Դեկտեմբեր 5-ին խումբ մը ատրպէյճանցիներ փորձեցին Լաչինի միջանցքով հասնիլ Արցախ, «կենսաոլորտային խախտումներ» քննարկելու եւ արգելակելու պատրուակով: Ռուս խաղաղապահները, որոնք բազմիցս թերացած էին իրենց պարտաւորութեանց մէջ – ի վնաս հայկական կողմին – այս անգամ միջամտեցին կասեցնելով ատրպէյճանցիներու յառաջխաղացքը: Ի դէպ, Փարուխի եւ կարգ մը այլ շրջաններու գրաւումը Ատրպէյճանի կողմէ` հետեւանքն էր ռուս խաղաղապահ ոյժերու բացայայտ թոյլտուութեան, վրդովումի ալիք մը բարձրացնելով Հայաստանի եւ հայ աշխարհի մէջ: Քրեմլինի իշխանութիւնները տուեալ առած են որ քանի դաշնակցային պայմանագիր ունին Հայաստանի հետ եւ ռազմախարիսխ` Կիւմրիի մէջ, կրնան անկաշկանդ զոհել հայկական կողմին շահերը Ատրպէյճանին եւ Թուրքիոյ, առանց հետեւանքներու:
Սակայն, այդ վերաբերումը սուղ արժեց Մոսկուայի վրայ, քանի նախագահ Փութին անձամբ վկայեց հակառուսական տրամադրութեանց ջերմացումը` իր վերջին այցելութեան ընթացքին Երեւան:
Լաչինի միջանցքը որ մարդասիրական բնոյթ ունի Արցախի հայութեան համար` ազդու զէնք դարձած է նախագահ Իլհամ Ալիեւի ձեռքին: Ան նախ փորձեց հաւասարութիւն դնել Լաչինի միջանցքին եւ իր պահանջած Զանգեզուրի միջանցքին միջեւ, սպառնալով մաքսային կէտեր սահմանել Լաչինի մուտքին:
Միւս կողմէ Ատրպէյճան արագ թափով զուգահեռ նոր ճանապարհ բացաւ, իրեն համար հակակշռելի շրջաններով եւ տիրացաւ Լաչինի հողամասին. հետեւաբար այսօր այդ միջանցքի անուանումը կ’արդարանայ միայն իբրեւ մարդասիրական միջանցք, որովհետեւ այդ միջանցքը այլեւս առնչութիւն չունի Լաչինի հետ:
Պաքուի իշխանութիւնները ազատ կը զգան իրենց համար պատշաճ մէկ պահին փոփոխութեան ենթարկել այդ միջանցքը կանոնաւորող պայմանները, քանի ցարդ մերժած են ստորագրել խաղաղապահ ոյժերու լիազօրագիրերը (mandate):
Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կ’աշխատին ծրագրուած ձեւով, կամայական նախաձեռնութիւններ չեն առներ. կը գործեն` միշտ նկատի ունենալով իրենց նախաձեռնութեանց հետեւանքներն ու հակադարձութիւնները. եւ այդ կերպով սպասողական եւ անպատրաստ վիճակի մէջ կը պահեն հայկական կողմը, որ երկու տարիներէ ի վեր կը փորձէ վերականգնիլ պատերազմի հետեւանքներէն:
Բացի Թուրքիոյ իշխանութեանց ընծայած քաղաքական խորհուրդներէն Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը կը ձեւաւորուի արեւմտեան եւ սեփական վերլուծական կեդրոններու (Think Tank) խորհուրդներով:
Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հեռակայ նպատակը Հայաստանի եւ Արցախի վերջնական բնաջնջումն է, որովհետեւ այնքան ատեն որ գոյութիւն ունենայ պետական իրաւական կառոյց մը, այդ կառոյցը միայն իրաւասու է միջազգային ատեաններու դիմաց իրաւատէր ու պահանջատէր դառնալ եւ համապատասխան ատեաններու առջեւ բարձրացնել ցեղասպանութեան հարցը:
Սակայն, անգամ մը որ երկրագունդի երեսէն ջնջուի իրաւական այդ պետութեան կառոյցը, սփիւռք կամ ցրօնք դարձած հաւաքականութիւն մը կը մնայ լոկ բարոյական պարտատէր մը: Եւ ամէն ոք գիտէ թէ բարոյականութիւնը որքան դեր կրնայ ունենալ պետութեանց քաղաքականութեան (Real Politik) մէջ:
Անշուշտ թրքական աշխարհի միւս նպատակն ալ այն է որ հայկական պետականութեան վերացումով ճամբան հարթուած կ’ըլլայ Թուրքիոյ ծաւալապաշտութեան դէպի Միջին Ասիա եւ դէպի համաթուրանական աշխարհի կերտում:
Թուրքերու եւ ազերիներու համար այս բոլորը հաւանականութիւններ կամ անհիմն բաղձանքներ չեն այլ իրագործելի քաղաքական նպատակներ:
Այսպէս, արձագանգելով բազմիցս կրկնուած Ալիեւի սպառնալիքներուն, ատրպէյճանցի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնած է Eurasianeի կայքին. «Պաքուն պատրաստ չէ անվերջ սպասելու որ իրեն տրամադրուի պահանջած Զանգեզուրի միջանցքը եւ զօրացրուի Ղարաբաղի հայկական զինոյժը: Դիւանագիտական ելքերը սպառած են: Ի՞նչ կը պատահի եթէ որոշենք անցակէտ մը հաստատել Լաչինի մուտքին եւ վերջ տալ ամէն ինչի: Այնուհետեւ ինչպէ՞ս պիտի կրնանք շնչել առանց օդի»:
Ինչպէս կը տեսնուի Ատրպէյճանի նպատակներուն մէջ էր սառեցնել Արցախի հայութիւնը, երբ անցնող ձմեռուան ընթացքին անջատեցին կազի հոսանքը:
Արցախի պաշտպանական բանակը համահաւասար ոյժ մը չէ Ատրպէյճանի բանակին դիմաց, եթէ Ալիեւ որոշէ ներխուժել Արցախի սահմաններէն ներս. սակայն անոր գոյութիւնը կրնայ ստեղծել Պիաֆրայի կամ Հարաւային Սուտանի նման միջազգային միջադէպ մը, ՄԱԿ-ը կամ այլ իշխանութիւններ ներգրաւելով խնդրին մէջ: Այդ պատճառով ալ Պաքու կը պնդէ պաշտպանութեան բանակի զօրացրւումին վրայ, հեշտացնելու համար իր ցեղասպան ծրագիրը:
Վերջերս Արմէն Գրիգորեան, Հայաստանի ապահովութեան խորհուրդի քարտուղարը կատարեց վտանգաւոր յայտարարութիւն մը` ընդվզում յառաջացնելով ընդդիմութեան շարքերուն մէջ: Ան յայտնեց որ առ այժմ կը փորձուի միջազգային երաշխիքներ ձեռք բերել Արցախի բնակչութեան իրաւունքներն ու ապահովութիւնը երաշխաւորելու: Եթէ յաջողին այդ փորձերը` Արցախը կրնայ որոշ կարգադրութիւններու մասին խորհիլ: Սակայն, տեսնուած ու փաստուած է որ վերջին տասնամեակներուն միջազգային այդ խաղաղապահ ոյժերը – միշտ ապաւինելով անորոշ օրէնքներու տառին – զոհը կը թողուն դահիճին դիմաց անպաշտպան:
Տակաւին չէ մոռցուած Ռուանտայի պարագան ուր 1994-ին շուրջ մէկ միլիոն Թութսիներ սպաննուեցան Հութուներու կողմէ երբ ՄԱԿ-ի միջազգային խաղաղապահ ոյժերը անզօր հանդիսատեսները կը դառնային: Այդ ոյժերուն հրամանատարը կանուխէն հնչեցուցած էր ահազանգը բացայայտօրէն պատրաստուող սպանդին, սակայն ՄԱԿ-ի վերին իշխանութիւնները չթոյլատրեցին որեւէ միջամտութիւն: Հետագային, պաշտօնաթող նախագահ Պիլ Գլինթըն, այցելելով Ռուանտայի մայրաքաղաքը` Քիկալի, ներողութիւն խնդրեց որ ատենին վերին իշխանութիւնները ճիշդ չէին գնահատած վերահաս վտանգին իրականութիւնը, ճիշդ այնպէս ինչպէս Կորպաչեւ արդարացաւ աշխարհին առջեւ Սումկայիթի եւ Պաքուի սպանդներու կապակցութեամբ ըսելով որ «մի քիչ ուշացուցած էին զինուորական միջամտութիւնը, ազերիներու ցեղասպան արարքները կանխելու»:
Շապին Գարահիսարի եւ Սարտարապատի մէջ հայ ժողովուրդը գիտակցութեամբ ոտքի կանգնեցաւ իրմէ հզօր ոյժերու դէմ, եւ գոնէ Սարտարապատի մէջ տարաւ յաղթանակը:
Այսօր Ալիեւ ամենայն համարձակութեամբ ոտնակոխ կ’ընէ միջազգային բոլոր օրէնքները, հակառակ Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Պլինքընի ուղղակի ազդարարութեան, հակառակ Սպանիոյ խորհրդարանի, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի ներկայացուցիչներու պալատին եւ ծերակոյտին հակա-ատրպէյճանական քուէներուն: Պատճառը այն է որ միեւնոյն իշխանութիւնները իրենց որոշումներուն կողքին քայլեր չեն առներ պատժամիջոցներ սահմանելու կամ ուղղակի զինեալ միջամտութեան դիմելու:
Կովկասեան շրջանին մէջ միայն Իրանն է որ կը սպառնայ ազդու միջոցներու դիմելու, եթէ Թուրքիա կամ Ատրպէյճան սահմաններու փոփոխութիւններ կատարեն: Բայց այդ սպառնալիքն ալ կը մնայ թէական շրջանային եւ միջազգային ոյժերու եւ շահերու դասաւորումին մէջ: Այսպէս, երբ Պր. Պլինքըն կը զգուշացնէ Ալիեւը վերջ դնելու Հայաստանի սահմաններուն դէմ սադրանքներուն միւս կողմէ պետական քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայս կը յայտարարէ որ եթէ Իրան եւ Ատրպէյճան բախումի մէջ ըլլան` Ամերիկա պիտի պաշտպանէ Ատրպէյճանը: Սեպենք թէ Իրան բախումի մէջ մտաւ Ատրպէյճանի հետ, պաշտպանելու Հայաստանի սահմանները, այդ պարագային մենք Ամերիկան պիտի գտնենք Ատրպէյճանի կողքին, Իրանի եւ հայկական շահերու դէմ:
Եթէ ոյժերու եւ շահերու դասաւորման մասին այսքան բան գիտէ հանրութիւնը` նախագահ Ալիեւ գիտէ աւելին, ճանչնալու համար իր զգուշացման սահմանները, որոնք այս պահուն կը թուին ըլլալ բաւական տարածուն:
Այդ պատճառաւ ալ իր լկտիութիւնը ինչպէս լկտիութիւնը իր ստորադասներուն` սահման չունին: Ատրպէյճանի պետութեան խորհրդատու մարմիններէն մէկը կը կոչուի Ընկերային Հետազօտութեան Կեդրոն, որ օրինական մէկ օղակն է կառավարութեան: Այդ կեդրոնին նախագահը Զահիր Օրուճ, տարբեր եւ աւելի վտանգաւոր բանաձեւ մը տուած է Ալիեւի պահանջներուն. «Զանգեզուրի միջանցքը պէտք է ամբողջութեամբ յանձնուի Ատրպէյճանին իբրեւ պատերազմական հատուցում մեր ժողովուրդին դէմ գործած պատերազմական ոճիրներուն»:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ յոյսեր յայտնուած էին մինչեւ տարեվերջ կնքելու խաղաղութեան դաշնագիրը: Այդ պայմանաժամը յետաձգուած է եւ կրնայ յետաձգուած մնալ, նկատի ունենալով ատրպէյճանական կողմին նպատակներն ու ախորժակները:
«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ