Աշխարհի վրայ մօտաւորապէս 30 երկիրներ ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը` իրաւական թէ ոգեկոչական բնոյթի որոշումներով: Հայութիւնը բնականաբար երախտապարտ է այդ երկիրներու պետութեանց եւ ժողովուրդներուն:
Սակայն երեք երկիրներ, տարբեր պատճառներով, կը հանդիսանան կիզակիտային միաւորներ, որոնց որոշումը ունի համաշխարհային տարողութիւն: Այդ երկիրներն են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Իսրայէլը եւ Թուրքիան, իւրաքանչիւրը տարբեր պատճառներով, սակայն միեւնոյն նպատակին ուղղուած իմաստներով. Ամերիկան` իր հզօրութեան պատճառաւ, բայց մանաւանդ` Թուրքիոյ վրայ իր ունեցած հակակշիռին պատճառաւ: Իսրայէլը` իբրեւ ճակատագրակից հայոց ու Թուրքիոյ հետ ունեցած բարդ յարաբերութեանց պատճառաւ, իսկ Թուրքիան` իբրեւ ժառանգորդ ցեղասպան Օսմանեան կառավարութեան եւ իբրեւ յափշտակիչ հայ ժողովուրդի նիւթական, իրաւական եւ մշակութային արժէքներուն:
Միջազգային շահերու մէկ նպաստաւոր դասաւորումով Ամերիկեան Գոնկրէսը ի վերջոյ որդեգրեց HR-296 որոշումնագիրը` ձայներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ (405-11), գործածելով ՙՑեղասպանութիւն՚ (Genocide) եզրը, որուն շուրջ մեծ էին տարակարծութիւնները, որովհետեւ 1948ի ՄԱԿ-ի կողմէ որդեգրուած օրէնքով ցեղասպանութիւն եզրին իրաւական ու պատմական նշանակութիւնը ունի գործնական ու քաղաքական հետեւանքներ:
Որքան որ ալ ամերիկեան գոնկրէսի որոշումնագիրը ՙոչ-պարտադիր՚ (ՙnon-binding՚) բնոյթ ունի` անոր խորհրդանշական եւ իրաւական նշանակութիւնը ունի հզօր տարողունակութիւն. այդ պատճառաւ էր որ Թուրքիա այնքան ատեն կը պայքարէր այդ եզրին գործածութեան դէմ եւ այսօր վրդոված է, որովհետեւ հարուածը տրուած է ճիշդ վէրքին վրայ:
Ցարդ Թուրքիոյ պետութեան լոպիիստական աշխատանքերն ու սպառնալիքները պատճառ կը դառնային մեծ պետութեանց իշխանաւորներուն շուրջպար բռնելու ցեղասպանութիւն եզրին շուրջ` բաւականանալով մեծ եղեռն կամ այլ բառերու օգտագործումով:
Ամերիկեան Գոնկրէսին որոշումնագիրը եկաւ վերջ դնելու այդ շուրջպարերուն:
Այդ որոշումնագիրը աւելի նշանակալից կը դառնայ, որովհետեւ շուրջ 35 տարիներու պատմութիւն մը կը թողու իր ետին ուր որոշումնագրին ճակատագիրը կախեալ կը մնար Թուրք-Ամերիկեան անկայուն քաղաքականութեան վերիվայրումներէն:
Ի վերջոյ որոշումնագիրը այսօրուան քաղաքականութեան ցոլացումը չէ միայն, քանի կու գայ ամփոփելու եւ ամրապնդելու վերջին տասնամեակներուն ամերիկեան իշխանութեանց բոլոր նախաձեռնութիւններն ու քաղաքական աքթերը. այսպէս` այնտեղ կը նշուի Մայիս 28, 1951ին ամերիկեան կառավարութեան ծանուցագիրը Արդարադատութեան Միջազգային դատարանին, նախագահ Ռեկընի 4838 որոշումնագիրը, Ներկայացուցիչներու Տան թիւ 148 որոշումնագիրը Ապրիլ 8, 1975ին եւ այլ հաստատող նախաձեռնութիւններ:
Նշանակալի այս բոլոր նախաձեռնութեանց ներառումը աւելի բազմաբովանդակ է. փաստական կերպով կարեւոր է որ որոշումնագիրը ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանը կը սահմանէ 1915 եւ 1923 տարիներու միջեւ, ընդգրկելով քեմալական ոյժերու բարբարոսութիւնները Իզմիրի եւ Կիլիկիոյ մէջ:
Մանաւանդ յուզիչ էին ելոյթները վկայութիւն տուող գոնկէսականներուն որոնց խօսքին ընդմէջէն կ’արձագանգէին դեսպան Մորկընթոյի, Խարբերդի հիւպատոս Լեսլի Տէյվիսի (ՙՍպանդանոցային նահանգ՚ի հեղինակ) եւ այլոց վկայութիւնները: Յատկանշական էր մանաւանդ գոնկրէսմէն Ատամ Շիֆֆի հաստատումը թէ` ցեղասպանութեան պաշտպանութիւնը պատեհ է բոլոր ժամանակներուն. այս հաստատումը կը տրուէր ի պատասխան այն քաշքշուքներուն զորս քաղաքական պատասխանատուներ կ’օգտագործէին` միշտ պատրուակելով թէ ՙժամանակը չէ հայկական ցեղասպանութեան հարցը արծարծելու՚:
Վերջին 35 տարիներուն քանիցս կարելիութիւն ստեղծուած էր որոշումնագիրը որդեգրելու, քանի քուէները պատրաստ էին. սակայն, անգամ մը գոնկրէսի խօսնակ Նենսի Փելոսի խուսափեցաւ առաջադրելու որոշումնագիրը. ուրիշ անգամ մը Պիլ Գլինթընի Սպիտակ Տունը միջամտեց Գոնկրէսի հանրապետական խօսնակ Տենիս Հեսթըրթի – որուն հետ դեմոկրատ Գլինթըն տարակարծիք էր ամէն հարցի մէջ` բացի հայկական ցեղասպանութեան որոշումնագրէն…:
Ետքէն պարզուեցաւ նաեւ որ Հեսթըրթ կաշառակեր գործակալ մըն էր Թուրքիոյ հաշւոյն:
Սամանթա Փաուըր, նախագահ Օպամայի դեսպանը ՄԱԿի մօտ մաս կը կազմէր քաղաքական այս վերիվայրումներուն: Արդարեւ ան, իբրեւ մարդկային իրաւանց պաշտպան, մեծ համբաւ շահեցաւ հրատարակելով իր մէկ նշանաւոր հատորը ցեղասպանութեան մասին (ՙԴժոխքէն առաքուած խնդիր մը՚ – A problem from Hell) ուր հզօր փաստերով կ’անդրադառնար հայկական, հրէական եւ քամպոճական ցեղասպանութեանց: Այդ հատորով ան սիրաշահեցաւ ոչ միայն հայերն ու հրեաները, այլ պաշտօնի կոչուեցաւ Սպիտակ Տան մէջ իբրեւ մարդկային իրաւանց խորհրդական նախագահ Օպամային:
Ընտրութենէն առաջ ան նամակ մը յղեց հայ համայնքին, որ քուէարկեն ի նպաստ Պր. Օպամային, քանի ան կը խոստանար ճանչնալ հայոց ցեղասպանութիւնը ընտրութենէն ետք: Արդէն իբրեւ ծերակուտական Պր. Օպամա շատ լուրջ եւ ծանրակշիռ յայտարարութիւններ կատարած էր ցեղասպանութեան մասին, հաւատալի ընծայելով Սամանթա Փաուըրի կոչը: Սակայն ընտրութենէն ետք նախագահ Օպամա իր հերթին բաւականացաւ ՙՄեծ Եղեռն՚ բացատրութեամբ, թէեւ Անգարայի մէջ թրքական խորհրդարանին առջեւ իր ունեցած ելոյթին մէջ ան կոչ ըրաւ որ Թուրքիա պէտք է առերեսուի իր մութ պատմութեան հետ:
Բնականաբար հայ համայնքը զայրացաւ, սակայն Սամանթա Փաուըր անհետացած էր` պատասխանատուութենէ խուսափելու համար:
Գոնկրէսի վերջին որոշման առթիւ մեղայական յօդուած մը գրած է Տիկին Փաուըր ՙՆիւ Եորք Թայմզ՚ի մէջ ըսելով. ՙԵս գրած եմ հայկական ցեղասպանութեան մասին եւ պաշտպանած զայն ճանչնալու իրաւունքը (թէեւ անյաջող կերպով) իբրեւ Օպամայի վարչութեան անդամ. ես զօրակցած եմ հայերու նահատակներուն յիշատակութեան բազմաթիւ առիթներով՚ (Հոկտեմբեր 29, 2019):
Նկատի ունենալով քաղաքականութեան մաքիավելական բնոյթը, հայերս կրնանք անյիշաչար կերպով ընդունիլ այս ուշացած մեղայականը:
Բազմաթիւ քաղաքական ազդակներ իրար միացած են` կարելի դարձնելու համար Ամերիկեան Գոնկրէսին այս համարձակ նախաձեռնութիւնը: Այդ ազդակներէն ոմանք բացայայտ են, մինչ ուրիշներ` նուազ նշմարելի են ուղղակի իրենց բնոյթով:
Նշանակալից է դերը Ուաշինկթընի Հայկական Դատի Յանձնախումբին եւ Հայկական Համագումարին` իրազեկելով պետական շրջանակները եւ զօրաշարժի ենթարկելով համայնքի քաղաքական ոյժերը: Այս բոլորին վրայ պէտք է աւելցնել Զօրեան հիմնարկի, քաղաքական կուսակցութեանց եւ հայ մամուլի դերերը: Կարեւոր էր նաեւ դերը նշանաւոր անհատներու ինչպէս Քարտաշեանին, Շէրին եւ այլոց: Թէեւ այս բոլոր գործօնները գոյութիւն ունեցած են տասնամեակներէ ի վեր, առանց արդիւնքի կամ` աննպաստ հետեւանքներով: Ուրեմն այս բոլոր գործօններուն վրայ եկած են աւելնալու որոշ քաղաքական զարգացումներ, արժեւորելու եւ ազդեցիկ դարձնելու այս գործօնները:
Այդ զարգացումներուն մէջ գլխաւորը թուրք-ամերիկեան յարաբերութեանց լարուածութիւնն է: Նախագահ Էրտողանի բռնատիրական ներքին քաղաքականութիւնը նուազագոյն սաստը կը ստանայ ամերիկեան կողմէ: Սակայն, անոր արտաքին քաղաքականութեան նախաձեռնութիւնները վերջին շրջանին ներհակ դարձան ամերիկեան քաղաքականութեան: Էրտողանի ամբարտաւան քաղաքականութիւնը ասպարէզ կարդաց Ամերիկայի. յատկապէս անոր բռնարարքները քիւրտ ազատամարտիկներուն նկատմամբ որոնք մարտընչած էին ամերիկեան զօրքերու կողքին մաքրագործելով Իսլամական Պետութեան ահաբեկիչները սուրիական հողամասին վրայ: Նախագահ Թրամփ կամայականօրէն հեռացուց ամերիկեան զօրքերը այն գօտիէն ուր քրտական ոյժերը կը ծրագրէին ինքնավարութիւն հաստատել: Թուրքիա սպառնալիք մը նկատելով քրտական ծրագիրները հետեւաբար ինքզինք արտօնեալ նկատեց ջարդելու քիւրտերը, զանոնք ամբաստանելով իբրեւ PKKի սուրիական թեւը: Նախագահ Թրամփ երեխայական պատճառաբանութիւններով մեղադրեց քրտական ոյժերը, փոխանակ գնահատելու անոնց զոհողութիւններն ու նահատակութիւնը. թէեւ ամերիկեան Գոնկրէսն ու հանրային կարծիքը դարձան Թուրքիոյ դէմ:
Այդ պատճառաւ ալ Գոնկրէսը ցեղասպանութեան որոշումնագրէն անկախ պատժամիջոցներ սահմանեց Թուրքիոյ:
Թուրք-ամերիկեան յարաբերութեանց մէջ Անգարայի ամէն մէկ նախաձեռնութիւնը եկաւ զայրացնել ամերիկեան հանրային կարծիքը եւ նոր բարդութիւններ յառաջացնել: Մասնաւորաբար նշանակալից կերպով անոնք կþանդրադառնային Իսրայէլի շահերուն. Թուրքիա իր ինքնագլուխ արշաւանքներուն համար անձեռնմխելիութիւն կ’ապահովէ իբրեւ ՆԱԹՕի անդամ, սակայն առանց յիշեալ կազմակերպութեան հաւանութեան ենթարկելու իր արկածախնդրութիւնները:
Օրինակ, Թուրքիոյ կողմէ ռուսական զէնքերու գնումը զայրացուցած է ոչ միայն Ուաշինկթընը այլ մասնաւորաբար` ՆԱԹՕի միւս անդամները: Հետեւաբար Էրտողան, գինովցած իր նուաճումներով, չէր կրնար անվտանգ կերպով անցնիլ կարմիր գիծերը, իր միջազգային յարաբերութեանց մէջ:
Թէեւ Ամերիկա կ’ուզէ հաւատացնել Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն որ շրջանի բաժանումը եւ առճակատումը Սիւննի եւ Շիի ոյժերուն միջեւ է, սակայն քաղաքական եւ փաստական իրողութիւնը այն է որ շրջանի տիրապետութեան կը ձգտին հաւասարապէս Իսրայէլն ու Թուրքիան. եւ Իսրայէլ իր քաղաքական ու ռազմական հարցերը կը լուծէ Ամերիկայի միջոցաւ եւ անոր ռազմական բազուկով: Այս տեսանկիւնէն դիտելով, երբեք հեգնական պէտք չէ նկատել երբ արձանագրենք որ Գոնկրէսի այս որոշումը անուղղակի պարգեւն է նախագահ Էրտողանի, աւելին` բախումին հետեւանքը թրքական եւ իսրայէլեան շահերուն:
Իսրայէլ ամերիկեան ռազմական բազուկի միջոցաւ տապալեց շրջանի բոլոր այն մենատէրերը որոնք գոյութենական սպառնալիք նկատուած էին իրեն – Լիպիա, Իրաք, Սուրիա: Ցանկի վրայ է տակաւին նաեւ Իրանը:
Իսրայէլ կրնայ նոյնպէս վարձատրել ոեւէ ոյժ, դարձեալ Ամերիկայի միջոցաւ:
Այսպէս, Թուրքիա խոչընդոտել ջանացած է իսրայէլեան շահերը` ընդդիմանալով իրաքեան ցամաքամասի վրայ քրտական անկախ պետութեան: Նեթանիահու միակ պետական դէմքն էր որ պաշտօնապէս յայտարարեց որ թիկունք կը կանգնի անկախ Քիւրտիստանի, մինչ Անգարա պաշտպան կանգնեցաւ Իրաքի հողային ամբողջականութեան սկզբունքին, որ իրեն համար իմաստազուրկ էր Կիպրոսի եւ Սուրիոյ պարագային:
Իսրայէլ բոլոր միջոցներով տեղաւորուած է իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ, ճիշդ մօտիկը Իրանի սահմանին: Իսրայէլ միեւնոյն ծրագիրը ունէր նաեւ Սուրիոյ քիւրտերուն նկատմամբ, որոնք կը ձգտէին ինքնավարութեան: Երբ թրքական ոյժերը հալածելով կը վտարէին քիւրտ ազատամարտիկները իրենց պապենական հողերէն այս վերջինները հանդէս եկան լոզունգներով որոնք կþըսէին. ՙԿեցցէ՛ քիւրտ-հրէական եղբայրակցութիւնը՚: Այդ կոչերը խորհրդանշականէն անդին կþարձագանգէին քաղաքական իրականութիւն մը:
Թուրքիոյ տեսանկիւնէն անկախ Քիւրտիստան մը պիտի ներշնչէ, քաջալերէ եւ նոյնիսկ ռազմականօրէն պիտի զօրացնէ ազատագրական պայքարը յատկապէս Թուրքիոյ մէջ ապրող 25 միլիոն քիւրտերուն:
Միւս կողմէ Թուրքիա կը պաշտպանէ պաղեստինցիները, Համասը` Կազայի մէջ, Իսլամ Եղբայրները` Եգիպտոսի մէջ եւ իսլամական ոյժերը` Լիպիոյ խառնարանին մէջ: Այս բոլորը կարողական հակառակորդներն են Իսրայէլի. իսկ վերջերս Թուրքիա ռազմանաւ մը ղրկեց արեւելեան Միջերկրական խափանելու համար քարիւղի եւ կազի հետազօտութիւնները Իսրայէլի, Եգիպտոսի, Կիպրոսի եւ Լիբանանի կողմէ: Եւ այդ նախաձեռնութեան ՙօրինականութիւնը՚ կը պաշտպանէր հիւսիսային Կիպրոսի ապօրինի կերպով բռնագրաուած թրքական Կիպրոսի անունով:
Թուրքիա նաեւ թիկունք կանգնեցաւ Քաթարի, երբ վերջինս կը հակադրուէր Սէուտական Արաբիոյ որ կը վայելէ համակրանքը, եթէ ոչ նեցուկը Իսրայէլի:
Պարզ է որ թուրք-իսրայէլեան հակամարտութիւնը իր արձագանգները կը գտնէ Իսրայէլի անդր-ատլանտեան քաղաքականութեան մէջ:
Գալով ցեղասպանութեան որոշումնագրին` ամէն անգամ որ ան կը ներկայանար Գոնկրէսի առաջ, բոլոր հրէական կազմակերպութիւնները գործի կը լծուէին բուռն կերպով հակամարտելու անոր յաջողութեան դէմ, բնականաբար Իսրայէլի պետութեան խորհուրդով ու գործակցութեամբ:
Պատճառը այն էր որ Իսրայէլ հայոց հաշւոյն քաղաքական պարգեւներ կը շնորհէր Թուրքիոյ: Աւելին, հրէական կարգ մը կազմակերպութիւններ առեւտրական մրցակցութիւն կը տեսնէին այլ ցեղասպանութեան մը երեւումով համամարդկային խիղճի խորանին վրայ, եւ իբրեւ միակ ողջակէզ ազգը պահանջատիրութիւն կը դնէին համայն մարդկութեան դիմաց:
Ի դէպ, Սովետական Միութեան փլուզումէն ետք Իսրայէլ համարատու նկատեց արեւելեան Եւրոպայի բոլոր երկիրները եւ հատուցում պահանջեց: Միայն Լեհաստանն է որ մերժեց նացիներու մեղսակցութիւնն ու հատուցման պահանջը: Այդ պատճառաւ ալ պէտք չէ զարմանալ միջազգային մամուլին մէջ տեսնելով լեհական յաջորդական իշխանութեանց որակումը իբրեւ ազգայնական կամ ազգայնամոլ:
Այս անգամ սակայն պատահեցաւ տարօրինակ երեւոյթ մը – նախագահ Թրամփի Սպիտակ Տունը չմիջամտեց Գոնկրէսի նախաձեռնութեան, ուղղակի կամ անուղղակի միջոցներով, ինչ որ պարագան էր նախորդ նախագահներուն: Սակայն, ինչ որ նորութիւն էր` հրէական կազմակերպութեանց բարեփոխեալ վարմունքէն էր: Մինչ անցեալին կը միջամտէին անոնք խափանելու համար քուէարկութիւնը, այս անգամ կատարեցին ճիշդ հակառակը. ՙԷնթի Տիֆեմէյշըն Լիկըՙ (ADL), ՙՃուիշ Էմերիքըն Ռիսորս Գաունսըլը՚ (Jewish American Resource Council) եւ հրէական այլ կազմակերպութիւններ պաշտօնապէս հանդէս եկան պաշտպանելու համար ցեղասպանութեան որոշումնագրի յաջողութիւնը: Բնականօրէն այս բոլորը չէին կրնար տեղի ունենալ այսքան պատահական կերպով ու մանաւանդ` համադրեալ ներդաշնակութեամբ: Այն հեղինակութիւնները որոնք անցեալին ծրագրեալ կերպով գործի կը լծէին այս կազմակերպութիւնները ձախողութեան մատնելու Գոնկրէսի քուէարկութիւնը, այս անգամ այդ վերին հեղինակութիւնները հրահանգած էին` շրջելու նախկին քաղաքականութիւնը:
Նոյնիսկ հրէական կազմակերպութեանց չէզոքութեան պարագային` գոնկրէսմէնները այսքան անկաշկանդ պիտի չդրսեւորուէին: Յայտնի էր որ իսրայէլեան շահերու շրջանակները թող տուած էին սանձերը այս կազմակերպութեանց որ գոնկրէսմէնները այնքան ազատ զգացին այսպիսի լայն տարբերութեամբ վաւերացնելու որոշումնագիրը: Պէտք է ճանչնալ այս իրողութիւնը եւ գնահատել` նոյնիսկ եթէ նպատակը աւելի Թուրքիան պատժել էր քան ցեղասպանութեան դատը պաշտպանել:
Նոյնինքն Իսրայէլի մէջ եւս արձագանգները դրական էին. ՙՏհը Թայմզ ով-Իսրայէլ՚ թերթը ծանոյց որ ՙԵրկու յայտնի քաղաքական դէմքեր, քաղաքական հակոտնեայ դիրքի վրայ, կոչ ըրին որ Երուսաղէմը եւս ճանչնայ հայոց ցեղասպանութիւնը՚: Ակնարկութիւնը կ’երթայ երեսփոխան Եայիր Լափիտի, որ միշտ կանգնած էր ճանաչման դիրքերու վրայ եւ որ կþըսէր ՙԵս պիտի պայքարիմ որ Իսրայէլ ճանչնայ հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ Լիքուտէն նախկին նախարար Կիտէոն Սա՛արի:
Իսրայէլի մէջ գոյութիւն ունին բազմաթիւ պետական մարդիկ եւ ակադեմականներ որոնք անկեղծօրէն կը փափաքին որ իրենց հայրենիքը ճանչնայ հայկական ցեղասպանութիւնը: Սակայն, Իսրայէլի կառավարութիւնը կը նախընտրէ ճանաչման հարցը դամոկլեան սուրի նման պահել Թուրքիոյ գլխուն վերեւ եւ ամէն անգամ բերել Քնէսէթի առջեւ երբ Թուրքիայէն կորզելիք զիջում մը յառաջանայ:
Իսրայէլի համար ճանաչումը պարզապէս բարոյական հարց մը պիտի ըլլար, սակայն անոր առնչութիւնը Թուրքիոյ հետ աւելի կը քաղաքականացնէ խնդիրը եւ քաղաքական նշանակալից արժէքի կը վերածէ զայն: Հետեւաբար իսրայէլեան պետութիւնը պիտի չուզէր այնքան աժան կերպով ձեռքէ հանել քաղաքական նման առաւելութիւն մը:
Ներկայացուցիչներու Տունը մէկ բաժինն է ամերիկեան կառավարութեան: Թէեւ այնտեղ յաղթանակ մը արձանագրելը ողջունելի իրագործում մը պիտի ըլլար – եւ պատշաճ հակահարուած մը Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան – սակայն յաղթանակը ամբողջական դարձնելու համար տակաւին կը մնան Ամերիկեան Ծերակոյտն ու Սպիտակ Տունը: Ներկայիս երկու ծերակուտականներ, հակառակ ճակատներէ, կը հովանաւորեն Ծերակոյտի որոշումնագիրը (SR-150). անոնք են դեմոկրատ Ռապըրթ Մենենտէզ եւ հանրապետական Թէտ Քրուզ: Հարիւր անդամ ունեցող ծերակոյտին մէջ միայն 20 անդամներ ստորագրած են որոշումնագիրը, 18 դեմոկրատ եւ 2 հանրապետական:
Հայերը ամբողջ աշխարհի մէջ ցնծութեամբ ողջունեցին այս յաղթանակը: Նախագահ Արմէն Սարգիսեան եւ վարչապետ Նիքոլ Փաշինեան իրենց շնորհակալութիւնն ու գնահատանքը արտայայտեցին ամերիկեան գոնկրէսին:
Նախատեսելի էր որ թուրքերը դժգոհութեամբ հակադարձէին Գոնկրէսի որոշման դէմ, մանաւանդ երբ տարբեր որոշում մըն ալ պատժամիջոցներ կը սահմանէր Թուրքիոյ դէմ քիւրտերու սպանդին եւ Սուրիոյ սահմաններէն ներս կատարուած արշաւանքին պատճառաւ:
Էրտողանի գրասենեակի հաղորդակցութեան տնօրէնը` Ֆահրետտին Ալթուն յայտարարած է .- ՙԲոլոր անոնք որ քուէարկեցին այս որոշումնագրին ի նպաստ, պատասխանատու պիտի դառնան կենսական յարաբերութեան մը խափանման, փոթորկոտ աշխարհամասի մը մէջ՚: Թուրքիոյ խորհրդարանն ու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեցին իրենց վրդովումը իսկ նախագահ Էրտողան, խօսելով իր կուսակցութեան երեսփոխաններուն ներկայութեան ըսած է.- ՙԱյս ջանքերը յաջողեցան անցնել որոշումը Գոնկրէսի մէջ, օգտագործելով այն աննպաստ մթնոլորտը որ ստեղծուած է Ամերիկայի հանրային կարծիքին մէջ մեր երկրին հանդէպ: Կերպով մը` անոնք պատեհապաշտութիւն դրսեւորեցին՚: Միւս կողմէ ան հարցականի տակ առած է Ամերիկա այցելելու իր ծրագիրը: Վերջին պահուն Սպիտակ Տունէն եւ պետական քարտուղարութեան կողմէ Գոնկրէսի որոշման դէմ յայտնուած անանուն դժգոհութիւններէն քաջալերուած` Էրտողան որոշած է ճամբորդել Ուաշինկթըն:
Մեկնաբանելով Թուրքիոյ վերաբերումը Սամանթա Փաուըր, իր վերոյիշեալ յօդուածին մէջ կը գրէ.- ՙԵրբ տեղի կը տրուի սպառնալիքի դիմաց` սպառնացողը աւելի կը քաջալերուի՚ իսկ յօդուածին վերջաւորութեան կþաւելցնէ.- ՙԵթէ Պր. Էրտողան որոշէ հեռանալ յարաբերութենէ մը որ գերազանցապէս նպաստաւոր եղած է Թուրքիոյ եւ մօտենայ Ռուսաստանի եւ Չինաստանի, անոր պատճառը պիտի չըլլայ Գոնկրէսի ճանաչման քուէարկութիւնը ի նպաստ հայկական ցեղասպանութեան, այլ պիտի ըլլայ այն որ իր բռնարարքները հետզհետէ սկսած են նմանիլ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի ղեկավարներուն: Գոնկրէսի քուէարկութիւնը վաղուց յաջողած պէտք էր ըլլար արդէն . հիմա Ծերակոյտն ու նախագահ Թրամփ պէտք է հետեւին անոր: Այն դէպքերը որ պատահեցան դար մը առաջ` այդ կը պահանջեն՚:
Հիմա սպասենք ու տեսնենք թէ այս անգամ եւս աստղերը նպաստաւոր դասաւորում մը պիտի ունենա՞ն: Edmond Azadian
«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ
Տիթրոյթ