Ատենին երբ թրքական պետութիւնը դատ բացաւ «Զարթօնք» եւ «Ազդակ» թերթերու դէմ` լիբանանահայ համայնքը ոտքի կանգնեցաւ մէկ մարդու նման, լռեցնելու համար թուրքին ձայնը այդ երկրին մէջ: Եւ շնորհիւ հայոց ունեցած թուական ներկայութեան եւ քաղաքական կշիռին` լիբանանցի ժողովուրդը, ինչպէս Լիբանանի պետութիւնը զօրակից կանգնեցան հայոց կեցուածքին եւ երկար ատեն Թուրքիա չհամարձակեցաւ նման քաղաքական խաղի մէջ մտնել` երես չկորսնցնելու համար:
Սակայն, այսօր կը կարդանք միջազգային մամուլի մէջ թէ«Էրտողանի դէմ քննադատութիւնը` լրագրողը կ’առաջնորդէ դէպի դատարան … նոյնիսկ Թուրքիայէն դուրս»: Ակնարկութիւնը անշուշտ Նշան Տէր Յարութիւնեան հեռուստալրագրողին մասին է որ թուրքերու հանդէպ բուռն քննադատութիւն կատարած էր Լիբանանի հեռուստակայաններէն մէկէն: Ոչ միայն հայ լրագրողը դատարան կանչուեցաւ, այլ հրապարակ ելաւ «Մերտինլի» կոչուած խումբ մը որ տարիներէ ի վեր կազմուելու եւ զօրանալու վրայ էր Լիբանանի մէջ թաքուն կերպով:
Թուրք պետութիւնը պաշտօնական հակադարձութիւն մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանի նախագահին` Միշէլ Աունի մէկ ելոյթին դէմ, ուր նախագահը յայտարարած էր թէ օսմանցիները արուեստական սով ստեղծած էին Լիբանանի մէջ կոտորելու համար ժողովուրդը:
Թուրքիոյ այս դրսեւորումները կու գան բացայայտելու թէ ժամանակի ընթացքին կատարուած են որոշ փոփոխութիւններ, Միջին Արեւելքի քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի համայնքային կեանքէն ներս:
Երկար ատենէ ի վեր հայերը համարձակօրէն կը դրսեւորէին իրենց զգացումներն ու քաղաքական համոզումները Լիբանանի մէջ, անպատիժ կերպով: Նոյնիսկ, Ապրիլ 24ը ոչ միայն սուգի օր էր միայն հայ համայնքին համար, այլեւ ամբողջ Լիբանանին համար:
Բայց քաղաքական զարգացումներու բնոյթն հասկնալու համար կ’արժէ նշել որ նոյնիսկ Լիբանանի նահատակաց օրը` Մայիս 6, որ ոգեկոչման օրն էր Լիբանանի առաջատար մտաւորականութեան կախաղան բարձրանալուն, 1915ին Օսմանեան պետութեան կողմէ, բնոյթ փոխած է` դառնալու համար մամուլի ընդհանուր նահատակաց օր, Օսմանեան արիւնոտ անուան հետքը սրբելով պատմական այդ արարքին վրայէն:
Այսօր, երբ Թուրքիա արկածախնդրութեանց կը դիմէ Արեւելեան Միջերկրականի մէջ` կազի եւ քարիւղի հորատումներ կատարելով Յունաստանի եւ Կիպրոսի առափնեայ ջուրերուն մէջ, թրքական ներթափանցումը Լիբանանէն ներս վերածուած է քաղաքական մանրուքի. եւ միջազգային հանրութիւնը զբաղած է առճակատումները զսպելով Թուրքիոյ եւ անոր հակառակորդներուն միջեւ: Այսօր, այդ արկածախնդրութեանց մէջ Անգարա ճակատումի մէջ է Յունաստանի, Կիպրոսի, Իսրայէլի, Եգիպտոսի եւ Լիբանանի հետ: Մինչեւ անգամ Ֆրանսա իր ռազմածովային ոյժերը առաքած է Արեւելեան Միջերկրական` զսպելու համար Անգարայի ախորժակները այդ աշխարհամասին մէջ:
Մինչ ընթացքի մէջ է քաղաքական այս բեմադրութիւնը Արեւելեան Միջերկրականի մէջ, անդին կը շարունակուի Թուրքիոյ ներթափանցումը Լիբանանէն ներս:
Լիբանանի քաղաքական կառոյցին համայնքային բնութագիրը, որ հայ համայնքին հնարաւորութիւնը տուած էր մասնակցութիւն բերելու երկրին պետական կառոյցին` դուռ բացած է նաեւ թրքական ներթափանցումին: Թուրքիա սկսած է փնտռել օսմանցի ընտանիքները, որպէսզի զանոնք օժտէ թրքական քաղաքացիութեամբ: Անդին, աւելի լայն ասպարէզ մըն է Թուրքիոյ համար քողարկուած բարեսիրութիւնը: Այնպէս ինչպէս Եգիպտոսի մէջ Իսլամ Եղբայրները յաջողեցան ժողովրդային զանգուածներ քաղաքականացնելու` բարեսիրական ծրագիրներով, այսօր նոյն միջոցը կը գործադրէ Թուրքիան Լիբանանի մէջ: Եւ զարնուած ու զրկուած ժողովուրդ մը, բնականաբար, խոցելի է նման նախաձեռնութեանց դիմաց:
Լիբանանի վերջին աղէտը աւելի եւս լայն հնարաւորութիւններ ընծայեց թուրք պետութեան աւելի աշխոյժ կերպով իր «բարեսիրական» ձեռքը երկարելու դէպի Լիբանան, կրօնական (Տինայէթ) պիտակի ներքեւ դրամ բաշխելով կարգ մը շրջանակներու մէջ:
Թուրքիա, աւելի քան ոեւէ իսլամական երկիր, կրօնքը վերածած է քաղաքական զէնքի: Եւ իբրեւ սիւննի հաւատքի դրօշակակիր, կը փորձէ իր քաղաքական ներթափանցումը կատարել Լիբանանէն մինչեւ Չինաստան, ույկուրներու համայնքին:
Պէյրութի վերջին պայթումէն ի վեր, սիւննի միւս պետութիւնները եւս կը թուին անդրադարձած ըլլալ Թուրքիոյ քաղաքական նպատակներուն, որ սկսած են մրցակցութեան մակարդակով իրենց օգնութիւնը հասցնել Լիբանանի վիրաւոր զանգուածին:
Լիբանանի ողբերգութեան հաշւոյն շրջանի դրացի երկիրներ կը փորձեն քաղաքական հարցեր լուծել այդ երկրին մէջ: Սիւննի համայնքին համար ոչ միայն քաղաքական մրցակից դարձած է Թուրքիան, այլ Արեւմուտքի դրդումով` նաեւ Իրանը: Այս վերջնոյն հզօր յենարանը Հըզպալլա կազմակերպութիւնն է որ կրօնական ու բարեսիրական ծրագիրներու շահագործումով հասած է քաղաքական հզօր հանգրուանի: Հըզպալլան, որ հենած է շիիա համայնքին, այնքան նշանակալից չէ եւ պիտի չըլլար լիբանանցի ժողովուրդին համար, եթէ չհակադրուէր Իսրայէլի եւ Արեւմուտքի շահերուն:
Հըզպալլան ոչ միայն քաղաքական ոյժ մըն է Լիբանանի մէջ, այլեւ ռազմական: Անշուշտ Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներէն ի վեր կողմերը պահած են իրենց զէնքերը, որովհետեւ բոլոր կողմերն ալ գիտակից են թէ նման համայնքային բախումները միշտ հաւանական են Լիբանանի մէջ: Այդ համայնապատկերին վրայ եկած է աւելնալու Թուրքիոյ զինեալ միջամտութիւնը: Արդարեւ, այս օրերուն լրատու միջոցներ կը հաղորդեն թէ Թուրքիա մեծ քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք մտցուցած է Լիբանան: Արդէն քաղաքական լուրջ կշիռ մը ստեղծած է Լիբանանի հիւսիսին մէջ, Թրիփոլիի եւ Աքարի շրջանին:
Հետեւաբար Թուրքիա հեռատեսօրէն կը պատրաստուի կրկնակ հաւանականութեանց – եթէ Լիբանան պահպանէ իր հողային ամբողջականութիւնը եւ շարունակէ կառավարուիլ ներկայի համայնքային դրութեամբ, կազմուող թրքական համայնքը եւս պիտի ունենայ իր ձայնն ու կշիռը 18 այլ համայնքներու կողքին:
Իսկ եթէ անդամահատուի Լիբանանը – ինչ որ քաղաքական հաշիւներուն մէջն է կարգ մը հարեւան երկիրներուն – այդ պարագային Անգարան պիտի յայտնաբերէ իր զինեալ ներկայութիւնը այդ փոքրիկ երկրին մէջ:
Դիտելով Թուրքիոյ այս ներթափանցումն ու յառաջխաղացքը Լիբանանի մէջ` կարգ մը հայ մեկնաբաններ կը հաստատեն որ Թուրքիոյ այս նախաձեռնութիւնները կը միտին հակակշռի տակ առնել ամբողջ Լիբանանը, եւ անպայման թելադրուած չեն հայկական գործօններէն:
Այդ բնութագրումը ճշմարտութեան համապատասխանելով հանդերձ պէտք է նշենք որ Թուրքիոյ յառաջացումով ոչ միայն պիտի տուժէ ամբողջ Լիբանանը, այլ հայութիւնն ալ իր կարգին պիտի դառնայ քովնտի տուժեալ (collateral damage): Սուրիոյ պատերազմին եւ անոր անդամահատման մարտերու պարագային Թուրքիոյ նպատակն էր վերստին տէր դառնալ իր հին օսմանեան տիրոյթներուն. սակայն, այդ պատերազմին ընթացքին թուրքերը եւ իրենց ենթակայ վարձկան ոյժերը յատուկ կերպով թիրախաւորեցին հայկական կառոյցները, զանոնք ռմբակոծելով Հալէպի մէջ եւ ամբողջութեամբ կործանելով Քեսապն ու Տէր Զօրը:
Թուրքիոյ այսօրուան իշխանաւորներուն համար միշտ մղձաւանջ է որ ցեղասպանութենէն ետք, տակաւին«սուրի մնացորդ» հայեր գոյութիւն ունին աշխարհի մէջ եւ անոնք կրնան ոեւէ ժամանակ օգտագործուիլ Թուրքիոյ թշնամի ոյժերու կողմէ` իրենց պատմական իրաւունքները վերահաստատելու: Յիշենք Թալէաթի պատասխանը դեսպան Մորկընթաուի, երբ վերջինը հարց կու տայ թէ ինչո՞ւ կը սպաննեն հայ մանուկները: – Որովհետեւ անոնք մեծնալով կրնան վերադառնալ իրենց հայրերուն վրէժը լուծելու:
Այդ մղձաւանջը կը պարզուի նաեւ Կովկասի մէջ ուր Անգարա հայոց համար գոյութենական վտանգի վերածած է Ատրպէյճանը:
Քայքայուող Լիբանանի պարագային` հայ համայնքին համար անդորրացուցիչ հեռանկար մը չեն խոստանար Թուրքիոյ ուժեղացումը ու ներթափանցումը: Անգամ Լիբանանի ամբողջ կառոյցը ի վիճակի չէ կասեցնելու համար Թուրքիոյ նպատակներն ու հեռանկարները այդ երկրին մէջ: Աստուած մի արասցէ եթէ այսօրուան աղէտալի վիճակը երկիրը առաջնորդէ երբեմնի համայնքային բախումներուն` հայ համայնքը պէտք է գիտնայ իր իմաստութիւնը գործածել վտանգէն հեռու մնալու, ինչպէս ըրած է անցեալին` որդեգրելով դրական չէզոքութեան քաղաքականութիւնը:
Հայաստանն ու սփիւռքը կրնան միայն Լիբանանի հայութեան ընծայել մարդասիրական օժանդակութիւն եւ աղօթք, քանի չունին Թուրքիոյ ունեցած գործօնները այս հակամարտութեան մէջ:
«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ