Մեր Խօսքը
Աշխարհի անէծքն ու աղէտը հանդիսացող երկու ցեղասպան երկիրներ՝ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան դարձեալ գործի վրայ են՝ ամբողջացնելու համար այն ազգասպանութիւնը որուն ձեռնարկած էին դար մը առաջ:
Ատրպէյճան կոչուած բռնատիրական երկիրը, զինուած եւ ուղղորդուած Թուրքիոյ կողմէ յաջորդական սադրանքներով եւ պատերազմական գործողութիւններով կը նպատակադրէ բնաջնջել մնացեալ այն փոքր հողամասը՝ Հայաստանի ինքնիշխան պետութիւնը՝ համայն քաղաքակիրթ աշխարհի լուռ վկայութեան ներքեւ:
Լաչինի միջանցքի փակումը, բնապահպանման պատրուակով, իր խորքին մէջ միայն պատրուակ մըն է խեղդելու համար Արցախի հայութիւնը, պարզ այն պատճառով որ ան երկրորդուած է կազի հոսանքին խափանումով, բնապահպանման պատրուակը կը միտի նաեւ անդամալուծել հանքարդիւնաբերութիւնը Արցախի մէջ. մարդասիրական աղէտ մը ստեղծելով Արցախի 120,000 հաշուող հայութեան:
Արցախի հերոսական հայութիւնը պարտադրուած է վերապրումի իր պայքարը տանելու խիստ ձմեռուան ցուրտին, միւս կողմէ պաշտպանուելով ազերիական ռազմական սպառնալիքի դիմաց: Գոյութենական մարտ մը՝ կարիքն ունի քաղաքակիրթ աշխարհի աջակցութեան:
- Հայութիւնը շնորհապարտ է յատկապէս Միացեալ Նահանգներու,
Ֆրանսայի եւ Հոլանտայի կառավարութեանց եւ Եւրոպայի Միութեան որոնք զգուշացուցած են Պաքուի բռնատէրերը՝ անմիջապէս բանալու Լաչինի միջանցքը՝ բժշկական եւ սնունդի վտանգները կանխելու, բայց աւելի կարեւորը՝ յարգելու Նոյեմբեր 9, 2020ի յայտարարութիւնը որով յանձնառու է Ատրպէյճան զերծ մնալու սադրանքներէ:
Բարեկամ երկիրներ որոնք մտահոգութիւն յայտնած են մարդասիրական այս աղէտին կապակցութեամբ, պէտք է հասկնան ի վերջոյ որ Ատրպէյճանի նախագահը՝ Իլհամ Ալիեւ զգուշացումներու անսացող բռնապետ մը չէ, այլ ան միայն պիտի դադրեցնէ իր արիւնալի գործարքը ոյժի սպառնալիքի եւ գործնական պատժամիջոցներու դիմաց:
- Ազգային միասնականութեան օրինակը պէտք է բխած ըլլար Հայաստանի
Ազգային Ժողովէն: Սակայն, դժբախտաբար, ընդդիմութիւն եւ իշխանութիւն համերաշխելով չկրցան իրարու միանալ՝ ստորագրելու միասնական յայտարարութիւն մը այս տագնապալի աղէտին մասին, երբ անդին Ֆրանսական Ծերակոյտը աւելի միասնականութիւն դրսեւորեց Արցախի նկատմամբ իր դիրքաւորումին մէջ:
- Հայութիւնը եւ մասնաւորապէս սփիւռքահայութիւնը պէտք է համոզուին
որ աշխարհին ուղղուած կոչերը բաւարար չեն սանձելու աղէտը եւ պէտք է նախաձեռնեն քաղաքական աշխոյժ գործունէութեան՝ տեղեկագրելու եւ զօրաշարժի մղելու պետութիւնները այն երկիրներուն որոնք կշիռը ունին տարածաշրջանի եւ աշխարհի կայունութեան:
Բաց աստի, ամէն հայ համայնք պէտք է կազմակերպուի ամէն քաղաքակիրթ երկրի մէջ, մամուլի պայքարով եւ ցոյցերով ազդարարելու վերահաս վտանգին մասին:
Աւելին՝ անզէն միջոցներով եւ քաղաքակիրթ կարգապահութեամբ պէտք է շրջափակել ամէն կարելի երկիրներու դեսպանական մուտքը Ատրպէյճանի:
- Հայաստանի իշխանութեանց անկ է, մանաւանդ դիմել Ռուսաստանի
Դաշնութեան տէր կանգնելու Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեամբ իր ստացած յանձնառութեան, բաց եւ ապահով պահելու Լաչինի միջանցքը:
Միեւնոյն բողոքը պէտք է բարձրացնեն սփիւռքի զանգուածները կարելի բոլոր երկիրներու մէջ, յիշեցնելով Մոսկուայի իշխանութեանց որ իր յանձնառութեանց դրժումը իրաւունք կու տայ Հայաստանին իր կարգին հրաժարելու իր դաշնակցային պարտաւորութիւններէն:
- Ներկայ դարուն այսպիսի սադրանքներով է որ կը սկսին
ցեղասպանութիւնները, եթէ քաղաքակիրթ աշխարհը իր երկակի չափանիշներէն հրաժարելով՝ չդիմէ գործնական միջոցներու:
Հայութիւնը դառնօրէն ճաշակած է ցեղասպանութեան նախճիրը եւ ժամանակը հասած է աշխարհին դիմաց բարձրաղաղակ կոչելու՝«Վերջ Ցեղասպանութեան»:
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Պոստոն, Դեկտեմբեր 15, 2022