Ի՞ՆՉ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ ՊԻՏԻ ԸՆԹԱՆԱՅ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ա.

Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւնը բնականօրէն կենսական խնդիր մըն է երկրի քաղաքացիներուն համար. սակայն, իբրեւ մոլորակի հզօրագոյն երկիր` ամերիկեան կեանքի ամէն իրադարձութիւն իր ցոլացումը կ’ունենայ տարբեր երկիրներու ճակատագրին վրայ: Հետեւաբար, նախագահական ընտրութիւնը իր նշանակութիւնը ունի արտաքին ու ներքին քաղաքականութեան հարթակներով եւս: Որքան ալ թեկնածուները, տեսականօրէն, իրենց ընտրութենէն վերջ, պիտի ներկայացնեն երկրին համայն քաղաքացիութիւնը` իրականութեան մէջ անոնք պիտի սատարեն որոշ շահերու եւ որոշ խաւերու, որոնք բազմաթիւ են եւ բազմապիսի:

2016ի ընտրութեան արդիւնքը զարմացուց Տիկին Հիլըրի Քլինթընը, որ ապահովուած կը կարծէր իր յաղթանակը. ան զարմացուց նաեւ կարգ մը քաղաքական շրջանակներ, որոնք սկսած էին իրենց հաշուարկումներն ու քաղաքական հաշիւները դասաւորել այն համոզմամբ որ արդէն երաշխաւորուած էր Տիկին Քլինթընի ընտրութիւնը: Հաւանաբար ամէնէն աւելի զարմացած պիտի ըլլայ ինքը` նախագահ Թրամփ որ հեռուստացոյցի վրայ կը կազմակերպէր «ճշմարտանման ցուցադրութիւններ» (reality show): Հաւանաբար սկիզբը կարծեց թէ այդ «շօ»երէն մէկն էր որ սարքուելու վրայ էր: Բայց շուտով անդրադարձաւ թէ իր առջեւ բացուած էին Սպիտակ Տան դարպասները:

Ժողովրդային քուէներու իմաստով շահողը Հիլըրի Քլինթընն էր որ ապահոված էր երեք միլիոնէ աւելի քուէ: Բայց ամերիկեան ընտրական դրութիւնը հակամէտ է նման անակնկալներ սարքելու որովհետեւ, ըստ Սահմանադրութեան քուէարկողները գործնապէս թեկնածուին չէ որ կը քուէարկեն, այլ «Ընտրական Յանձնաժողովի» (electoral college), եւ այդ յանձնաժողովի անդամները ենթադրուած են քուէարկել իրենց թելադրուած թեկնածուին, թէեւ, տեսականօրէն ազատ են նաեւ չքուէարկելու ինչպէս պահանջուած է իրենցմէ:

Այս electoral college-ի դրութեան պատճառով ընտրութիւնը կորսնցուց Հիլըրի Քլինթընը, առաւել քուէներ ստացած ըլլալով հանդերձ:

Ամերիկան որ ժողովրդավարութեան սկզբունքը վերածած է սրբութիւն սրբոցի, այս դրութեամբ կ’ականահարէ նոյնինքն այդ սկզբունքը եւ կը հակադրուի այն ասոյթին թէ «Ձայն բազմաց` ձայն Աստուծոյ» է:

Մինչեւ ընթացիկ տարուան սկիզբը այնպէս կը թուէր թէ նախագահ Թրամփ սրարշաւ կը դիմէր դէպի երկրորդ յաղթանակ – գործազրկութիւնը իջած էր նուազագոյնին, արժեթուղթերու սակարանը կը դիմէր բարձունքէ բարձունք, տնտեսութիւնը կը կարծուէր աննախընթաց բարօրութեան դիրքի մը վրայ կ’ընթանար. իսկ անդին նախագահին աննախատեսելիութիւնը, անակնկալներ սարքելու իր աճպարարութիւնը, կասկածելի անցեալով ու վարքով օգնականներ պաշտօնի կոչելու եւ վտարելու խաղերը` լրագրողներուն, երգիծանկարիչներուն եւ հակառակորդներուն զուարճանալու առիթներ էին միայն:

Սակայն, այս տարուան համաճարակը վերջ տուաւ այդ տօնահանդէսին. նախագահը եւ իր կազմը անճրկեցան անակնկալին դիմաց եւ թերացան համաճարակի տարածումը սահմանափակելու իրենց ծրագիրներուն մէջ:

Այս ընկրկումին հետեւանքով մահացան 182,000 ամերիկացիներ- մինչեւ Նոյեմբեր 3, ընտրութեան օրը, մահացումներու թիւը կ’ենթադրուի որ բարձրանայ 300,000ի: Համաճարակին յաջորդեց գործազրկութիւնը. 57 միլիոն ամերիկացիներ դիմած են անգործութեան հատուցման: Աշխատոյժի 10.2 տոկոսը այսօր անգործ է: Թրիլլիոնաւոր տոլարներու բաշխումէն ետք ալ` տնտեսութիւնը խոստումնալի չի թուիր ըլլալ մինչեւ ընտրութեան օրը:

Նախորդ երկու շաբաթներուն կայացան երկու կուսակցութեանց համագումարները ուր ընտրուեցան նախագահութեան եւ փոխ նախագահութեան թեկնածուները: Նախ կայացաւ դեմոկրատներու համագումարը, որուն յաջորդեց հանրապետականներունը: Նկատի առնելով համաճարակի պարագան, երկու համագումարներն ալ վերածուած էին հեռուստատեսային ցուցադրութեան:

Դեմոկրատներու թեկնածուն արդէն յայտնի էր` նախկին փոխ նախագահ Ճօ Պայտընն էր որ ընթացիկ հարցախոյզներուն մէջ արդէն գրաւած էր առաջին տեղը տասնեակ մը այլ դեմոկրատ թեկնածուներու մէջ: Փոխ նախագահի թեկնածուի հարցը բաւական խնդրական էր. թեկնածուն պէտք էր գոհացնէր կարգ մը պայմաններ` աւելի քան ունենար յատկութիւններ: Հակառակ որ սեւամորթներու համեմատութիւնը 12 տոկոսն է Ամերիկայի ընդհանուր բնակչութեան, սակայն սեւամորթներուն տառապանքները գերավաճառութեան օրերուն այսօր կը վերածուէր պարտամուրհակի մը յաչս ամերիկեան հասարակութեան: Աւելին, առ այսօր սեւամորթներու անհաւասարութիւնը տնտեսութեան մէջ կը հարկադրէր որ գոնէ փոխ-նախագահութեան թեկնածուն սեւամորթ մը ըլլար: Իսկ անցեալ ընտրութեան երբ կին թեկնածու մը կը ներկայանար նախագահութեան պաշտօնին, կարծէք հասարակութիւնը պարտք մըն ալ ունէր կիներուն հանդէպ. հետեւաբար, դեմոկրատները Քամելա Հարիսի մէջ գտան այդ պայմանները լրացնող թեկնածուն. նախկին դատախազ եւ այժմ ծերակուտական ուժական կին մը որ կերպով մըն ալ պիտի հակակշռէր Պայտընի տարիքային խնդիրը: Արդարեւ, եթէ Պայտըն ընտրուի նախագահ ան 78 տարեկան պիտի ըլլայ եւ յաջորդ ընտրութեան հազիւ թէ կարենայ թեկնածու դառնալ երկրորդ շրջանի մը համար:

Դեմոկրատներու համագումարին գլխաւոր օրակարգերն էին նախագահ Թրամփի աննախատեսելիութեան խնդիրը, անոր կամայականութիւնը, ցեղապաշտական հակումները, եւ անշուշտ երկրին տնտեսութեան վերականգնումը եւ համաճարակին աւելի լաւ դարման գտնելու խոստումը:

Դեմոկրատները յաջողած էին կարեւոր թիւով հանրապետական յայտնի դէմքեր սիրաշահիլ` նախագահ Թրամփի դէմ բացասական պատկերացումներ ներկայացնելու:

Դրական կողմի վրայ ալ թմբկահարուեցաւ Ճօ Պայտընի բարութիւնը, հասարակ մարդոց հանդէպ անոր հոգածութիւնը եւ քիչ մնաց որ հրեշտակային թեւեր տային անոր` սրբացնելու աստիճան գովելով զայն: Յատկանշականը այն էր որ Պայտըն իր ճառին մէջ միայն անուղղակի ակնարկութիւններ ըրաւ նախագահ Թրամփի հասցէին` առանց յիշելու անոր անունը: Իսկ նախագահ Թրամփ 41 անգամ յիշատակեց Պայտընի անունը իր համագումարի ճառին մէջ: Թէ նախագահ Թրամփ թէ այլ խօսողներ ահասարսուռ պատկեր մը գծեցին թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ եթէ Պայտընը ընտրուի նախագահ: Նախ Պայտընը ներկայացուեցաւ որպէս Տրովատայի Ձին, որուն մէջէն դուրս պիտի ցատկեն Պըրնի Սենտըրզի նման ահաւոր ընկերվարականներ, ծայրայեղ ձախակողմեաններ եւ քիչ կը մնար ուզէին հաւատացնել թէ կրնար մինչեւ անգամ Ստալինը յարութիւն առնէր ու գար նստելու Սպիտակ Տան մէջ: Այդ չափազանցեալ որակումները մինչեւ անգամ դիւրահաւան մարդիկը կրնային խրտչեցնել:

Այնպէս դաստիարակուած է ամերիկացի հասարակութիւնը որ շատ չհետաքրքրուի երկրի արտաքին քաղաքականութեամբ. այնպէս որ երկու կողմերն ալ շատ հարեւանցի մօտեցումներ ցոյց տուին արտաքին քաղաքականութեան հարցերուն նկատմամբ: Միայն նախագահ Թրամփ ակնարկութիւն ըրաւ որ ինք վերջ կը դնէր անվերջանալի պատերազմներուն եւ հետզհետէ տուն կը վերադարձնէր ամերիկացի զինուորները հեռաւոր ռազմադաշտերէն:

Առ երեւոյթի ճիշդ է պատկերը, սակայն, այդ պատկերին դիմաց կը պարզուի աւելի վտանգաւոր պարագայ մը աշխարհի տարբեր տարածաշրջաններուն մէջ: Ամերիկայի մէջ զօրաւոր ընդդիմութիւն կայ տարբեր երկիրներու դատերուն համար տարբեր ռազմադաշտերու վրայ թափուած ամերիկեան արիւնին: Սակայն, անոր փոխարէն Ամերիկա սկսած է ոստիկաններ նշանակել աշխարհի տարբեր տարածաշրջաններուն համար: Օրինակ Միջին Արեւելքի եւ Կովկասի համար ընտրուած է Թուրքիան: Այդ պատճառով է որ նախագահ Էրտողան անպատիժ կերպով կը գործէ այդ աշխարհամասին մէջ, յաճախ զայրացնելով Եւրոպական Միութեան անդամները: Այնքան ատեն որ Թուրքիա կը կատարէ Ուաշինկթընի յանձնարարութիւնները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ` փոխ-հատուցումը կը ստանայ ամենարողութեան կերպով, մինչ այդ կ’արտօնուի իր Թուրանական ծրագիրները հետապնդելու:

Իսկ Ծայրագոյն Արեւելքի համար ալ միեւնոյն պաշտօնը յանձնուած է Ճափոնին: Այդ երկիրը Բ. Աշխարհամարտի աւարտին անպայմանագիր պարտութեան դաշինք կնքեց, եւ Խաղաղականի ամերիկեան ոյժերու հրամանատարը` Զօր. Տակլըս Մըք Արթըր մշակեց նոր սահմանադրութիւն մը որով կ’արգիլուէր Ճափոնի վերազինուիլ: Վարչապետ Շինծօ Ապէի օրով եւ ամերիկեան թոյլտուութեամբ վերջերս վերափոխուեցաւ այդ սահմանադրութիւնը եւ Ճափոն սկսաւ կրկին ռազմաշունչ քաղաքականութիւն մը կիրարկել, յատկապէս հակակշռել փորձելով, Ամերիկայի հաշւոյն, Չինաստանի բարձրացող հզօրութիւնը:

Այնպէս, ինչպէս նախագահ Պուշ Կրտսերի օրով Տիք Չէյնին էր Սպիտակ Տան բուն իշխանաւորը, այսօր ալ կը թուի ըլլալ Մայք Փամփէոն: Ապացոյցը` որ քանի պաշտօնատարներ մտան ու ելան Սպիտակ Տուն, մինչ Փամփէոն իր ամբողջական զօրութեամբ կը հովանաւորէ Սպիտակ Տունը:

Թէ ի՞նչ կը խոստանայ Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւնը աշխարհին` կը քննարկենք յաջորդիւ: Կը քննարկենք նաեւ թէ ի՛նչ կը խոստանայ Հայաստանին եւ ամերիկահայութեան, որուն քուէները ի վերջոյ պէտք է սկսին արժէք մը ունենալ:

 

«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ