Միջազգային տարբեր մարմիններ որոնք կը հսկեն երկիրներու ժողովրդավարութեան եւ խօսքի ազատութեան գործընթացներուն` կ’արձանագրեն թէ Հայաստան միշտ յառաջդիմելու վրայ է երկու պարագային ալ, թէ ժողովրդավարութեան յառաջխաղացքի իմաստով, ինչպէս նաեւ խօսքի ազատութեան բնագաւառներուն մէջ:
Եթէ առաջին պարագան կը մնայ ողջունելի, երկրորդի պարագային պէտք է ցուցաբերենք զգուշութիւն ու վերապահութիւն, որովհետեւ Հայաստանի մէջ խօսքի ազատութիւնը հասած է (ու անցած) ազատութեան գռեհկութեան:
Հայաստանը որ շրջապատուած է թուրքերով եւ յետամնաց այլ ազգերով միշտ ինքզինք նկատած է քաղաքակիրթ երկիր մը որ դարէ դար կը փոխանցէ քաղաքակրթութեան ջահը: Անկախութիւնը, սակայն մեզի բերաւ ազատութեան հետ նաեւ սանձարձակութիւն:
Ինքնազսպումը, բարեկրթութեան սահմաններուն մէջ մնալը երբեք պէտք չէ շփոթուին խօսքի ազատութեան բռնաբարման հետ:
Բարեբախտաբար մեր լեզուն հասկցող օտարներուն թիւը խիստ սահմանափակ է. այլապէս խօսքի ազատութեան բարելաւումը չափող միջազգային կազմակերպութիւնները այնքան ալ հեշտութեամբ բարենիշներ պիտի չշնորհէին մեր երկրին եւ ազգին եթէ իմանային որ մենք ինչ կ’ընենք այդ ազատութեամբ, ի՛նչ աստիճանի կը հասցնենք այդ ազատութիւնը եւ ինչպէ՞ս կը գռեհկացնենք զայն:
Այսօր մամուլը թուղթի ու տպագրութեան դարաշրջանէն կ’անցնի դէպի էլեկտրոնային դարաշրջան` լուրերը, գաղափարները, գիտութեան լոյսը աւելի արագ հասցնելու զանգուածներուն: Երանելի դարաշրջան` պիտի կոչէինք: Արդարեւ, ինչպիսի հրաշալի առաւելութիւն` մարդկութիւնը լուսաբանելու, գիտութեան եւ իմաստութեան խօսքը տեղ հասցնելու: Սակայն, մտէք հայաստանեան մամուլի աշխարհին մէջ եւ այնտեղ պիտի հաստատէք որ լոյսէն առաջ հայհոյանքն է որ պիտի ողողէ Ձեզ, գիտութենէն առաջ` կեղծիքն ու ճահիճը, այն աստիճան որ պիտի սահմռկիք ու գոչէք թէ ե՞րբ այսքան գռեհկացաւ մեր ազգը, ե՞րբ այսքան լուտանք կուտակեց եւ ե՞րբ իր բոլոր լեզուական հնարքները գործածել սորվեցաւ այնքան գունաւորելու համար այդ հայհոյանքները:
Մամուլի եւ ընկերային ցանցերու սահմանագիծը ջնջուած է. ընկերային ցանցերը դարձած են նաեւ լուրերու եւ մեկնաբանութիւններու տարածման միջոց:
Հայոց համար արդարացում մը չէ երբեք ապաւինիլ այն փաստին որ օտար լեզուներով ալ գռեհկութիւններ եւ հայհոյանքներ կը սփռուին: Նոյնիսկ այդ պարագային Հայաստանի մամուլն ու ընկերային ցանցերը կրնան մրցանիշ հաստատել իրենց գռեհկութեամբ:
Երկար ատեն վարժուած էինք հեռուստացոյցի պաստառներու վրայ դիտել ու ծիծաղիլ թրքական խորհրդարանին մէջ բեմադրուող կռիւներուն վրայ: Աներեւակայելի կը թուէր թէ կրնան նաեւ նման բեմադրութիւններ սարքուիլ Հայաստանի Խորհրդարանին մէջ: Դարերով պետականութենէ զրկուած ժողովուրդ մը, պետութիւն եւ խորհրդարան (Ազգային Ժողով) ունենալու պատեհութիւնը սրբութեան նման պիտի պահպանէր ու խորհրդարանը խորանի սրբութեամբ պիտի պաշտպանէր: Սակայն, այդպէս չեղաւ, կռիւը, հայհոյանքը, անպատկառութիւնը թափանցեցին նաեւ խորհրդարանէն ներս: Ալ չծիծաղինք թուրքերու վրայ. այլ զգուշանանք որ թուրքերը չծիծաղին մեր վրայ:
Լրատուութիւնը վերածուած է մեքենական ճարտարարուեստի (industry): Լուրերը, իրական եւ սուտ կ’արտադրուին եւ կը յանձնուին այս մեքենային որ տարածէ աշխարհի երեսին: Իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն հաւասարապէս մէջն են այս խաղին: Մէկուն կամ միւսին կողմնակից ըլլալը երբեք չ’արդարացներ միեւնոյն կողմին զանցումները:
Հայհոյանքի այս առատութիւնը յառաջացուցած է սուր բեւեռացումներ հասարակութեան մօտ: Ամէն մարդ կը սիրէ լսել իր կողմի հայհոյանքները եւ կը հաճոյանայ անոնցմով: Քիչեր – չըսելու համար` ոչ ոք – պատրաստ են լսելու դիմացինը: Ականջները փակուած են դիմացինին պատճառաբանութեան եւ գունաւոր հայհոյանքներուն դէմ: Այստեղ զոհ կ’երթայ ճշմարտութիւնը` եթէ այդ ճշմարտութիւնը կը գտնուի երկու հակոտնեայ կողմերուն միջեւ միջին կէտի մը վրայ: Դիմացինը չլսելու սահմանափակութիւնը նշան է վախկոտութեան: Մարդ կը վախնայ լսելու դիմացինին խօսքը որպէսզի յանկարծ չստիպուի համոզուիլ ու փոխել իր միտքը:
Պետութիւն եւ ընդդիմութիւն ստեղծուած են հզօր լրատուամիջոցներ, մեքենաներ` աւելի սեւցնելու դիմացինը քան լուսաբանելու զայն:
Այս բոլորին մէջ նորութիւնը հայ կանանց մասնակցութիւնն է գռեհկութեան այս արշաւին: Կիները հաւասարապէս մասնակից դարձած են այս գունաւոր հայհոյաբանութեան. ո՞ւր մնաց Չարենցի պատկերացուցած հայ կնոջ եւ աղջկայ հեզաճկուն կերպարը. այսօր կիներու մարմիններէն աւելի հեզաճկուն դարձած են իրենց … լեզուներն ու գրիչները:
Միքայէլ Մինասեան, Ռոպերտ Քոչարեան, Արման Բաբաջանեան, Գագիկ Ծառուկեան 365 կայան եւ շատ ուրիշներ, նիւթական միջոցներ կը վատնեն բանուկ պահելու համար իրենց լուտանքի մեքենաները:
Հայհոյանքի եւ ֆէյք լուրերու այս հոսանքները կը տարածուին նաեւ լեզուական աղճատումներով: Որոշ չափով` լրատուամիջոցները բայց առաւել չափով` ընկերային ցանցերը կ’արտայայտուին ահաւոր մակարդակի վրայ գտնուող լեզուական մշակոյթով (կուլտուրա). քերականութիւն, ուղղագրութիւն ու շարադասութիւն ջարդ ու փշուր կ’ըլլան` արագ արտայայտուելու եւ լուտանքը արտորանքով տեղ հասցնելու ճիգին մէջ:
Գունաւոր հայհոյանքները մէկ կողմէ եւ օտար բառերու առատ օգտագործումը միւս կողմէ` ողբալի մակարդակի մը հասցուցած են լեզուն: Պէտք է նաեւ յատուկ կերպով անդրադառնալ, տարբեր առիթով, հայոց լեզուի աղճատման դիտաւորեալ ծրագրին, զոր բարեխղճութեամբ կը գործադրեն դուրսէն թելադրուած առաքեալները որոնք պաշտօնն ունին խաթարելու մեր ազգային բարոյականը, ընտանեկան սրբութիւնները եւ աղճատելու դիմագիծը մեր լեզուին:
Պիտի համարձակինք ըսելու որ Ազգային խորհրդարանը վերածուած է սպանդանոցի մը ուր ամէն օր կը մորթուի Մեսրոպ Մաշտոցը:
Ո՛վ պիտի ըլլայ այն հեղինակաւոր դէմքը որ պիտի կարդայ զգաստութեան հրաւէրը. կարգի հրաւիրելու բոլորը եւ նոր չափանիշ հաստատելու: Վարչապե՞տը. սակայն, «Հայկական Ժամանակ»ի իր խմբագրութեան օրերէն իր օգտագործած լեզուն` վստահութիւն չի ներշնչեր այդ ուղղութեամբ:
Զգաստութիւնը կը սպասուի գոնէ այս օրերուն, երբ սահմանի վրայ պատերազմ կայ եւ երբ հայ երիտասարդները արիւն կը թափեն: Ժամանակը չէ բեւեռացումի եւ մանաւանդ երբեք ժամանակը պէտք չէ գայ հայհոյանքի:
Վստահաբար գոյութիւն ունին սրտցաւ քաղաքացիներ, մտաւորականներ, ակադեմականներ որոնք վրդոված են լեզուական եւ հայհոյաբանութեան այս Արշակաւանին ի տես: Սակայն, չի լսուիր անոնց ձայնը, կարծիքը: Եւ այդ լռութիւնը կարծէք կու գայ վկայելու թէ այս բեւեռացման մէջ լսարան ալ գոյութիւն չունի հաւասարակշռուած խօսքի, լեզուական կիրթ մշակոյթի:
Սփիւռքը աւանդականօրէն չունի մամուլի այդպիսի լեզուական այլանդակ մակարդակ: Սակայն, հայաստանեան մամուլէն եւ ընկերային ցանցերէն արտահոսող որակը բաւարար է նաեւ «կշտացնելու» սփիւռքը:
Յաջորդ անգամուն երբ միջազգային մարմինները սկսին քննարկել փոքր երկիրներու ժողովրդավարացման եւ խօսքի ազատութեան գործընթացքը` կ’երեւի պէտք է չափանիշ մը հաստատեն նաեւ ազատութեան գռեհկականացման:
Վստահաբար հայերս կրնանք «պատուաւոր» դիրք մը գրաւել այդ գնահատումներուն մէջ:
«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ