Թրքական լրատուամիջոցները կապանքի տակ

Երուանդ Ազատեան

«’Զաման’, սպաննուած Ուրբաթ օր, արթնցաւ Կիրակի օր որպէս կառավարամէտ խամաճիկ մը (zombie)» կը գրէ այս Շաբաթ օր լրագրող Փիօթր Զալեւսքի:

Սակայն, Մարտ 4-ին Զամանի «սպաննութիւն»ը լռելեայն կամ առանց պատահարի չեղաւ: Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կառավարութիւնը, դատաւորական հլու պաշտօնավարէ մը դատական հրահանգ մը ի ձեռին, ներխուժեց թերթին խմբագրութեան գրասենեակները, ցուցարարներու հետ կռուելով արցունքաբեր կազերով եւ ջուրի թնդանօթներով: Հիմա «Զաման»ը կը մնայ ձերբակալուած, նուիրուած՝ արհամարհող նախագահի մը փառքը գովաբանողի պաշտօնին: Ազատ մամուլի վայրագ ոտնակոխումը կը վերադարձնէ երկրի պատմութեան «ամենամութ ժամեր»ու պատմութիւնը, ինչպէս որ անոր խմբագիրները նկարագրեցին, նախ քան իրնեց գրասենեակներէն վտարուելէ:

«Զաման» եւ իր քոյր հրատարակութիւնը՝ «Այսօրուան Զաման»ը, ունէին օրական 650,000 տպաքանակ:

Մինչեւ անցեալ շաբթուան իր գրաւումը, «Զաման» ընկերակցած էր «Կիւլէն»եան շարժումին, որ կը ղեկավարուի աքսորեալ կղերական Ֆէթիւլլահ Կիւլէնի կողմէ: Ժամանակ մը, Կիւլէն եւ Էրտողան գործակիցներ էին ի նպաստ իսլամական ԱՔ Կուսակցութեան,  Թուրքիոյ իշխանութիւնը ձեռք առնելու համար: Էրտողան, երբ ինքզինք հաստատեց որպէս Թուրքիոյ միահեծան հեղինակութեամբ կառավարողը, գժտուեցաւ իր նախկին դաշնակիցին հետ, որ կը շարունակեր վայելել Թուրքիոյ զինեալ ուժերու, ոստիկանութեան եւ դատական հեղինակութիւններու լայնածիր նեցուկը:

Էրտողան այս հաստատութիւններու մեծ մասը մաքրագործած է, իբրեւ պայքար «Խորունկ Պետութեան» դէմ: Ազատ մամուլը, եւ անոնցմէ ամենակարկառուն ներկայացուցիչը՝ «Զաման»ը, Թուրքիոյ վերջին կռուանները եղան Կիւլէնական քաղաքականութիւնը տարածողներուն, որոնք կը հետապնդէին կառավարութեան մսխումները:

Էրտողան ուխտած էր այդ թերթը եւս միւսներու կարգին բերելու, լռեցնելու համար երկրին բոլոր քննադատութիւնները: Ուրեմն, այսօր, Թուրքիոյ ազատ մամուլը կապանքի տակ է:

Եւրոպական Լրագրողներու Դաշնակցութիւնը (EFJ) եւ Լրագրողներու Միջազգային Դաշնակցութիւնը (IFJ) ըսին թէ իրենք մօտէն կը հետեւին կացութեան խոր մտահոգութեամբ:

«Եւրոմիութիւնը չի կրնար լռելեայն անցնիլ «Զաման» թերթի «Այսօրուան Զաման» եւ «Ճիհան» լրատուական գործակալութիւններու քաղաքական գրաւումի վրայէն», ըսին անոնք իրենց յայտարարութեան մէջ:

EFJ/IFJ պիտի տեղեկագրեն այս պարագան Եւրոխորհուրդի՝ լրագրողներու պաշտպանութեան եւ ապահովութեան «Լրատուամիջոցներու Ազատութեան ուրուագիծ»ի բլաթֆորմին, որպէս նոր օրինակ մը Թուրքիոյ մէջ ազատութեան բռնաբարման:

Եւրոպայի մէջ տպաւորութիւնը այն է թէ «Զաման»ի բռնագրաւումը կը բացայայտէ Էրտողանի անցումը հեղինականացումէ դէպի ամբողջական բռնատիրութիւն:

«Զաման»ի բռնագրաւումը սառցակոյտին միայն երեւցած մասն է: Ան մաս կը կազմէ տարաձայնութեան շատ աւելի տարածուն բեկանումին: Արդարեւ, անցեալ Յունուարին, գաղտնի սպասարկութեան ուժերը աւելի քան 1000 ակադեմականներ հարցաքննութեան ենթարկեցին որովհետեւ անոնք բողոքած էին Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան շրջանին մէջ

կառավարական զինուորական գործողութիւններուն մասին, որոնք ներկայիս աւեր կը յառաջացնեն հոն բնակող քրտաբնակ փոքրամասնութեան մէջ:   Տիարպէքիր քաղաքը իսկական պատերազմական գօտիի մը վերածուած է, ահաբեկիչները մաքրագործելու երեւոյթին տակ: Աւելին, 2014-էն ի վեր 1,845 հոգիներ դատապարտուած են նախագահը վարկաբեկած ըլլալու ամբաստանութեամբ:

«Զաման»ի գայթակղութիւնը իր նախընթացը ունեցած է երբ երեք ամիս առաջ լրագրողներ Ջան Տունտար եւ Էրտէմ Կիւլ ձերբակալուեցան լրտեսութեան ամբաստանութեամբ: Իրականութեան մէջ, անոնք իրենց թերթին՝ «Ճիւմհիւրիէթ»ի մէջ տեղեկացուցած էին, թէ կառավարութիւնը Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու զինամթերք կը հայթայթէր: Նոյնիսկ լուսանկարներ հայթաթած էին: Կառավարութիւնը ամբաստանեց զանոնք պետական գաղտնիքներ հրապարակած ըլլալու յանցանքով եւ պրն. Էրտողան կը յոխորտար որ անոնք գին մը պիտի վճարէին: Յետոյ, Սահմանադրական Դատարանն էր որ անոնց ազատ արձակեց: Զայրացած Էրտողան մը գոռաց, «Ես չեմ հնազանդիր եւ չեմ յարգեր այդ որոշումը»: Լրագրողները տակաւին կը սպասեն առկախ ամբաստանութիւններու եւ կրնան մինչեւ անգամ դատապարտուիլ ցկեանս բանտարկութեան:

«Բնականոն երկիրներու մէջ, նախագահին պաշտօնն է ժողովուրդին յիշեցնել թէ պէտք է օրէնքներուն հնազանդին», ըսաւ պրն. Տիւնտէր: «Բայց Թուրքիոյ մէջ, ժողովուրդն է որ նախագահին պէտք է ըսէ որ նոյնը կատարէ»:

«Ճիւմհիւրիէթ» եւ «Զաման» միակ լրատու միջոցները չեն որ անցեալ շաբաթ զոհ եղան հարուածուելու. ոստիկանութիւնը խուժած է Քօզա Իփէք խմբաւորումի Իսթանպուլի գրասենեակները եւ դադրեցուցած է անոնց ուղղակի եթերով հեռուստատեսութեան հաղորդումները: Առաջին ենթարկուողները եղան Պէնկիւթիւր TV եւ IVC TV, որոնք տակաւին զրկուած են պետութեան պատկանող «Թիւրքսաթ» հաղորդակցութեան արբանեակէն:

Էրտողանի կառավարութեան տակ, Թուրքիա եղած է ամենաշատ լրագրող բանտարկող երկիրը, եւ հիմա կը գրաւէ Press Freedom Index-ի 149-րդ տեղը, աշխարհի 180 երկիրներու մէջ, ըստ Reporters Without Borders-ին:

Ֆրանսա, Գերմանիա եւ Եւրոմիութիւն պաշտօնապէս դատապարտած են Թուրքիոյ «Զաման» թերթի բռնագրաւումը: Գերմանիայի կառավարութեան խօսնակ մը յայտարարած է թէ Դիւանապետ Անկէլա Մերքէլ Պրիւքսէլի մէջ արծարծած է մամուլի ազատութեան հարցը Թուրքիոյ Վարչապետ Ահմէտ Տաւուտօղլուի հետ հանդիպման ընթացքին: Ֆրանսայի Արտաքին Գործերու նախարար Ժան-Մարք Այրոյ նոյնպէս բացայայտած է իր մտահոգութիւնը եւ ըսած է թէ այս ընթացքը դէմ է Եւրոմիութեան արժեչափերու: «Ընդունելի չէ: Կարելի չէ փափաքիլ եւրոպական չափանիշերու մօտենալ եւ չյարգել մէտիայի բազմաձայնութիւնը (pluralism): Բացայայտ է եւ մենք յստակօրէն ըսած ենք Թուրքիոյ»:

Իր կարգին, Եւրոխորհրդարանի Նախագահ Մարթին Շուլց խօսելով Տաւուտօղլուի հետ ըսած է թէ՝ ազատ մամուլը «անսակարկելի տարր մըն է մեր Եւրոպական ինքնութեան: Անոնք որոնք կուզեն միանալ Եւրոմիութեան, պէտք է որ կիրարկեն արտայայտուելու ազատութիւնը, մամլոյ ազատութիւնը եւ հանդուրժեն քննադատութիւնը» ըսած է Գերմանական Կանանչներու Կուսակցութեան ղեկավար Ճէմ Օզտէմիր, որ Գերմանիա ծնած Թուրք մըն է:

Ի դէպ, Օզտէմիր Գերմանիոյ Խորհրդարանին մէջ կը պայքարի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ: Աւելին՝ որպէս լուսանցքային նշում, «Այսօրուան Զաման», նախ քան բռնագրաւումը, տեղեկացուցած է որ Թուրքիոյ Խորհրդարանի անդամ եւ ՀՏՓ կուսակցութեան անդամ, ծագումով հայ Կարօ Փայլան, խորհրդարանին մէջ ճառ մը խօսած է եւ ցուցադրած է լուսանկաներ պատերու վրայ կատարուած գծագրութիւններու եւ արձանագրութիւններու (graffiti) ուր ըսուած է «պոռնկորդի (bastard) հայեր», ու նկատած է այս արարքը որպէս ցեղամոլութեան (racism) լուրջ արարք մը: Փայլան իր ճառին մէջ շարունակած է ըսել՝ «Այս ոճիրը գործուած է ոչ միայն ապահովութեան ուժերու կողմէ, այլ նաեւ վարչապետին կողմէ»: Արդարեւ, անցեալ շաբաթ Վարչապետ Տաւուտօղլու, Պինկոլ այցելելով յայտնած է թէ Հայ խուլիգաններ (gangs) գործակցեցան Ռուսիոյ հետ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին:

«Ի՞նչ տեսակ ցեղապաշտութիւն մըն է ասիկա. ես արտօնուա՞ծ եմ ըսելու ‘Թուրք խուլիկաններ’»:

Թուրք կառավարութեան բոլոր այս ոճիրներուն եւ օրինազանցութիւններուն հանդէպ Եւրոպա եւ Միացեալ Նահանգներ, առաւելագոյնը՝ ձեռքի փոքր զարկով մը կ’անցնին անոնց վրայէն եւ կը շարունակեն Էրտողանի վարչակարգին հետ գործակցութիւնը:

Րօյ Կրինզլէյտ «Կարտիան» թերթին մէջ հրատարակած է յօդուած մը «Էտողան, մամուլի ազատութեան թշնամին, դարձեալ պիտի նուաստացնէ Եւրոմիութիւնը»: Այդ յօդուածին մէջ ան մէջբերում մը կը կատարէ Քրիստոֆ Տըլուարէն՝ ընդհանուր քարտուղարը RSF-ի, որ կ’ըսէ՝ «ԵՄ-ը պէտք է օգտագործէ իր ամբողջ կշիռը …  կարելի չէ շարունակել ԵՄ միացումի խօսակցութիւնները երբ Անգարա բացայայտօրէն կը ոտնակոխէ Եւրոպական հիմնական արժէքներ»: Կրինզլէյտ կը շարունակէ իր հաստատումները՝ «ԵՄ-ը ցարդ մեղապարտ տկարութիւն մը ցուցաբերած է ի պատասխան Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի լրատուամիջոցներու վրայ կատարած յարձակումներուն»: Յետոյ հարց կուտայ՝ «Արդեօ՞ք ԵՄ-ը որոշած է թոյլատրել որ նուաստանայ: Յստակ պատասխանը՝ Այո’ է»:

Այս յոռետես եզրակացութիւնը հիմնուած է առարկայական գնահատումով: Այս հանգրուանին, Պրիւքսէլի մէջ պրն. Տաւուտօղլուն կը բանակցի Եւրոմիութեան ղեկավարներու հետ համաձայնիլ որ կորզէ 3.5 միլիառ տոլարի նոր գումար մը եւս, փոխան արտօնելու որ Յունաստանէն եւ Եւրոպայի ծովեզերքներէն գաղթականներու նոր հոսանքներ ընդունուին:

Իր բանակցութիւններուն ընթացքին, լսելէ ետք բոլոր քննադատութիւններն ու քարոզները, ան հաւանաբար պիտի լկտիօրէն մտածէ՝ «Մուրացկանները այլընտրանք չեն ունենար: Եթէ պէտք ունիք Թուրքիոյ օգնութեան գաղթականներու հարցին մէջ, պարտաւոր էք դրամը տալու եւ ձեր գործով զբաղուելու: Մեր վրայ դուք ոչ մէկ կշիռ ունիք թէ մենք ինչպէս կը վարուինք մեր լրագրողներու հետ մեր երկրին մէջ:»

Ա’յս է հիմնականին մէջ Էրտողանի կառավարութեան ամբարտաւանութիւնը:

Ոչ մէկ Եւրոմիութեան ղեկավար դեռ յանդգնութիւնը ունեցած է իր մատը շարժելու Թուրքիոյ վրայ, ամբաստանելու համար զայն որպէս պատճառը ամբողջ այս արհաւիրքին:

Սուրիոյ նման կայուն երկրի մը հանդէպ Թուրքիոյ նախայարձակ թշնամութիւնը աւելի սաստկացուց կացութիւնը, պարտադրելով որ խաղաղ բնակչութիւնը ցրուի Եէգէեական Ծովու ափերը եւ անկէ անդին: Եւ փոխանակ Թուրքիոյ, Եւրոպան է որ կը հատուցանէ այս առասպելական մարդկային ողբերգութեան գինը:

Թուրքիա կը կոխոտէ Եւրոպական արժէքները եւ կը խուսափի անպատիժ: Էրտողանի զինուորականութիւնը ոճրային մոլեգնութեամբ կը յարձակի երկրի Քիւրտ բնակութեան վրայ համատարած նախճիրով մը: Եւրոմիութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները մաքրած են իրենց խիղճը, քրտական PKK-ը նկատելով որպէս ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը:

Թուրքիա կ’արհամարհէ Ռուսիոյ, կը ցնցէ ՆԱԹՕ-ի զինակցութեան կառոյցը, եւ պրն. Օպամա կը խրատէ՝ «Թուրքիա իրաւունք ունի ինքզինք պաշտպանելու»:

Ցուրտ Պատերազմի սկզբնաւորութեան, Թուրքիա ստանձնած է Արեւմուտքի փոխանորդի պաշտօնը, Միջին Արեւելքի կեղտոտ գործերը կատարելու համար: Ան կը զինէ ահաբեկիչ խումբեր Սուրիոյ մէջ եւ Արեւմուտքը իր նայուածքը կը դարձնէ միւս կողմ:

Արդարեւ, «Կարտիան» թերթը ճիշդ է: Մի սպասէր, Էրտողան պատասխանատու պիտի չյայտարարուի իր տեղական հարցերուն եւ միջազգային ծայրահեղ սայթաքումներուն համար, որովհետեւ ան վերածուած է անհրաժեշտ չարիքի մը:

Թարքմ. Յ. Ա.

 

 

.

.