Ի ԽՆԴԻՐ ՄԵՐ ՊԱՏԱՆԴՆԵՐՈՒ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻՆ

Անշուշտ Իլհամ Ալիեւը պետական այն գործիչը չէ, որմէ կարելի էր ակնկալել յաղթողի վեհանձնութիւն, պետական հեռատես մարդու խոհեմութիւն, մարդ` որ գիտէ թէ՛ պատերազմի եւ թէ՛ խաղաղութեան գինը, տեւակա՛ն խաղաղութեան գինը:

Ընդհակառակն, ասիական տափաստաններէն իր վաչկատուն (nomad) նախահայրերէն ժառանգած գայլային բնազդները միշտ կենդանի են իր մէջ` յօշոտելու, յափշտակելու, նուաստացնելու իր զոհերը:

Հոկտեմբեր 15-ին Իլհամը նորէն Արցախ գացած էր, նման այն ոճրագործին, որ, ինչպէս Տոսթոյեւսկիի «Ոճիր եւ պատիժ» վէպի հերոսներէն դատական քննիչը կը բացատրէ, շարունակ կը վերադառնայ հոն, ուր կատարած է իր եղեռնագործութիւնը: Սարսանկի ջրամբար այցելելէն ետք, ջրամբար` զոր 44-օրեայ պատերազմին եթէ մեր ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը պճեղ մը գայլային բնազդ ունենար` կրնար հրթիռներով կործանել ամբարտակը եւ ջրամոյն ընել մօտակայքի ազերիական բազմաթիւ բնակավայրեր: Այնուհետեւ Իլհամը գացած է մայրաքաղաք Ստեփանակերտ, մտած նախագահական պալատ` անարգելու համար հոն աշխատած եւ զինք ու հօրը պարտութեան մատնած նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեանը, Արկատի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանը եւ միւսները: Անարգելու համար զինուորականի փառաւոր ուղի անցած Զօրավարներ` Լեւոն Մնացականեանը եւ Դաւիթ Մանուկեանը: Բոլորն ալ, բացի, բարեբախտաբար, Ռ. Քոչարեանէն, ատրպէյճանական կալանավայրերու մէջ հարցաքննութեան, ծաղրի, հաւանաբար նաեւ ֆիզիքական ու հոգեկան կտտանքներու կ’ենթարկուին` ծիծաղելի դատական գործողութիւններով, իսրայէլացիներէն փոխ առնուած «ահաբեկչական» ամբաստանութիւններով:

Ալիեւի լկտի, ամբարտաւան կեցուածքը, լպիրշ արտայայտութիւնները ծանօթ են բոլորին, սակայն Հոկտեմբեր 19-ին ան գերազանցեց ինքզինք եւ անգամ մը եւս ապացուցեց, որ պետական մարդ չէ, այլ` բախտաւոր բռնատէր, որ բացի բնական հարստութիւններէն, նաե՛ւ անոնցմով, ունի հզօր հովանաւորներ` Թուրքիան եւ Իսրայէլը, որոնք անմիջական մասնակցութեամբ յաղթանակ ապահովեցին անոր: Բախտաւոր է նաեւ անով, որ միջազգային զանազան միջամտութիւններով իշխանութեան եկած մեր նոր իշխանութիւնը թէ՛ ռազմաքաղաքական, թէ՛ դիւանագիտական եւ թէ՛ ներքին ազգային միասնութիւն ստեղծելու իր պարտականութեան մէջ կատարելապէս անկարող դուրս ելաւ, ու փոխանակ նախկին իշխանութեանց սխալները սրբագրելու, երկիրը վերածեց անոյժ եւ անօգնական առարկայի:

Իլհամ Ալիեւը «ծաղրածու» կը կոչէ Արցախի Հանրապետութեան, ուշադրութիւն, երեք նախագահները` առանց անունները տալու: Ան կ’ուզէ մոռնալ ու մոռցնել, որ Արցախի հինգ նախագահներէն երեքի օրով հայկական ուժերէն փառաւոր ծեծ կերած է իր բանակը եւ այժմ կը յոխորտայ, երբ անոնք պաշտօնի վրայ չեն: «Հոս նստած այդ երեք ծաղրածուները ինքզինքնին նախագահ կ’անուանէին, իսկ հիմա արժանի պատիժի կ’արժանանան», կ’ըսէ Իլհամ` առանց ծածկել կարողանալու այդ նախագահներէն իր «վառուած» ըլլալու փաստը: Արցախի այն նախագահները, որոնք, Մայր Հայաստանի օգնութեամբ, հակառակ իրենց համեմատաբար նուազ ուժերուն, ծունկի կը բերէին ազերիական բանակը, ցոյց տալու: Իրավիճակ, որ մեզի կը յիշեցնէ Արշակ Բ. Թագաւորը` Պարսից շահ Շապուհի առջեւ:

Ալիեւը յայտարարութեան աւարտին անդրադարձեր է Սեպտեմբեր 21-ին Արցախի միւս ղեկավարներուն հետ ձերբակալուած եւ այժմ անոնց հետ Պաքուի բանտերէն մէկուն մէջ գտնուող նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեանին, այն մարդուն` որ Ստեփանակերտի անկումէն դեռ շատ առաջ բոլոր հնարաւորութիւնները ունէր շրջափակումէն դուրս պրծնելու. ազերիները պակաս կաշառակեր չեն, քան հայերը, եւ ռուսերը աւելի պակաս չեն` քան հայերն ու ազերիները: Բայց մնաց պաշարման օղակին մէջ, քանզի չէր կրնար ընկղմուող նաւը լքել ժողովուրդէն առաջ: «Հիմա,- կ’ըսէ Ալիեւը` ակնարկելով Վարդանեանին,- անիկա Պաքուի մեկուսարանին մէջ անոր թէյ կը մատուցեն», ինչ որ ազերիական գողական-ոստիկանական խօսոյթով կը նշանակէ վրան խնդալ, ստորացնել…

Եւ ոչ միայն Ռ. Վարդանեանը: Խորհրդարանի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը, նախկին չորս նախագահներէն երեքը եւ ուրիշներ նոյնպէս կրնային հեռանալ, սակայն չդիմեցին դաւաճանական այդ քայլին, իսկ նախագահի խորհրդական Դաւիթ Պապայեանը անձամբ Շուշի գնաց եւ յանձնուեցաւ` ազգային ու պետական իր ուղղամտութիւնը ապացուցելու:

Այժմ «ահաբեկիչի» եւ «պատերազմական յանցագործի» մեղադրանքներով ալիեւեան դատարանը կը պատրաստուի երկարաժամկէտ բանտարկութեան վճիռներ արձակել անոնց դէմ, ներառեալ Ռ. Վարդանեանը, որ բնաւ առնչուած չէ եղած պատերազմական գործողութիւններու: Սակայն ան, հայ եւ օտարազգի իր գործընկերներուն օգնութեամբ, Հայոց ցեղասպանութեան հարցին հանրահռչակումը իր Aurora շարժմամբ դրաւ միջազգային ամենաբարձր հարթակի վրայ` որպէս ընդհանրապէս հսկացեղասպանական պայքարի գիտա-հանրային ամպիոն: Հետեւաբար ան թշնամի կը նկատուի բոլոր ցեղասպաններու եւ յատկապէս` Ալիեւի mentor Էրտողանի կողմէ: Փաստօրէն Իլհամը, պատժելով Ռ. Վարդանեանը, ծառայութիւն մատուցած կ’ըլլայ ոչ միայն ինքզինքին, այլեւ Էրտողանին, չբացառելով նաեւ, անուղղակիօրէն, Իսրայէլին ու հրէական որոշ կազմակերպութիւններու, որոնք ցեղասպանութիւն եզրոյթը (term) սեփականացուցած են ամբողջութեամբ:

Ինչո՞ւ համար կը գրուին այս տողերը:

Անընդունելի, դատապարտելի՛ է այն լռութիւնը, անգործութիւնը, պիտի ըսէի` անտարբերութիւնը, որ կը տիրէ հայաշխարհի մէջ ո՛չ միայն Ռ. Վարդանեանի, այլեւ մեր միւս կալանաւորներուն նկատմամբ: Բացի Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ կայացած մէկ հանրահաւաքէն, Թէքէեան Մշակութային Միութեան, ՌԱԿ Համակարգուած Մամուլի «Ո՛չ ահաբեկչութեան» շարժումէն, ոչ մէկ բողոք եւ պաշտպանութիւն մեր կալանաւորներուն, բոլո՛ր բանտարկեալներուն: Միայն վերջերս իմացանք, որ գործի անցած է «Ռաֆայէլ Լեմքին» հակացեղասպանական հիմնարկը վերջապէս: Սակայն համաժողովրդային շարժում չկայ ու չկայ: Կը նշանակէ` չկայ հանրային գիտակցումը, թէ Արցախի պետական ու զինուորական ղեկավարութեան կալանաւորումն ու դատապարտումը համազօր է համայն հայութեան դատապարտումին` որպէս «ցեղասպան» եւ «ահաբեկիչ»…

Ոչ ոք աչքերը թող չուղղէ Հայաստանի ներկայ իշխանութեան կողմը ակնկալութեամբ: Արդէն հաստատուած կարծիք է, որ այդ իշխանութիւնը այնքան ալ դժգոհ չէ Արցախի ղեկավարութեան պատանդի կացութենէն: Այդ կարծիքը օրերս հաստատուեցաւ նոյնինքն Ռուսիոյ նախագահ Փութինի բերանով: Պատասխանելով լրագրողի հարցին, թէ Մոսկուան ինչո՞ւ չի միջամտեր Ռ. Վարդանեանի «գործի», Վլատիմիր Փութինը նախ փորձեց արդարանալ մատնանշելով, որ ան ռուսական քաղաքացիութենէն հրաժարած է,_ կարծես այդ հզօր երկիրը միայն իր հպատակութիւնը կրող քաղաքացիները կրնայ պաշտպանել,_ ապա կատարեց ինքնարդարացման ցնցիչ բացայայտումը, թէ պաշտօնական Երեւանն ալ չի փափաքիր անոր եւ միւս պատանդներուն վերադարձը…

Այս իրավիճակին դիմաց հայութիւնը, յատկապէս անոր դեռ կենսունակ եւ կազմակերպ հատուածը, Հայաստան թէ Սփիւռք, պէտք է զօրաշարժի անցնի եւ դիմումներով, կոչերով, օտար մամուլի հրապարակումներով, lobbying-ով, հրապարակային ցոյցերով եւ դատաիրաւական նախաձեռնութիւններով տէր կանգնի իր պատանդներուն, բոլո՛ր պատանդներուն:

Անոնց ազատագրումը համազօր է հայութեան դէմ թուրք-ատրպէյճանական կեղծ մեղադրանքներուն առ ոչինչ համարուելուն: Մանաւանդ` մեր ազգային արժանապատուութեան վերականգնումին:

ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ

Երեւան

«Պայքար» շաբաթաթերթ