Կը բաւէ այս երգի երկու բառերը արտասանել եւ արդէն երգը կը կազմաւորուի եւ Անդրանիկի հոգիին նման կը սաւառնի հայրենի լեռներուն վերեւ:
Բանաստեղծ Վահան Թէքէեան ունի խմբագրական մը նուիրուած մեր ազգային հերոսին, որ կը սկսի մօտաւորապէս հետեւեալ պատկերով. «Անդրանի՜կ, անունը դուրս կը ժայթքէ շրթներէն արձակուող փամփուշտի մը նման…»
Զօրավար Անդրանիկ Օզանեան արդէն իսկ առասպել մըն էր կեանքի օրերուն ու դարձաւ դիւցազնավէպ իր մահուընէ յետոյ: Ան իր հրեղէն սուրով շանթագրեց հայոց երկնակամարին վրայ հայ ժողովուրդին արիացումը` ահաւոր ուժերու դէմ եւ անոր վճռակամութիւնը` գոյատեւելու դարերն ի վեր: Իր պատերազմներն ու իր յաղթանակները աւարտեցան աղիտալի դրուագներով` պատմութեան անյեղլի կոհակներու դէմ:
Շահան Շահնուր Անդրանիկը դասած է հայ ժողովուրդի հոգեկան չորս գագաթներու կողքին` միւսներն ըլլալով Մաշտոցը, Կաթողիկէն ու Կոմիտասը:
Անցնող տարին հանգրուանն էր անոր ծննդեան 150 ամեակին, ծնած ըլլալով 1866-ին Շապին Գարահիսարի մէջ: Սակայն, անոր 150 ամեակին առիթով եւ ոչ փող զարկինք եւ ոչ թմբուկ պիտի ըսէր Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան:
Արդարեւ, համարեա՛ ոչ մէկ նշում Հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ, եւ այդ լռութիւնը ազդարար խորհրդանշանն է, թէ մենք որքան ենք հեռացած մեր սրբութիւններէն ու մեր ինքնութենէն:
Անդրանիկի կեանքը բազմիմաստ էր իբրեւ ազգային հերոս, որ բնազդով էր դիւանագէտ եւ մտքովª ռազմագէտ: Ան ծնունդն էր հերոսական Շապին Գարահիսարի, որուն պաշտպանական դիւցազներգութիւնը դեռ պիտի գրուի` համամարդկային հնչեղութիւն ստանալու համար Մուսա լերան ինքնապաշտպանութեան մարտերուն նման, որոնք Ֆրանց Վերֆէլի գրիչով թակեցին մարդկութեան խիղճը:
Երբ թուրքը պաշարեց Շապին Գարահիսարը, ժողովուրդը բարձրացաւ լեռ եւ կռուեցաւ մինչեւ իր վերջին փամփուշտը: Անվեհեր ֆետայիներ յուսահատ շարքերով փորձեցին ճեղքել թրքական պաշարումը, սակայն մեծ մասով ինկան նահատակ: Իսկ անկարները, կիները, երախաները մնացեալ վառօդի վերջին բաժինները իբրեւ թոյն խմելով` մերժեցին յանձնուիլ թուրքին: Այսպիսով անոնք նոր Մասատա մը արձանագրեցին մարդկային պատմութեան դեռ չգրուած Կտակարանին մէջ:
Ահա, այդ դիւցազնական ցեղին կերպասէն էր կտրուած Զօր. Անդրանիկ, որ մարտնչեցաւ թէ պատմական Հայաստանի մէջ ու թէ արեւելեան Հայաստանի մէջ. ան 1920-ին իր զօրքով յառաջացաւ մինչեւ Ղարաբաղ խափանուելու համար անգլիական դիւանագիտութեան եւ զէնքի ուժով: Իրօք անգլիացիք կը հաւաստէին թէ Ղարաբաղի հարցն ալ պիտի լուծուէր մօտ օրէն ստորագրուելիք Սեւրի դաշնագիրով:
Անդրանիկի կեանքը դրուագուած էր Տիլիմանի, Սասունի, Կարսի, Զանգեզուրի, Առաքելոց վանքի եւ այլ հայակոխ սարերու կռիւներով ու դաւերով: Անդրանիկի կեանքին դէմ սարքուեցան բազում դաւեր, որքան թշնամիին, նոյնքանª իւրայիններու կողմէ: Երբ կուսակցութիւններ եւ քաղաքական ղեկավարներ պահ մը իթթիհատական թուրքերուն հաւատալով զէնքերը վար կը դնէին` փոխան օսմանեան խորհրդարանի երեսփոխանական աթոռներուն, Անդրանիկ հեռու մնաց փառքի որոգայթներէն` ահազանգելով որ կարելի չէր վստահիլ թուրքին: Եւ հակառակ յեղափոխական ու ռազմական այդ շփոթ տարիներուն եւ հակառակ ճաշակած ըլլալով ցարական Ռուսիոյ բանտի չարիքները` ան միշտ ջատագով էր Ռուսաստանի բարեկամութեան, պատմութիւնը դիտած ըլլալով իր դարերու տարածքով:
Անդրանիկի կրթութիւնը սահմանափակ էր ընթացիկ իմաստով, սակայն ան ինքնուս հանճար մըն էր` բառը գործածելով պատասխանատուութեամբ:
Անդրանիկ իբրեւ ռազմական միտք աւելի ճանչցուեցաւ ու գնահատուեցաւ ֆրանսացիներէն, պուլկարներէն եւ այլ ազգերէ, որոնք զինուորական աստիճաններ ու շքանշաններ պարգեւեցին իրեն: Անոր հեռատեսութիւնը եւ քաղաքական հոտառութիւնը յաճախ բախումի մէջ եղան կուսակցութեանց եւ իշխանութեանց հետ, եւ այդ պատճառաւ ալ հասաւ այն պահը, երբ ինք հրաժարեցաւ Դաշնակցութենէն, թէեւ այդ արարքով ոչ մէկ բան պակսեցաւ անոր վարքէն, այլ ան արժանացաւ ազգային հերոսի փառապսակին: Այդ խզումով հանդերձ, ան մնաց պաշտելին` բոլոր կուսակցական եւ ոչ կուսակցական հատուածներուն: Բովանդակալից կեանք մըն էր, որ ապրեցաւ մեր հերոսը, սխրագործութիւնները արգելափակուած տեսնելով, թէ մեծ պետութեանց շահերով եւ թէ ժամանակի քաղաքական ղեկավարներու շահադիտութեամբ եւ կարճատեսութեամբ:
Երբ հաստատուեցաւ Հայաստանի առաջին անկախութիւնը, Անդրանիկ արդէն հակասութեան մէջ էր Ազգային Խորհուրդին հետ: Գնաց Էջմիածին եւ զօրացրեց իր առանձին հարուածող գունդը եւ բաժնուեցաւ իր հարազատ զինուորներէն, իր սուրը յանձնելով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին:
Այդ շրջանին Հայաստանի իշխանաւորները փորձեցին համոզել Անդրանիկը, որ մնայ Հայաստան` պաշտօններ խոստանալով անոր: Սակայն, զօրավարը արհամարհանքով մերժեց առաջարկները անպէտ եւ անժողովրդավար կուսակցական ղեկավարներու, որոնք ոչինչ կը հասկնան դիւանագիտութենէն:
Ան զայրոյթով վերջին կոչ մըն ալ յղեց օրուան իշխանաւորներուն ըսելով. Երեւանեան կառավարութենէն կը պահանջեմ այն կարեւոր գումարը, որ արտասահմանի հայութիւնը իմ բանակի համար, իմ անունին ղրկած էր երեւանեան հասցէով, որոնք դրամը ստացան, զոր վար դրին, իրենք ուտելու համար, որուն այնքան պէտք ունէի:
Ուրեմն, չզարմանանք անցեալ Ապրիլին բանակին մէջ կատարուած խորումներէն, որոնք աղիտալի կորուստներ պատճառեցին Հայաստանին: Պարզ է, թէ բանակին ինկած դրամին բաժինը ուտելու ախորժակը շատ հին պատմութիւն ունի եւ կու գայ այդ օրերէն:
Անդրանիկ արտասահման գալով նախ մնաց Փարիզ: Ան երիտասարդութեան ամուսնացած էր, բայց կորսնցուցած էր կինն ու զաւակը, կեանքը նուիրելով ֆետայութեան: Իր հասուն տարիքին ան կրկին ամուսնացաւ իր քրոջ ընկերուհիին` Նուարդին հետ եւ իր խաղաղ տարիները տրամադրեց հանգանակութիւններու եւ աղէտեալներու եւ վիրաւոր զինուորներու կարիքներուն, գործակցելով Ազգային պատուիրակութեան նախագահ Պօղոս Նուպար Փաշային հետ: Այդ երկու անունները այնպիսի հզօր ժողովրդականութիւն մը ունէին, որ ժողովուրդը լիաբուռն կը բանար իր սիրտն ու քսակը անոնց կոչերուն դիմաց:
Ազգային հերոսը Փարիզէն անցաւ Ամերիկա եւ հաստատուեցաւ Ֆրեզնօ, միշտ շրջապատուած իր հարազատ ժողովուրդին աղապատանքով: Ֆրեզնոյի մէջ Ուիլիըմ Սարոյեան յաճախ կը հանդիպի եւ իր յուշերուն մէջ եղերական գիծերով եւ քիչ մըն ալ հեգնանքով կը նկարագրէ անկեալ հերոսին վիճակը:
Ան կը մահանայ 1927-ին, Օգոստոս 31-ին, ու կը թաղուի Ֆրեզնոյի մէջ: Իր մահուընէ առաջ ան կը պատուիրէ իր կնոջ. Կ’ուզե՛մ, որ իմ աճիւնս հանգչի Արաքսի ու Զանգուի ափին, իմ սիրելի ժողովուրդին մէջ, որուն ազատութեան համար կռուեցայ:
Համաձայն հերոսի փափաքին կարգադրութիւններ կ՛ըլլան իր աճիւնը 1928-ին փոխադրելու Հայաստան: Սակայն, թուրքը գերեզմանէն ալ անդին կը հալածէր մեր ազգային հերոսը: Արդարեւ սովետական իշխանութիւնները, չվիրաւորելու համար զգայնութիւնները հարեւան Թուրքիոյ, կ՛արգիլեն Անդրանիկի աճիւններու փոխադրութիւնը Հայաստան եւ կը թաղուի Փարիզի Փէր Լաշէզի գերեզմանատան մէջ£ Անոր դամբանը ուխտավայր մը կը դառնայ պարզ հայրենասէր հայերու եւ մտաւորականներու: Անգամ մը գրող Վարդգէս Պետրոսեան այցելելով Փէր Լաշէզ կը գրէ. «Ե՞րբ կը լինի գերեզմանների հայրենադարձութիւնը»:
Եւ եղաւ այդ հայրենադարձութիւնը Հայաստանի երկրորդ անկախութենէն վերջ:
Բայց պիտի ըսենք ՝ երանի չըլլար:
Երբ Հայաստան անկախացաւ, նոր իշխանութեան առաջին գործերէն մէկը եղաւ հրապարակէն հեռացնել Լենինի արձանը: Որքան խոհեմ էր այդ որոշումը, նոյնքան տխմար էր արձանին գեղազարդուած պատուանդանին պայթեցումը:
Ազգային արժանապատուութեան անզիջելի հարց է, որ այդ պատուանդանին վրայ բարձրանար Անդրանիկի արձանը: Այլ ընտրանք չկայ մեր պատմութեան մէջ: Եւ իր աճիւններն ալ կարելի էր զետեղել առանձին դամբանի մը մէջ: Եռաբլուրի մէջ հանգրուանելը այդ աճիւններուն, խորհրդանշական կերպով կ՛արդարանայ, այնքան որ ան կը գտնուի ուրիշ ազգային հերոսի մը` Վազգէն Սարգսեանի դամբանի կողքին, որովհետեւ վերջինս իրագործած էր կերպով մը Անդրանիկի երազը: Ազգային հերոսը իր առանձին հարուածող զօրագունդին փոխարէն պիտի ուզէր տեսնել սպարապետ Վազգէնի կերտած արդիական բանակը:
Ատկէ անդին` տակաւին հանգստացած չեն զօրավար Անդրանիկի աճիւնները, ինչպէս չեն հանգստացած սիրտերը հայութեան: Անդրանիկը ամբողջական հայութեան համազգային խորհրդանիշն է:
Ցաւօք սրտի արեւելահայերու գաւառական հայրենասիրութիւնը եւ Դաշնակցութեան վերապահութիւնը կը շարունակեն զլանալ Անդրանիկին այն տեղը, որուն արժանի է ան:
Անոր անհանգիստ հոգին, կը շարունակէ սաւառնիլ «լեռ ու ժայռ» եւ «թնդացնում երկինք երկիր տենչավառ»:
Այո կը սաւառնի ան` մինչեւ գտնէ իր արժանի թառն ու դարը: