Անցնող շաբաթ հայրենական քաղաքական շրջանակներու եւ մամուլի գլխաւոր թեման Ապրիլ 11-ին սահմանային Տեղ գիւղին մօտ հայ եւ ատրպէյճանցի զինուորներուն միջեւ պատահած բախումն էր, որուն հետեւանքով 4 քաջորդիներ կորսնցուցինք ու 3 վիրաւոր ունեցանք, իսկ ատրպէյճանական բանակին կրած կորուստները մեզի անյայտ մնացին: Այդ բախումը, որ կարելի է ըսել առաջինն էր Փետրուարին տեղի ունեցած կռիւներէն ետք եւ բոլոր ճակատներու վրայ Հայոց բանակի նահանջի ֆոնին` բացառիկը, լայն քննարկումներու, փոխադարձ ամբաստանութիւններու եւ վիրաւորանքներու առիթ դարձաւ: Եւ մինչ կը թուէր, թէ յաջորդ օրը, Ապրիլ 12-ին, Ազգային ժողովի հարցուպատասխանի նիստին, որուն ըստ սովորականի պիտի մասնակցէր նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, յստակ պարզաբանումներ պիտի տրուէին, պատահեցաւ հակառակը` վարչապետին ելոյթը խորացուց խառնաշփոթը` դուռը լայն բանալով ներքաղաքական նոր լարուածութեան առջեւ: Բոլորովին անորոշ մնաց գլխաւոր հարցը` ատրպէյճանական յառաջխաղացքին դիմաց ի՞նչ պէտք է ընէ Հայ զինուորը, Հայոց բանակը: Շփոթեցուցիչ էին մանաւանդ Նիկոլ Փաշինեանի` Հայկական զինեալ ոյժերու գերագոյն եւ գլխաւոր հրամանատարին արտայայտութիւնները:
Հայաստանի մէջ յաճախ կ’օգտագործեն, նոյնիսկ պաշտօնական հաղորդագրութիւններու մէջ, “թշնամին նենգ է եւ խորամանկ” արտայայտութիւնը: Կարծես թշնամին կրնայ նաեւ ըլլալ բարի, պարկեշտ, ազնիւ կամ ողորմած: Մանաւանդ թուրքը եւ նամանաւանդ թուրք-թաթար ազերին: Չորեքշաբթի օրուան իր ելոյթին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը գերազանցեց բոլորը, նոյնիսկ` ինքզինք, երբ, խօսելով Տեղ գիւղին մօտ տեղի ունեցածի մասին, գործածեց “ուխտադրոյժ” բառը, որ նենգութեան առաւելագոյն աստիճանը կը յուշէ: Հայերէն “ուխտ” բառը, որ համազօրն է անգլերէն pact բառին, կը նշանակէ պայմանադաշինք, որուն դրժումը ծանրագոյն յանցանք կը համարուի միջպետական յարաբերութիւններու մէջ: Բայց Հայաստանի վարչապետը փոխանակ բացատրելու, թէ Ատրպէյճանի հետ այդ ե՞րբ եւ ո՞ւր այդպիսի pact ստորագրեր է, իր հաճելի սովորութեան համաձայն` շարունակեց մտամարզանքները Հայաստան-Ատրպէյճան ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի հովանիին տակ աւելի քան երկու տասնամեակ շարունակուած բանակցութիւններուն Մատրիտեան փուլին մասին, որ առաւելաբար ծանօթ է “Մատրիտեան սկզբունքներ” անունով: Նպատակն էր ցոյց տալ, որ նախկին իշխանութիւնները,- ա՛խ այդ նախկինները,- յիշեալ փաստաթուղթով արդէն Ատրպէյճանին յանձնած են Արցախը, սակայն առանց բացատրելու, թէ Իլհամ Ալիեւը ինչո՞ւ 10 տարի սպասեր է իրեն յանձնուածը վերցնելու:
Թերեւս այս պահուն պէտք չկայ Մատրիտեան սկզբունքներուն վերաբերեալ վարչապետի ինքնահաճոյ մեկնաբանութիւններուն անդրադառնալու, սակայն աւելի կարեւոր է եւ պէտք է վերադառնալ Տեղ գիւղի մօտ տեղի ունեցածի մասին անոր տուած “բացատրութիւններուն”:
Ըստ վարչապետին, այդ արիւնալի միջադէպը պէտք չէր տեղի ունենար: Ի՞նչպէս: Փոխարէնը ի՞նչ պէտք էր տեղի ունենար: Հաւանաբար, Փաշինեանի կարծիքով, պէտք էր շարունակուէր վերջին երեք տարիներուն տեղի ունեցածը. ատրպէյճանցի զինուորը կը յառաջանայ մեր գերիշխան սահմաններէն ներս, իսկ մեր զինուորը կը նահանջէ ու տեղ կը բանայ թշնամիին տեղաւորման, նոր բարձունքներ, նորանոր դիրքեր, գիւղատնտեսական մշակելի տարածքներ կը զիջի: Այսինքն, ըստ նիկոլական մօտեցումին, հայ զինուորը ետ-ետ երթալով բացած կ’ըլլայ “խաղաղութեան դարաշրջանը”: Թող ականջը կանչէ Երուանդ Օտեանի վերակենդանացած հերոսին` Փանջունիին…
Վարչապետը իր ելոյթին մէջ կ’ըսէր, թէ իր կողմէ նախատեսուած էր Երեքշաբթի օրուան բախումին նման սենարիօ մը, այսինքն իրավիճակ մը` ուր Հայ զինուորը պահ մը կը հրաժարէր ետ-ետ երթալու հրամանը կատարելէ, ամուր կը կենար իր դիրքին եւ կրակ կը բանար թշնամիին վրայ: Մինչդեռ, ըստ վարչապետի խոստովանութեան, ինքը կամ իրենք, համապատասխան ցուցումները, իր խօսքով` “յանձնարարութիւնները” տուած եղած են“կոնկրետ անձանց”: Ի՞նչ յանձնարարութիւն, եթէ ոչ` չկանգնիլ, չկրակել, հայրենի հողը չպաշտպանել, շարունակել ետ-ետ երթալ: Բայց մինչեւ ո՞ւր, մինչեւ Երեւա՞ն, մինչեւ Կառավարութեան շէ՞նք:
Այդ մասին վարչապետը ոչինչ ըսաւ: Սակայն փոխարէնը ըսաւ, աւելի ճիշդ` սպառնաց, որ տրուած “յանձնարարութիւնների” կատարումը ձախողցնելու համար հետաքննութիւն պիտի կատարուի, որոնց պիտի հետեւին, իր բառերով, “որոշակի ատմինիստրատիւ հետեւանքներ”, որ թարգմանի` անսաստողները պիտի պատժուին, ընդհուպ, կարելի է ենթադրել, պատիժ պիտի կրեն նաեւ մեր 3 վիրաւոր զինուորները, անշուշտ ո՛չ հիմա, այլ առողջանալէ ետք: Փաշինեանը չէ՞ որ անխիղճ չէ:
Ինչո՞ւ համար այդ սպառնալիքը, որո՞ւ եւ որո՞նց դէմ: Անշուշտ մեր բոլոր զինուորականներուն, ուր որ ալ գտնուին անոնք, հայրենիքին ո՛ր սահմանին, Սիւնիքէն մինչեւ Վարդենիս: Հայ զինուորը պէտք չէ ամուր կենայ իր դիրքին վրայ, պէտք չէ կանգնեցնէ թշնամիին յառաջխաղացքը, պէտք չէ կրակէ, պէտք է միայն ետ-ետ երթայ, ճամբայ տայ թշնամիին, առիթ չտայ ռազմական նոր մագլցումի` “էսկալացիայի”:
Կրտած, ամորձահատուած զինուոր, կրտած, ամորձահատուած բանակ: Սա՞ է “խաղաղութեան” նոր տեսլականը կամ նոր բանաձեւը` չկրակել, չդիմադրել, միայն ետ-ետ երթալ:
Այդ պարագային` հարցերու հարցը. ինչո՞ւ բանակ կը պահենք: Մանաւանդ որ թշնամին նենգ է ու դաժան, նաեւ, զարմանալիօրէն, ուխտադրոյժ: Մեղք չե՞ն մեր տղաքն ու եղբայրները: Կրնայ պատահիլ, չէ՞, որ պահ մը Նայիրեան ոգին պոռթկայ անոնց մէջ եւ փորձուին կրակել ոսոխի ճակատին, աչքերուն միջեւ: Անկէ ետք ալ ո՞վ պիտի պաշտպանէ զիրենք զինուորական դատարաններուն մէջ, “օրինազանցութեան”, “յանձնարարութիւնը չկատարելու”, “դաւաճան եւ դասալիք” ըլլալու, “5-րդ շարասիւնին” մաս կազմելու ամբաստանութիւններէն:
Մե՞նք, ժողովո՞ւրդս: Բայց “ժողովրդավարութեան” այս “պասթիոնին” մէջ մենք ո՞վ ենք որ…: