«ՀԱՅԱՍԷՐ» ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԻՐԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ

Նորութիւն մը յայտնած պիտի չըլլանք ըսելով որ պետութիւնները մնայուն բարեկամներ ու մնայուն թշնամիներ չունին. այլ ունին մնայուն շահեր: Ամէնէն խօսուն օրինակը Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ յարաբերութիւնն է: Այս երկու երկիրները 1870էն ի վեր իրարու դէմ մղած են երեք արիւնալի պատերազմներ, սակայն, այսօր դաշնակիցներ են` ոչ անոր համար որ Ֆրանսան գերմանասէր է եւ կամ Գերմանիան` ֆրանսասէր, այլ անոնք ստեղծած են հաւասարներու համադաշնակցութիւն մը, երկու երկիրներու շահերու համադրութեամբ ու կը գլխաւորեն համայն Եւրոպան, բարօրութեան ճամբով:

Հայոց մօտ գոյութիւն ունեցած է միշտ ստորակայութեան զգացում մը, որ մեր ղեկավարութիւնը յաճախ մղած է հաւատալու թէ պետութիւններ, խղճալով մեր ժողովուրդին վրայ կամ` գնահատելով որ հայերս հանդիսացած ենք առաջին ժողովուրդը որ պետականօրէն ընդունած ենք քրիստոնէական դաւանանքը, հետեւաբար, այդ փաստերը գերադասելով իրենց շահերէն վեր` պիտի դառնան«հայասէր» ու պիտի սատարեն մեր ժողովուրդի վէրքերու բուժման եւ կամ մեր հայրենիքի ազատագրումին: Ուրեմն, փոխանակ քաղաքական շահերու չափանիշներուն, մենք այդ պետութիւնները չափած ենք մեր խաբկանքներու կանգունով ու զանոնք բնորոշած ենք «հայասէր» կամ «հայատեաց»:

1828ի Թիւրքմենչայի դաշնագրով Երեւանի խանութիւնը Պարսկաստանէն անցաւ Ռուսական ցարի իշխանութեան ներքեւ եւ այդ ցնծալի առիթով մեր արեւելահայ գրականութեան ռահվիրան` Խաչատուր Աբովեան գրեց մօտաւորապէս -«օրհնուի էն սահաթը, որ ռըսի ոտը կպաւ Հայաստանի հողին»: Եւ այդ թուականէն ի վեր հայերս կ’ոգեկոչենք Հայաստանի ազատագրութիւնը՝  Պարսկաստանի իսլամական իշխանութենէն «հայասէր» Ռուսաստանին: Բնականաբար Ռուսիոյ ցարը մեզ Սաւաֆիտ իշխանութիւններէն աւելի չէր սիրեր: Իր գրաւած աւարներուն հետ մեր ժողովուրդի բեկորներն ալ փոխանցուած էին ռուսի իշխանութեան: Ատկէ երկու դար առաջ ալ Պարսկաստանի Շահ Ապպաս թագաւորը, 17րդ դարուն սկիզբը, հայերը շատ «սիրելուն» համար, զանոնք զանգուածաբար փոխադրած էր Ջուղա, տասնեակ հազարաւոր զոհեր թողելով իր ետին: Բնականաբար, հայերը արժեւորեցին իրենց կեանքը Պարսկաստանի մէջ, հանդիսանալով տնտեսական եւ գործավարական ոյժ մը այդ երկրին:

Հայոց համար կեանքը ցարական իշխանութեան ներքեւ աւելի տանելի էր, համեմատած իսլամական աշխարհին, որովհետեւ, այդ օրերուն քրիստոնէական կրօնքն ալ որոշ քաղաքական արժէք մը ունէր, ինչպէս այսօր ունի իսլամական կրօնքը:

Սակայն, ցարն ալ գրաւեց հայոց եկեղեցական կալուածները ու բանտարկեց հայ մտաւորականները, Նալպանտեանէն մինչեւ Թումանեան:

Ռուսաստանը Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին կը սատարէ միայն այն պայմաններուն տակ որ երկու ժողովուրդներու շահերը կը համադրուին. աշխարհաքաղաքականութեան բերումով հայ ժողովուրդի շահերը աւելի յաճախ համադրուած են ռուս ժողովուրդի հետ քան ուրիշ այլ ժողովուրդի. եւ այդ պատճառով ալ հայոց քաղաքական մտածողութեան մէջ արմատացած է այն համոզումը որ ռուսերը կը գործակցին հայերու հետ, որովհետեւ «հայասէր» են: Այլ պարագաներու տակ կը մատնուին խոր յուսախաբութեան, երբ Ռուսաստան հայութիւնը կը թողու իր ճակատագրին:

Ռուս-թուրքական յարաբերութիւնները միշտ իրենց դերը ունեցած են թէ ի՛նչ վերաբերում կ’ունենայ Ռուսաստանը Հայաստանի կամ հայութեան նկատմամբ: Հայ-թրքական յարաբերութիւնները միշտ գտնուած են միեւնոյն հարթակի վրայ: Այսինքն բոլոր պարագաներու տակ – անհատական թէ հաւաքական – երբ թուրքը անզէն հայը գտած է իր դիմաց` անխուսափելիօրէն ունեցած է մէկ եւ նախատեսելի վերաբերում – ջնջել հայը կամ հայութիւնը աշխարհի երեսէն: Այսպիսի յարաբերութեան դիմաց ոեւէ մակարդակի յարաբերութիւն, չափուած է իբրեւ բարենպաստ: Հետեւաբար ռուս-թրքական յարաբերութիւններու ելեւէջները երբեմն դարձած են բարեկամական. այլ պարագաներուն` թշնամական. եւ այդ ելեւէջներն են որ բնորոշած են Ռուսաստանի «հայասիրութեան» չափը:

1878ին երբ Ռուսաստան մօտեցաւ մինչեւ Վոսփորի ափերը, հայերս ոգեւորուած ռուսերու հայասիրութեամբ, Ներսէս Վարժապետեանով ու Մինաս Չերազով փութացինք Սան Ստեֆանօ, եւ իրօք ալ այդ պայմանագրի 16րդ յօդուածով առաջին անգամն ըլլալով մեր դատը բերուեցաւ միջազգային հրապարակ: Իրականութեան մէջ հայութիւնն ու հայկական դատը միայն պատրուակներ էին որ Մոսկուան մօտենար Միջերկրականի տաք ջուրերուն, ինչպէս այսօր Արցախի հայութեան «պաշտպանութիւնը» պատրուակ մըն է Ռուսաստանին` թափանցելու եւ մնալու Ատրպէյճանի հողամասին վրայ: Հայութիւնը երաշխաւորուած կը զգայ իր կեանքը ռուս խաղաղապահ ոյժերու ներկայութեամբ, ինչպէս Մոսկուա արդարացուած կը զգայ իր ներկայութիւնը հայկական եւ ատրպէյճանական համայնքներու եւ ոյժերու միջեւ: Ռուսաստանի քաղաքական շահը կը պահանջէ որ ան ամուր կանգնի Ատրպէյճանի հողերուն վրայ, հակակշռելու համար թրքական ներկայութիւնը ամբողջ Կովկասի մէջ: Հայերս քաղաքավար կերպով երախտապարտութիւն ալ յայտնած ենք ռուսական պաշտպանութեան համար, նոյնիսկ պատերազմը իր աւարտին հասցնելուն համար: Քաղաքականօրէն խոհեմ չէ այս պահուն նաեւ մատնանշել թէ պատերազմը սկսելու դրդապատճառն ալ հայթայթած էր Մոսկուան, յաջողցնելու եւ արդարացնելու համար իր ներկայութիւնը Ատրպէյճանի հողամասին վրայ:

Նախագահ Վլատիմիր Փութին, հաճոյանալու համար թուրքերուն եւ ատրպէյճանցիներուն, եւ միւս կողմէ օդին մէջ պահելու հայոց ակնկալութիւնները – յաճախ կը կրկնէ թէ Արցախի օրինավիճակը չէ ճշդուած եւ պէտք է ճշդուի ապագային: Բայց` ե՞րբ: Միւս կողմէ միեւնոյն հաստատումը կը կատարեն Մինսքի խումբին համանախագահները, որոնց անկ է բանակցութեամբ յանգիլ Արցախի ճակատագրի լուծման: Սակայն, կը պարզուի թէ Փութինի անորոշութիւնը կը բախի Մինսքի խումբի նախաձեռնութեան եւ հետեւաբար բանակցութիւնները կը մնան տեղքայլի մէջ:

Պատերազմն ու յետ պատերազմեան բանակցութիւնները մեծ չափով հզօր ոյժերու տեղակայման պայմանաւորման եւ ճակատումի մարտավարութիւններ են` աւելի քան Արցախի ժողովուրդի ճակատագրի վերջնական ճշդում:

Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարը` Սերկէյ Շոյկու, անկեղծանալով խոստովանած է այս մասին ըսելով – «Բարդ է, որովհետեւ մեզ խանգարում են եւ նաեւ խանգարող հանգամանք է այն որ Թուրքիան հանդիսանում է ՆԱԹՕ-ի անդամ: Սակայն մենք գտնում ենք լուծման եղանակներ: Օրինակ Իտլիպի դեէսկալացիայի (ապամագլցման) գօտում: Ընդհանրապէս, Սիրիայում դեէսկալացիոն գօտիներու ստեղծումը իմ կարծիքով նոր էջ էր, նոր մեխանիզմ նման հակամարտութիւնների լուծման համար: Վերջին աշխատանքն անշուշտ Լեռնային Ղարաբաղն էր որ շատ ոչ պարզ օփերացիա է»:

Ինչպէս կը տեսնուի` խնդիրը ռուս-թրքական հակամարտութեան դասաւորումն է այստեղ. իսկ Արցախն ու Հայաստանը մանրադրամներ են:

Դեռ կայ աւելին ըստ Լրագիր.amի (17 Մարտ 2021). «Հայ ժողովրդի մէկ այլ բարեկամ Կոնստանտին Զատուլինը, ստիպուած էր յայտարարել որ պատերազմը նախաձեռնել եւ իրականացնել է Ռուսաստանը: Իսկ Կրեմլի խորհրդական Վատիմ Եւսեւը աւելի հեռուն գնացել` «եթէ [թուրքերի դէմ հայերը] դիմեն այլոց օգնութեան, կը ստանան նոր պատերազմ, նոր պարտութիւն»:

Իսկ այն միտքերը որ չեն կրնար կամ չեն արտայայտած ռուսական պաշտօնական աղբիւրները, ըսել տուած են Մոսկուայի կարգ մը այլասերած հայերու` «մենք չէինք կարող թոյլ տալ հայերի յաղթանակը Արցախում, այլապէս կը կորցնէինք Կովկասը, այնուհետեւ ողջ Ռուսաստանը». Սերկէյ Կուրղինեան:

Այս խոստովանութեանց լոյսին տակ արժանահաւատ կը դառնայ այն հաւաստումը թէ հայերուն տրամադրուած Իսկենտէրը դիտումնաւոր կերպով չէ պայթած, որովհետեւ այդ զինատեսակի բանալիները (քոտերը) կը գտնուին Մոսկուա: Այդ ձեւով ալ ապահովուած է Ատրպէյճանի յաղթանակը, որպէսզի վերջին վայրկեանին Պրն. Փութինը հասնի հայոց փրկութեան, դադրեցնելու պատերազմը եւ ըսելու` «որ եթէ մենք չըլլայինք` աւելի վատ ճակատագիր մը կը սպասէր ձեզ»:

Այս բոլոր մարտավարութիւններն ու սադրանքները ընդունելով իբրեւ քաղաքական յարաբերութեանց բնական արտայայտութիւն` Հայաստան պիտի շարունակէ ընթանալ իրապաշտ ուղիով:

Ռուսաստանի թերացումները եւ կամ հայոց ակնկալութիւնները չարդարացնելը ունին հիմքեր ու պատճառներ հայոց կողմին վրայ եւս: Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած թաւշեայ յեղափոխութիւնը բնական լրացումը նկատուեցաւ Ռուսաստանի դէմ սարքուող դաւերուն, յատկապէս նախկին սովետական հանրապետութեանց մէջ գունաւոր յեղափոխութիւններ յառաջացնելով – Ուքրանիոյ մէջ նարնջագոյն յեղափոխութիւն, Վրաստանի մէջ վարդերու յեղափոխութիւն եւ Հայաստանի մէջ` թաւշեայ յեղափոխութիւն: Որքան ալ թաւշեայ յեղափոխութեան կարգախօսը կը մնար «կորուպցիա»ի դէմ պայքար` անոր հակառուս ուղղութիւնը կարելի չեղաւ թաքցնել մանաւանդ որ այդ յեղափոխութեան ետեւ եղողները– որոնք հայհոյած էին Փութինին, կամ պահանջած ռուսական ռազմախարիսխի հեռացումը – եկան եւ բազմեցան նախարարական կամ երեսփոխանական աթոռներու վրայ:

Եթէ յեղափոխականները կարծէին որ այդ ձեւով խաբուեցաւ Մոսկուան, կամ յոյսեր փայփայեցին որ վտանգի պարագային«լեգիտիմ» կամ «տեմոկրատիա» խրախուսող արտաքին ոյժերը օգնութեան պիտի փութային Հայաստանին` անոնք զոհերը դարձան ինքնախաբէութեան. մանաւանդ որ Հայաստան անգամ մը անցած էր այդ ճամբան 1990ականներուն, երբ Լեւոն Տէր Պետրոսեան հրապարակ նետեց «երրորդ ոյժ»ի բացառութեան սկզբունքը թէ` փոխան Մոսկուայի Հայաստան կրնայ լեզու գտնել նաեւ Անգարայի հետ: Այդ օրերուն Ռուսաստան որդեգրեց իր այսօրուան քաղաքականութիւնը եւ օգնեց Ատրպէյճանին գրաւելու Արցախի հողամասին երկու երրորդը: Մինչեւ որ Հայաստանի ղեկավարները «գլխի ընկան» եւ վերստին շահեցան Մոսկուայի վստահութիւնը եւ այդ կերպով կնքեցին 1994ի Մայիսեան յաղթանակը:

Պատմական այս օրինակը դաս մը չհանդիսացաւ Փաշինեանին եւ իր պարծենկոտ գործակիցներուն եւ Հայաստանը յանգեցաւ միեւնոյն արիւնալի արդիւնքին:

Ի դէպ, բոլոր գունաւոր յեղափոխութեանց արդիւնքը եղաւ միեւնոյնը – Ուքրանիան կորսնցուց Տոնպասը, Վրասատանը` Ապխազիան եւ հարաւ. Օսեթիան եւ Հայաստանը` Արցախը:

Այսօր տակաւին ռուսամէտ նկատուող բարձրաստիճան զինուորականներուն պաշտօնանկութիւնը, Սերժ Սարգսեանի, Ռոպէր Քոչարեանի եւ Զօր. Խաչատուրովի դէմ դատական հետապնդումները միեւնոյն անխոհեմ քաղաքականութեան շարունակութիւնն են:

Այս բոլորը ընդգծելով հանդերձ պէտք չէ թերգնահատել նաեւ գոյութիւնը արեւմտամէտ խմբաւորումներու, որոնք կը գործեն պետութենէն անկախ: Անոնց գոյութիւնն ու գործունէութիւնը կը շարունակեն ազդանշաններ ըլլալ Մոսկուային, որ կը գործեն այլ ընտրանքային քաղաքական ոյժեր Հայաստանի մէջ:

Օրինակ Ազգային ժողովրդական բեւեռը որ կը համախմբէ Սասնայ Ծռերն ու Եւրոպական կուսակցութիւնը: Միւս կողմէ Արմէն Բաբաջանեանի գլխաւորած Յանուն Հանրապետութեան խմբաւորումը կազմուած է լուրջ ու մտաւորական տարրերէ: Առաջինը` բացայայտ կերպով, իսկ երկրորդը աւելի թաքուն կերպով կը ջատագովէ Հայաստանի յարումը ՆԱԹՕ-ին եւ Եւրոպական Միութեան: Գործնականին մէջ անհեռանկար ձգտումներ ըլլալով հանդերձ` աւելորդ չէ անոնց գործունէութիւնը: Կը բաւէ ՆԱԹՕ-ի եւ Եւրոպական Միութեան կազմերէն ներս դիտել Թուրքիոյ եւ Յունաստանի յարաբերութիւնները, կամ անոնց նկատմամբ գլխաւոր ոյժերուն յարաբերութիւնը, եւ եզրակացութեան յանգիլ: Այնքան ատեն որ ՆԱԹՕ-ի կազմէն ներս հզօր Թուրքիա մը գոյութիւն ունի, բոլոր այլ պետութեանց շահերը կը ստորադասուին Թուրքիոյ շահերուն մօտ: Եւ Հայաստան Յունաստանէն աւելի բարելաւ կագավիճակ մը չի կրնար ունենալ:

Պետութիւնները կը յարգեն ոյժը – քաղաքական, տնտեսական, ռազմական – անոնք իրենց քաղաքականութիւնը չեն ճշդեր համակրանքներով կամ խղճահարութեամբ: Այսօր Իսրայէլի հարեւաններէն ոչ մէկը կը սիրէ զայն. սակայն, բոլորն ալ կը պատկառին անոր ոյժէն եւ ըստ այնմ կը դասաւորեն իրենց քաղաքականութիւնը: Նոյնն է պարագան Թուրքիոյ. ոչ մէկ երկիր, նոյնիսկ` դաշնակից երկիր կը համակրի Անգարային: Սակայն, բոլորն ալ կը վախնան անոր անբարտաւան ոյժէն:

Ուրեմն, հայութիւնը եւ Հայաստանը պէտք է անցեալի մէջ թողուն «հայասէր»ներու եւ «հայատեաց»ներու չափանիշները եւ կառչին միայն իրապաշտութեան ու ձգտին միայն ոյժին: Այո՛, միայն ոյժին:

 

«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ