ԹՐՔԱԿԱՆ ՕՂԱԿԸ ԱՒԵԼԻ ԿԸ ՍԵՂՄՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՇՈՒՐՋ

Ցուրտ պատերազմի տարիներուն քաղաքական տրամաբանութիւնը այն էր որ ռազմաքաղաքական այդ պայմանները ձեռնտու էին Թուրքիոյ, Արեւմուտքի օժանդակութեամբ, պաշտպանելու եւ ամրացնելու հայերէն, ռուսերէն եւ վրացիներէն յափշտակուած իր աւարները: Միեւնոյն տրամաբանութեամբ ալ նախատեսութիւններ կը կատարուէին որ ցուրտ պատերազմի աւարտը կամ թուլացումը պիտի նշանակէին Թուրքիոյ հզօրացման կասեցումը:

Սակայն, այդ նախատեսութիւնները չիրականացան պարզ պատճառով որ Թուրքիոյ յաջորդական իշխանութիւնները Արեւմուտքի հաշւոյն զօրացուցին իրենց ռազմական կարողականութիւնը եւ երբ հասաւ պահը ցուրտ պատերազմի թուլացման, հզօրացած Թուրքիան ալ կարիքը չունեցաւ Արեւմուտքի յենարաններուն` ինքնուրոյն քաղաքականութիւն մը կիրարկելու, ընդդիմանալով իր երէկի բարերարներուն եւ բարեկամներուն եւ ասպարէզ կարդալով իր երէկուան թշնամիին, Ռուսաստանին, որ հզօր Սովետական Միութեան մէկ ատամնաթափ ոյժին էր վերածուած միջազգային հրապարակի վրայ: Այնպէս որ լայն դուռ բացուեցաւ Թուրքիոյ ինքնուրոյն քաղաքականութիւն մշակելու եւ իր նորագիւտ ոյժին ապաւինելով` համաթուրքական հին երազները իրականացնելու:

Ցուրտ պատերազմի օրերուն կարմիր գիծեր գոյութիւն ունէին միջազգային քաղաքականութեան մէջ, զորս նոյնիսկ գերպետութիւնները չէին կրնար խախտել: Օրինակ, 1956ի Սուէզի պատերազմին` Խրուշչեւի մէկ սպառնալիքը բաւեց որ Անգլիա, Ֆրանսա եւ Իսրայէլ դադրեցնեն պատերազմը Եգիպտոսի դէմ: Միւս կողմէ, 1962ին նախագահ Քենետիի սպառնալիքը բաւարար եղաւ որ Մոսկուա համակերպի իր հիւլէական հրթիռները հեռացնելու Քուպայէն:

Այս օրերուն կարծէք թէ կարմիր գիծեր չեն մնացած, մասնաւորաբար Թուրքիոյ նման երկիրներուն համար որոնք յարձակումներու նախաձեռնելով կը ստեղծեն կատարուած իրողութիւններ, զորս միջազգային հասարակութիւնը կամ Մ.Ա.Կ.-ը անզօր կը մնան շրջելու:

Այսօր Թուրքիա գրաւած է Կիպրոսի հիւսիսային մասը 1974էն ի վեր եւ ոչ մէկ ոյժ յաջողեցաւ վերջ տալու այդ գրաւման:

Անդին, գրաւուած կը մնան հողամասեր Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ թուրքական ոյժերուն կողմէ եւ Անգարա այնքան հզօրացած կը զգայ ինքզինք որ Ռուսաստանի եւ Ամերիկայի շահերը հակադրելով` կը շարունակէ այդ տարածքները պահել իր գրաւման ներքեւ:

Թուրքիոյ այս մերկապարանոց քաղաքականութեան տրամաբանութեան մէջ, անհաւանական պիտի ըլլար որ ան ծրագիրներ ունեցած չըլլար իր հին թշնամիներուն` Հայաստանի եւ Յունաստանի դէմ, մանաւանդ որ անկիւնադարձային տարեդարձներ կ’երեւին հորիզոնին վրայ:

Արդարեւ, 2021ը կը զուգադիպի Կարսի դաշնագրի հարիւրամեակին: Անգարայի համար կենսական է վերանորոգել եւ ամրագրել այդ դաշնագիրը, որ ի սկզբանէ չունէր օրինական հիմք եւ սովետի փլուզումով ալ աւելի թէական դարձաւ անոր վաւերականութիւնը:

Նոյնպէս հորիզոնի վրայ է 2023ին Լոզանի դաշնագրին հարիւրամեակը, որուն վերաքննութիւնը կը պահանջէ նախագահ Էրտողան: Հայաստանցի մեկնաբան Յակոբ Բատալեան համոզուած է թէ այդ վերաքննութիւնը Թուրքիոյ շահերուն դէմ է: Մինչդեռ Էրտողան կը պահանջէ այդ դաշնագրին վերաքննութիւնը ոչ անոր համար որ տրամադիր է հող զիջելու Յունաստանին կամ Հայաստանին, այլ անոր համար որ կ’ուզէ նոր հողեր խլել յատկապէս Յունաստանէն. որովհետեւ, Լոզանի դաշնագրի օրերուն Թուրքիոյ հողամասին առափնեայ կղզիները յանձնուեցան Յունաստանին: Քանի զօրացաւ Թուրքիա, սկսաւ Եգէական ծովու կղզիներուն վրայ պահանջ դնել եւ գրգռութիւններ կատարել Յունաստանի դէմ այդ կղզիներուն հաշւոյն:

Թուրքիա իր ծրագիրներէն դուրս չէ թողած նաեւ Հայաստանը: Անոր գործնական արարքները, ինչպէս վերջերս գաղտնազերծուած փաստաթուղթեր կու գան պարզելու թէ յառաջիկայ տարիներուն Հայաստան հետզհետէ աւելի պիտի ենթարկուի Թուրքիոյ ռազմական օղակին:

Արդէն, գործակցելով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի դէմ շրջափակումի շղթան զետեղելով հաստատած եղաւ իր նպատակներուն ճանապարհը: Գործնական նախաձեռնութիւններէն մէկն էր նաեւ Ատրպէյճանի հետ յարձակողական ռազմափորձերու կայացումը Նախիջեւանի մէջ եւ այդտեղ թրքական ռազմական մնայուն ոյժերու կեցութիւնը այդ հողամասին վրայ: Չմոռնանք որ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան ճակատագիրը ճշդուած է Կարսի դաշնագրով:

Այս բոլոր զարգացումներուն վրայ կ’աւելնան երկու մտահոգիչ երեւոյթներ եւս, որոնք կու գան ամբողջացնելու Թուրքիոյ ռազմական ծաւալապաշտութեան ամբողջական պատկերը. Առաջինը` հրապարակումն է 2014ին Թուրքիոյ պատրաստած մէկ ծրագրին, ուր կը բացայայտուին Յունաստանի եւ Հայաստանի ներխուժման ծրագիրները: Իսկ միւսը` Յունիս 16ին նախագահ Էրտողանի կայացուցած հինգ ժամուան նիստն է նախագահի առընթեր Բարձրագոյն Խորհրդակցական Մարմնին: Այդպիսի խորհրդակցութեան մը կայացումը կը նշանակէ թէ Թուրքիոյ համար ինչպիսի՜ լուրջ մտահոգութիւն կը մնայ Հայկական Ցեղասպանութեան խնդիրը:

Jerusalem Post թերթը «Թուրքիոյ զինուած ոյժերու գործածութիւններու ծրագրման հրահանգը» հրատարակութեան տուած է` առնելով Nordic Monitor-էն: Այդ փաստաթուղթը կը կրէ 13 Յունիս 2014 թուակիրը. սակայն, ինչպէս կ’երեւի, Հայաստանի դէմ արշաւելու ծրագիրը պատրաստուած էր Օգոստոս 15, 2000 թուականին եւ վերնագրուած TSK Altay Harakat Planlama Direktif:

Ինչպէս կը պարզուի` Հայաստան Թուրքիոյ դէմ ոեւէ ոտնձգութիւն ընելու պէտք չունի որ Անգարա զայն նկատէ իր արարքին պատճառը: Ներխուժման ծրագիրը պատրաստ է: Հայաստանի միակ «յանցանքը» այն պիտի ըլլայ որ չէ անհետացած ցեղասպանութեան պատճառով եւ հետեւաբար կը մնայ Թուրքիոյ ռազմական ծրագիրներու թղթածրարին մէջ. որովհետեւ Հայաստանի անհետացումով պայմանաւորուած է Թուրքիոյ համաթուրանական ծրագիրներու յաջողութիւնը:

Այս գաղտնի ծրագիրը կ’ամբողջանայ եւ լրիւ պատկեր մը կը պարզէ Անգարայի ծրագիրներուն մասին Էրտողանի կայացուցած խորհրդակցութեամբ:

Հարիւր հինգ տարի վերջ տակաւին Հայկական Ցեղասպանութեան խնդիրը կը մնայ մղձաւանջ մը, յանկարծ պարզուելով տարբեր երկիրներու խորհրդարաններէն ներս եւ արձանագրելով պատմական փաստաթուղթեր Թուրքիոյ հաշւոյն. այդ փաստաթուղթերուն հանրագումարը կը հանդիսանայ պարտամուրհակ մը Թուրքիոյ վզին:

Հայաստան այնքան ուժեղ չէ կարենալ դէմ դնելու համար թուրքական համազարկին: Սակայն, Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրը այնպիսի հսկայ պատմական վկայութիւն մըն է որ կը կանգնի ինքն իր ոտքերուն վրայ ու կ’անցնի դարէ դար:

Լրատու աղբիւրներու հաւաստումով Պրն. Էրտողան խորհրդակցութեան հրաւիրած է Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման վաստակաւորներ ինչպիսիք են Իսմայիլ Քահրաման, Պիւլենտ Առընչ, Ճեմիլ Չիչէք, Քէօքսէլ Թոփթան, Եըլտըրըմ Աքպուլութ: Զարմանալի է որ այս շքախումբէն դուրս մնացած է Եուսուֆ Հալաճօղլուն:

Ըստ Պոլսոյ «Ժամանակ» թերթին` «Ֆահրէտտին Ալթուն այս ժողովի կապակցութեամբ հանդէս եկաւ գրաւոր յայտարարութիւնով: Ըստ իրեն 1915 թուականի դէպքերուն կապակցութեամբ Թուրքիոյ դէմ առաջադրուած անհիմն պնդումներուն դէմ ձեռնարկուելիք նոր քայլերը դրուած են սեղանի վրայ: Նախագահ Էրտողան համոզուած է, որ պատմական դէպքերու վրայով կը ցանուին թշնամութեան հունտեր, որոնք սակայն պիտի չծլին արդարութեան հողին մէջ»:

Թուրքիան պարզած է իր ծրագիրը` մարտահրաւէր մը կարդալով աշխարհին:

Հարցը այս մակարդակով քննարկելու եւ ծրագիրներ մշակելու պատճառներէն մէկը վստահաբար վերջերս Ամերիկեան Քոնկրէսին որդեգրած որոշումնագիրն էր Հայկական Ցեղասպանութեան մասին: Էրտողան եւ իրեն նախորդող իշխանութիւնները համոզուած էին թէ քաղաքական լարախաղացութիւններով միշտ կը յաջողին կեցնել հայոց ի նպաստ ոեւէ որոշում Ամերիկեան գործադիր թէ օրէնսդիր մարմիններու մօտ:

Պիտի ըսուի թէ Ամերիկա այդ քայլին դիմեց իր սեփական շահերէն մեկնելով, տրուած ըլլալով թուրք-ամերիկեան լարուածութիւնը: Մենք միամիտ պէտք չէ ըլլանք եւ տեսնենք թէ ընդհակառակն ի՞նչ ձեւով կրնանք մեր դատը համադրել այլ պետութեանց շահերուն հետ: Այս է քաղաքականութեան օրէնքը:

Երբ այսքան պարզ են Թուրքիոյ նպատակները, մեզի կը մնայ որոշել թէ համայն հայութեամբ ինչպէ՞ս պիտի դիմագրաւենք մարտահրաւէրը:

Մեր խնդիրը ռուս-թրքական հակամարտութեան պարունակին մէջ է որ կրնայ իր դերը կատարել: Եթէ Ռուսաստան քայլ մը պիտի առնէ` դարձեալ իր շահերէն մեկնելով պիտի ընէ, ինչպէս ըրաւ Ամերիկան: Ռուս-թրքական գործակցութիւնը, որ վերջերս յայտնուեցաւ Սուրիոյ մէջ, իր կեանքը ապրած է յատկապէս Լիպիոյ մէջ կայացող այդ ոյժերուն հակամարտութեամբ` եւ աւելի հակամէտ է սրուելու:

Հայաստանի քաղաքական շրջանակներուն մէջ իրատես մարդիկ պէտք է գոյութիւն ունենան այս պատկերը տեսնելու եւ կողմնորոշուելու համար:

Երեւանի մէջ պարզուող հակառուսական խօսքերն ու նկրտումները ներհակ են հայոց շահերուն: Ինքնիշխանութեան եւ Մոսկուայի հետ հաւասարէ հաւասար խօսելու յաւակնութիւնները պարզապէս ինքնախաբէութիւն են: Եթէ Ռուսաստան կորսնցնէ իր յենարանները Կովկասի մէջ, ատիկա պիտի ըլլայ ի շահ Թուրքիոյ եւ Ուաշինկթըն միայն պիտի ծափահարէ:

«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ