառակ որ G-20-ի ժողովին կը ցանկար հանդիպիլ նախագահ Ճօ Պայտընի, երկու երկիրներու յարաբերութիւնները բարելաւելու:  Յիշենք որ Սեպտեմբերին երբ Պրն. Էրտողան Նիւ Եորքի մէջ մասնակցեցաւ ՄԱԿի տարեկան համաժողովին, չյաջողեցաւ հանդիպիլ նախագահ Պայտընի:

Էրտողանի այս բիրտ կեցուածքը ներքին սպառումի համար էր. իր տնտեսութիւնը անկումի մէջ է,  թրքական լիրան արժեզրկուած է, Թուրքիոյ ընդդիմութիւնը աւելի զօրացած, տկարացնելով Էրտողանի դիրքերը 2023ի երեսփոխանական ընտրութեանց կապակցութեամբ:

Դժբախտաբար տագնապին ելքը եկաւ Ամերիկայէն. իրօք Ամերիկայի դեսպանը նախաձեռնեց հաղորդագրութիւն մը պատրաստելու որուն ընդառաջեցին միւս դեսպանները, ըսելով որ խնդրոյ առարկայ դեսպանները, հաւատարիմ Վիեննայի խորհուրդի սկզբունքներուն, չեն միջամտեր Թուրքիոյ ներքին գործերուն: Էրտողան յաղթանակ նկատեց զայն, սակայն չենք գիտեր թէ ինչ խօսակցութիւն պիտի ունենայ ան Հռոմի մէջ G-20-ի ժողովին, նախագահ Պայտընի հետ:

Բազմաթիւ խնդիրներու կարգին Թուրքիա կ’ուզէ Ամերիկայէն գնել 80 F-16 ռազմական օդանաւեր:  Ծանօթ է թէ նախապէս Ամերիկա մերժած էր Թուրքիոյ վաճառել արդիական S-35 ռազմական օդանաւերը, որովհետեւ Էրտողանի իշխանութիւնը յամառած էր շարունակել գնումը ռուսական S-400 հրթիռներու, բան մը` որ հակասութեան մէջ էր ՆԱԹՕի սկզբունքներուն հետ:

Էրտողան Հռոմ կ’երթայ մուրալու հանգամանքով, սակայն իր մուրացկանի  արժանապատուութիւնը բարձր բռնելով ան կը շարունակէ պնդել որ Ռուսաստանէն պիտի գնէ նոր S-400 հրթիռներ: Հետաքրքրական պիտի ըլլայ տեսնել հանդիպման արդիւնքը:

Մէկ կողմէ երբ Ամերիկա կերպով մը կ’ընկրկի Էրտողանի ամբարտաւանութեան դիմաց`  Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց դատարանը կը շարունակէ իր ճնշումը Թուրքիոյ վրայ:  Արդարեւ, դատարանը պայման դրած էր Թուրքիոյ վրայ որ մինչեւ Նոյեմբերի վերջ ազատ արձակէ Օսման Քաւալան:

Ի դէպ, յայտնենք թէ Քաւալան Թուրքիոյ մէջ կը քշուի մէկ դատարանէն միւսը. ամէն անգամ որ դատարան մը  անհիմն կը գտնէ ամբաստանութիւնները ենթակային նկատմամբ, նոր ամբաստանութիւններ կը տեղան ու նոր դատական նիստեր կը գումարուին:

Թուրքիոյ մէջ լոյսի եւ խաւարի պայքար մըն է որ կը շարունակուի:  Տրուած ըլլալով կոյր կրօնամոլութեան ոյժն ու ընթացքը, երաշխաւորութիւն չկայ որ լոյսի կողմնակիցները արդարացուին:

Նոյեմբերի վախճանը հեռու չէ. երբ  Էրտողանի վարչակարգը ազատ չարձակէ Քաւալան, Թուրքիան պիտի գտնուի Մարդկային Իրաւանց եւրոպական դատարանէն արտաքսուելու հաւանականութեան դիմաց:

Հաւանաբար այդ հեռանկարը այնքան ալ չի վախեցներ նախագահ Էրտողանը, սակայն Թուրքիոյ բնակչութիւնը կրնայ աւելի եւս խրիլ միջնադարեան խաւարամտութեան մէջ:

«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ