Հաւանայի ՌԱԿ-Ի ակումբի կազմութիւնը եւ տեղւոյն հայ գաղութը
1928ին Հավանայի իրենց տան մէջ, ընկեր Կարապետ Պարտունիի աջակցութեամբ, հիմը կը դրուի ՌԱԿի Հավանայի մասնաճիւղին:
1928ի տուեալներով կղզիին մէջ հաստատուած հայերուն թիւը կը հասնէր 5-600ի, մեծ մասամբ անհատ երիտասարդներ, կիներ ու աղջիկներ: Ընտանիքներ քիչ կային: Անոնց կրթական վիճակը անգոհացուցիչ է: Թէեւ այս թուականէն քիչ առաջ 50-60 աշակերտներով դպրոց մը գոյութիւն ունեցած էր բայց փակուած էր, որովհետեւ ամերիկեան Մկրտչական միսիոնարները դադրեցուցած էին իրենց նիւթական նպաստը: Ուրախալի էր սակայն որ Օր.Նուրիձա Թավլեանի անձնական ջանքերով հայերէն լեզուի ուսուցման դասընթացք մը կու տար 30 աշակերտներով:
Մինչ այդ, գաղութը զուրկ էր հոգեւոր մխիթարանքէ: Կը մտադրուէր ժամանակաւորապէս քահանայ մը բերել տալ, սակայն չի յաջողուիր: Միւս կողմէ միսիոնարները սիրով տրամադրած էին իրենց ժողովասրահը, ուր շաբաթը անգամ մը պաշտամունք կը կատարուէր հայերէնով:
1948ին Քուպայի հայ գաղութին թիւը կը գնահատուէր մօտաւորապէս 2000, որոնցմէ մեծ մասը կը բնակէին մայրաքաղաքը` Հավանայի մէջ: Ընդհանրապէս արհեստաւորներ: Կային կօշկակարներ, շրջուն վաճառորդներ եւ հնակարկատներ: Որոշ թիւով գործաւորներ ալ կօշկակարութեան գործարանի մը մէջ կ’աշխատէին:
1928էն ի վեր գոյութիւն ունեցող ՙգաղթականական խորհուրդ՚ի հիմնած դպրոցին աշակերտութեան թիւը կը բարձրանար 80ի: 1940ական թուականներուն հայերէն շատեր Հավանան ձգելով կղզիին ներսերը կը հաստատուին, ուր կը յուսան աւելի յաջողութիւն գտնել: Հայերու ուրիշ համայնք մըն ալ կար Վիքթորիա տե Լոզ Թիւնաս քաղաքին մէջ, ուր հայեր հաստատուած են 1920ականներէն: Անոնց տնտեսական կացութիւնը լաւ էր եւ անոնք գնահատուած էին տեղական եւ կեդրոնական իշխանութիւններէն: Ասով հանդերձ, անոնց թիւը հարիւրէն յիսունի իջած էր: Անոնք եւս ունէին երեք դասարանով հայ դպրոց մը, ուր կը յաճախէին 15 աշակերտներ:
Քուպայի ազգային կեանքին մէջ հայապահպանման գիծով մեծ եղաւ դերը ափ մը ռամկավար ազատականներուն:
Ո՞վ էր Մեսրոպ Մահթէսեան
Մեսրոպ ծնած է Բալուի Պաղին գիւղը (Խարբերդի նահանգ) Հոկտեմեր 20, 1904ին: Տասը տարեկանին արդէն տեղի կ’ունենան թրքական բարբարոս ջարդերն ու տարագրութիւնը: Հրաշքով կը հասնի Խարբերդ, ուր ատեն մը մնալէ ետք կը տարագրուի Հալէն: Ամերիկա գտնուող իր մօտիկ ազգականներուն միանալու բուռն փափաքով, 1924ին կը մեկնի Հավանա, Գուպա:
Կարգ մը արգելքներու պատճառով կը ստիպուի այնտեղ մնալ աւելի քան քսան տարիներ եւ 1945ին կը հասնի Փրաւիտենս: Հավանայի մէջ կը հանդիպի Արտեմիս Տիպլիլեանի եւ 1926ին կ’ամուսնանայ: Կը բախտաւորուին մանչ զաւակով մը` Արամազդ, որ ապագային իր ծնողաց նուիրական զոհաբերութեամբ կը ստանայ համալսարանական բարձր դաստիարակութիւն, իբրեւ երկրաչափ:
Մահթեսէան Փրաւիտենսի մէջ
Ամերիկայի մէջ Մեսրոպ կը միանայ ազգօգուտ հաստատութիւններուն եւ անոնց միջոցաւ կը բերէ ազգային ծառայութեանց բաժինը:
Փրաւիտենսի Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ եկեղեցւոյ հոգաբարձու ընտրուելով, ան կը վարէ ատենապետութիւնը: Վերջապէս հաւատաւոր ու զոհաբերող անդամը կ’ըլլայ ՌԱԿի Փրաւիտենսի Ակումբին: Տարիներով պատասխանատու պաշտօններ կը վարէ Վարդանանց Ասպետներու Եղբայրակցութեան մէջ, ինչպէս նաեւ պաղինի Ուսումնասիրացի ատենապետութիւնը:
Մաքուր եւ անխարդախ սիրտ մը ունէր Մեսրոպ: Ծիղաղը միշտ անպակաս անոր դէմքին վրայ, նոյնիսկ կարեւոր հարցերու շուրջ հակառակորդին հետ վիճաբանութեան մը պարագային:
Կը մահանայ Փրաւիտենսի մէջ, Փետրուար 4, 1962ին: