ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՆՈՐ ԳՈՅԱՄԱՐՏԸ

Լեռնային Ղարաբաղը գոյամարտի մէջ եղած է համարեա իր պատմութեան ամբողջ տեւողութեան, հետեւաբար, երբ կը գործածենք նոր գոյամարտ եզրը պարագայական կերպով` պարզապէս նշելու համար է այդ գոյամարտին ժամանակահատուածը: Արցախեան գոյամարտը մղուած է պարսիկներու, օսմանցիներու, արաբներու եւ, ներկայ ժամանակներուն ալ, ազերիներու դէմ:

Ընթացիկ տարուան Սեպտեմբեր 27ին շղթայազերծուած պատերազմը նոր գոյամարտ մը պարտադրեց ոչ միայն Արցախի բնակչութեան, այլ համայն հայ ժողովուրդին: Սակայն, ճակատամարտի առաջին գիծին վրայ զոհ կ’երթան Արցախի մեր քոյրերն ու եղբայրները, որովհետեւ Ատրպէյճանը թիրախաւորած է ոչ միայն ռազմական կառոյցները, այլ խաղաղ ու անպաշտպան ազգաբնակչութիւնը:

Արցախն ու Հայաստանը այս անգամ զինուած են ամէնէն արդիական զէնքերով եւ թոյլ պիտի չտան որ կրկնուի 1915ի ցեղասպանութիւնը:

Սակայն, ինքնապաշտպանութեան նման մարտերը կ’ենթադրեն զոհեր ու նահատակներ. եւ բազում են այդ նահատակները 18-22 տարեկան մեր զինուորներուն մէջ, եւ արիւնաքամ եղած մեր ժողովուրդէն կը քամեն արեան նոր տուրք. «կեանքէ կեանք կ’երթան զինուորներն հայուն» պիտի ըսէր մեծն Թէքէեան:

Արցախի, Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ ստեղծուած է անօրինակ միասնականութիւն մը որ մարդ ակամայ կը հարկադրուի հարց տալու թէ այս ժողովուրդը պէտք է միշտ գոյութենական պայքարի մէ՞ջ ըլլայ որ պահպանէ իր միասնութիւնը:

Մարդ միայն մէկ կեանք ունի ապրելու եւ զարմանալիօրէն հայ տղաք եւ աղջիկներ խուռներամ կը դիմեն կամաւորական կեդրոններ այդ միակ կեանքը վտանգի տակ դնելու յանուն հայրենիքի պատմական հողին պաշտպանութեան:

Ստեղծուած է յուզական այնպիսի սրտառուչ մթնոլորտ մը որ կը դժուարացնէ սառն դատողութիւնը. գունդ առ գունդ կ’երթան զինուորներն ու կամաւորները` զոհուելու. սակայն աւելի` յաղթական վերադառնալու:

Համաճարակը, տնտեսական ու կենցաղային դժուարութիւնները, երկրի շրջափակումը կարծէք ոչ մէկ կերպով ազդած են բնակչութեան կորովին ու մարտնչելու կամքին վրայ:

Սփիւռքը, իր կարգին, ենթարկուած է զօրակոչի` սատարելու Արցախին ու Հայաստանին` պահ մը մոռացութեան տալով անկազմակերպութիւնն ու անգլուխութիւնը:

Այս պատերազմը անակնկալ մը չէր երբեք, եւ անոր պատրաստութիւնները պարզ կերպով տեսանելի էին երբ Թուրքիա զանգուածային կերպով մուտք գործեց Կովկաս, զինամթերք պաշարեց Ատրպէյճանի մէջ եւ սկսաւ ռազմափորձերու: Յուլիսեան գրգռութիւնը Տաւուշեան սահմանին վրայ, պարզ նախաբան մըն էր:

Ռազմական այդ պատրաստութիւնները իրենց բարձրաձայն արտայայտութիւնները սկսան գտնել Ալիեւի եւ Էրտողանի ռազմաշունչ ճառերուն մէջ: Եւ այս բոլորը եկան ու յանգեցան այս աղէտալի օրուան, բռնկեցնելով ամբողջ Կովկասը:

Լեռնային Ղարաբաղի անլոյծ հանգոյցը պարզ պատրուակ մըն է Ատրպէյճանին եւ ամբողջ թրքութեան համար որ տարուած է օսմանեան կամ թուրանական կայսրութիւն մը կայացնելու երազով եւ, դժբախտաբար, միջազգային քաղաքական կացութիւնը եւս, իր թուլութիւններով եւ հակասութիւններով առիթ կ’ընծայէ, կամ նոյնիսկ կը քաջալերէ ալ այդ ծրագրին հետապնդումը:

Պատմութիւնը գիտէ թէ այդպիսի կայսրութիւններ միայն կը կառուցուին այլ ժողովուրդներու արեան ու նահատակութեան հաշւոյն: Սուլթան Էրտողանի եւ իր աշկերտ Ալիեւի հաշիւներուն մէջ նկատի առնուած է նաեւ մեր ժողովուրդին արիւնը:

Բացի նախագահ Էրտողանի օսմանեան ծրագիրներէն, այսօրուան պատերազմը նաեւ արդիւնքն է կարգ մը քաղաքական զարգացումներու, որոնց կիզակէտն է ռուս-թրքական հակամարտութիւնը:

Թուրքիա Ռուսաստանի հետ ճակատեցաւ նաեւ Սուրիոյ մէջ եւ ապա` Լիպիոյ մէջ: Թուրքիա շնականօրէն (սինիք կերպով կ’օգտագործէ ՆԱԹՕի անդամ ըլլալու իր հանգամանքը, որ կերպով մը վահան կը դառնայ իր խարդաւանքներուն. որովհետեւ, Մոսկուա պիտի չուզէր ամբողջական պատերազմի մտնել ՆԱԹՕի անդամի մը հետ. պատերազմ մը որ այդ կառոյցի կանոնագրութեան 5րդ կէտով կը հրաւիրէ կազմակերպութեան բոլոր անդամները դէպի ռազմադաշտ: Հետեւաբար, այդ երկու պետութեանց հակամարտութիւնը այդ յիշեալ ռազմադաշտերու մէջ յանգած էր տեղքայլի (stalemate):

Միւս կողմէ, Թուրքիա ապաւինած նոյն քաղաքականութեան` ճակատեցաւ արեւելեան Միջերկրականի կարգ մը երկիրներուն դէմ, ինչպիսիք են Յունաստանն ու Կիպրոսը, ու նաեւ` Եգիպտոսն ու Իսրայէլը: Բայց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի բուռն հակադարձութեամբ (որուն բաժնեկից եղաւ նաեւ Եւրոպական Միութիւնը) եւ Ուաշինկթընի լուռ սպառնալիքով` Թուրքիա ուշադրութիւնը դարձուց Կովկասի վրայ, ուրկէ կ’անցնի ճանապարհը թուրանեան կայսրութեան, բայց մանաւանդ ճակատը` Ռուսաստանի հետ հաշուեյարդարի:

ՆԱԹՕի պետութիւնները դժգոհ չեն – նոյնիսկ քաջալերողն են – որ Թուրքիա Կովկասի մէջ ճակատի Ռուսաստանի հետ, անոր սահմաններուն վրայ աւելցնելով առկայ լարուածութիւնը` Ուքրանիայի եւ Պելառուսի տագնապներով:

Հետեւաբար Թուրքիոյ ռազմական ներկայութիւնը Ատրպէյճանի եւ յատկապէս Նախիջեւանի մէջ միջազգային ոյժերու վերադասաւորման ուժականութիւնն է (dynamics) որ կը դրսեւորէ: Թուրքիոյ ճակատումը Հայաստանի հետ, Ատրպէյճանի գլխուն վրայէն, պայմանաւորուած է այս վերեւի երկու պատճառներով: Եւ Հայաստան դարձեալ ինքզինք կը գտնէ այսօրուան կայսրութիւններուն բախման կէտին վրայ:

Պատերազմը կը մղուի թէ ռազմադաշտի վրայ, թէ քաղաքական շրջանակներու մէջ եւ թէ մանաւանդ` մամուլի մէջ: Այսօր Հայաստան եւ Արցախ զինուած են ամէնէն արդիական զինամթերքով: Մանաւանդ անոնք ապացուցած են իրենց զինեալ ոյժերուն մարտունակութիւնը:

Քաղաքական գետնի վրայ ամէնէն արի մարտնչողը Ֆրանսայի նախագահն է որ նոյն ատեն զօրաշարժի ենթարկած է Եւրոպական Միութիւնը: Զարմանալիօրէն Թուրքիան եւս նպաստեց իր գործունէութեանց դէմ ուղղուած հակառակութեանց, զայրացնելով Արեւելեան Միջերկրականի կարգ մը երկիրները:

Հայաստանի եւ հայոց դէմ թշնամական վերաբերում ցուցաբերեցին կարգ մը երկիրներ ինչպէս Փաքիստանը, որ իսլամապաշտ վայրենի երկիր մըն է որ առ այսօր չէ ճանչցած Հայաստանի անկախութիւնը: Իսրայէլ անուղղակիօրէն սատարեց Ատրպէյճանին, նոյնիսկ ճակատամարտի օրերուն զինամթերք հասցնելով Ատրպէյճան, որուն հետեւանքով ալ Երեւան ետ կանչեց իր նոր դեսպանը Իսրայէլէն:

Այս օրերուն պաշտօնապէս զօրակցեցաւ Ուքրանիան, նախագահ Զելինսքիի խօսնակին միջոցաւ յայտարարելով թէ պատրաստ է ամէն աջակցութիւն ցուցաբերելու Ատրպէյճանին: Ի դէպ, այդ երկրին ներքին գործոց նախարարը` Արսէն Աւագով հայ է. ան, ինչպէս կ’ըսեն Ուքրանիոյ «Գորշ կարդինալն» է (eminence grise), որովհետեւ Ուքրանիոյ նախագահները կը փոխուին, սակայն Աւագով ամուր կանգնած է իր պաշտօնին վրայ, որովհետեւ, ինչպէս կը տեսնուի` Արեւմուտքի վստահելի մարդն է:

Վրացիները դարձեալ ցուցաբերեցին իրենց նախանձութիւնն ու ստորնութիւնը, արգիլելով մուտքը դէպի Հայաստան ղրկուող կենսական ապրանքներուն:

Ռուսաստան, իր հերթին, սպասումի մէջ է եւ ամէն մարդ հարց կու տայ թէ ինչո՞ւ Ռուսաստան ի գործ չի դներ ՀԱՊԿի ռազմական դաշինքի գործադրութիւնը: Մոսկուա բաւարարուեցաւ Ուաշինկթընի եւ Փարիզի միանալով- իբրեւ ԵԱԽԿի համանախագահ – կոչ ուղղելով բանակցութեան:

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը` Սերկէյ Լաւրով եւ այժմու վարչապետը` Միխայիլ Միշուսկին ունին հայկական ծագում:

Այնպէս կը թուի թէ Ռուսաստան կը սպասէ Հայաստանի ընկրկումին, դաս մը տալու համար անոր: Արդարեւ, վերջին երկու տարիներուն վտանգաւոր կերպով բազմացած են հակառուսական արտայայտութիւնները Հայաստանի քաղաքական շրջանակներէն ներս եւ մամուլի մէջ:

Հայաստանի իշխանութեանց շղթայազերծած դիւանագիտական արշաւը բաւական լայնածաւալ էր եւ յաջող, մասնաւորաբար Թուրքիոյ նկատմամբ միջազգային հասարակութեան ժխտական վերաբերումին պատճառաւ:

Միջազգային մամուլը եւս լայն արձագանգ տուաւ այս պատերազմին, սակայն Հայաստանի իշխանութիւնները պատրաստ չէին լայնօրէն օգտուելու այդ առիթէն: Թուրքիոյ մասնակցութիւնը պատերազմին եւ իսլամապաշտ վարձկան ահաբեկիչներ ղրկելը Ատրպէյճան արդէն լուրջ կանխատրամադրութիւն մը ստեղծած էին Թուրքիոյ դերին նկատմամբ: Թուրքիոյ դէմ մեր ամէնէն ազդու զէնքը ցեղասպանութեան հարցն է. անոր քաղաքականացումը: Հրեաները ցեղասպանութեան հարցը օգտագործած են բարեյաջող կերպով եւ այդպիսով ճամբայ հարթելով հայերուս: Թուրքիան խոցելի է այդ բնագաւառէն ներս եւ այդ պատճառաւ ալ Էրտողան իր ձեռքին մէջ առած է ցեղասպանութիւնը ուրանալու գործը, վերջերս յատուկ մարմին մը կոչելով պաշտօնի:

Հայաստանի ղեկավարութիւնը ցարդ անհրաժեշտ չափով չէ անդրադարձած այդ խնդրի քաղաքական նշանակութեան: Վերջապէս Հոկտեմբեր 2ին, վարչապետ Փաշինեան ֆրանսական Ֆիկարօ թերթին տուած մէկ հարցազրոյցին մէջ ըսաւ.«Այս ճգնաժամը աւելի լուրջ է: Աւելի ճիշդ կը լինի այն համեմատել 1915ի, 20րդ դարի առաջին ցեղասպանութեան հետ, երբ կոտորուեցին 1.5 միլիոն հայեր: Անցեալը ժխտող թուրքական պետութիւնը նորից բռնել է ցեղասպանութեան ուղին: Աշխարհը պէտք է գիտակցի, թէ ինչ է տեղի ունենում այստեղ»:

Իսկ իր հերթին, նախագահ Արմէն Սարգսեան BBCի արաբական բաժնին տուած իր տեսակցութեան ընթացքին ըսաւ. Կը ցանկանայի, որ Թուրքիան յիշէ իր պատմութիւնը, փորձի ճանաչել այն որ 105 տարի առաջ Օսմանեան կայսրութեան վերջին` ցեղասպանութիւն տեղի ունեցաւ»:

Միւս դիւանագէտները, ներառեալ արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան, տարօրինակ կերպով կը խուսափին քաղաքական այս ռումբը արձակելու Թուրքիոյ երեսին:

Մինչ այդ պատերազմը կը շարունակուի բուռն թափով: Ատրպէյճան, յուսահատական զայրոյթով, կը ռմբակոծէ նաեւ խաղաղ բնակչութիւնը Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ եւ նոյնիսկ, Հայաստանի Վարդենիսի շրջանին մէջ:

Մեծ պետութիւնները բաւարարուած են կողմերուն կոչ ուղղելով որ դադրեցնեն պատերազմը եւ վերադառնան բանակցութեան սեղանին: Մինչ այդ Հայաստանի խորհրդարանը կը փորձէ օրակարգի վրայ դնել Արցախի ճանաչումը: Ցարդ վախ կար որ նման քայլ մը կրնար առաջնորդել պատերազմի. բայց քանի առանց այդ ճանաչման ալ պատերազմը սկսած է, այդ վախն ու վերապահութիւնը անտեղի են:

Մեծերը ազդու միջամտութիւն մը կատարելու համար կը սպասեն մէկ կամ միւս կողմին ընկրկումին:

Այս անգամ ընկրկողը պիտի չըլլայ Արցախը:

«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ