ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԸ ԻՆՉՔԱՆՈ՞Վ Է ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ

Վերջերս Երեւանի մէջ կայացած է Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Խորհուրդի 28-րդ նիստը, ուրկէ կը բացակայէին հիմնադիր բարերարներէն շատեր, որոնք ատենին ոգեւորած էին սփիւռքը` սատարելու հայրենիքին:

Հիմնադրամը ինքնին ողջունելի կառոյց մըն է, որ ոչ միայն դրամահաւաք կը կատարէ, այլեւ խորհրդանշական կերպով իրարու կը զօդէ, կը միացնէ սփիւռքը, Հայաստանն ու Արցախը:

Իր հիմնադրութենէն ի վեր կարողացած է զօրաշարժի ենթարկել սփիւռքի ներոյժը եւ իրագործած է, ըստ տուեալներու, հարիւրէ աւելի կենսական ծրագիրներ. եւ այս բոլորը` նախորդ փտած (կորումբացուած) իշխանութեան օրով:

Երբ հարցը սփիւռքի կարողականութեան կու գայ` ոմանք հպարտութեամբ կը յայտարարեն Շաւարնածէի մէկ ասացուածքը որ եթէ Ատրպէյճան քարիւղ ունի, Հայաստանն ալ ունի սփիւռք: Որքանո՞վ ճիշդ է այս համեմատութիւնը եւ որքանո՞վ սփիւռքի կարողականութիւնը կը չափուի Ատրպէյճանի քարիւղին հետ:

Ի դէպ, ամէն տարի յայտարարուած համեստ հանգանակութիւններով աւելի եւս կը նուաստանայ սփիւռքի դերն ու կարողականութիւնը:

Հետզհետէ հանգանակութեանց գումարին նուազումը դիտելով` առաջին հերթին Ատրպէյճանցիներն է որ պիտի սկսին ծիծաղիլ:

Հիմնադրամի կողմէ հանգանակուած գումարներուն տարուէ տարի նուազումը բան մը կը նշանակէ. խանդավառութեան եւ համոզումի բացակայութիւն կը նշանակէ:

Տարեկան ժողովին ելոյթներ ունեցած են Հայաստանի նախագահը եւ վարչապետը, եւ երկուքն ալ մտահոգութիւն յայտնած են Հիմնադրամի ներկայ իրավիճակի մասին` առաջարկելով արագ եւ կտրուկ փոփոխութիւններ:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան իր ելոյթին մէջ ըսած է. -«Գիտէք որ այս տարին այնքան դիւրին չէր Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին համար: Տարուայ սկզբում ստեղծուել էր մտահոգիչ վիճակ, որը համատեղ ջանքերով կարողացանք պատուով յաղթահարել եւ վերականգնել Հիմնադրամի բարի անունը եւ համբաւը»:

Նախագահը յատուկ գնահատանք յայտնած է ֆրանսահայ ազգային Պետրոս Թէրզեանին, որ արդարեւ ամէն տագնապալի հանգրուանին վերցուցած է լուրջ եւ մասնագիտական պատասխանատուութիւն:

Վարչապետ Փաշինեան աւելի սուր կերպով բնորոշած է Հիմնադրամին դիմաց ծառացող խնդիրները, ըսելով. -«Հայկական ներոյժն այն է որ ամբողջ աշխարհում հաւաքում է 15 միլիոն տոլար եւ դրա համար ուրախանո՞ւմ»:

Սակայն, ինչ որ աւելի ծանր է վարչապետի խօսքին մէջ հետեւեալ ամբաստանութիւնն է. -«Ուզում եմ ընդգծել, որ հայկական ներոյժի դէմ ձեզ եւ մեզ յայտնի ոյժերը տարեկան միլիոնաւոր տոլարներ են ծախսում, որպէսզի հայկական ազդեցութիւնն ամբողջ աշխարհում նուազեցնեն»:

Բայց աւելի հետաքրքրականը վարչապետի ինքնախոստովանութիւնն է ուր կ’ըսէ. -«Գալիս են պահեր, որ հայկական ներոյժի ի միջին (պատկերին) հարուածելու համար, աւելի մեծ աշխատանք ենք անում, քան անում են մեր հակառակորդները»:

Նախ, վարչապետին ակնարկած (Ձեզ եւ մեզ յայտնի) ոյժերը պէտք է բացայայտուին: Դժուար է գուշակել թէ ակնարկութիւնը ազերիներո՞ւն է, թէ նախորդ իշխանութիւններուն: Նաեւ, երանի վարչապետը բնորոշէր թէ (ինքներս) ի՞նչ կ’ընենք որ կը վնասենք Հիմնադրամի պատկերին կամ հեղինակութեան:

Պատասխանը շատ յստակ եւ պարզ է. առհասարակ հայաստանեան կողմը – իշխանութիւն թէ մտաւորականութիւն – շատ ջանադիր չէ ճանչնալու սփիւռքը: Ոեւէ ոյժ, ըլլայ ան ֆիզիքական, բարոյական թէ քաղաքական, օգտագործուելու համար` կը կարօտի ճանաչողութիւն: Հայաստանի վարչակարգի փոփոխութեամբ մտայնութիւնը չէ փոխուած ու չի փոխուիր. հարեւանցի ծանօթութիւններով եւ պատահական քննարկումներով տնօրինումներ կը կատարուին եւ յետոյ մարդիկ կը զարմանան թէ ինչո՞ւ Հայաստան չի յաջողիր ըստ կարելւոյն օգտուելու սփիւռքի գործօնէն:

Սփիւռք-հայրենիք յարաբերութեանց մէջ ստեղծուած է նաեւ նոր գործօն մը որ աւելի շփոթեցուցիչ կը դարձնէ սփիւռքի ձայնը Հայաստանի մէջ: Այսպէս. արտագաղթի հետեւանքով գոյացած է հայաստանեան զանգուած մը սփիւռքի աւանդական համայնքներէն ներս եւ այդ զանգուածին ձայնը – եւ ոչ անպայման կարողականութիւնը – աւելի բարձր կը հնչէ քան աւանդական սփիւռքի ձայնը, խաբկանքը ստեղծելով որ սփիւռքը այս կամ այն կերպ արձագանգած է հայրենիքի մէջ յառաջացած որոշ զարգացումներուն: Մինչդեռ եղածը Հայաստանի ձայնին արձագանգն է եւ ոչ անպայման սփիւռքի հարազատ ձայնն ու մտածողութիւնը: Այստեղ պէտք է զատորոշել ձայնը արձագանգէն (echo chamber) որպէսզի ինքնախաբէութեամբ չտարուինք եւ այդ ինքնախաբէութեամբ ալ տնօրինումներ կատարենք:

Թէ այդ արձագանգը կամ` (echo chamber)-ը ի՜նչ արժէք ունի` լսենք «Առաւօտ»-ի խմբագիր Արամ Աբրահամեանի մէկ բնորոշումը: Արդարեւ, Աբրահամեան իր սիւնակին մէջ գրած էր արտագաղթած հայերու մէկ խումբին մասին, որ երդում պատառ կ’ըլլայ հայրենիք վերադառնալու եւ նուիրուելու հայրենակերտումի` անմիջապէս որ Սերժը հեռանայ իշխանութենէն. սակայն, կ’ըսէ Աբրահամեան, ահա տարի մը անցած է Սերժին հեռացումէն, սակայն դեռ ձայն մը չկայ այդ բարձրախօս հայրենասէրներէն:

Ահա այսպիսի սփիւռքեան արձագանգներու վրայ կը կատարուին տնօրինումներ, ինչպէս կը կատարուէին (կորումբացուած) իշխանութեան օրով: Այդ ձախաւեր տնօրինումներէն մէկը սփիւռքի նախարարութիւնը փոխարինող գործակատարի նշանակումն էր յանձին Զարեհ Սինանեանի: Արդէն ենթական գործի սկսելէ առաջ` բողոքի ձայներ լսուեցան նոյնինքն Կլենտէյլէն, որ փաստօրէն երկարաձգումն է հայաստանահայութեան եւ կը շփոթուի համայն սփիւռքի հետ:

Վարչապետը իր ինքնախոստովանութեան մէջ կը շեշտէ նաեւ թէ մենք (ինքներս) կը վնասենք Հիմնադրամի առաքելութեան (ի միջին): Այդ վնասարարութեան շարքին պէտք է դասել վարչապետին տիկնոջ` Աննա Յակոբեանի զուգահեռ հանգանակութիւնները «Իմ քայլը» հիմնադրամին հաշուոյն, որ իր հերթին շփոթութիւն կը ստեղծէ եւ կը խոչընդոտէ Համահայկական Հիմնադրամին աշխատանքը:

Թէ նախագահը եւ թէ վարչապետը կը շեշտեն Հիմնադրամին առաքելութիւնն ու դիմագիծը փոխելու անհրաժեշտութեան մասին, սակայն, կը շարունակեն իրենց կողմէ քննադատուած «կորումբացուած» իշխանութեան ձախողած քաղաքականութիւնը: Արդարեւ, ինչպէ՞ս բացատրել եւ արդարացնել քանի մը սուրիահայ գաղթականներու ներկայութիւնը խորհուրդի կազմէն ներս իբրեւ օրինաւոր ներկայացուցիչները Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան: Յիշեալները արդէն դատական հայցի մէջ են ՌԱԿ-ի օրինաւոր կառոյցներուն հետ: Չէր բաւեր կարծէք կուսակցութեան ներքին գործերուն անզգոյշ միջամտութիւնը`եւ չեն անգամ հարցներ թէ այդ ապօրինի մասնակիցները ի՞նչ նպաստ բերած են Հիմնադրամին, ի՞նչ նպաստ կրնան բերել եւ թէ սփիւռքի մէջ ի՞նչ շրջանակներ ունին որոնք գան նպաստելու Հիմնադրամի յաջողութեան: Առանց այս հարցականներուն պատասխան տալու ինքնախոստովանութիւնը բաւարար չէ փոփոխութիւնները կատարելու:

Այս ձախաւեր քայլերը արդիւնք են այն թիւրիմացութեան, որ տնօրինումներ կատարողները լաւ ծանօթ են սփիւռքի հարցերուն եւ զգացողութիւններուն:

Հիմնադրամը ազգային կարեւոր հաստատութիւն մըն է որ պէտք է յաջողի: Պէտք է յաջողի, որովհետեւ առաջին հերթին հայրենիքը կարիքն ունի իւրաքանչիւր լումայի որ սփիւռքը կրնայ տրամադրել հայրենիքին: Սփիւռքի կարողականութիւնը շատ աւելին է քան ինչ որ իրագործուած է ցարդ:

Բացի նիւթականի կենսական դերէն, Հիմնադրամը այն գլխաւոր օղակն է որ օրկանապէս կը միացնէ սփիւռքը Հայաստանին եւ Արցախին:

Լաւ է որ վարչապետին իսկ խոստովանութեամբ կը կատարուին ինքնաճանաչումը եւ գործելու հնացած ձեւերը: Ատենն է գիտական, վերլուծական եւ տրամաբանական քայլերու, որպէսզի Հիմնադրամը արդարացնէ իր առաքելութիւնը եւ արժանի դառնայ իր համահայկական կոչումին: