Թիրախը՝ Հայ Եկեղեցին… Յանուն Աստուծոյ

ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ

Հայրենաբնակ մեր ժողովուրդը, մանաւանդ մտածող մասը անոր, փորձառութեամբ գիտէ, որ երբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կամ անոր վարչախումբին անդամներէն մէկը կամ միւսը ներքին ճակատի վրայ աղմկայարոյց խնդիր մը նետեն հրապարակ, չարագուշակ բան կը պատրաստուի արտաքին ճակատին վրայ։ Արդարեւ, հասարակական կարծիքը շեղելու-զբաղեցնելու իսկական վարպետ է ՀՀ վարչապետը, որուն կապարճին մէջ բազմաթիւ նէտեր կան, թունաւո՛ր տեսակէն, որոնք պէտք եղած պարագային կրնան արձակուիլ աջ ու ահեակ, հակառակորդներու եւ նոյնիսկ բարեկամներու դէմ։

Ոստիկանական ու դատական հետապնդումներ, հրապարակային վարկաբեկումենր, ձերբակալութիւններ, կասկածելի օրինագիծեր, իր ձախողումները ուրիշներու վրայ բարդելու, զանոնք ամբաստանելու, դասալիք ու դաւաճան, առնուազն կաշառակեր ըլլալու մեղադրանքներ, ազգաբնակչութիւնը մասերու բաժնելու, զանոնք իրարու հակադրելու անվերջանալի փորձեր։ Վերջին հինգ տարիներուն ասոնք հայրենաբնակ մեր ժողովուրդը, հանրային կարծիքը զբաղեցնող առօրեայ հարցերը դարձած են, յաճախ երկրորդական գիծ հրելով միւս՝ ճակատագրական խնդիրները՝ կործանիչ պատերազմի զոհեր, վիրաւորներ, հաշմանդամներ, գերիներ, հողային-տարածքային զիջումներ, չկրակող բանակ, չպաշտպանուած՝ սահմանային բնակչութիւն, նոր պատերազմի սպառնալիքներ ու, 125 օրէ ի վեր արգելափակուած արցախահայութիւն եւ, ի վերայ այսօր ամենայնի՝ պայքար Հայ եկեղեցւոյ դէմ…

Եւ անշուշտ այս դժնի իրականութիւնը ի մտի ունէր Հայաստանի  Հանրապետութեան հիմնադիր նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը, երբ, անցեալ Կիրակի, Ապրիլի 23-ին, ֆէյսպուքի իր էջին մէջ «Նիկոլ Աստուածաբանի յայտնութիւնը» վերնագրով գրառումը կը կատարէր հեգնական ոճով եւ արգահատանքով։ «Երկրային «մանր-մունր» խնդիրները հօրով-մօրով անելուց (արեւելահայ ժողովրդային դարձուածք՝ «ընել-վերջացնել» իմաստով- Յ.Ա.) յետոյ, Փաշինեանն անցել է երկնային օրէնքների մեկնութեանը։ Սաղմոսացի արուեստին «կատարելապէս» տիրապետած վարչապետն այժմ որոշել է իր ծանրակշիռ աւանդը ներդնել նաեւ աստուածաբանութեան ոլորտում»։ Իսկապէս աւելի լաւ կարելի չէ բնորոշել վարչապետի աթոռին նստած մարդը, որ նախորդ Երկուշաբթի օրը Ազգային Ժողովի ամպիոնէն կը յայտարարէր, որ «Եթէ եկեղեցու յարաբերութիւնները կառավարութեան հետ լաւ չեն, ուրեմն եկեղեցու յարաբերութիւնները լաւ չեն Աստծոյ հետ», աւելցնելով Պօղոս Առաքեալի այն խօսքը, թէ «Չկայ իշխանութիւն, որ Աստծուց չլինի, եւ եղած իշխանութիւններն Աստծուց են կարգուած։ Ով հակառակում է իշխանութեանը, Աստծու հրամանին է հակառակում», եւ որպէս հրահանգ կ’եզրափակէր. «Թող եկեղեցին իր էութեան, տեսութեան եւ հաւատի մասին մտածի»։

Լեւոն Տէր Պետրոսեանը «դարակազմիկ» կոչելով Փաշինեանի այս տեսութիւնը՝ իր գրառման մէջ ցոյց կու տար այդ «տեսութեան» ձեռնածութիւն (manipulation) ըլլալը, բացատրելով, ըստ Աստուածաշունչի եւ ի հիասթափութիւն Փաշինեանի, որ Աստուած Եկեղեցիին միջոցով, Եկեղեցիի առաջնորդներուն ձեռքով տուած է աստուածային այդ շնորհը իշխանութեան, եւ կը բերէ, որպէս նմոյշ, Հայոց Կաթողիկոսի ձեռքով թագադրուելու ժամանակ Լեւոն Ա. թագաւորին երդման բնագիրը։

Աւելի չխորանալով «աստուածաբանական» հարցերու մէջ, որոնցմէ շատ քիչ բան կը հասկնամ, եւ, միաժամանակ, հիմնաւորելու համար ՀՀ առաջին նախագահին ակնարկը Փաշինեանի՝ «Սաղմոսացի արուեստին» տիրապետելու եւ հմտութեան վերաբերեալ, տեղեկացնեմ, որ Նիկոլ Փաշինեանը 2021 Յունիսի նախընտրական իր արշաւին, Սեւան քաղաքին մէջ, արտասանած է 55-րդ սաղմոսը, նոյն թուականին՝ 61-րդ սաղմոսը՝ որպէս երախտագիտութիւն զինք ընտրած ժողովուրդին։ Այնուհետեւ Փաշինեանը հրապարակաւ երեք առիթ տուած է ինքզինքին սաղմոս կարդալու.

ա) 2022-ին՝ Ս. Ծնունդի նախօրեակին՝ 22-րդ սաղմոսը՝ «Աղօթք վասն վտանգ»ի վերնագրով,

բ) Ընթացիկ տարուան Զատիկին նախորդող Ճրագալոյցին՝ 139-րդը,

գ) Սուրբ Յարութեան տօնին՝ 94-րդը, Տիրոջմէ խնդրելով փրկել զինք՝ իր ոտքերուն տակ փոս փորողներու ձեռքէն։

Առաւել այս բոլորին, տակաւին վերջերս Փաշինեանը, դարձեալ իր համակրանքը յայտնեց Jesus Christ the Super Star յայտնի օփերա-ֆիլմէն Յուդայի արիայի մասին։

Թէ ինչ կը նշանակեն այս բոլորը՝ թերեւս հոգեբանները կը կարողանան բացատրել։ Սակայն առանց անոնց կարծիքին սպասելու կրնանք ըսել, թէ վարակիչ է վարչապետին այս թափանցումը աստուածաբանական եւ անաստուածաբանական խնդիրներու մէջ։ Վարակը փոխանցուած է արդէն անոր «ալելուիա» երգողներու խումբին՝ «Քաղպայմանագիր» անունով ծանօթ կուսակցութեան երեսփոխաններուն, որոնցմէ մէկը, կին մը, որ նախորդ օրը Շիրակի թեմի սիրուած առաջնորդ Գերշ. Տ. Միքայէլ արք. Աջապահեանին դիմած էր «պարոն»ով, համացանցով ի լուր ամէնեցուն կ’արգիլէր հայ եկեղեցականներուն պատասխանել իրեն։ Կ’արգիլէր ու կը սպառնար օրէնքի ուժ տալ իր արգելանքին։ Երեւակայեցէք՝ որ ան կրնայ յաջողիլ, քանի որ ինք եւ իր «աստուածընտրեալ» ընկերները մեծամասնութիւն կը կազմեն խորհրդարանին մէջ։ Կրնան ամէն ինչ ընել, նոյնիսկ բանադրել ու բռնադատել եկեղեցականները, ներառեալ՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Կրնան, յանուն Աստուծոյ, լուծարել կամ օրէնքէ դուրս հռչակել Հայ եկեղեցին, քանի որ չ’ենթարկուիր մերօրեայ փարաւոնի պատուիրաններուն, «այո» չ’ըսեր աստուածընտրեալ իշխանութեան, այսինքն՝ Աստուծոյ կամքին…

Ու պատկերացնել, որ այդ կինը խորհրդարանի երեսփոխան է, այսինքն՝ օրէնսդիր, բայց տակաւին չի գիտեր, կամ կ’ուզէ անգիտանալ, որ այդ եկեղեցականները ինչ հանգամանք ալ ունենան, նախ եւ առաջ ՀՀ քաղաքացիներ են, այսինքն իրաւունք ունին ընտրելու եւ ընտրուելու, այսինքն՝ իրաւունք ունին կարծիք արտայայտելու։

Այսուհանդերձ, անցեալ Կիրակի, Սբ. Գայիանէ վանքին մէջ, ոգեշունչ Սբ. Պատարագէն եւ մեր աւագ ընկերոջ՝ Երուանդ Ազատեանի Հոգեհանգիստէն ետք, երբ հայրապետական թափօրը «Ամէն հայի սրտից բխած՝ լսիր այս ձայնն, ով Տէր Աստուած» օրհներգի հնչիւններուն ուղեկցութեամբ դուրս կու գար եկեղեցիին դռնէն, ճիշդ գաւիթին դիմաց, նորակոչիկ զինուորներու ջոկատ մը, իրենց հրամանատարին գլխաւորութեամբ, դիմաւորեց Վեհափառ Հայրապետը, որ մէկիկ-մէկիկ օրհնեց զանոնք։ Ատիկա լուռ պատասխանն էր «աստուածընտրեալներու» ճամարտակութիւններուն։ Հայ զինուորը հարց չունի Հայ Եկեղեցիին հետ, անոր համար ամէն ինչ պարզ է եւ յստակ. հրամանը հրամանատարէն, իսկ օրհնութիւնը՝ Վեհափառէն։

* **

Նման պայմաններու մէջ մտաւոր ու հոգեկան տուայտանքներու ենթակայ անձերու խորհուրդ կը տրուի գէթ ժամանակաւորապէս մեկուսանալ, առանձնանալ ու մենութեան մէջ ինքնազննումով զբաղիլ եւ աղօթել, աղօթել, աղօթել։ Ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս կ’ընեն Կաթոլիկ հոգեւորականները, որոնք պարբերաբար retraite կը վերցնեն, կ’առանձնանան հեռաւոր վանքի մը մենութեանը մէջ, ինչպէս կ’ընէին մեր նախնի կրօնաւորները, որոնք մենաստաններ կամ քարանձաւներ քաշուելով կը ճգնէին ու կը մաքրէին իրենց հոգին ու միտքը։

Իսկապէս, այդ ինքնամեկուսացումը շատ օգտակար պիտի ըլլար ոչ միայն տուեալ անձին, այլ նաեւ շրջապատին համար, ներկայ պարագային՝ Հայրենիքին, Ազգին ու Պետութեան համար։

«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ