Թուրքիոյ հետ յարաբերութեանց Վերահաստատման գինը՝ ցեղասպանութեան ճանաչում եւ հատուցում

Նիկոլ Փաշինեանի ստորագրած փաստաթղթի վերջին՝ 9-րդ կէտը նախատեսում է տարածաշրջանում տնտեսական ու թրանսփորթային բոլոր կապերի ապաշրջափակում, ներառեալ «Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջանների եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ» գոյութիւն ունեցող հատւածում։ Այլ խօսքով՝ պէտք է ապաշրջափակուի նաեւ Հայաստանի հարաւային հատուածը, որտեղով անցնում է ԱտրպէյճանԹուրքիա տանդեմի կողմից 1992 թ.ից ի վեր յայտարարուած շրջափակման օղակի կարեւորագոյն թրանսփորթային գիծը՝ ՊաքուՃուլֆա (Նախիջեւան) երկաթուղին։ Փաստաթուղթը նախատեսում է նաեւ, որ «Թրանսփորթային այս կապը հսկում է ՌԴ ԱԴԾ սահմանապահ ծառայութիւնը»։ Նոյն փաստաթուղթը խոստանում է, որ «կողմերի համաձայնութեամբ, հետագայում կառուցուելու է թրանսփորթային ուղի՝ Նախիջեւանն ու Ատրպէյճանի հարաւային շրջանները իրար կապելու համար»։

Հասկանալի է, որ թրանսփորթային այդ ուղին ոչ միայն բուն Ատրպէյճանը կապելու է ոչ միայն Նախիջեւանին, այլեւ վերջինս՝ Թուրքիային՝ Մասիսի հիւսիսում գտնուող ԹուրքիաՆախիջեւան սահմանային նեղ միջանցքով։

Անակնկալ չէր, որ փաստաթղթի տակ Նիկոլ Փաշինեանի ստորագրութիւնը դրուելուց անմիջապէս յետոյ ձայներ հնչեցին Անքարայից, որ ապաշրջափակման գործընթացին միանալու է Թուրքիան եւ ապաշրջափակելու է Հայաստանը եւ, աւելին, դիւանագիտական յարաբերութիւններ է հաստատելու Երեւանի հետ

Ահա այդ հեռանկարի դիմաց՝ մեր ներհուն աշխատակից, սփիւռքահայ յայտնի հրապարակագիր Երուանդ Ազատեանը ստորեւ անում է կարեւորագոյն առաջարկ՝ մերժե՛լ Էրտողանի «մեծահոգութիւնը»՝ նրա դիմաց դնելով նախապայման՝ Հայաստանը չի բացի իր սահմանը Թուրքիայի առջեւ եւ կը մերժի դիւանագիտական յարաբերութիւն հաստատել Անքարայի հետ, քանի դեռ Թուրքիան չի ճանաչել Ցեղասպանութիւնը եւ չի կատարել փոխհատուցում։

 

Թուրքիա ռազմական յաղթանակ մը արձանագրեց Ռուսաստանի դէմ եւ ընթացքին ոտքի կոխան դարձան Արցախն ու Հայաստանը: Թրքական այս քաղաքականութեան տրամաբանութիւնը կ’ենթադրէ որ թուրքերը իրենց այս յաղթանակը ամրագրեն դիւանագիտական գետնի վրայ:

Անքարայի պաշտօնական քաղաքականութիւնն էր Հայաստանը շրջափակման մէջ պահել մինչեւ որ Արցախի հարցը լուծուի Ատրպէյճանի պայմաններով: Հետեւաբար Թուրքիա ժամանակը հասած պիտի նկատէ վերացնելու Հայաստանի շրջափակումը՝ բարի համբաւ վաստկելու համար միջազգային հասարակութեան մօտ, մինչ միւս կողմէ Հայաստանը խեղդելով իր տնտեսական օղակին մէջ:

Եթէ Թուրքիա որոշէ սահմանները բանալ եւ դիւանագիտական եւ տնտեսական յարաբերութեանց ձեռնարկել, այդ նախաձեռնութիւնը միայն պիտի ըլլայ շահաւէտ միակողմանի կերպով: Հայաստան արդէն դուրս ձգուած է շրջանային տնտեսական բոլոր ծրագիրներէն – քարիւղատար խողովակներ, երկաթուղի եւ այլ ճամբաներ:

Թուրքիոյ հետ տնտեսական ու քաղաքական յարաբերութեանց վերահաստատումով հայ զբօսաշրջիկները պիտի սկսին ողողել թրքական ծովափները իսկ թրքական ապրանքներն ալ պիտի սկսին ողողել հայկական շուկան: Ի վերջոյ Հայաստան ի’նչ ունի վաճառելիք Թուրքիոյ որ կարենայ առեւտրական հաւասարակշռութիւն ստեղծել (Trade balance): Հետեւաբար այստեղ փոխշահաւէտութեան խնդիր գոյութիւն չունի:

Պէտք է աչքի առջեւ ունենալ Վրաստանի պարագան, որ փաստօրէն գաղութացուած է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ՝ ներդրումներու պատրուակին ներքեւ: Աճարիան արդէն ձեռքէ ելած ու թրքացուած է:

Հետեւաբար պատկերը յստակ է Թուրքիոյ հետ տնտեսական եւ քաղաքական գործակցութեան:

Հայաստան հնարաւորութիւնը ունի զլանալու Թուրքիոյ այդ դիւանագիտական յաղթանակը որ պիտի ամրացնէր անոր ռազմական յաղթանակը Կովկասի մէջ:

 

Ի՞նչ է Հայաստանի քաղաքական յաղթաքարտը այս իրավիճակին մէջ – դիւանագիտական եւ առեւտրական յարաբերութեանց ՊԱՅՄԱՆԱՒՈՐ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ:

Ճիշտ ժամանակն է Հայաստանի համար յայտարարելու թէ Երեւան կը յօժարի վերականգնելու յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ՝ պայմանաւ որ ան՝ Ա) ճանչնայ Ցայոց ցեղասպանութեան անուրանալի փաստը. Բ) Հայաստանի հետ համաձայնութեան գայ հատուցման պայմաններուն եւ սահմանին մասին:

Այս ուղեգիծը յեղաշրջում մը պիտի արձանագրէ մինչեւ այսօր Հայաստանի որդեգրած արտաքին քաղաքականութեան մէջ, նկատի ունենալով որ ցարդ Հայաստան պայմաններ չէր դրած Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները հաստատելու:

Քաղաքական ուղեգիծի մը նման շրջափոխութիւնը՝

Ա) Թուրքիան պիտի դնէ ինքնապաշտպանութեան դիրքի վրայ, եւ առիթ պիտի ըլլայ միջազգայնօրէն վերարծարծելու ցեղասպանութեան հարցը:

Թուրքիոյ դիրքը խոցելի է ցեղասպանութեան հարցով եւ այդ պատճառով ալ հսկայ գումարներ կը ծախսէ պաշտպանուելու համար:

Բ) Հայաստանի տնտեսութիւնը պիտի փրկուի Թուրքիոյ կողմէ գաղութացուելու վտանգէն:

Գ) Ատրպէյճան որ այսօր կը գտնուի աւելի բարենպաստ դիրքի վրայ իր իսկ հաշւոյն համար պիտի նախընտրէ ճամբաները բանալ, եւ Հայաստան կրնայ բաւարարուիլ այդքանով:

Չափազանց զգայուն ժամանակներու մէջ կը գտնուինք եւ ատենն է որ արթննանք եւ Թուրքիոյ կողմէ կիրարկուող շրջափակումի մը վերացումը բարիք չնկատենք Հայաստանին, քանի ան պիտի դառնայ աւելի ամրակուռ շղթայ մը մեր հայրենիքի վիզին:

 

Այսօրուընէ պայմանաւորենք Թուրքիոյ հետ յարաբերութեանց վերահաստատումը:

 

Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ հատուցում: