ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Թէքէեան Մշակութային Միութեան (Թ.Մ.Մ.) Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութիւնը Մայիս 16-ին ունեցաւ իր լիակատար նիստը, յետ նորոգ հանգուցեալ իր երկարամեայ ատենապետին որ պատահեցաւ Մարտ 25ին: Վարչութիւնը իր անդրանիկ նիստին միաձայնութեամբ կազմեց իր դիւանը հետեւեալ կազմով.

Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան՝ ատենապետ, Գէորգ Մարաշլեան՝ փոխ ատենապետ, Յակոբ Վարդիվառեան՝ ատենադպիր, Միհրան Թումաճան՝ փոխ ատենադպիր, Մարօ Պետրոսեան՝ գանձապահ, Արա Չօլաքեան՝ փոխ գանձապահ եւ անդամներ՝ Հրաչ Թորիկեան, Արթօ Պերճ Մանուկեան, Միհրան Մինասեան, Հիլտա Յարութիւնեան, Գէորգ Պարտաքեան, Վաչէ Սեմերճեան:

Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը աշխարհատարած բարեսիրական, մշակութային եւ կրթական հաստատութիւն մըն է ընդհանրապէս ազգային կեանքէն ներս սերմանելով հայ գրականութիւնը, երաժշտութիւնը, արուեստը, թատրոնը եւ այլ մշակութային շարժումներ: Հիմնուած է 1947-ին Լիբանանի մէջ եւ մկրտուած է անմահանուն բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի անունով: Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մէջ ծնունդ առած է 1969-ին, Մեսեչուսէց նահանգին մէջ եւ արձանագրուած է որպէս տրազերծ կազմակերպութիւն, Ուոթըրթաունը ունենալով իր կեդրոնատեղին: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կապուիլ tcadirector@aol.com կամ հեռաձայնել՝ 617-924-4455: