Յաւելեալ բացատրութիւններու պէտք չկայ հաստատելու համար, թէ համազգային մեր գլխաւոր հարցը, ճակատագրական խնդիրը կայ ու կը մնայ եւ գոնէ տեսանելի ապագայի համար պիտի մնայ հայոց պետականութեան պահպանման եւ հզօրացման պարտականութիւնը: Ազգային միւս բոլոր հարցերը կը ստորադասուին ասոր, բոլոր ջանքերու արդիւնաւորումը պայմանաւորուած են ասով: Առաւել եւս այսօր, երբ վտանգուած է նոյնինքն այդ պետականութիւնը, ներառեալ կիսատուած-կծկուած Արցախը, որուն գոյութիւնը, որպէս ժողովուրդ եւ պետական միաւոր, վտանգուած է առաւել քան երբեւէ:
Երեսուն տարի շարունակ խօսեցանք ու շեփորեցինք Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան գաղափարը: Համահայկական մեր ջանքերուն մէկ կարեւոր մասը, այո՛, կեդրոնացուցինք Արցախը ազատագրելու, շէնցնելու վրայ: Հայ մարդը, հայաստանցի, արցախցի թէ սփիւռքահայ, իր արիւնը տուաւ, ապա նաեւ իր քրտինքը, դրամը, գիտելիքը: Այլ հարց` թէ որքանո՞վ տուաւ, ի՞նչ տուաւ ու ե՞րբ տուաւ: Վերջինը կարեւոր է: «Հայաստան» հիմնադրամի վիճակագրութիւնը` շատ պերճախօս: Սկզբնական շրջանին` բաւարար, բայց հետզհետէ` նուազող տարողութեամբ: Խօսքը սփիւռքահայութեան չի վերաբերիր միայն, այլեւ` ամբողջ հայութեան, ներառեալ` յաջորդական կառավարութիւններն ու կառավարիչները, ներառեալ տակաւին գործող կառավարութիւնը, որ հայկական բանակի սպառազինումը «շփոթեց» զինուորներու վարտիկ ունենալու եւ ելակ ուտելուն հետ: Նաեւ` «թռչող դագաղներուն» հետ, այսինքն` թանկարժէք, առանց հրթիռի գնուած SU-35 ռազմօդանաւերուն հետ, որոնք պատերազմի ընթացքին երբեք օդ չբարձրացան: Ինչպէս ռուսական «Իսկենտէր» հրթիռարձակները, գնուած նախորդ իշխանութեան օրօք, քանզի չունէին GPS համակարգը` լեռներու վրայէն ու ձորերու մէջէն սուրալու եւ խոցելու թշնամիին գլխաւոր թիրախները: Աւելին` դաս չքաղեցինք 2016-ի քառօրեայ պատերազմէն, ուր թշնամին օգտագործեց drone-ները, առանց օդաչուի սարքերը, որոնք հետագային, 2020-ի 44-օրեայ պատերազմին, թրքական «պայրաքտար»ներու ներմուծմամբ, ռազմի դաշտին վրայ փոխեցին ամբողջ վիճակը ի վնաս մեզի: Այլ խօսքով` թշնամին` թուրքն ու ազերին, մեզի յաղթեց գիտակա՛ն այն զինատեսակներով, որոնց գիտութիւնը մենք ունէինք կամ կրնայինք ունենալ տակաւին խորհրդային տարիներէն ի վեր:
Յաղթանակի դափնիներուն վրայ պառկիլ-հանգստանալը դարձուցեր ենք մեր սովորութիւնը, եւ յարափոփոխ աշխարհի սրընթաց վազքը դուրս է մնացեր մեր տեսադաշտէն` երբ հարցը կը վերաբերի մեր ազգային հարցերուն: Պահ մը մոռացութեան տուինք նոյնիսկ թուրք-թաթարական հին եւ միշտ նոր ծրագիրը` փան-թուրքիզմն ու համաթուրանականութիւնը, որուն զոհը դարձեր էինք դար մը առաջ` զանազան հանգրուաններով, մեծ ու «փոքր» կոտորածներով եւ ի վերջոյ Ցեղասպանութեամբ եւ հայրենազրկումով: Մտածեցինք` 21-րդ լուսաւորեա՜լ, մարդու եւ ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանուածութեան, ժողովրդավարութեան գերակայութեան այս դարուն ոչ մէկը եւ ոչինչ կրնայ սպառնալ մեզի նոր բնաջնջումով: Եւ ահա՛, հիմա ա՛յդ իրականութեան առջեւն ենք` մեր սովալլուկ շրջափակուած Արցախով, մեր խոցելի դարձած սահմաններով, մեր վտանգուած պետականութեամբ:
Արցախահայութեան օրհասական վիճակը իսկապէս յուզեց մեզ, որեւէ ձեւով օգնութեան փութալու, մեր ընդվզումն ու բողոքը յայտնելու ջանքերը չպակսեցան մեզի: Պէյրութ, Նիւ Եորք, Թեհրան, Ուաշինկթըն, Մոնթրէալ, Կլենտէյլ, Պուէնոս Այրէս, Լոնտոն, Մանչեսթր եւ այլուր բողոքի ցոյցեր եղան, բողոքագիրներ յղուեցան, ճամբաներ գոցուեցան, նոյնիսկ քարկոծում` լիբանանեան ձեւով: Լոս Անճելըսի մէջ Ատրպէյճանի հիւպատոսարանի շէնքը շրջափակուեցաւ եւ դիմացի հրապարակը նոր անունով կնքուեցաւ` Արցախի Հանրապետութիւն: Այդ շարժումներուն մեծամասնութիւնը, ինչպէս դիտել կու տար ընկերներէս մէկը, գերազանցապէս նախկին հայաստանցիներու մասնակցութեամբ եւ մղումով եղաւ: Մինչդեռ ամբողջ հայաշխարհն էր յուզուած, զայրացած: Բայց աշխարհը զայն չտեսաւ: Չտեսաւ այն ոյժն ու թափը, զոր ունինք, բայց չենք գիտեր գործածել: Ու ճիշդ ատոր համար մարդիկ մեզ չարախնդրօրէն կամ կարեկցութեամբ կը նկատեն` Անուժ Ներուժ:
Ու որպէսզի պատկերը ըլլայ ամբողջական` խոստովանինք նաեւ մեր «պետական» ամօթը, որ կը շարունակուի հինգ տարի շարունակ` հետզհետէ աւելի տխմար դրսեւորումներով:
Մենք դժգոհ էինք այսպէս կոչուած նախկիններէն` իրենց ինքնակեդրոնութեան, ցուցադրականութեան, մարդիկն ու կազմակերպութիւնները ըստ անոնց նիւթական կարողութեան գնահատելու եւ սփիւռքահայութեան կարիքներուն ոչ համարժէք մօտեցման համար: Բայց անոնք, այդ «նախկիններ», կրցան, գոնէ, ստեղծել կամ նախաձեռնել համազգային հիմնադրամ, մասնագիտական յանձնաժողովներ եւ, ամենակարեւորը, կեդրոնական մարմիններ, որոնց փառապսակը դարձաւ Մեծ Եղեռնի 100-ամեակի կեդրոնական վարչութիւնը, որ, ինչպէս վերջին ժողովին կը յայտարարէր 3-րդ նախագահ Սերժ Սարգսեանը, սահմանուած էր դառնալու Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամասնական տեւական ղեկավարութիւնը:
Մինչդեռ այժմ ունինք միագլուխ, այսինքն` անգլուխ եւ անպատասխանատու «կառոյց» մը, որ Արցախը լքած է Թուրքի երախին, իսկ Սփիւռքը` բախտի քմահաճոյքին:
Վաղուց ժամանակն է արդէն որ Սփիւռքը ինքզինք կազմակերպէ, ինքզինք օժտէ կեդրոնական համակարգող կամ նման մարմինով մը: Ֆրանսահայութիւնը ունի այդ փորձը, 20-էն աւելի կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ: Լիբանանահայութիւնը նոյնպէս ունի, սակայն միայն կուսակցութիւններու ընդգրկումով: Լաւագոյն փորձը ունեցած է Ամերիկայի հայութիւնը` ի դէմս Ամերիկայի Հայկական Համագումարին, որ դժբախտաբար փլուզուեցաւ, երբ գլխաւոր donor-ները դարձան գլխաւոր ղեկավարները անոր, իսկ Քաֆեսճեան անձը տապալեց Ուաշինկթընի Ցեղասպանութեան թանգարանի հրաշալի ծրագիրը: Յատկապէս 90-ականներուն այդ կազմակերպութիւնը, մասնակցութեամբ կենսունակ բոլոր` կուսակցական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններու, շատ ազդու գործունէութիւն ունեցաւ հայկական շահերը պաշտպանելու տեսակէտէ: Հետեւաբար ճիշդ պիտի ըլլար վերստին ուժերը հաւաքել Ամերիկայի, ներառեալ Գանատան, տարածքին, նկատի ունենալով այդ երկիրներուն դիրքն ու ազդեցութիւնը մեր տարածաշրջանի համար:
Նոր աղէտներ կը սպասեն մեր ժողովուրդին, նոր եւ դժուար յաղթահարելի մարտահրաւէրներ ունինք, որոնք տեւական բնոյթ կրնան ստանալ: Անզօր եւ անուժ պէտք չէ գտնուինք անոնց դիմաց:«Անուժ ներուժ» կարծիքը մեր մասին` պէտք է փոխենք միասնականութեամբ, բոլոր կարողութիւններու օգտագործումով:
ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ
Երեւան
«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ