Աշխարհաքաղաքական զարգացումները Կովկասի մէջ առաջադրած են շրջանի երկիրները համակերպելու աշխարհի նոր համակարգին` եզրակացութեան հասցնելով անոնց ընթացիկ թէ դարաւոր հակամարտութիւնները: Այս իրողութեանց լոյսին տակ դէմ յանդիման կու գան Հայաստանն ու Թուրքիան կարգ մը անհաշտելի իրականութիւններ բերելու հասկնալի տարազներու ներքեւ, գոնէ եթէ կարելի չըլլայ զանոնք լուծել միանգամայն:
Արդէն երկու հանդիպումներ կայացան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներուն միջեւ, Մոսկուայի եւ Վիեննայի մէջ: Արդարեւ Ռուբէն Ռուբինեան եւ Սարտար Քըլըչ ունեցան պաշտօնական հանդիպումներ, բանակցութեանց օրակարգ ձեւաւորելու, եթէ չհաշուենք վերոյիշեալ երկու ներկայացուցիչներու ընդգրկումը Մարտի ընթացքին կայացած Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումին, ուր կը հանդիպէին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները` Արարատ Միրզոյեան եւ Մեւլուտ Չաւուշօղլուն:
Այս հանդիպումներուն կապակցութեամբ արտաքին գործոց նախարարութիւնը բանաձեւած է խաղաղութեան օրակարգ մը, որով Հայաստանի իշխանութիւնները կ’առաջադրեն ընթանալ դէպի խաղաղութեան դարաշրջան: Սակայն, այդպիսի օրակարգ մը կարելի չէ բանաձեւել եւ կիրարկել միակողմանի կերպով, այլ պէտք է ընդգրկել նաեւ խաղընկերներ կամ հակառակորդներ, որոնք կը ձգտին հասնիլ միեւնոյն նպատակին – այս պարագային` միեւնոյն քաղաքականութեան: Տակաւին յստակ կերպով չէ պարզուած Հայաստանի խաղաղութեան օրակարգը, մինչ արդէն սեղանի վրայ դրուած է Ատըրպէյճանի խաղաղութեան պայմանագրի առաջարկը, որ բաղկացած է հինգ կէտերէ – արդէն ծանօթ կէտերէ – ճանչնալ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, մոռնալ Արցախի իրավիճակի խնդիրը, բանալ սահմանները, հաստատել դիւանագիտական յարաբերութիւններ, իրականացնել սահմանազատում եւ սահմանագծում: Այստեղ հաճելի անակնկալը այն է որ Ատրպէյճան զանց առած է Զանգեզուրի միջանցքի առաջարկը, որուն մասին նախագահ Ալիեւ կը բարձրաձայնէր միջազգային հարթակներու վրայ: Այս զարգացումը պէտք է վերագրել Արեւմուտքի հետ Հայաստանի դիւանագիտութեան աշխուժացման: Ի դէպ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը` Պր. Լը Տրիան, հեռախօսազրոյց ունեցած է Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ աշխուժացնելու համար բանակցութիւնները Մինսքի խումբի նախագահութեան ներքեւ: Պէտք է ընդգծել որ Մինսքի խումբը սկզբունքով կը մերժէ ճանչնալ 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած իրադրութիւնները եւ հետեւաբար Մինսքի խումբի բանակցութեան սեղանին վրայ աշխարհագրական դրութիւնը կը մնայ այն ինչ էր պատերազմէն առաջ:
Պր. Չաւուշօղլու կ’առաջարկէ որ Հայաստան անմիջապէս անցնի բանակցութեան Ատրպէյճանի հետ յիշեալ առաջարկներուն շուրջ, տողատակի հասկցնելով որ հայ-թրքական բանակցութիւններու ելքը կախուած է այդ բանակցութեանց արդիւնքէն:
Հարց պէտք է տալ որ այսպիսի դրութեան յառաջացումով` ո՞ւր կը մնայ Թուրքիոյ խոստումը` բանակցութիւնները կայացնելու առանց նախապայմաններու: Հայաստան որ շատ պատճառներ ունի նախապայմաններ դնելու – ցեղասպանութեան ճանաչում, հատուցման խնդիր, Կարսի պայմանագիր եւայլն – կը մօտենայ բանակցութեան սեղանին, առանց նախապայմաններու նոյնիսկ քլինիքական ճշգրտութիւն մը կ’ուզէ ցուցաբերել` չնախապաշարելու համար այդ բանակցութիւնները. օրինակ, Ազգային Ժողովի ընդդիմադիր ճակատը առաջարկեց յանձնաժողով մը կազմել քննելու եւ պատասխան մը տալու` Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ վերջերս վաւերացուած Շուշիի յայտարարագրին որ հակահայկական կտրուկ բաժիններ ունի. սակայն, Հայաստանի իշխող կուսակցութիւնը` Քաղաքացիական Պայմանագիրը դէմ կեցաւ առաջարկին` վախնալով որ նման քայլ մը կրնայ խռովել հակառակորդ երկու երկիրները: Ուրեմն, հարց է որ` խաղաղութիւնը պէտք է հաստատուի Հայաստանի՞ ժամանակով թէ` Թուրքիոյ:
Բացայայտ է որ երբ Ռուսաստանը կլանուած է Ուքրանիոյ պատերազմով` Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կը փորձեն փաստական իրողութիւններ հաստատել գետնի վրայ, առանձին գտած ըլլալով Հայաստանը: Հակառակորդ կողմը նաեւ նկատի առած է որ Ուքրանիոյ պատերազմին պատճառով Մինսքի խումբը եւս տարուած է բազում խնդիրներով` կարենալ զբաղելու համար Արցախի հարցով որ անլուծելի հանգուցակապը դարձած է հայ-թրքական եւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութեանց:
Հայկական կողմին համար ի սկզբանէ աւելի նախընտրելի եղած է Մինսքի խումբի ձեւաչափը քան այլ ձեւաչափեր: Ատրպէյճան եւ Թուրքիա միշտ ջանացած են Արեւմուտքը հեռու պահել Արցախի լուծման գործընթացներէն, առաջարկելով որ խնդիրը լուծուի 3+3 ձեւաչափով. այսինքն` Ռուսաստան + Թուրքիա + Իրան տարազով, որուն կու գան մասնակցիլ Հայաստան, Ատրպէյճան եւ Վրաստան: Այս վերջինին հրաժարումով արդէն սկսած էր կաղալ ձեւաչափը: Ուրեմն, Հայաստանի իշխանութիւնները խոհեմ կերպով Ատրպէյճանի առաջարկը ներկայացուցին Մինսքի խումբին, համանախագահող երկիրներու – Ֆրանսա եւ Ամերիկա – առաջարկով:
Այստեղ պէտք է միջանկեալ յայտնել թէ Հայաստանի իշխանութիւնները վերջերս որդեգրած են երկու խոհեմ դիւանագիտական կեցուածքներ. առաջինը` դրական չէզոքութիւն պահելով Ուքրանիոյ պատերազմի պարագային, ընդդէմ Թուրքիոյ գործնական չէզոքութեան. այսպէս, Թուրքիա մէկ կողմէ կը դատապարտէ Ռուսաստանի արշաւանքը Ուքրանիոյ մէջ, Պայրաքտարներ տրամադրելով այս վերջնոյն, միւս կողմէ ալ մերժելով մասնակցիլ Արեւմուտքի սանձազերծած պատժամիջոցներուն. այդ կերպով իրաւունքը վաստակելով միջնորդի դեր կատարելու պատերազմող կողմերուն միջեւ, ապա ունենալու դիւանագիտական միջազգային վարկանիշ:
Հայաստան հնարաւորութիւնը չունի մտնելու այդպիսի կնճռոտ խաղերուն մէջ եւ բաւականացած է դրական չէզոքութեան դիրքով:
Երկրորդ քայլը այն է որ Հայաստան իր վարչապետով եւ արտաքին գործոց նախարարով լայնցուցած է ցանցը իր դիւանագիտական այցելութեանց. խօսակցութիւններ Փութինի եւ Պլինքընի հետ- հանդիպում Պրիւքսէլի մէջ, հանդիպում ՆԱԹՕի, Ֆրանքոֆոնի եւ Փաշինեան-Մաքրոն քննարկումներ, եւայլն: Հայաստան իր պարտուած բանակով եւ տկար տնտեսութեամբ միայն կրնայ ինքզինք արժեցնել իր դիւանագիտական կապերու ընդլայնումով:
Արցախի մասին ունեցած վարչապետ Փաշինեանի հարցազրոյցին ընթացքին համակերպումի որոշ նշաններ կային որ Արցախի հարցը ՄԱԿի ատեանին սահմանուած է այնպիսի բանաձեւումով մը որ Արցախը կը տեսնէ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան ծիրին մէջ: Այդպիսի արտայայտութիւններու դիտաւորութիւնն էր գուցէ հանրային կարծիքը պարտադրել այդ տխուր իրականութեան ուղղութեամբ:
Սակայն, հարցը վերադարձնելով Մինսքի ատեանը` կը բացուին երկու կարելիութիւններ. Ա. Հելսինքիի վերջնական յայտարարութեան սկզբունքին – այսինքն` հողային ամբողջականութեան սկզբունքը ընդդէմ ժողովուրդներու ինքնավարութեան սկզբունքին եւ Բ. «Անջատում` վասն փրկութեան» սկզբունքին զոր կարելի է եզրակացնել Եւրոպական Խորհրդարանի վերջին որոշումնագրէն, որ ամբողջութեամբ դէմ է Ատրպէյճանի ատելութեան եւ մշակութային ժառանգութեան բնաջնջման քաղաքականութեան:
Ազգերու ինքնորոշման սկզբունքին հակադրութիւնը կամ համադրութիւնը հողային ամբողջականութեան սկզբունքին հետ պարզապէս կը վերածուի անլուծելի քառակուսի անիւի մը, հակառակ այն փաստին որ ժամանակին ՄԱԿի բեմէն նախագահ Ռոպերտ Քոչարեան ծանուցած էր որ Հայաստան կը ճանչնայ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը` սակայն Արցախը երբեք մաս չէ կազմած այդ հողային ամբողջականութեան:
Սակայն, դժբախտաբար Ատրպէյճան իր խաւիարի քաղաքականութեամբ եւ Թուրքիոյ օգնութեամբ յաջողած է միջազգային հանրային կարծիքը համոզելու, որ Արցախը մաս կը կազմէ իր հողային ամբողջականութեան: Ցարդ պատմական փաստերն ու օրինական բացատրութիւնները չեն յաջողած տարհամոզելու այդ հանրային կարծիքը: Ուրեմն, այնտեղ կարելի է առաւելագոյնս արժեցնել ինքնորոշման սկզբունքը, որ կրնայ վերածուիլ Ատրպէյճանի իշխանութեան ներքեւ մշակութային եւ վարչական ինքնավարութեան, որուն ճակատագիրը արդէն այժմէն վճռուած կարելի է նկատել: Այնպէս ինչպէս Ատրպէյճան յաջողեցաւ շատ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ հայաթափել Պաքուն, Սումկայիթը եւ Կենճան ուր կը բնակէին 400,000-500,000 հայեր (ոմանց հաշուով 750,000) նոյնպէս կրնայ հայաթափել Արցախը ճիշդ այսօր իսկ իր կիրարկած սադրանքներով:
Ատրպէյճանի իշխանութիւնները արդէն երկու շաբաթէ ի վեր դադրեցուցած են կազի մատակարարումը Արցախին, ձմեռնային ցուրտի պայմաններուն ներքեւ: Ուրեմն, աւելի յուսալի ճանապարհ է «Անջատում յանուն փրկութեան» սկզբունքը:
Ընթացիկ տարուան Մարտի 10ին Եւրոպական Խորհրդարանը որդեգրեց յատուկ որոշումնագիր մը Ատրպէյճանի դէմ, վերջնոյն վարած մշակութային ցեղասպանութեան քաղաքականութեան պատճառաւ: Որոշումնագրին ի նպաստ քուէարկած էին 635 պատգամաւորներ 2ի դիմաց եւ 42 ձեռնպահութեամբ:
Հայկական մշակութային ժառանգութեան բնաջնջման դէմ ընդունուած որոշումնագիրը ուղղակիօրէն առնչուած է նոյն շրջաններուն մէջ բնակող հայոց ֆիզիքական ապահովութեան դէմ: Միւս կողմէ, Դեկտեմբեր 7, 2021ի Արդարութեան Միջազգային Դատարանը արձակեց վճիռ մը ուղղուած Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին, սակայն ան յատկապէս ուղղուած էր վերջնոյն, քանի դատարանը հաստատած էր որ անմիջական եւ անդարմանելի վտանգ կը սպառնայ հայոց իրաւունքներուն` «Իր բոլոր ձեւերով ցեղային խտրականութեան վերացման օրէնքով» եւ դատարանը հրահանգած էր Ատրպէյճանին «ամէն բռնութեան եւ ֆիզիքական վնասի դէմ պաշտպանելու ձերբակալուած եւ կալանքի տակ առնուած անհատները 2020 ռազմական բախումին ընթացքին. նաեւ երաշխաւորել անոնց ապահովութիւնը եւ հաւասարութիւնը օրէնքի առաջ»:
Այս որոշումը շատ հաւանաբար նկատի ունի Ռամիլ Սաֆարովի կողմէ կատարուած կացինահարութեան պարագան:
Այս բոլորը կ’առաջնորդեն այն եզրակացութեան որ ոեւէ հայու կեանք ապահով չէ Ատրպէյճանի իշխանութեան ներքեւ:
Այսպիսի նախընթացներ ստեղծուած էին Արեւելեան Թիմորի, Հարաւային Սուտանի եւ Քոսովոյի մէջ, ուր այդ տեղի փոքրամասնութեանց իրաւունք տրուեցաւ հանրաքուէով անջատուելու յանցաւոր մեծամասնութենէն եւ հռչակելու իրենց անկախութիւնը: Այս սկզբունքը ճանչցած է իբրեւ «Անջատում վասն փրկութեան» (Remedial cassation):
Արցախը եւս կը գտնուի միեւնոյն իրավիճակին մէջ եւ իրաւունքն ունի օգտուելու այդ օրէնքէն:
Արցախի պատճառով հանգուցակապ դարձած են հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները, այս վերջնոյն պատճառով ալ հանգուցակապ կը դառնան հայ-թրքական յարաբերութիւնները: Հայաստան ինքնին չի կրնար դուրս գալ այս իրավիճակէն: Սակայն, նկատի ունենալով որ ան ռազմագիտական դաշնակիցն է Ռուսաստանին եւ կը հիւրընկալէ վերջնոյն ռազմախարիսխը, կրնայ ան Արեւմուտքի կողմէ նկատուիլ ռազմագիտական հարթակ` Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի առճակատման մէջ ուր շահեկան կը դառնան անոր անկախութիւնն ու չէզոքութիւնը միջազգային հանրութեան համար ու ելք` Հայաստանի համար:
«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ