Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը, յարաճուն կերպով ինքզինք կ’ամրացնէ որպէս համայն հայութեան տրոփող սիրտը որ այլեւս, միջազգային չափանիշով, կը ծառայէ իբրեւ հայութեան թատերաբեմը եւ ամպիոնը ամբողջ աշխարհին առջեւ: Այնտեղ՝ որպէս ազգ եւ պետականութիւն հայութիւնը կը հանդիպի եւ կը չափուի տարբեր ազգերու հետ, կը հիւրասիրէ զանոնք հաւասարէ հաւասար որպէս հնագոյն եւ նոյն ժամանակ նորագոյն ու արդիական ազգութիւն եւ պետականութիւն:
Ամէն քաղաքական բնազդ ունեցող հայ այս խորհրդածութիւնները կ’ունենայ երբ կը հետեւի միջազգային տարողութիւն ունեցող մեծ հանդիսութեանց որոնք յաջորդաբար կը կատարուին Երեւանի մէջ:
2017 Մայիսին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Aurora Prize, մարդասիրական ազնուագոյն զգացումներու արտայայտութիւնը հանդիսացող միջազգային մրցանակաբաշխութիւնը, որուն ներկայ էին հայազգի երեւելիներու կողքին միջազգային ամէնածանօթ դէմքերը: Իսկ քանի մը շաբաթ առաջ, Հոկտեմբեր 21-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեան հեռատեսութեան յայտագրի մը միջոցաւ պաշտօնապէս կը ծանուցանէր յառաջիկայ տարի տեղի ունենալիք միջազգային եւ ազգային նշանակալից երեք տօնակատարութիւններ:
Անոնցմէ առաջինն է Francophonie-ի միջազգային հանդիպումը աւելի քան 50 երկիրներու պետերու մասնակցութեամբ, որոնց շարքին է Գանատայի երիտասարդ սիրուած Վարչապետ Ճասթին Թրիւտօն, երկրորդն է Երեւանի 2800 ամեակը որ միջազգային ուշադրութիւնը եւ հետաքրքրութիւնը պիտի հրաւիրէ Հայաստանի եւ յատկապէս Երեւանի վրայ որպէս քաղաքակիրթ աշխարհի հնագոյն քաղաքներէն մէկը եւ վերջապէս երրորդն է, Նախագահ Սարգիսեանի իսկ բառերով, «Հայոց 1918-ի Մայիսեան Յաղթանակներու Հարիւրամեակի տօնակատարութիւնը»: Այս վերջինը բնականաբար կը վերաբերի առաւելապէս հայութեան, սակայն, ան, որպէս 20րդ դարասկզբին բնաջնջումի վտանգին ենթարկուած եւ ապա վերածնած ազգի մը պետականութեան հարիւրամեակը, խորիմաստ պատգամ մը կը հաղորդէ նաեւ մեզ շրջապատող ոչ-բարեկամ բոլոր երկիրներուն:
Այստեղ մասնաւոր կերպով մեր ուշադրութիւնը հը կեդրոնացնենք այս վերջնոյն վրայ՝
այսինքն հարիւրամեակի այս տօնակատարութեանց վրայ: Արդարեւ մի քանի ամիս առաջ այս կապակցութեամբ կատարուած պետական ընդհանուր յայտարարութենէ մը ետք, թերեւս նախատեսելիօրէն հայ մամուլը բաւական չափով զբաղեցաւ, յուզուեցաւ եւ տակաւին կը շարունակէ տագնապիլ, ջանալով ներկայացնել հայոց պետականութեան հարիւրամեակը տարբեր տարազներով, գոյներով եւ մօտեցումներով:
Ինչպէս յիշած էի «Պայքար»ի Օգոստոս 13 թիւին մէջ այս առիթով ստորագրած յօդուածիս մէջ, կուսակցական՝ Հ. Յ. Դ. եւ ՌԱԿ, եւ նաեւ ոչ կուսակցական՝ մամլոյ օրկաններու մէջ ծագած այս բանավէճին մեկնակէտը որոշ կերպով հանդիսացաւ դաշնակցական մամուլին առաջին իսկ վարկեանէն որդեգրած կեցուածքը: Այդ կեցուածքը, որ դժբախտաբար կը շարունակուի մինչեւ այսօր կը բխի ամէն հայրենասիրական երեւոյթ սեփականացնելու ինքնակեդրոն յաւակնոտութենէն:
Վերոյիշեալ Օգոստոս 13-ի յօդուածիս վերնագիրը եւ եզրակացութիւնը գրեթէ նոյնն են – «Եկէք համաձայնինք, չսեփականացնելու այս պատմական առիթը, որպէսզի 2018 Մայիսին Հայոց Պետականութեան Հարիւրամեակը նշուի Համահայկական եւ Համերաշխ Ոգիով»:
Այդ յօդուածին մէջ, հիմնուելով պատմական անժխտելի փաստերու վրայ, ամփոփ կերպով, եւ ժամանակագրական կարգով տուած եմ այն յատուկ տուեալները որոնցմէ բխած տրամաբանական անխուսափելի եզրակացութիւնները հետեւեալներն են:
1.- 1918-ի Մայիսեան օրերու շրջանը անհաւատալիօրէն ծանր տագնապներու, խրթին եւ զիրար հրմշտկող քաղաքական վերիվայրումներու ժամանակ մը եղած է: Այդ բոլորով հանդերձ, հպարտութեան արժանի եւ անկիւնադարձային կարեւորագոյն ու աննախադէպ նշանակալից դէպքը այդ օրերուն, Մայիս 26-ի շուրջ, ամբողջ հայ ժողովուրդի մասնակցութեամբ՝ Օսմանեան ոյժերուն դէմ տարուած հրաշալի յաղթանակներն են, գլխաւորութեամբ Սարդարապատի յաղթական ճակատամարտին: Անոր հետեւող անկախութեան, եւ Ա. Հանրապետութեան հռչակումը թէեւ պատմական կարեւոր նշանակութիւն ունի որպէս վեց դարերէ ետք անկախութեան հռչակման նշանակալից դէպք, սակայն որոշ է թէ անոնք դժբախտաբար հայոց փափաքով եւ որեւէ հայ քաղաքական հոսանքի միջամտութեամբ եւ յաղթանակով չեն իրագործուած եւ հետեւաբար սեփականութիւնն ալ չեն այս վերջիններէն որեւէ մէկուն: Արդարեւ անոնք բացայայտօրէն պարտադրուած են մեր վրայ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ:
Այս բոլորը պարզ եւ անվիճելի պատմական իրականութիւններ են:
2.- 1918 Մայիս 28-էն ետք անցեալ 100 տարիներուն ընթացքին, յատկապէս մինչեւ 1991-ի անկախութեան հռչակումը, հայ ժողովուրդը Հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ անցած է բազմաթիւ ուրախ եւ դժուար ու տխուր հանգրուաններէ որոնց մանրամասնութեանց անդրադառնալը, գիտակցաբար շեշտեցինք թէ այսօր որեւէ հայու համար փափաքելի չէ:
Մէկ կարեւոր եւ բարեբախտ իրականութիւնը այն է թէ 1918 էն ասդին եւ Ա. Հանրապետութենէն ետք, անոր յաջորդած է նախ Բ. Հանրապետութիւնը, որուն իր կարգին յաջորդած է այսօրուան անկախ Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութիւնը եւ այդպէսով անընդհատ եւ շարունակական մնացած է Հայոց պետականութիւնը: Եթէ տխուր կերպով 1920-ին Ա. Հանրապետութիւնը կորսնցնելէ ետք շարունակուած չըլլար Հայոց պետականութիւնը եւ հետեւաբար այսպիսով հասած չըլլայինք այսօրուան Հայաստանին, ակնյայտօրէն, գալ տարի ոչ մէկ հարիւրամեակ տօնելու իմաստ, ցանկութիւն կամ վայր պիտի ունենայինք:
Այս բոլորին լոյսին տակն է որ գրեցի Օգոստոս 13-ին, եւ անգամ մը եւս կը կրկնեմ կոչս որ նաեւ որոշակիօրէն կոչն է ՌԱԿ-ին «Եկէք համաձայնինք, չսեփականացնելու այս պատմական առիթը, որպէսզի 2018 Մայիսին Հայոց Պետականութեան Հարիւրամեակը նշուի Համահայկական եւ Համերաշխ Ոգիով»:
Իմ այս կոչս որ նաեւ հրատարակուեցաւ եւ տարածուեցաւ անգլերէն լեզուով, լայն շրջանակներու կողմէ ընդունուեցաւ մեծ գոհունակութեամբ: Սակայն զարմանքս եւ յուսախաբութիւնս մեծ էր երբ Դաշնակցական մամուլին մէջ լայն տեղ տրուեցաւ անհատի մը կողմէ շղթայազերծուած յարձակողականի մը, ուր բոլորովին խեղաթիւրելով կոչս եւ անոր ոգին, հեղինակը անհասկնալիօրէն գրութիւնս որակեց իբրեւ թէ «Համերաշխութիւնը ականահարող»…
Բնականաբար, անկողմնակալ եւ մեր պատմութեան ծանօթ որեւէ հայու համար իմ տուած փաստերս, տուեալներս եւ ի վերջոյ կոչս շատ պարզ եւ հասկնալի են: Մանաւանդ կատարած կոչիս ոգին անկասկած կը ցոլացնէ բոլորին բաղձանքը:
Բոլոր ընթերցողներուն համար յստակ պէտք է ըլլայ թէ մանաւանդ այդպիսի անտեղի յարձակումի մը դիմաց, այսպիսի հիմնական նիւթի մը շուրջ, բոլորովին հետաքրքրուած չեմ անձնական վէճի կամ բանավէճի ձեռնարկելու:
Յատկանշական է նաեւ որ հակաճառող այդ անհատը տեսնելով թէ իր նկրտումները իսկապէս անզօր են, չկարենալով որեւէ ձեւով հերքել տրուած փաստերը եւ տուեալները եւ անդրադառնալով իր իսկական անզօրութեան այս անգամ ճարահատ նիւթը փոխելով սկսած է անդրադառնալ մեր կուսակցութեան ներքին խնդիրներուն: Կ’երեւի այլապէս պարտաճանաչ Հ. Յ. Դ. ի այս անդամը, տեղեակ չէ թէ դժբախտաբար իր կուսակցութիւնը եւս, այս օրերուն, ինչպէս եղած է անցեալին, կը դիմագրաւէ մեզի ծանօթ շատ լուրջ ներքին վէճեր եւ տարակարծութիւններ: Այս վերջինները, բոլորը, սակայն ոչ մէկ կապ ունին, համազգային տարողութիւն ունեցող եւ մեզ հետաքրքրող ընթացիկ գլխաւոր նիւթին հետ:
Հետեւաբար ոչ մէկ կերպով մտադիր եմ մտնելու այդպիսի անպտուղ մարզանքներ եւ անձնական փոխանակումներ կատարելու ճանապարհին մէջ…
Վերադառնալով սակայն այս յօդուածին սկիզբը կատարած կարեւոր խորհրդածութեանս, որոշակիօրէն մեծ գոհունակութիւն պատճառեց ինծի եւ բոլոր գիտակից հայերուն, Նախագահ Սարգսեանի Հոկտեմբեր 21-ի յայտարարութիւնը ուր ան պարզեց թէ գալ տարի «Մայիսեան Յաղթանակներու Հարիւրամեակի» տօնակատարութիւնները պիտի կատարուին գլխաւորութեամբ այսօրուան հայոց հզօր բանակային ոյժերուն գլուխը հանդիսացող նոյն ինքը Հ. Հ. Պաշտպանութեան Նախարար Վիգէն Սարգսեանին: Այսպիսով բնականաբար կ’ակնկալուի թէ հատուածականութիւնը կը կասեցուի եւ այլեւս հանգամանքները կը ձեւաւորուին եւ կը դրուին տարբեր եւ բարձր մակարդակի վրայ եւ վստահաբար բոլոր տուեալները նկատի առնուին պետական լրջութեամբ:
Վերջացնելու համար կը վերադառնամ վերջին յօդուածներուս մէջ արտայայտած միւս կարեւոր խորհրդածութեանս, շեշտելով թէ այս հանգրուանին ամբողջ հայութեան մեծագոյն մտահոգութիւնը պարտի ըլլալ զօրավիգ կանգնիլ այսօրուան մեր անկախ հայրենիքին եւ անոր Գ. Հանրապետութեան որպէսզի ան բարգաւաճի յարատեւօրէն, հակառակ զայն շրջապատող բազմաթիւ դժուարութեանց, եւ անվտանգ շարունակուի անոր ապահով գոյութիւնը յառաջիկայ բազմաթիւ տասնամեակներու ընթացքին:
Յամենայն դէպս, այսօր այս է նաեւ Ռ. Ա. Կուսակցութեան գլխաւոր մտասեւեռումը:
Իսկ պատմական տուեալները հակաճառելով չեն փոխուիր: Անցնող հարիւր տարիներու ընթացքին պատահած դէպքերը լայնօրէն արձանագրուած են հաւաստի գրականութեամբ եւ վկայութիւններով:
Այսօր նախընտրելի է չանդրադառնալ անոնց: Սակայն երբ անհրաժեշտ ըլլայ այդ նիւթին վերլուծումը, Ռ.Ա.Կ.-ը հպարտութեամբ եւ բաց ճակատով կրնայ ներկայացնել ազգային գերագոյն շահերուն ի նպաստ իր կատարած անփոխարինելի դերը Հայաշխարհին մէջ:
Իսկ Հ.Յ.Դ.-ը իր կարգին, հաշուետու է այդ շրջանին իր կատարած «բոլոր», գործառնութեանց համար:
Արտատպուած «Պայքար» շաբաթաթերթէն